Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ.

Կ՚ուզե՞ս տակաւին սա կախարդական բառերէն, որոնց ամէն մէկին ետին ես հիմա կը տեսնեմ՝ աւելի քան զոյգ հազարամեակներու ծորումներովը՝ գոյաւոր անկորուստ բիւրեղը ոգիին։ Հանդէ՜սը իմ ժողովուրդին շնորհներուն, ո՛չ օտարները զարմացնելու նանրամիտ նպատակներով, ոչ ալ անոնցմէ աս ու ան բախտախնդիր համադրողին հանուելիք բաժինը շահադիտող շիլ հաշիւներով։ Այնքան շատ լացել ենք մեր տկարութիւնները, մեզի համար։ Բայց անցանք լրջութեան uահմանը, երբ մեր արժէքները խորանարդել ուզեցինք, մեզմով անզբաղ ամբոխներուն ձանձրոյթը փարատել ջանալով։ Ինչո՜ւդ է պէտք օտարին հիացումը քու աշուղներէդ, երբ շատ լաւ գիտես, որ իմ երգերը թարգմանելի չեն։ Ինչո՜ւդ է պետք օտարին հետաքրքրութիւնը, երբ աւելի քան իրաւ է, որ ժողովուրդները ուրիշներով կը զբաղին միմիայն իրենց հաշուոյն, երբեք ուրիշներու բարիքին։ Դուն մի խորացներ Սփիւռքին քու ներսը նետած սարսափը։ Ես իմ կարճ կեանքին մէջ աւելին եմ տեսեր։ Այդ հողերուն երեսին, ուր քու ժողովուրդիդ կտաւը կը փռուի հոգիէն՝ ինչպէս միսէն, կրակը ե՞րբ պակսեր է, որպէսզի պակսէր քու կէս դարիդ։ Էականը կենալն է, արի, աննահանջ, պատկերին դիմաց հսկայական գերեզմանին, որ քու երկիրդ էր դարէ դար։ Կը ծնէր մանուկը, այս գերեզմանին կուշտին։ Կ՚առնէր հասակը ու կ՚ըլլար պատանի, նոյն խոր  կշռոյթին մէջ, որով կանանչն ու ծաղիկը կը ծածկէին սեւ հողերը գերեզմանին։ Կը ծաղկէր պատանին ու կը ծաղկէր հողը։ Կ՚առուգնար երիտասարդը մանուկին բերանող բաներուն խորհուրդովը ու կ՚անհետանային հսկայական գերեզմանէն արեան բոլոր հետքերը։ Զաւկըները կը շարուէին երիտասարդին շուրջ ու գերեզմանը շէն անդաստան էր, ծո՜վ՝ ցորենով, ու ծո՜վ՝ գինիով։ Տեղ ոսկի տեղա՜յր, տղա՛ս։ Ու կը տեղայի՜ն մանչուկներն ու աղջիկները, որպէսզի գերեզմանէն վրիպող թափառական մը կենար համապատկերին դիմաց, թօթուէր գլուխը ուրախ ու արտասուալից, օրհնէր Աստուածը ու օրհնէր մայրերն ու անոնց արգանդները, հեղինա՜կ այս հրաշափառ յարութեան։ Աս ալ՝ աւելի կարեւոր, աւելի անհերքելի վաւերագիր մը քու խորհուրդիդ ալպոմէն, պարոն քննադատ։ Ուրի՞շ։ Բայց գլխուդ մազերէն ալ շատ։ Շարէ, նոյն գիծի, բոլոր իրաւ, թրթռուն, տաք, արիւնոտ բառերը մեր լեզուին, գոյնն ու կիրքը, քերթուածն ու երգը, սէրն ու տառապանքը, ինքնաբաւ գոհունակութիւնը ու արմատական պարկեշտութիւնը, վայե՜լքը՝ իր ամէնէն զուսպ ոճին ու իր ամէնէն յանդուգն, բայց երբեք այլանդակ զեղումներուն շքախումբովը, հաճ ու հաւան աշխատանքը, ասոր պաշտամունքը։ Գինին ու իր անուշիկ կրակները, ժամերն ու գովքերը, շարականներն ու աղօթքները, հարսանիքն ու կնունքը…։ Վերջ չունի այս թւումը։ Բայց, քանի կը խօսիմ, ամէն մէկը այս գերեզմաններուն բառերը տապանաքարեր են ու պիտի խուժեն քու երեսիդ, շունչիդ, հոգիիդ՝ հոն թաղուած բոլոր ապրումները, թարմ–թարմ՝, տաքուկ ու հեշտագին, հոտաւէտ ու միսին համերովը թրթռուն։ Պիտի չուշանաս գտնելու, թե որքան ծանր–ծանր հաւաքեր է քու ժողովուրդդ այս ամէնը։ Ու պիտի զարմանաս, թէ ե՞րբ է գտեր ժամանակ անիկա երգելու, գովելու, սիրելու, իր անընդմեջ կործանումներուն շրջանային գրոհին դիմաց։ Հիմա, կ՚օգնեմ քեզի, որպէսզի այս ամէնը արժեւորես, իբր տարրերը հայեցի ոգիին, ոճին, խորհուրդին, քու տարազովդ՝ հայ հոգիին ։ Մի փնտռեր զայն օտարներու մեթոտներով, որոնք միշտ ալ հաւատարիմ չեղան։ Մէկ դարէ պակաս միջոցի մէջ, այդ մեթոտները իրար հերքեցին արմատական ապիմաստութեամբը իբր թէ անդիմադրելի օրէնքներուն։ Ի՜նչ էր հանգոյցը տարազներուն, որոնք հելլէն քանդակները կը յաւակնէին բացատրել 1870ին։ Քու հասունութեանդ մարդիկ կը գտնէին այդ տարազները շատ յաւակնոտ, շատ սնամէջ, ու այդ արձանները կը սիրէին ազատել այդ օրէնքներուն պարտադիր բարիքէն։ Մի փնտռեր քու ժողովուրդիդ հոգին մա՛նաւանդ փիլիսոփաներուն աժան  համադրութեանց ճամբովը, որոնք կը տպաւորեն միամիտները, բայց կրնան բոլորովին ուրիշ իրողութիւններ ծածկել։ Հայն ու գաղիացին նոյն մարդերը չեն։ Հայ արուեստ մը ճերմակ արուեստ մը չէ անշուշտ, բայց ֆրանք արուեստ մըն ալ չէ։ Տոգորուէ քու ժողովուրդիդ ամենական արտայայտութիւններովը։ Անոր պատմութեան անծանօթ մը չի կրնար այդ ոգին հարազատ զգալ ու հասկնալ։ Մի զարմանար, որ իմ աշուղի խելքէս դուրս լարերու մատ կ՚երկարեմ։ Մեռելները միշտ աւելի գիտեն։ Մօտիկն եմ մտահոգութեանցդ։ Ամէն հայ մասնիկ մըն է, զանակ մը հայ խորհուրդէն, ուր ի զօրութիւն, կ՚ապրի ամբողջը։ Բայց է, իր գլխուն, իր հաշուոյն, առանձին իմաստ, իսկութիւն։ Խօսեցայ երկար։ Կարճ ըլլալ ծանր բաներու հետ ու վրայ՝ կը նշանակէ թեթեւնալ։ Բայց գիտցիր, որ հեռու եմ ապրումներուս մէկ փոքր մասն իսկ քեզի թելադրած ըլլալէ։ Մի թարգմաներ իմ երգերը օտարներու, որոնց պիտի մնան ցուրտ, անհաղորդ, ոչ ալ փորձ մը ըրէ քու օրերու լեզուին փոխադրելու զանոնք։ Մենք գրագէտներ չենք եղած։ Մենք առած ենք մեր բառերը ո՛չ թէ գիրքերէն, բառարաններէն, այլ՝ փողոցի մարդոց բերաններէն։ Կ՚արգիլեմ քեզի, որ իմ տաղերը նիւթ առնես խնդրական, կամայական ընդհանրացումներու։ Ատկէ ո՛չ դուն կը շահիս, ո՛չ ես, մա՛նաւանդ երբեք քու ժողովուրդիդ խորհուրդը, ուր բառը մասնիկ մըն է, իր չափովը, ծավալովը օգտագործուած։ Դուն փառասէր, յաւակնոտ, յանդուգն արկածախնդիր մըն ես, իմաստի հերկերուն վրայ ու կը հաւատաս, որ այլուր աշխատանք կը կատարես ու աս ու ան կործանելով ու երրորդ մը եօթներորդ երկինք առաջնորդելով։ Ատոնք իմ հետս աղերս մը չունեցող արարքներ են։ Ի՜նչ հարկ մեծ–մեն տարազներու փունջերով սպառնալ, երբ պուտ մը խելոքութիւն բաւ էր թափանցումը իրագործելու քու սերունդէդ հետապնդուած խորհուրդին ծալքերուն։ Միամիտները զարմացնելը մի ներեր ո՛չ ուրիշին, ոչ, մանաւանդ՝ քեզի, որ կը նկատուիս թանձրամիտ գիւղացի մը։ Վերէն թռչիլ՝ գրաւելու համար ուշադրութիւն, խաղ մըն է, որ անարժան է քու լրջութեանդ։ Տխուր տկարութի՜ւն՝ թռչելու փափաքը արժեւորել գերազանց, քան ապրելու հաստատ պարտքը, քեզմէ ուզուած գերագոյն տարիքը հանդէպ քու ժողովուրդիդ։ Տուր, պարզ ու անյաւակնոտ, գործերդ, անոնց խորը կանխապէս ապահովելով իրաւ այն գոհարը, որ քու ժողովուրդիդ լաւագոյն մասին, գեղացիին անմահ հոգեյատակը կազմեց։ Որ հանդերձեց մեր մայրերը, մեծ մայրերը, պահպանելու համար արգանդով ու սիրով, տարրերուն բռնութեան դէմ, սկզբնական կաթիլը արիւնին, որ ահա անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը թաւալի ու կը թաւալի երակներուդ մէջ ու պիտի թաւալի…։ Տեսիր զիս, ինչպէս եմ արդէն, պարզ երգիչ մը, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս, նման հազարներու, որոնցմէ շատ շատեր բախտէն զուրկ ծնան փետուր մը, եղէգ մը իրենց մատներուն նպատակ ունենալու, բայց էին ինծի չափ խորունկ, իրաւ ապրողներ իրենց ձայնով կամ նուագարաններով քու ժողովուրդիդ մթին տառապանքին վրայ քիչ մը ոսկի, քիչ մը թեւ ու քաղցրութիւն, քիչ մը երկինք ու մոռացում լողացնելու։ Ուրի՞շ։ Այսինքն՝ ձեր նախասիրած տարբերացումի, ինքնացումի, քու բառովդ՝ ինքնատպութի՞ւնը։ Ատ ալ մեծ տագնապ մը չի կազմեր։ Եթէ իմ անցքիս վրայ պատուհաններուն վարագույրները կը շարժէին, ատիկա չի նշանակեր, թէ այդ պատուհաններուն վարագույրները սառած կտաւներ էին յիսուն տարի առաջ կամ իմ հողք իջնելէ յիսուն տարի վերջը։ Կիրք։ Տարիք։ Արիւն։ Ձայն։ Աչք։ Այսինքն՝ երգիչին մեր օրերու կաղապարը զանազանող ուրիշ նոյնքան հաստատ իրողութիւններէ։ Դուն գիտնալու ես հարկաւ, որ դասակարգը կը կազմուէր ամէնէն զրկուած մարդոցմէն, մեծ թիւով մը կոյրերէ, ու աչքի սա պակասը պակաս մըն էր անդարմանելի։ Ես այդ սքանչելի տարիքը արժեւորեցի ուրիշներէն աւելի ազատ ու առատ չափերով, գովեցի գոզալը, իմ հոգիիս մէջ աճման դրուած անոր պատկերը գիծ–գիծ, ներկ–ներկ հաւաքելով իմ ճամբուս։