Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Յիսուն տարիներ զիս կը բաժնեն իմ մանկութեան անդրանիկ, գիտակցուած սա խռովքէն. ինծի համար իր մասերուն մէջ մութ, բայց իբրեւ ամբողջ շատ յստակ աղօթքէ մը իմ մէջ սաղմնաւորուած (իմ գիտակցուած երկրորդ խռովքը ես կը յիշեմ առած ըլալ Եղիշէէն, երբ կատղած՝ փորձեցի գրել Վարդանանց պատերազմը, Եղիշէն ՝ մէկ ծունկիս, միւսին՝ թուղթը սեղան չունէինք ո՛չ տունը ոչ ալ՝ դպրոցը ուր կը զարնէի գեղացի տղու այնքան դժուար ընտելացող գրիչին խոփը, պեղելու համար ճերմակ այդ արտերը իմաստին։ Եղերականը այս ամէնուն մէջ տարիքն էր սակայն։ Չին ու Ճափոն պատերազմի տարին, հիմա կը հաշուեմ՝, ուրեմն ինծի համար տասներկու)։ Գեղի դպրոցէն մինչեւ Ժառանգաւորաց վարժարանը, կէս դա՜ր ։ 

Գրիգոր Նարեկացիին հոգին, այն օրերուն՝ ինչպէս այսօր, մութ, խորունկ, իրաւ բան մըն է իմ մտքի անդաստաններուն վերեւ։