Ե՞ՐԲ
ԿԱՅ
(Մատենագրական)
Անցնելէ
առաջ
այս
կտորով
մեզի
ինքզինքը
պարտադրող
գրական
հարց
ին,
որ
իբր
այս՝
պարտաւոր
է
չզառածիլ
լեզուական,
մատենագիտական
տեսութիւններու,
որպէսզի
մնայ
հաւատարիմ
ինքն
իրեն
–
գրականութեան
պատմութեան
բերելիք
իր
նպաստովը,
կը
գոհանամ
դիտել
տալով,
որ
«
Մէ
խօսկ
ունիմ
»ը
առնուած
է
«
Սայաթ–Նովա
»
հատորէն,
լոյս
տեսած
1935ին,
Երեւան,
Պետհրատի
կողմէ։
«
Հայերէն
խաղերի
լիակատար
ժողովածու
»
ենթագրուած
այս
հատորը
կ՚օգտագործէ
ազգային
եւ
օտար
աղբիւրներ,
հռչակաւոր
երգիչին
անձին
ու
գործին
շուրջ,
թէեւ
շատ
համառօտ
վերլուծմամբ
մը
աշուղին
տարողութեանը
վրայ։
*
*
*
Սայաթ-Նովա
վերափառք
մը
ապրեցաւ
այս
դարուն
սկիզբը։
Ընդարձակ
ու
յաջող
փրոփականտ
մը,
արեւելահայ
մտաւորականութեան
կողմէ,
Սայաթ-Նովան
պարտադրեց
ո՛չ
միայն
արեւելահայ,
այլեւ՝
արեւմտահայ
հասարակութեան։
«Հայոց
Հրատարակչական»
միութիւնը
տաղարանը
ցրուեց
լայն
խաւերու։
Կազմակերպեց
բանախօսութիւններ,
երաժշտական
հանդէսներ,
զանգուածին
տանելու
համար
մեծ
բանաստեղծին
շունչն
ու
կրակները։
Չեմ
լայննար
մէկիկ–մէկիկ
յիշելու
հատորի
զանազան
տպագրութիւնները
։
Հարցը
սակայն
գրական
է
իմ
նկատառմանս
մէջ։
Ինչպէ՞ս
արժեւորել
այդ
հաւաքածոն
հայ
գրականութեան
ընդհանուր
կերպարանքին
մէջ
(հայ
մատենագրութիւնը,
աւելի
ճիշդ
տարազով՝
հայ
մատենագիտութիւնը
իր
ըսելիքները
ազատ
է
օգտագործելու)։
Ստոյգը
ան
է,
որ
հաւաքածոն
դժուար
զետեղելի
միութիւն
մըն
է,
բազմաթիւ
պատճառներով։
Անոր
լեզուին
շատ
բացառիկ,
շատ
մասնակի
(օտար
քաղաքի
մը
մէջ
կազմաւորուած
աղճատ
բարբառ
մըն
է
այդ
լեզուին
ատաղձը,
հեռուէ
հեռու
տարտամ
կապով
մը
արեւելահայ
բարբառին
ընդհանրութեանց
հետ)
հանգամանքը
կու
գայ
առաջին
գիծի։
Բաղդատեցէք
Քուչակի
դիւանը,
իբր
լեզու,
համոզուելու
համար
Սայաթ–Նովայի
պակասաւորութեան:
Աւելի
վար
թուականներէ,
Երզնկացի,
Պլուզ,
Աղթամարցի,
լեզուական
գետնին
վրայ
ուղղափառ
սրբութիւններ
կը
թուին։
Լեզուէն
դուրս
կայ
բարեխառնութեան
ալ
մասնակիութիւնը։
Այդ
տաղերէն
մենք
չենք
արտօնուած
հասարակութիւն
մը
վերակազմել։
Փորձեցէք
այս
փորձը
–
տաղարանէ
մը
ժողովուրդ
մը
գտնելու
–
նոյնիսկ
ամէնէն
անփառունակ
անուններու
վրայ։
Դուք
գէշ-աղէկ
կը
վարձատրուիք։
Արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
առաջին
կէս
դարը
կտրող–անցնող
«
Թրթռումներ
»ը
(հաւաքածոյ՝
Մ.
Աճէմեանի
քերթուածներուն,
1911)
իր
բոլոր
անբաւարարութեամբը
բան
մըն
է
(այդ
Պոլիսէն,
իր
պզտիկ–թշուառ
յոյզերուն,
հաճոյքներուն,
ցաւերուն
ընդմէջէն,
հոս–հոս
ու
պոնոմ
։
Թէեւ
Սայաթ–Նովան
կու
գայ
ժամանակէ
մը,
բայց
այդ
ժամանակէն
միայն
մէկ
երես
կը
սեւեռէ.
ու
ան
ալ
ի՜նչ
անբաւարար
չափով
մը
–
բարբառային
վկայութիւն
մը
միայն
մնալու
դժբախտութեամբ
մը։
Իր
առիթով
դժուար՝
դարձեալ,
մեր
ժողովրդական
բանաստեղծութեան,
աշուղներու
անուններով
միայն
հասած
քերթուածներուն
համադրական
արժեւորումը։
Ունինք
երախտաւոր
Ախվերդեանի
աղջկանը
կողմէն,
1903ին,
որքան
կը
յիշեմ
լոյս
տեսած
աշուղական
երգերու
հաւաքածոն,
–
ուր
սեռին
բոլոր
նուաղումները
կը
մնան
տիրական,
խորունկ
անվստահութիւն
մը
ներշնչող՝
այդ
բանաստեղծութեան
տեսակարար
արժէքին։
Կարդացած
եմ,
այս
դարուն
սկիզբները,
Պոլիս,
«
Բիւրակն
»
հանդէսով
հրատարակուած
երկու
հարիւրէ
աւելի
աշուղներու
կենդանագիր–կենսագրութիւնները,
իրենց
տաղերէն
նմոյշներով,
–
նոյն
տրտում
եզրակացութիւններուն
առաջնորդող,
գործ՝
Պալեան
եպիսկոպոսի։
Կայ
«
Նահապետ
Քուչակի
դիւանը
»,
Չօպանեանի
յառաջաբանով,
ուր
խանդավառ
գործիչը,
իրեն
յատուկ
խանդով
մը
խոշորցուցած
է
այդ
քառեակները,
դնելու
համար
զանոնք
մօտիկը
Արեւելքի
մեծ
արդիւնքներուն
(Խայեամ,
Հաֆըզ,
Սաատի)։
Կայ
դարձեալ
նոյն
հեղինակէն
«
Վարդարանը
»
(La
Roseraie
d'Armenie),
եռահատոր,
ուր
զետեղուած
են
կենսագրութիւններ
ու
նմոյշներ
տաղերգուներէ,
աշուղներէ։
Troubadours
Arméniensը,
ինչպէս
Chants
populairs
Arméniensը,
միշտ
Արշակ
Չօպանեանէն՝
սեւեռումներ
են
անշուշտ։
Այս
ամէնուն
արդիւնքը
քանի
մը
թաղուած
անուններու
յարութիւնն
է
սակայն։
Պլուզ,
Երզնկացի,
Ֆրիկ,
Թլկուրանցի,
Գ.
Աղթամարցի,
Ն.
Յովնաթան
աւելցած
անուններ
են
մեր
մատենագիտութեան,
բայց
չեն
գտած
գրականութեան
պատկանելու
իրաւունքներ,
Սայաթ–Նովան
(հաւաքածոն),
շարքէն
ո՛չ
աւելի
է,
ո՛չ
պակաս։
Եւ
սակայն
մեր
անգիր
բանահիւսութենէն
նմոյշներ,
1850էն
վերջը
հոս
ու
հոն
հաւաքուած
(Ճանիկեանի
«
Վինը
»,
Սրուանձտեանցի
հատորները,
Գույումճեանի
«
Անտունիներ
»ը,
«
Բիւրակն
»ի,
«
Լումա
»յի,
«
Ազգագրական
հանդէս
»ի
մէջ
հիւրընկալուած
ընտրովի
քերթուածները)
հարազատ
բանաստեղծութեան
անթառամ
փառքովը
պսակաւոր,
մեզի
կու
տան
յանդգնութիւն
մեր
ժողովուրդին
ինքնատիպ
ստեղծագործութիւնները
արժեւորել
փորձելու,
իր
մշակոյթին
ընդհանրութեանց
հետ,
այդ
պատառիկներուն
ալ
վրայ
գտնելու՝
ինչ
որ
ըրած
է
մեր
երգը
անձնական,
առանձին
ու
տաք,
մեր
ոտանաւորը՝
պարզ,
խոր,
պաղպաջուն
ու
անմիջական։
Մեր
պաշտօնական
գրականութիւնը
(հինը
եւ
զոյգ
նորերը)
մեր
կազմակերպեալ
իմացականութեան
կերպարանքները,
երբ
կը
դաւանինք,
ճիգով,
գիտակցութեամբ
գործադրուած
նուաճում,
մեր
աշուղական
եւ
ժողովրդական
ստեղծագործութիւնները
սխալ
չըլլար
ընդունիլ
մեր
անգիտակից,
որով
եւ
աւելի
խորունկ,
աւելի
իրաւ
հոգիին,
իմացականութեան
կերպարանքները։
Ու
պէտք
չկայ
մեծ
կղերիկոս
մը
ըլլալու,
հաստատելու
համար,
որ
արուեստը
կը
սնանի
անգիտակից
մեր
եսէն։
Բանականութիւնը
այդ
անուանումը,
բխումը
կարգաւորող
դեր
մը
միայն
արտօնուած
է
փառաւորելու։
Ժողովրդական
ստեղծագործու
թիւնները
իրենց
բոլոր
նուաղումները
կը
յաջողին
գնել,
եթէ
երբեք
քանի
մը
իրաւ,
անտիպ
յուզումներ,
պատկերներ
կը
մատուցանեն
մեր
ընկալչութեան։
Սայաթ-Նովան
իբր
մեծ
բանաստեղծ,
ի՞նչ
տարրեր
խտացուցա՜ծ
է
իր
տաղերէն
ներս։
Ի՞նչը
կայ
մեր
ժողովուրդին՝
«
Մէ
խօսկ
ունիմ
»ին
ներսը,
ու
հանգիտօրէն՝
տաղարանին
ներսը։
Ասոնց
պատասխանել
յատկանշելն
է
գրագէտի
մը
տեղը՝
ժողովուրդի
մը
հոգեղէն–պատմութեան
–
գրականութեան
դաշտին
երեսին։
Եւ
որովհետեւ
Սայաթ–Նովա
չի
գար
կազմակերպուած
գործունէութենէ
մը,
չի
պատկանիր
շրջանակի
մը,
ուր
յեղաշրջօրէն
իր
բանաստեղծութիւնը
ըլլար
ինքնացած,
որով
իսկ՝
կը
զանցէ
գրականութեան
պատմութեան
տուիքները։
Կաթողիկոս
մը
չէր
անիկա,
որպէսզի
գրաբար
միսթիք
քերթուածներու
կողքին,
ըլլայ
տեղ
տուած
աշխարհիկ
ալ
ոգումներու:
Գիրքերու
գիտութեան
մը
անհաղորդ,
բայց
բնական
հանճարով
մը
պաշտպանուած,
անիկա,
այս
իսկ
պայմաններուն
կշիռովը
կ՚ազատագրէ
ինքզինքը
ժամանակէն,
իր
անձնականութեան
ծանր
խորհուրդը
արձակելով
ետ,
իրմէ
վար
դարերուն,
ուր
միջին
շրջանին
տաղասացները,
տաղաչափները,
տափակ
կամ
ինքնատիպ,
երգեր
են
ժամերուն,
վանքերուն,
աւերակներուն
ու
տրտմութեան
հովիտներուն
մէջ,
ինչ
որ
ունէին
իւրացում
իբրեւ
օրերուն
սեւէն
ու
ճերմակէն,
ու
ինչ
որ
կը
կրէին
իրենցմէ
աւելի
վար
շրջաններէն։
Ժողովրդական
երգ
մը
միշտ
զերծ
է
ժամանակէն,
բայց
դիւրաւ
կը
մտնէ
ծիրին
մէջը
իր,
այսինքն՝
զինքը
արտադրող
հոգեխառնութեան
եւ
Սայաթ-Նովա
այս
տեսութեամբ
կ՚ընկղմի
անանուն
ստեղծագործութեան
խորհուրդին
մէջ։
Այն
ատե՞ն։
Մենք
կ՚արտօնուինք
«
Մէ
Խօսկ
ունիմ
»ը
օգտագործել
ոչ
թէ
գրականութեան
մը
պատմութեան
շուրջ
վկայութիւն։
Այդ
վկայութիւնը
եղած
են
առաւել
կամ
նուազ
հարազատութեամբ
մը
սրբազան
մատենագիրները,
բանաստեղծ
կամ
արձակագիր։
«
Անձինք
նուիրեալք
»ը
(Է.
դար)
պայծառ
հոգեխառնութեան
մը
ընդմէջէն
քաղցր
ձեւերու,
տաքուկ
պարզութեան,
հզօր
զգայնութեան
մը
համադրական
կերպարանքովը
կը
տպաւորէ
զիս,
ու
կ՚ըսէ
մթին
ապրումները
դարերէն,
ուր
այս
ժողովուրդին
հողերը
չէին
տակաւին
նուաստացած
ծանրածանր
պարտութիւններով,
հոգին՝
չէր
կործանած
անդուլ
շարանին
դիմաց
անլուր
անգթութիւններու,
ու
միտքը՝
կը
պահէր
որոշ
հպարտութիւն։
Արաբներէն
անմիջապէս
առաջ,
քրիստոնէութեամբ
փարթամ,
երանութեան
ոսկեդարուն,
Կոմիտաս
կաթողիկոս
սրբուհիներ
օրհնասացելու
արարքը
արտաքին
շեղումի
մը
կը
փոխակերպէր,
առողջ
ու
իրաւ՝
զանգուածին
հոգիներէն
քաղելով
իր
յոյզերը,
ներշնչումները,
գոյներն
ու
պատկերները։
Այդ
շարականը
գրական
արարք
մըն
է,
կրօնական
ըլլալուն
չափովը
ու
քիչիկ
մըն
ալ
աւելիով։
Դարն
ու
գործը
իրար
չեն
հերքեր։
ԺԱ.
դարուն
Գրիգոր
վանականը
պիտի
երգէ
«
Ընկալ
քաղցրութեամբ
»ը,
մռայլ,
սրսփուն,
ահապատար,
դիւային
լույսերով
բաբախուն,
երկինքէն
առքին
բացուած
մեղքի
թաղարի
մը
գարշանքին
ընդմէջէն։
Իր
ժողովո՞ւրդը,
Նարեկացիին
այդ
աղօթքին,
ամբողջ
«
Աղօթամատեան
»ին
մէջ։
Խնդրակա՛ն։
Բայց
այդ
ժողովուրդին
այն
շնորհները,
մասնակի
իսկութիւնները,
որոնք
նշանաւոր
մերօրեայ
տեսութեան
մը
համաձայն
(շրջափոխութիւն),
արեան
ծովուն
վրայ
մարդերուն
ոստայն
կը
զարնեն,
այսինքն՝
խորունկ
տեսնելու
եւ
ուժով
թռչելու,
աշխարհէն
չպղծուելու,
բայց
երկինքին
ըղձաւորուելու,
չարիքէն
հալածուելու,
բայց
զայն
յաղթահարելու
ազդմունքներ,
բնազդներ,
բառին
ուժը
ու
պատկերին
բռնութիւնը,
առատութիւնը
զգալու,
ինչպէս
երազելու
արարքներուն
մէջ
երեւակայութիւն
`
իր
բարձրագույն
տեսակներով
հաղորդականութիւն
ու
համակրագին
խոնարհութիւն,
մեղքէն
ու
վարձքէն
հաւասարակշիռ
աշխարհահայեացք
բոլորը
ասոնք
Նարեկացիինն
են
ու
մեր
ժողովուրդին
միջինին
նոյն
ատեն։
Ու
հիմա
հանգիտօրէն,
կրկնեցէք
հարցականը,
Սայաթ-Նովայի
համար։
Արկածախնդրութի՞ւն
այդ
տաղին
յաջողակ
մաuին
մէջ
գտնել
յաւակնիլ
մեր
ժողովուրդին
պարկեշտութիւնը,
երբ
դուք
հազիւ
քանի
մը
փոխաբերութեան
կը
հանդիպիք
«
Իլիական
»ին,
«
Ենէական
»ին
մէջ,
ազգային
ստեղծումներ
ասոնք,
որոնց
ետին
ներելի
էր
բիւրեղակերպ
զգալ
երեւակայութեան
այդ
ստեղծագործ
տեսակը։
Արկածախնդրութի՞ւն
այդ
տաղին
ջերմութիւնը
տարածել
մեր
ժողովուրդին
հոգեխառնութեան
ամէնէն
պայծառ
ցոլացումին,
որուն
շնորհիւ
մենք
ճառագայթներ
ենք
մեր
երկրէն
դուրս,
տպաւորելով
մեր
մեծ
անհատականութեանց
առաքինութիւններով
(որ
կը
թարգմանուի
հռովմէական
իմաստով)
մեր
շրջապատը։
Արկածախնդրութի՞ւն՝
այդ
տաղին
կիրքը
գտնել
յաւակնիլ
մեր
ստեղծագործութեան
ամէն
տեսակներուն
վրայ,
երբ
մեր
երգը
թռչող
մարմինն
է
մեր
աղջիկներուն,
մատաղ
մայրութիւնն
է
մեր
կիներուն,
մեր
տաճարները՝
փակեալ,
կնքեալ
տաղաւարներն
են
մեր
երկինքին,
մեր
մեծ
բանաստեղծները՝
մեր
սիրտե՜րը,
բառերու
վրայ
աղաւնակերպ
սաւառնող։
Կը
կեցնեմ
այս
թւումը,
գրականութիւն
ըրած
ըլլալու
վախի
մը
մէջ,
բայց
կը
հաւատամք,
թէ
նոյնիսկ
իր
թերութեանց
գումարովը,
իր
անկատարութեամբը,
իր
կտրատ,
շնչատ
կառոյցովը
«
Մէ
խօսկ
ունիմ
»ը
ու
իր
ետեւէն
ամբողջ
տաղարանը
Սայաթ-Նովային
ինծի
կը
թելադրէ
միշտ
իմ
ժողովուրդը։
Այս
երկար
վերլուծումը
աւելորդ
չեմ
նկատեր։
Հոն
իմ
ճիգն
էր
մարդ
մը
գտնել,
հոգի
մը
հասկնալ,
արտայայտութիւն
մը
տարբաղադրել,
ժողովուրդի
մը
մէկ
պահը
սեւեռել
։
Այս
ճիգին
մէկ
մասը
–
մարդուն
գիւտը
եւ
հոգեխառնութեան
վերլուծումը
զիս
մղեցին
խանդավառ
եզրակացութիւններու։
Այս
ճիգին
միւս
մասը,
արտայայտութիւն
եւ
գրականութեան
պատմութիւն
–
զիս
ըրաւ
զգոյշ։
Հոս
իսկ,
ես
ինքզինքս
կը
գտնեմ
հաւատարիմ
իմ
ժողովուրդի
ընդհանրութիւններուն։
Հասկնա՜լ
մեր
կործանումը,
այսքան
շնորհներու
փաստին
դիմաց։
«
Մէ
խօսկ
ունիմ
»ը
մեր
մեղքերուն
ու
շնորհներուն
շաղապատեալ
դրասանգն
է։
(ՎԵՐՋ)