Բ.
«
Աղաչեմ
զանփոփոխելի
»ն
Բ.
հատուածն
է
Նարեկի
ԼԴ.
Բանին։
Ասոր
Ա.
հատուածը
տարօրինակ
մուտք
մըն
է,
սանկ
քիչիկ
մը
ուժով
ըսուած,
նորերը
պիտի
գրէին՝
ուռած
ըսուած,
հանդիսաւոր՝
շեշտին
ու
յառաջացման
մէջ։
Գրիգոր
այդ
վանականը
երբեմն
կը
մատնէ
սա
մտահոգութիւնները,
–
պահէն
ու
տեղէն
ներշնչուելու
վիճակ
մը
այդպէս
խոշորցնելու։
Իր
երկերուն,
մա՛նաւանդ
«
Աղօթամատեան
»ին
յառաջաբանները,
յիշատակարանները
խմբագրուած
են
սա
յայտնութենական
հոգեբանութեամբ։
Բայց
յայտնի
է,
թէ
մասնաւոր
ուշադրութեամբ
մը
անիկա
գրած
է
այդ
ԼԴ.
Բանը,
իր
ամբողջ
հատուածներուն
մէջ։
Ա.
եւ
Բ .
հատուածներուն
միջեւ
սա
միջանկեալը՝
«
Ի
հանդիսարանս
խօսից
ատենի
բանս
մաղթանաց
որով
հոգին
Աստուծոյ
հաշտել
հասանէ
յօգնականութիւն
»
։
Գ.
հատուածին՝
ուրիշ
վերտառութիւն.
«
Երրորդութիւն
անայլայլական
նորոգ
ստեղծաբանութեան
ազդեալ
յԱստուծոյ,
յոր
ինչ
ի
Նիկիայն
սահմանեցաւ
հաւատ
»։
(Թորգոմ
սրբազանի
թարգմանութեամբ՝
Նիկիոյ
մէջ
Երրորդութեան
մասին
աստուածային
ազդեցութեամբ
սահմանուած
յարասութիւնը
)։
ԼԴ.
Բանին
մարմինէն
դուրս
այս
յաւելումները,
խմբագրուած
Նարեկին
ոճով,
կը
պատկանին
հաւանաբար
Նարեկացիին։
Ամբողջ
Բանը
կազմուած
է
տասը
հատուածներէ։
Դաւանաբանական
մեկնողական
մը
թերեւս,
ուր
բանաստեղծը
կու
գայ
առաջին
գիծի,
այդ
քիչ
մը
շատ
վերացեալ,
չոր
հարցերուն
մէջ
զգացական
տարրեր
նետելու
անգիտակից
փափաքով։
Նկատի
ունիմ,
յառաջիկայ
էջերուն
համար,
միայն
Բ .
հատուածը։
Զայն
գլխաւորող
վերտառութիւնը
կը
թելադրէ
ատենախօսութենէ
առաջ,
այդ
աղօթքով
դիմել
«
Հոգւոյն
Սրբոյ
»
որ,
«հաշտուած»
ու
հաճ,
պիտի
հասնի
օգնելու
քարոզողին
։
Այս
իսկ
թելադրանքով,
անոր
ընթերցումը,
Ժառանգաւորաց
վարժարանի
տարեմուտի
հանդիսանքին
(ուրկէ
կ՚ենթադրեմ,
թէ
ուխտաւորներու
բերնով
հասած
ըլլալու
էր
մեր
գեղը),
խորհրդանշական
տարողութեամբ
մը
մեզի
կը
պարզէ
հոն
մատակարարուած
ուսուցման
նկարագիրը։
Աստուծոյ
խօսքը
կարդալը,
իր
հաշուոյն,
քիչ
մը
եսասէր
հաճոյք
է
անշուշտ,
ճգնողական
բարքերուն
արտօնած
ժամազբաղութիւնը,
ինքզինքը
մտածող,
սեպհական
հոգիին
տագնապովը
տարուած
մարդու
տիրական
փոյթ։
Նարեկացին
ուսուցիչ
է
Անանիայի
հաստատած
Ուխտին
մէջ։
Իր
հաշուոյն
անշուշտ
անիկա
ունէր
անձնական
նախասիրութիւններ,
ուր
ճգնողականն
ու
ուսուցողականը
կրնային
իրերախառնուիլ
։
Իմ
վերլուծած
հատուածը,
իմ
կարծիքով,
կը
բխի
ուսուցողական
մտահոգութենէն,
նախասիրութենէն։
Ուրեմն,
ուսուցումը
Աստուծոյ
խօսքին,
ատեաններու
առջեւ
անոր
հանդիսաւոր
մատուցումը,
մեր
օրերու
բառով՝
քարոզը,
կամ՝
արեւելահայերու
նախասիրած
դասախօսութիւնը:
Ասօր
քարոզին
խորունկ
իմաստը
հազիւ
է
մատչելի
մեր
ուղեղին
(հիմա
մենք
այնքան
առատ
ունինք
միջոցներ
այդ
խօսքին
երթալու.
հազար
տարի
առա՞ջ)։
Այդ
դարերուն
խօսքը,
ժամուն
բեմէն
կամ
վանքերու
ընդարձակ
կամարներուն
ներքեւ,
տիրական
հաղորդում
մըն
էր
երկնայինին,
ասոր
թելադրած
անբաւ,
անճառ
հարցերուն,
–
բոլորն
ալ
կեանքի
խորհուրդը
լուսաւորել
աշխատող։
Քարոզող
եղբայրներու
եւ
վանական
ուրիշ
ուխտերու
գոյութիւնը
տկար
փաստ
չեն
կազմեր
սա
տեսութեան։
Աւելի
հեռու
դարերուն,
նոյնիսկ
Քրիստոսէ
քանի
մը
հարիւր
տարի
առաջ,
ատեանի
առջեւ
խօսքը
ո՛չ
միայն
լրումն
էր
ուսուցման,
այլեւ՝
պսակը
մարդկօրէն
ներելի
փառասիրութեանց։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
հնութեան
մեծ
զօրավարները
յաճախ
մեծ
խօսողներ
եղան։
Պատմութենէն
տեղեակ
ենք
հռետորներու
ուսուցումին
յարակից
ամբողջ
հետեւանքներուն։
Աթէնքը
մտքին
մայրաքաղաքը
ընողը
իր
զորավարները
չէին
անշուշտ,
ոչ
ալ՝
քաղաքական
իր
չունեցած
իմաստութիւնը։
Իր
ուսուցումն
էր
հեղինակը
այդ
հրաշքին։
Աւելի
վերջ,
խօսքին
դերը
աւելի
հզօր
ձեւով
մը
տիրական
կը
գտնենք
Հռովմ,
ուր
անձին,
մարմնին
արարքներէն
առաջ
Բանին,
միտքին
շնորհներն
են,
որ
ապագայ
քաղաքական
մեծ
մարդը
կը
հանեն
ուշադրութեան։
Մեր
երկրին
համար,
Գրիգոր
Նարեկացիի
օրերուն
(Տասներորդ
դար)
քարոզիչը
համադրական
անձնաւորութիւն
մըն
էր։
Ան
կը
միացնէր
իր
վրայ
լրագիրը,
գիրքը,
հանդէսները,
համալսարանը,
ռատիոն։
Շրջող
կենդանի
մատեանն
էր
անիկա։
Իր
կարեւորութիւնը
ինքնաբերաբար
կը
բարդանար
շրջապատի
հակամարտ
ալ
պայմաններէն։
Հասկնալի
է
ուրեմն,
որ
սա
դերը
արժանաւորապէս
կատարելու
համար,
նորաբոյս
մօրուքով
աբեղան
անձկագին
ապաւինէր
Վերնականին,
ասոր
օգնութիւնը
աղերսէր,
սրտագին
ու
իրաւ
խօսքերու
տարափով
մը։
Ուրի՞շ
է
արդեօք
ոգին,
մտածումը,
որոնք
զսպանակը
եղած
են
Հայ
Երուսաղէմի
(գործածելու
համար
ընտանեցած
բանաձեւ
մը)
մէջ
Ժառանգաւորաց
վարժարանը
հիմնելու
պահանջին,
կարիքին,
նոր
օրերու
մուտքին։
Հիմա,
կը
դիմեմ
աղօթքին,
իր
մարմինէն
շատ
քիչ
բան
զեղչելով,
դաւանաբանական
կամ
պարզ
մաղթողական.
Աղաչեմ
զանփոփոխելի
տէրութիւն
Ամենազօր
Հոգւոյդ
հզօրի։
Առաքեա՛
զցօղ
քաղցրութեան
քո,
Եւ
բարեգործեա՛
Ի
յանձին
եւ
յիշխանական
ազդման
ըզգայութեան(ց)
Զամենալից
շնորհըս
Բազմապարգեւ
քո
ողորմութեան։
Եւ
հերկեա՛
Զբանական
անդաստան
Մարմնեղէն
կարծրացեալ
սըրտիս
Յընդունակութիւն
արգասեաց
հոգեւոր
սերմանդ:
Կ՚ենթադրեմ,
որ
ի
պէտս
զարգացելոց
ը
անհրաժեշտ
չէ
կլլած
ըլլալ,
հասկնալու
համար
սա
նախադասութեանց
շարքը։
Հազիւ
տող
մը
(
յիշխանական
ազդմանց
զգայութեան
)
եւ
բառ
մը
(
բարեգործեա՛
)
կը
տարբերին
մեր
գործածած
գրաբարէն։
Դժուարին
տողը
կը
պարզենք,
–
իշխանական
ը
Նարեկին
մէջ
յաճախ
թարգմանած
են
ինքնիշխան
`
սքոլաստիք
վէճերուն
տիրական
տարազը.
libre
arbitreի
իր
կաղապարին
մէջ
մինչեւ
մեր
օրերը
այնքան
մելան
հոսեցուցած
բնազանցական
տագնապը
։
Ազդում
՝
մեր
թելադրանքն
է,
մղումը:
Զգայութիւն
՝
զգացում։
Բարեգործել
ը՝
արդիւնաւորել,
արգասաւորել
։
Այս
անհրաժեշտ
լուսաբանութիւններէն
վերջ,
աղօթքը
պարզ
է
այլեւս,
շատ
աւելի
պարզ,
օրինակի
մը
համար,
քան
Յ.
Գ.
Մրմրեանի
«
Իննեակ
իմաստասիրական
»ը
կամ
Չրաքեանի
«
Ներաշխարհ
»ը։
Ի՞նչ
կ՚ըսէ,
այդ
բառերով,
Վանայ
ծովուն
ամէնէն
նկարագեղ
մէկ
ափին,
բարձունքի
մը
վրայ
թառած
իր
մենարանէն,
«հրեշտականման»
Գրիգոր
վարդապետը,
որ
ամբողջ
երիտասարդութիւն
մը,
չափահասութիւն
մը
(«
Աղօթամատեան
»ը
կեանքը
չափած
մարդու
հոգեբանութենէ
մը
կու
գայ
եւ,
հետեւաբար,
առաջացեալ
տարիքի
գործ
մը
կը
նկատուի)
ունի
իր
ետին՝
աստուածային
սա
թռիչքներուն
նուիրուած։
Որ
ապրեր
է
Աստծոյ
սպասին
բովանդակ
այլամերժութիւնը,
հոգիին
շահը
հետապնդող
բացարձակապաշտ
իր
եռանդին
մէջ,
ու
չափեր,
իր
ներսը
կամարակապ
զգացումին
անհուն
մեծութիւնը,
գեղեցկութիւնը,
իր
օրերուն
իմաստը
արժեւորող
իր
ողջակէզը
իր
անձէն
դուրս
ուրիշներու
ալ
արդիւնաւոր
ընելու
համար,
երբ
գրիչը
կ՚առնէ
իր
ձեռքը,
ու
դողդոջ
մատներով,
այդ
երկինքէն
–
մարդուն
հոգին
երկինք
մըն
է
–
լոյսի
գիծեր
կը
նետէ
մագաղաթին…:
Անոր
ուզածը,
սա
դժուարին
արարքին
մէջ,
ցօ՜ղն
է
Ս.
Հոգիին,
որ
խօսքի,
գիրի
մարդակերպ
ձեւերով
պիտի
արգասաւորէ
իր
մէջ
իր
ամենալից
շնորհները։
Այսպէս
խտացուած,
սա
նախադասութիւնները
մեր
մտքին
կը
բերեն
ամուր
ալ
տարիքը
հաստատ
խորքին
։
Բայց
բանաստեղծութիւնը,
այս
անգամ
բառին
տուէք
իր
տիրական
իմաստը,
չի
նշանակեր
գաղափար
մը,
գաղափարներու
շարք
մը
ագուցանել
ուրիշի
մը,
ուրիշներու
շարքի
մը
(աղօթքը
այդ
բանաստեղծութեան
ամէնէն
սկզբնական,
տեւական,
խորունկ
ձեւերէն
մէկն
է,
ամէնէն
իրաւ
քանի
մը
զգացումներուն
–
մահ,
սէր,
անմահութեան
հեշտանք,
եւ
կամ
ներհակէն՝
չարիքը
եւ
իր
սարսափները
–
սլաքին
տակ
ծնունդ
առած
)։
Փոխադրելով
խօսքը
բառական
բանաստեղծութեան,
նկատի
կ՚առնենք
ատոր
էական
մէկ
տարրը՝
կշռոյթը
՝
գրեթէ
անբացատրելի
բառ
մը,
որ
ձայնին
նիւթական
հիւսքը,
զգացումին
զգեստը,
յուզումին
կերպարանքը
(ուրիշ
բան
չեն
իրաւ
բառերը։
Ստուերը՝
թիթեղի
պիտի
ոճաւորէ,
անձնաւորէ,
հրեղինէ
համաձայն
բխման
աղբիւրին,
–
հոգիին։
Կշռոյթի
սա
կախարդական
–
որովհետեւ
անվերլուծելի
–
բայց
զգալի
ոգեղէն
իսկութեան,
հեղանուտին
ընդմէջէն
մեր
գտածը
հոգին
է
այդ
Գրիգոր
վանականին։
Չեմ
բանար
Գրիգոր
Նարեկացի
խորհրդանշանին
իրարմէ
աղուոր,
իրարմէ
հարուստ
ծալքերը։
Իմացէք
միայն,
որ
այդ
տարազը
կը
ծածկէ
իր
տակ
մեր
ժողովուրդին
մէջ
քիչ
անգամ
հաստատուած
բարձրութիւն
մը
՝
թռիչքէ,
խորութիւն
մը
՝
զգայնութենէ,
գիտութիւն
մը
՝
բառերու
ներքին
կախարդութենէն։
Գիտցէք
միայն,
որ
արտասովոր
մարդ
մըն
է
անիկա։
Այս
վկայութիւնը
բա՞ւ՝
որպէսզի
մէկէն,
վերի
տողերը
մարդանան
իրենց
կարգին,
ինչպէս
մեզի
կը
տրուի
դիտել
ատիկա,
երբ
կախարդ
կոճակի
մը
տպումով
կոյր
լապտերները
կը
կարմրին,
հոսանքէն
մկրտուած։
Անկարելի
է
քակել
ամէն
մէկ
բառի
տակ
բանաստեղծէն
մթերուած
զգացումին,
մտածումին,
կրակին
նախատարրերը։
Փորձը
կ՚ընեմ
սակայն
մէկ
քանիին
վրայ։
Այսպէս
անփոփոխելի
վերադիրը,
որ
հազարէ
աւելի
տարիներու
կեանք
մը
ունի
մտածման
պատմութեան
մէջ
մինչեւ
Հերակլիտ
իջնող,
հաւանաբար
Նարեկացիին
օրով
ալ
աղանդաւորներու
բերնին
մէջ
ընթացիկ
օրակարգ
մըն
է։
Ես
կ՚առնեմ՝
բնական
իր
թելադրանքին
մէջ
միայն
նկատի,
զայն
ընդունելով
հակազդեցութեան
կտակ
մը՝
մշտափոփոխ
այն
հանդիսանքէն,
որ
կը
փռուի
բանաստեղծին
նայուածքին։
Զայն
մտագրաւող
շատերէն
բաւ
է
կենալ
ծովին
պատկերին.
երէկ՝
թուխպ
կապար.
առտուն՝
ձիւն
փրփուր.
կէսօրին՝
կապուտակ
սաւան.
իրկունը՝
կրակէ
շղարշ,
մայրամուտին
վրձինին
ներքեւ։
Առանց
բառերու
վրայ
խաղալու,
ես
կրնամ՝
սա
ձեւերու
մշտական
հրթիռը,
բռնկումն
ու
շէջքը,
վառքն
ու
սուգը,
արտաքին
աշխարհին
սա
հմայապատկերը
արձագանգուած
գտնել
վարդապետին
ալ
զգայութիւններուն
կենդանի
կտաւին
վրայ։
Միայն
եղանակներուն
ձեռքէն
թափուած
երանգի,
ձեւի,
կերպարանքի
սա
այլայլումները
բաւ
են
երերուն
փոփոխականութիւնը
հզօր
խռովքով
մը
տպաւորելու
(imprimer)
ընկալուչ
կերպասին
վրայ,
հիւսուած
մարդոց
ջիղերէն։
Մտաբերել՝
թէ
ինչ
կրնային
ըլլալ
պատկերաշարքը
անոր
վանքի
տեսարաններուն
գարնան,
ամրան
ու
ձմրան։
Ձեզի
կը
ձգեմ
հետեւիլ
սա
թելադրանքներուն,
վերակազմել
այդ
ամէնը։
Երբ
մտածման
սա
կերպը
մենք
գործադրենք
մարդկեղէն
ին
վրայ,
մեր
գտնելիքը
աւելի
խորունկ,
աւելի
յուսահատ,
աւելի
կործանարար
փախուստ
մըն
է
մեզմէ։
Երէկի
տղէն,
խարտեաշ,
համակ
բոց
ու
քաղցրութիւն,
մինչեւ
սա
կորաքամակ
ծերունին,
Գրիգոր
վանականը,
իր
սեղանին
առջեւ,
իր
միսերուն
սառոյցը
ասեղ–ասեղ
երբ
կը
հիւսուի
իր
կաշիին
տակ,
ճամբա՞ն։
Բայց,
աւա՜ղ,
ակնթարթ
մը
անգամ
չի
տեւեր,
չէ
տեւած
այդ
ողբերգութիւնը,
եթէ
ուզէք
զայն
զետեղել
ժամանակի
չափին
մէջ։
Այն
ատե՞ն։
Որքան
սրտագրաւ
է
մեր
ամէնուն
մէջ
ընդվզումը
սա
զարհուրանքին
դէմ։
Յաւիտենականը,
անյեղլին,
անփոփոխելին
որքան
իրաւ
կը
բռնանան
մեր
մտքին։
Զանց
կ՚ընեմ
բանալ,
ընդլայնումի
սա
համեմատութիւնով,
ստորոգելիները,
որոնք
հեռու՝
բառարաններու
մէջ
անկիւնակալ
բազմող
անտարբեր
ու
քիչիկ
մը
սառած
բաներ
ըլլալէ,
խորունկ,
խանդոտ,
կռիւէն
ջերմացած
ստուգութիւններ
են
Ս.
Հոգին
միտքին
մէջ
կերպարանել
յաւակնող։
Երանելի
դարե՜ր,
ուր
բառի
մը
համար
հարիւր
հազար
վանական
կը
ձգէին
իրենց
ճգնարանները,
կը
մտնէին
պատրիարքանիստ
քաղաքները,
կը
չափէին
ասոնց
փողոցները,
սպառնագին,
վայրագ
իրենց
նայուածքներով
դատապարտելով
կամ՝
խելայեղ
խնծիղով
մը
փառաբանելով
…
բառ
մը,
Ս.
հոգիին
կամ
Որդիին
ածական։
Ընդհանուր
Եկեղեցւոյ
պատմութեան
անցուդարձերուն
ծանօթ
մը
դժուարութիւն
չի
զգար
հասկնալու
պատրիարք
մը,
որ
իր
հակառակորդը
չի
խղճահարիր
իբրեւ
գրաստ
գործածելէ,
մի՛շտ
բառի
մը
համար։
Այսպէս
է
յօրինուած
մարդոց
անսահման
յիմարութեան
հանդէսը։
Գրիգոր
վանականէն
դար
մը
վերջ,
Գրիգոր
Պահլաւունի
(Մագիստրոս)
իշխանը,
որ
Պղատոն
է
թարգմանած
ու
չորս
օրուան
մէջ
հազար
տողի
վրայ
Կտակարանները
խտացուցած…
ոտանաւոր
պատմումով,
հագարացի
իմաստունի
մը
հետ
մրցելով
…
յարագութիւն,
իր
սուրը
պիտի
խաղցընէ
աղանդաւորներուն
միսերուն
վրայ,
մաքրագործելու
համար
պարզ
մարդեր,
որոնց
բոլոր
մեղքը
իրենց
խելքին
ինքնիշխան
գործածումին
պահանջն
է
ի
վերջոյ։
Որքան
խիտ
են
երբեմն
մեր
տողերը…։
Կը
գոհանամ
միայն
խանդաղատագին
զգացումով
մը
հետեւելով
բանաստեղծին
մտքի
թռիչքին,
որ
զմայլելի
բնականութեամբ
մը
երկրէն
երկինք,
նիւթէն
հոգին
կ՚ընէ
իր
սաւառնումը,
կատարելով
դժուար
համադրումը
երկու
աշխարհներուն,
որմէ
մանրանկար
իրագործում
մըն
է
մարդը։
Գրիգոր
վանականը
երբ
Ս.
Հոգիին
շնորհները
կը
վերածէ
առտուան
անուշիկ
շաղին,
ցօղին,
անով
պտղաբերելու
համար
անդաստան
ները
մարմնեղէն
կարծրացեալ
սրտին,
գրական
դարձուածք
մը
չ՚ըներ
ապահովաբար,
չոր
ու
ստերջ
մարզանքը
փոխաբերութեանց
սիրահարներուն։
Արտօնուած
ենք
մտածել,
որ
այդ
Գրիգոր
վանականը
միայն
մագաղաթ
չէր
հերկեր։
Թէ
նման
բոլոր
ուխտի
միաբաններուն,
անոր
մատները
քաղցրագին
զգայութիւններով
կ՚իյնային
մաճին
վրայ,
ու
հողին
խունկը
անախորժ
չէր
իր
գունդերուն։
Թէ
իր
բուռն
արձակուած
սերմին
խարտեաշ
անձրեւը,
աշնան
դուռներուն,
հեշտացած,
փափկազգեաց
հողերուն
արգանդը
դէպի,
անոր
հոգին
ալ
կ՚ողողէր
երկիւղած
զգացումներով,
ինչպէս
բառերուն
անձրեւը՝
իմացական
հեշտանքին
բարձրագոյն
յուզումներով,
մարմին
էր
անոր
մտքին
ալ
դաշտին…։
Քսաներորդ
դարու
քննադատ
մը
այս
ամէնէն
թերեւս
սիրէ
արարքը,
հողը
բեղմնաւորելու
խորհուրդը,
ասոր
հզօր
ձգողութիւնը,
որ
կրնայ
անդրադառնալ
իր
ալ
մտքին,
իբրեւ
մէկ
մասնիկը
տիեզերական
խորհուրդին,
այդպէս
մարմնացած,
կերպարանուած։
Տասներորդ
դարու
վանականին
համար
արարքէն
գեղեցկութիւն
մը,
խորհուրդ
մը
կը
մնան
թաղուած,
բայց
զգացումը,
հող
ու
հոգին
նոյն
ատեն,
իբրեւ
գերագոյն
իրականութիւն
կը
տիրապետէ
անոր
մտքին։
Այդ
Գրիգոր
վանականին
համար
երեւոյթներու
սա
մեր
աշխարհը
ունայնութիւն
մը
չէ,
ինչպէս
կը
պարզուի
ասոր
հզօր,
գերագոյն
իրականութիւնը
արեւելեան
մեծ
կրօնքներուն
խորքէն
(Պուտտայականութեան
Նիրվանան
),
այլ
նախավայելք
մը
(Չրաքեանին
բառը),
պատրաստութեան
շրջան
մը,
մաքրագործման
հովիտ
մը,
իսկութիւններու,
անհունութիւններու,
յաւիտեաններու
միակ
իրաւ,
միակ
արժող
աշխարհին։
Չարհամարհել
սա
մեր
աշխարհը,
վասնզի
հոս
ալ
Աստուծոյ
շունչը
կ՚ապրի,
բիւրաւոր
կերպարանքներու
տակ:
Հոս
նետուած
սերմը
բարիք
մըն
է,
յար
եւ
նման
միւսին,
որ
անհուն
անդաստանները
կ՚արգասաւորէ
Աստուծոյ
իմաստութեան։
Ասկէ
անդին
ալ
երկինքներու
արտերուն
մէջ
Ս.
Հոգիին
ցօղը
կ՚իջնայ
ու
«կը
բարեգործէ»…։
Հոգեւոր
սերմը,
որ
կը
թուի
անդրադարձն
ըլլալ
մարմնաւորին,
սա
մտածումներու
լոյսին
ընդ
մէջէն
կ՚ըլլայ
կեանքին
ամէնէն
բարձր
խորհուրդը։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
որքան
քիչ
կու
գան
տողերը,
կտոր
մը
բան
քակելու
այն
ընդարձակ
ապրումներէն,
որոնք
հոգեյատակը
կը
կազմեն
բանաստեղծին։
Ի՜նչ
վաւերական,
խռովիչ,
զարհուրագին
հեշտանք
մը
կը
թաւալէր
անոր
ջիղերուն
արտերէն,
ոսկորներուն
ակօսներէն,
երբ
իր
միտքը
հանդերձուած
կ՚ուզէր,
ընդունելու
աստուածային
շնորհներուն
սերմերը…
Կը
շարունակեմ
արտագրել:
Քում
ամենիմաստ
էութեանդ
Խոստովանիմք
Զամենայն
պարգեւս
ի
մեզ
ծաղկեալ
եւ
աճեցեալ։
Որ
ձեռնադրես
առաքեալս,
Լըցուցանես
մարգարէս,
Ուսուցանես
վարդապետս,
Բարբառեցուցանես
համերս,
Եւ
բանաս
զփակեալ
ականջս
խլից…
որմէ
վերջ
քանի
մը
տող՝
յիշատակելու
համար
Հօր
էակից
անդրանիկ
Որդին,
որ
հոգիին
գործակցութեամբը
ըրաւ
այդ
ամէնը,
մեր
աշխարհին
վրայ,
զինքը՝
Հոգին,
Հօր
իսկութեան
հաւասարակից
Աստուած
մը
քարոզելով։
Կը
հրաժարիմ
սա
աստուածաբանական
տարազներուն
այլապէս
խռովիչ
բարդութիւնը
բանալ
փորձելէ։
Ատիկա
վեր
է
իմ
ուժերէն։
Բայց
գիտեմ,
թէ
ամէն
քերթուած
(ինչպէս
արուեստի
ամէն
գործ)
ամէն
բանէ
առաջ՝
իր
ժամանակինն
է,
կերպով
մը
այդ
ժամանակի
ամէնէն
իրաւ
զգացումներուն
բիւրեղացումը։
Այդ
իսկ
տրամադրութեամբ՝
կը
մօտենամ
մարդկեղէնին,
որ
վերի
տողերուն
աւանդ
է
յանձնուած,
մօտ
հազար
ամ
մը
առաջ,
Աստուծոյ
հետ
խօսող
տրուպ
վանականի
մը
գրիչէն։
Հակառակ
մեր
գիտութեան
բոլոր
յաւակնութիւններուն,
այսօր
դեռ
չենք
լուծած
տաղանդի
հարցը
անգամ։
Նարեկացին
անիրա՞ւ՝
երբ
կը
հաւատայ,
թէ
մեր
մէջ
ամէն
պարգեւ,
ամէն
բարիք
(հոգեղէն
թէ
մարմնեղէն),
մեր
մէջ
ծաղկող
ու
աճող
ամէն
շնորհ
Ս.
Հոգիէն
կաթած
կայլակ
մըն
է…։
«
Զի
ամենայն
տուրք
բարիք
եւ
ամենայն
պարգեւք
կատարեալք
ի
վերուստ
են
իջեալք
…»։
Շատ
աւելի
մօտ
է
իմ
սրտին
սա
թրանսանտանդալ
լուծումը,
քան
փորձանոթներու
մէջ
հետապնդուած
տաժանագին
ենթադրութեանց
առեղծուածը,
որ
արիւնը,
սերմը,
բջիջները
կը
ջանայ
հասկնալ,
հասնելու
համար
քաղցր
պատկերի
մը,
շնորհին,
գեղեցկութեան,
բարիքին
անհերքելի,
սխրալի
իրականութեան,
ընդդէմ
բրտութեան,
տգեղութեան,
չարիքին
նոյնքան
անհերքելի
է,
բայց
ահաւոր
տրամային ..
։
Տասներորդ
դարուն
ո՞վ
պիտի
համարձակէր
կասկածի
տակ
ձգել
առաքեալ,
մարգարէ
յղացքներուն
զարհուրելի
ընդարձակութիւնը,
թելադրականութիւնը,
փշաքաղող
իրականութիւնը,
խորութիւնը,
փորձանքներու
ծովուն
բոցերէն
այդպէս
ամբարձիկ,
մարդամոտ
ու
հանրամատոյց,
միշտ
անմատոյց,
միշտ
սարսափով
թաւալուն
յղացքներուն,
ընդդէմ՝
ամենակալ,
անեղ,
անքնին
բառերով
ագուցուող
մէկ
ու
նույն
պատկերին,
որ
Աստուածութիւնն
էր
այդ
վանականին։
Նարեկացիէն
կէս
հազար
ամ
վերջն
ալ
Արեւմուտքին
ամէնէն
փարթամ
ուղեղները,
ամէնէն
հարուստ
զգայարանքները
(կ՚ակնարկեմ
Վերածնունդի
վարպետներուն,
որոնք
ահաւոր
խտութիւններ
են
կեանքի
ու
մտածումի,
կիրքի
ու
երազանքի,
ոճիրն
ու
անմեղութիւնը
իրենց
իմացական
արգանդին
մէջ
տանելով
հաւասար
վաւերականութեամբ)
նոյն
այդ
տարազներով
պիտի
ջանային
կերպադրել
անհունաբաղձ
ապրումներուն
մէկ
ու
նոյն
տագնապանքը։
Այդ
մարգարէները,
առաքեալները,
պապերու
եւ
իշխաններու
ապարանքներուն
սրահներէն,
սրտերէն,
առաստաղներէն
երբ
կ՚ապրին,
մարդկեղէնին
ծարաւը
կը
պատմեն
հողեղէնէն…։
Անճելոյի
Մովսէսը,
հակառակ
իր
շքեղ
մօրուքին
ու
զարհուրելի
գեղեցկութեան
ու
ուժին,
չեմ
կարծեր,
որ
շատ
կը
տարբերէր
այն
մտատապապատկերէն,
զոր
յօրինած
ըլլալու
էր
Գրիգոր
վանականը,
երբ
Վանայ
ծովուն
յարաշարժ
դիմակէն
անդին
կը
ձգտէր
անցնիլ,
տեսնել
Նիւթին
ետին
ծածկուած
միւս
անհուն
ծովը
Խորհուրդին,
ուր
Աստուծոյ
սիրտը
կը
բաբախէր,
մէկ
ու
նոյն
զարկին
մէջէն
հասնելու
համար
անբաւութեան
բոլոր
խորշերուն,
բջիջներուն,
որոնցմէ
մէկն
էր
իր
ալ
խորտակուած
կուրծքին
տակ
տառապագին
թափահարող
միսին
կտորիկը…։
Մարգարէ։
Անշուշտ,
որոնք
կը
հասկցնեն
Կամքը,
որ
կը
ծնի
կեանքը
մեզմէ
դուրս,
մեզմէ
վեր
արժէքներու
ի
սպաս,
դէպքերը
կը
վարէ
մեր
ուղեղին
անմատոյց
օրէնքներու
կարկինով,
ու
մարդերը
կը
դատէ
կեանքէն
անդին
…։
Մարդեր՝
որոնք
առնուազն
գուշակէին,
տարրերուն
առեղծուածին
ընդմէջէն,
տժգոյն
ցոլքերը,
ցուցմունքները
աստուածեղէն
կարգադրութեանց,
այնքան
անհրաժեշտ՝
պահելու
համար
դժուար
հաւասարակշռութիւնը
աշխարհին
հրաբուխին
վրայ…։
Չեմ
գիտեր
պէտք
կա՞յ,
սա
գնացքով,
բառ
առ
բառ
քակել
աշխատիլ
աղօթքին
այն
տողերը,
որոնք
կը
խօսին
առաքեալին,
վարդապետին,
խուլին
ու
համրին
վրայ,
–
բառեր,
շատ
աւելի
հոծ
իմաստներով,
քան
ինչ
որ
մեր
օրերու
ջիղերը
կ՚առնեն
անոնցմէ
կամ
կը
տանին
անոնց
ներսը։
Վարդապետը
–
աշխարհիկ
իր
իմաստին
մէջ՝
սորվեցնելու
արարքին
մէջ
մասնագետը
–
այսօր
երբեմն
իրական
մեծութիւն
մը,
աւելի
յաճախ
միջակ,
նոյնիսկ
ճճի
յաւակնութիւններով
ուռած
անտանելի
ճպուռ
մը,
հապճեպով
ամբարած
իր
նիւթը
ի
շահ
իրեն
կիրարկող,
«
պսակաւոր
ի
դպրութիւնս,
ի
գիտութիւն
կամ
յարուեստս
».
անշո՜ւշտ։
Եւ
կամ
դոկտոր,
պրոֆեսոր
՝
իրենց
բազմապիսակ
անունները
դրոշմած
իրենց
անունին,
դիրքին
ու
տառին
(ի՜նչ
հեշտագին
հաճոյքով,
իրենց
բերաններէն
իրենց
թուքերը
վազցընելով
արեւելահայ
դոկտորները
դասախօսութիւն
կը
սարքեն
),
որոնց
հանդէպ
իրենց
պատկառանքը
ապուշ
է,
որքան
փղշտացի։
Տիպարին
ներկայ
կասկածելի
պատկերին
տեղ
Ժ.
դարուն,
մա՛նաւանդ
ԺԱ.
ին,
մենք
կը
գտնենք
շարանը
իրական
վարդապետներուն
(
շնորհալին
ածական
մըն
է,
որ
ԺԲ.
դարու
ուսուցանող
մէկէ
աւելի
անունները
կը
պսակազարդէ,
ու
նոյն
ատեն
կը
մասնաւորէ
ուսուցման
արարքին
տարողութիւնը,
վերնատուր
եւ
ճակատագրական,
բացառիկ
զիջումը
Աստուծոյ),
մեր
երկրին
ամէնէն
նկարագեղ
կայքերուն
խորը
իրենց
համեստ
ուխտերը,
վանքերը
հաստատած,
աղօթելով,
գրելով,
խօսելով,
աշխարհին
անկայուն
փառքերուն
ընդդէմ,
անդրաշխարհին
անանց
գեղեցկութիւններէն
ճառելով,
իրենց
ո՛չ
միայն
համոզումները,
այլեւ՝
սիրտը,
արիւնին
կրակը
դնելով
իրենց
ուսումին
մէջ։
Այդ
մարդերը
ծաղիկն
էին
մեր
երկրին,
անոր
հոգիին
ազնուական
մարմնառութիւնները,
անշահախնդիր
իմաստութեան,
անվերադիր
Իմաստին
տապանակները,
իրենց
շնորհուած
գիտութիւնը
իբրեւ
սրբազան
աւանդ
մը
կրելով,
ու
սա
հոգեբանութիւնը
աւանդառու
մարդու,
մշտապէս
արժեւորելով։
Թանձր
տգիտութեանը
մէջ
ադամորդիներուն,
անոնք
այնքան
սուղ
գնուած
(երբեմն
քառորդ
դար
կը
տեւէր
աշկերտութիւնը,
խարտեաշ
պատանիէն՝
կնճռալիր,
աղպղպեղ
մազերով
գլուխ
մըն
էր,
որ,
իր
կարգին,
կ՚անցնէր
աշխարհ,
ուսուցանելու
),
այդ
բարիքը
կը
բաշխէին
պարտքի
մը
պէս,
լուսաւորելը,
սորվեցնելը
ընդունելով
իբրեւ
ամէնէն
ազնուական
սպասը
Աստուծոյ,
իրենց
հոգին
շահելու
եղանակներուն
ամէնէն
սուրբը,
երբ
հաստ,
գորշ
կիրքերու
թատերաբեմ
մը
կազմող
ընկերութեան
(société)
մէջ,
միտքին
մեծ,
ծանր
խաւարին
վրայ
կը
կատարէին
աստուածային
Գիտութեան
ջահալուցումը,
մարդոց
ներսերը
իրենց
առջեւ
փռելով…։
Զուր
տեղը
չէ
մեծագոյն
աշխարհակալներէն
մինչեւ
խոնարհունակ
բռնապետները
պատկառ
մնացին
իմաստունին
հանդէպ,
սա
Արեւելքին
մէջ,
ու
անոր
միջամտութիւնը
վախցան
անարգել…։
Այս
ընդլայնումներուն
բնական
հետեւանքը
կ՚ըլլայ
աղօթքին
տողը,
Հոգին
Սրբոյ
շնորհներէն
մէկուն
մեր
մէջ
բնակիլը։
Գրիգոր
Նարեկացին
հռչակ
է
ունեցած,
կանչուելու
չափ,
դեռ
մատաղատի,
արքունիքները,
մեկնելու
համար
Բանը…:
Համրը
մեզի
համար
հիւանդ
մըն
է,
ջղագար
մը,
շատ–շատ
պապենական
մեղքի
մը
(կայ
միքրոպը,
որ
հօրմէն
կ՚անցնի
թոռանը,
զաւակը
մոռնալով,
վեներական
հիւանդութեան
մէջ)
կսկծալի
փաստը,
զոր
կը
ջանանք
դարմանել,
մեր
գիտութեան
բոլոր
զէնքերը
օգտագործելով
մեղքի
այդ
հիւլէին
ընդդէմ,
եւ
կամ
աւելի
կարճ,
արագ
ուսումնասիրութեամբ
մը
կը
մաքրագործենք,
ինչպէս
չեն
վարանիր
ընել
այսօր
ամէնէն
աւելի
քաղաքակիրթ
համարուող
ազգերէն
ոմանք,
ախտաժէտները,
ցեղին
բարիքին
համար,
ժամ
առաջ
հողին
ղրկելով։
Նարեկացին
թշուառ
այդ
խլեակին
մէջ
աստուածային
անհաս
կարգադրութեանց
մէկ
յայտնաբերումը
կը
մղուի
տեսնել
(յիշեցէք
ի
ծնէ
կոյր
ին
պատմումը)։
Խօսեցուցէք
համրը:
Ինծի
տրուած
է
ականատես
ըլլալ
հրաշքին,
հեռու
վանքի
մը
տօնական
գիշերը։
Եկեղեցին
քարացած
մարդերու
վրայ
դադրեր
էր
իր
կամարէն։
Հազարներ,
ուս
ուսի։
Չորս
ձեռքեր
ներս
բերին,
ամբոխին
գլխին
վրայէն,
լաթերու
կծիկ
մը։
Աստուածածնայ
պատկերին
առջեւ
այդ
կծիկը
դրուեցաւ
հողին։
Ոտք
ելլողը
պարման
աղջիկ
մըն
էր,
նոր
մտած
իր
երիտասարդութեան,
իր
«արշալոյսին»
պիտի
ըսէր
բանաստեղծ
մը։
Մունջ
իր
դէմքը,
մոմերուն
դողահար
լոյսին
մէջ
կ՚ըլլար
բզիկ-բզիկ։
Ծանր,
ոսկի
արցունքներ
իր
թարթիչները
կը
փոխէին
հեքիաթային
մանեակ
մը։
Կուշտին՝
հիւծած
մայրը,
որ
կը
պոռար.
–
Մեղայ
Աստուծոյ,
մեղայ
Աստուծոյ,
մեղայ
Աստուծոյ…
Ու
իբր
թէ
արձագանգը
այդ
սրտապատառ
հառաչանքին,
հազար
բերանէ
նոյն
բառերը,
բոլորին
հոգիին
ընդերքէն
կորզուած,
տա՛ք,
կպչո՛ւն,
յուզի՛չ,
նուաճո՜ղ
պաղատանքը։
Թօթուեցան
աղջկան
մկանները։
Դեղձան
իր
մազերը
կը
թուէին
թրթռալ
եւ
ուռիլ։
–
Եօթը
տարի
է,
Տիրամայր…
կ՚ըսէր
մայրը,
եւ
իր
մազերը
փետելով
գլխէն՝
խուրձ–խուրձ
կը
նետէր
Չարխափանին։
Անոր
հետեւեցաւ
աղջիկը
ու
մեկ
կողմէն
մազերուն
պոկումով
առթած
ցաւին,
ամբոխին
յուզեալ
հոգիին,
ու
միւս
կողմէն՝
աղջիկը
դղրդող
տագնապին
միախառնումովը…
բացուեցան
կապերը
անոր
լեզուին,
–
Մեղայ
Աստուծոյ,
մեղայ
Աստուծոյ։
Հրաշքը
ա՛ն
էր,
որ
եկեղեցիին
պատերը
եւ
կամարը
դիմացան
այն
միւս
փոթորիկին,
որ
փրթեր
էր
հազար
բերաններէ,
կատարուածէն
խելայեղ,
որոնք
կը
պոռային
սրբազան
բանաձեւը։
Համրերը
կը
խօսի՜ն։
Ճիշդ
է,
որ
Գրիգոր
վանականը
բառերու
հանդէպ
տկար
է
քիչ
մը,
զանոնք
առատ
սպառող
մը։
Բայց
իր
գիրքին
մէջ
որքան
շատ
են
տողերը,
որոնց
ամէն
մէկ
գիրին
տակը
ծանրածանր
ապրումներ
կը
մնան
ծրարուած։
Կը
շարունակեմ
աղօթքը.
…
Շնորհեա՛
եւ
ինձ
մեղաւորիս
Խօսիլ
համարձակութեամբ
Զկենդանարար
խորհուրդ
Աւետեաց
Աւետարանից.
Հետեւել,
արագաթռիչ
ընթացիւք
մտաց
Ընդ
անհուն
ասպարէզս
քոյինաշունչ
կտակարանաց։
Եւ
ի
մատչել
իմ
Ի
գլուխ
հանդիuի
մեկնութեան
բանի՝
Նախաժամանեսցէ
առ
իս
գթութիւն
քո,
Խօսելով
յիս
զարժանն
եւ
զպիտանիսն
Եւ
զհաճոյսն
քո
ի
ժամանակի,
Ի
փառս
եւ
ի
գովեստ
Աստուածութեանդ
քո
Եւ
ի
լրութիւն
շինութեան
կաթողիկէ
Եկեղեցւոյ։
տողեր,
ուր
տիրական
է
խօսելու
արարքը,
ասոր
թելադրած
փառքն
ու
դժուարութիւնները,
զայն
յաջողութեամբ
իրագործելու
համար
մարդկայինին
անբաւարարութիւնը։
Վտանգին
ընդդէմ
երկնային
ին
նպաստը,
որպէսզի
արժանաւորը,
պիտանին
ազդուին
իր
լեզուէն։
Նարեկացին
ո՞վ
ունի
մտքին
առաջ
սա
տողերուն
ետին։
Ինքզի՞նքը:
Գիտենք,
որ
իր
օրերուն
«անապատ»ները
ընդհանուր
էին
Հայոց
աշխարհին
ամէնէն
նկարչագեղ
վայրերուն
մէջ,
ու
անապատականները,
միայն
խոտակերներ
չէին,
այլեւ՝
սորվողներ,
սորվեցնողներ։
Ըսի,
թէ
ինչ
հեղինակութիւն
կը
վայելէր
Գրիգոր
անապատականը
Աստուծոյ
խօսքը,
խորհուրդը
բացատրելու
արարքին
մէջ։
Մեզի
չէ
հասած
ստոյգ
տեղեկութիւն
մը
իր
խօսքին
ներքին
շնորհներուն
մասին։
«
Աղօթամատեան
»ը
չի
խորհրդածեր,
այլ
կը
զգայ։
Բեմին
վրայէն
արձակուելու
համար
չունի
այդ
խօսքը
անհրաժեշտ
խտութիւն
ու
թափանցման
շնորհ։
Այն
ատեն։
Այսինքն՝
Նարեկացին
կը
մտածէ՞
սրբազան
բեմբասացներուն,
որոնց
հզօր
հեղինակութիւնը
զանգուածներու
վրայ
դուրս
էր
եւ
է՛
կասկածէ։
Ասողիկ
(ԺԱ.
դար)
հետաքրքրական
տեղեկութիւններ
կու
տայ
Հայոց
աշխարհին
իմացական
շարժմանը
վրայ,
իր
օրերուն։
Կը
խօսի
խանդով,
հիացական
բառերով
վանական
հաստատութեանց
վրայ։
Ունի
իրարմէ
շքեղ
անձերու
փառաւոր
կենդանագիրները,
խօսքի,
ուսուցման
վարպետները,
լեցուած
աստուածային
շնորհով։
Իրենց
«առօրեայ»ին
(աղօթքին
պարէ՜նը)
հրեշտականման
վարդապետին
դիմող
անապատականները
անոր
մէջ
կը
հիանայի՞ն
նաեւ
խօսքի
վարպետին
վրայ։
Մեկնա՞ծ
է,
«ի
գլուխ
հանդիսի»,
այն
հուրքով,
սաստկութեամբ,
պերճանքով
ու
փառքով,
որոնք
իր
գիրը
կ՚ընեն
այնքան
խռովայոյզ
հրայրք
մը,
փոթորիկ
մը,
փարթամութիւն
ու
զեղուն
հարստութիւն։
–
Գաղտնիք։
Կ՚անցնիմ
թելադրանքին։
Ինծի
համար
սիրելի
է
տեսնել
սա
տողերուն
ետին
տիպարը,
իրաւ
ու
կենդանի,
ամէն
ժամանակներու
համար,
բայց
մա՛նաւանդ
այսօր,
տէր
ու
տիրական
ժողովուրդներու
ճակատագրին։
Ինչերնո՞ւդ
պէտք
խելքը
այդ
մարդոց
գանկին։
Էականը,
անհրաժեշտ՝
կոկորդը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ա՛յն
տարօրինակ
գործարանը
մեր
մէջ,
որ
մեր
բառերը
կ՚եղանակաւորէ,
կը
կենագործէ,
կը
հրեղինէ,
անակնկալ՝
որքան
անհասկնալի
խենթութիւն
մը,
հրայրք
մը
ձայնասփռելով
ամէնէն
պերճ
իմացականութեանց,
ինչպէս
ամէնէն
խոնարհ
ուղեղներու
հեռանկեալ
ալքերը
մինչեւ։
Ճառի
ամենազօր
ասպետնե՜րը.
որը՝
թուղթէ
ապարանքներու
աշտարակներէն,
որը՝
ռատիոներու
ամենահաս
անդունդներէն,
գրող
կամ
խօսող։
Որոնք
պիտի
ներկեն
իրենց
ու
մեր
անզգամութիւնները,
ուրիշներու
հողէն,
ինչքէն,
կեանքէն
իրենց
ու
մեր
յաւիտենական
ծարաւը
պիտի
օրինադրեն,
մորթելու,
կողոպտելու
եղեռնական,
ավազակային
բարքերը,
ախորժակները
պիտի
շուրջառեն
յանուն
բարձրագոյն,
նորոգ
բարոյականներու,
յանուն
արդարութեան,
ժողովուրդներու
իրաւունքին,
իրենց
ու
մեր
սոնքը,
փղշտացիութիւնը
նորակարգ
կեղծիքովը
մարդասպան
բնազդներու,
ու
նովին
բանիւ,
«
ի
հաստատութիւն
եւ
ի
լրութիւն
նոր,
կաթողիկէ
եկեղեցւոյ
»
նուազ
զօրաւոր
ժողովուրդներու
գլխուն
պիտի
արձակեն
անհամար
տարմերը
մահուան
թռչուններուն,
ռումբերը
ընդերկրեայ
վիշապներուն
բերանէն,
այս
ամէնը
քաղցր,
խաղաղ
անզգածութեամբ
մը
անլուր
վայրագութեան։
Այսօր
այսպէս
կը
խօսին
կոկորդի
նորակարգ
ասպետները։
Ի՞նչ
է
ուզածը
Գրիգոր
վանականին.
–
Կարողութիւն,
որպէսզի
ըլլայ
ընդունակ
աւետելու
սրբազան
աւետիսը,
մարդոց
անսփոփ
թշուառութիւնը
ամոքել
ձգտող,
ապրելուն
տառապանքը
հանդուրժելի
ընծայող։
Համարձակ
ու
հաւատաւոր,
հաղորդէ
կենդանարար
խորհուրդը,
այնքան
արիւններու,
ցաւերու
գինը
կազմող
ազատագրումին
խորհուրդը
մահուան
ճիրաններէն,
որ
անշուշտ
աւելի
խորունկ
ողբերգութիւն
մըն
էր,
քան
մեր
օրերու
հողին
հրդեհը,
geopolitikը,
մեր
հոգիներէն
ներս։
Նարեկացիին
սա
տողերը
թերեւս
փոքրել
պիտի
ըլլար,
զանոնք
ուզելով
նկատել
արտայայտութիւնը
իր
կարգին,
որ
ո՛չ
նոր
է
սակայն,
ոչ
ալ՝
հողահալած,
մարդասպան,
աւազակ։
Այդ
տողերուն
ներսը
կայ
ուրիշ
ալ
խռովք:
Անոնց
հեղինակը
կ՚ուզէ,
որ
խօսած
ատենը
փակուին
իր
մտքին
նիւթով
կալանաւոր
թեւերը,
դրուին
այդ
մտքին
թռիչները,
որպէսզի
ըլլայ
ի
զօրու
անոնցմով
կտրել–անցնելու,
մէկ
րոպէէն
միւսը։
Կտակարաններու
անհուն
սահմաններէն,
ուր
կը
մնան
ծանօթ
պատմութեան
մեծ
մասերը։
Անոնց
հեղինակը
մարդկօրէն
տկար
իր
մտածումին
համար
կը
պաղատի
գթութիւնը,
շունչն
ու
ազդումը
իր
Աստուծոյն,
որ
հեռու՝
իմացական
հանգոյց
մը,
հեռանիստ
քմայք
մը,
առնուազն
կամարով
մեզմէ
ծածկուած
դրութիւն
մը,
գահոյք
մը
ըլլալէ,
է՛ր
կենդանի,
նիւթական
շփում
մը՝
ինչպէս
տպաւորող
մարմնեղէն
ձգողութիւն,
մօտէն
զինքը
սեղմող
աջ
մը,
իր
ննջարանը
իր
թեւերովը
պատսպարելու
չափ
իրեն
ընտանի
իրականութիւն
մը։
Այդ
իրողութիւնը
անիկա
իր
«Ա
ղօթամատեան
»ին
365
հատուածներէն
ամէն
մէկին
մէջ
կարծած
է
դրած
ըլլալ.
աւելի՛ն.
զայն
տեսած
ըլլալ,
ինչպէս
կը
գրէ
տեղ
մը
«
այն
զոր
աչօք
իմովք
տեսի
…»։
…
Կը
մտաբերեմ
զինքը
«
ի
գլուխ
հանդիuի
մեկնութեան
Բանի
»,
իր
մարդկային
տկարութեանցը
complexeներէն
բոլորովին
ազատագրուած
–
որովհետեւ
գիտէ
ինքզինքը
լեցուն
աստուածայինով
–
երբ
կը
մեկնէ,
կը
մեկնաբանէ,
կ՚որոտայ
կամ
կը
մրմնջէ
պատգամները
իր
Աստըծոյն։
Կտորին,
էջին,
պահին
ու
վայրին
նկարագիրներուն
համեմատ
երբեմն
քաղցր,
ցնծագին,
յուսաւէտ,
յաւիտեանէն
քաղցրացած,
սխրագին
երանութեան
մը
մէջ,
երբ
կը
պատմէ
անճառելի
գեղեցկութիւնը
եօթը
երկինքներէն
անդին
սկսող
թիւէ
դուրս
Անհունին,
որ
մէկ
է
ու
անթիւ,
որուն
ծոցէն
բխող
շառաւիղներէն
են
մարդոց
հոգիները,
ա՛լ
վերջնապէս
մաքրուած
նիւթին
ձիւթէն
ու
կուպրէն,
լո՜յս
ու
հծծի՜ւն,
ե՜րգ
ու
երանութի՜ւն…։
Կը
մտաբերեմ՝
զինքը
կրակոտ,
վայրագ,
խենթենալու
չափ
պրկուած,
իր
մարմինին
բոլոր
մասերովը
դողդողագին,
երբ
աշխարհին
չարիքին
դէմ
է,
որ
կը
նետէ
իր
բռունցքը։
Մարդոց
ո՛չ
նոր
է
վայրագութիւնը,
ոչ
ալ
սպառող
անոնց
անգթութիւնը։
Այդ
նսեմ
դարերու
մեղքը
աազակաբարոյ
իշխողներու,
թագաւորներու
բարքերուն
մաս
կը
կազմէ
անշուշտ,
ինչպէս
ամէն
դարու,
ինչպէս
այսօր։
Բայց
հազար
տարի
առաջ
մեր
օրերէն,
մեղքը
տարօրինակ
վիճակ
մըն
էր։
Անզգամը
այսօր
մեզ
չի
վիրաւորեր։
Ժ.
դարուն
անիկա
հրէշն
էր
ու
նոյն
ատեն
արգահատանքի
արժանի
խլեակը։
Կը
սպաննէր
իր
կինը
խաղաղութեամբ,
կ՚առնէր
ուրիշինը
բռնի,
ու…
ճամբայ
կ՚իյնար
Երուսաղէմ,
ուխտաւորի
շապիկը
կռնակը
ու
ճակատը
կը
քսէր
Փրկչին
արեան
հետքերը
կրող
վայրերու՝
հանգչեցնելու
համար
նիզակուող
իր
խղճմտանքը։
Եւ
կամ՝
քաշուած
իր
լեռնանիստ
մէկ
դղեակին
խորը,
ականջը
փակ
ամէն
ձայնի,
խիղճը
պատանած
ամէն
զգացումի
դէմ,
կը
սպառէր
մինչեւ
յետին
բջիջը,
խորիսխները
իր
անասնութեան։
Անիկա
երբեմն
կ՚ընդունէր
այցելութիւնը
անապատականին,
ասանկ
չոր,
դեղին,
բիրտ,
դժոխքէն
փախած
մէկու
մը
կերպարանքով,
որ
ինքզինքը
հանդերձած
իր
դերին,
կը
կարծէր
վերագտնել
Հին
Կտակարանի
եռամեծ
դէմքերուն
ամբողջ
ահաւոր
ուժգնութիւնը,
իր
բառերը
ծրարել
Եղիաներու
թոյնին
ծխումներով
ու
նետել
զանոնք
այդ
անզգամ
ին
քիթին
ու
բերնին,
մեղքին
վրայ
այդ
յարձակումին
մէջ
անգամ
մըն
ալ
զայրագնելով
խստութիւնը
իր
անէծքին,
ու
կը
փշրէր
այդ
մարդուն
մեղքերուն
գուբը
արքայական
դահլիճներուն
պերճանքին
վրայ,
հեշտագին
ու
վայրագ,
այդ
աղտոտութեան
վայելքն
իսկ
արժեւորելու
չափ
կատղած։
Ու
այդ
իսկ
տենդին
մէջ
կը
գտնէր
աններող
զարհուրանքը
Արեւելքի
ներշնչեալներուն,
որոնք
Հին
Կտակարանին
մագաղաթին
մէջն
իսկ
դեռ
ուժն
ունին
մեզ
ներշնչելու,
խեղճ
ու
կրակ
մարդերը
հանդերձելով…
մարգարէ։
Խօսքին
վտանգն
է
ասիկա,
աղէտը՝
եթէ
կ՚ուզէք։
Իմ
մտքէն
չի
հեռանար
դէմքը
Մարգար
սարկաւագի
մը,
ճմուռ–ճմուռ
ու
դեղին
խաւաքարտ:
Դժուար
էր
այդ
ծալաւոր
երեսները
զետեղել
իր
տարիքին
փաստին
մէջ,
այնքան
հնօրեայ,
ծեր
ու
հեռու
կը
թուէին
տղոց
պարունակէն։
Ջնջուած
է
մտքէս
սակայն
մարմինը
իբր
մանրամասնութիւն։
Ունէ՞ր,
ունեցա՞ծ
էր
ձեռքեր՝
որոնց
եղունգն
իսկ
կը
ծածկէր
մեզմէ.
ոտքեր՝
որոնք
Վանէն
բերուած
տրեխանման,
բայց
ձեռագործ
(ինքն
էր
աշխատաւորը)
բանի
մը
մէջ
պէտք
է
աներեւոյթ
մնային
ձարհիւս
իր
վերարկուին
փէշերուն։
Ու
կու
գար,
մեր
ամէնուն
մեղքին
վրայ,
Նարեկէն
Արմաշ,
ուսում
առնելու։
Կտուց
անապատին
կողմէն։
Նարեկացիին
փառքի
օրերն
էին։
Մեր
գրականութեան
մէջ
անիկա
հրաշք
մըն
էր։
Ու
հասկնալի
մեր
հետաքրքրութիւնը
Մարգար
սարկաւագը
շրջապատելու։
Անողոք
տղան
լռեց
ու
լռեց։
Ոչ
մեր
տեսուչը,
ո՛չ
վանահայրը
չկրցան
քակել
կապերը
այդ
լեզուին։
Մեր
մեղքը։
–
Բայց,
իր
կարծիքով,
մեր
ամէ՜ն
բանը։
Ունէինք
քիչիկ
մը
փախուկ
Հաճի
պէյ
մը,
քաղցր
թշուառութիւն
մը,
որ
երբեմն
այցելութիւններ
կ՚ընդունէր
իր
խուցին
մէջ
մեզմէ
աղէկներուն:
Հաճի
պէյը
յաջողած
էր
կակուղցնել
այդ
ապառաժ
տղան։
Անկէ
իմացանք,
որ
մենք
բոլորս
սատանայի
որոգայթներ
էինք։
Հարկ
չկայ
ըսելու,
թէ
մունջ
այդ
կենդանին
կ՚ատէր
իր
ընկերները։
Կ՚ատէր
մեր
ուսուցիչները։
Ու
անհնարին
կատաղութեամբ
մը
կ՚ատէր
մա՛նաւանդ
վանահայրը,
որուն
զգեստները
արեւէն
դեղնած
ու
աղտէն
ջնարակուած
չէին։
Կ՚ատէր
ծաղիկները,
ճմռելով
անոնց
փափուկ
բաժակները
որպէս
թէ
ըլլային
մեղքի
արմատներ։
Պիտի
իմանայինք,
միշտ
Հաճի
պէյին
խողովակով,
որ
մենք
բոլորս
մարդ
կը
հոտէինք,
անձերն
ու
իրերը։
Սուրբ
չէինք
հոտեր:
Եւ
սակայն
դժուար
էր
զինքը
ցաւագար
մը
որակել։
Քանի
մը
ամսուան
մէջ,
Արմաշը
անկէ
շատ
քիչ
բան
մեղմեց։
Հրաժեշտէն
շաբաթ
մը
առաջ
խօսեցաւ։
Հիմա
կը
մեղքնար
մեր
երիտասարդութեան։
Մեզ
կը
հրաւիրէր
Կտուց
անապատը,
տեսնելու
սարկաւագներ,
վարդապետներ՝
ինչպէս
որ
պէտք
էին
ըլլալ։
Աստուածը
կը
պաշտուէր
ո՛չ
թէ
մեր
հեթանոս
զգեստներովը,
ձայնովը,
մարմիններովը,
այլ…։
Քառսուն
տարի
վերջը,
իր
տրտում
ստուերը
կը
թուի
քաղցրանալ,
երբ
կը
փորձեմ
թափանցուիլ
ճշմարիտ
իմաստովը
Գրիգոր
վանականի
պաղատագին
հայցուածին։
Անիկա
իր
Աստուծմէ
գթութի՜ւն
կ՚աղերսէ՝
յարմարը,
պիտանին,
հաճոյ
խօսքը
ըսել
կարենալու
համար,
վասնզի,
կը
խորհիմ,
ինքզինքը
անզօր,
անպաշտպան
կը
զգար…
խօսքին
կիրքին
դէմ։
Մարդերը
չվիրաւորելու,
եկեղեցւոյ
լրութեան
համար,
երբ
մէկը
կը
յայտարարէ,
թէ
անկարող
է
չափ
մը,
սանձ
մը
դնել
իր
լեզուին,
տուած
կ՚ըլլայ
պատկերը
խառնուածքի
մը,
որուն
վրայ
վերլուծումը
կը
մնայ
անազդու։
«
Աղօթամատեան
»ին
բոլոր
դառնութիւնը,
ահաւոր
ուժգնութիւնը
որքա՞ն
կը
դառնան
հասկնալի,
եթէ
երբեք
աղօթքին
ետին
դնենք
աղօթողը,
բառերուն
ետին՝
ջիղերը։
Եւ
կարկառեա՛
ի
վերայ
իմ
Զամենամերձ
աջ
քո
Եւ
զօրացո՛
զիս
շնորհօք
Գթութեանդ
քո.
Փարատեա՛
ի
մտաց
իմոց
Զմէգ
մթութեան,
մոռացութեան
Ապաքինեալ
ընդ
նմին
զխաւար
մեղաց,
Ամբառնալ,
ուշիւ
իմաստիցս՝
Ի
կենցաղոյս
երկրէ
ի
բարձունս։
Լուսաւորեա՛
ի
յիս
վերստին
Զծագումն
անստուեր
հրաշից
գիտութեան
Աստուածութեան
քո,
հզօր,
Արժանի
լինել,
Առնել
եւ
ուսուցանել
Յօրինակ
բարեաց
աստուածասէր
լսողաց։
(«
Աղօթամատեան
»,
Բան
ԼԴ.
Բ.
)
Աւարտած
է
հատուածը։
Խօսելու
արարքը,
ասոր
մէջ
յաջողութիւնը,
ասկէ
գալիք
բարիքը
(միամիտ
մա՜րդը)
Գրիգոր
վանականը
երբ
կը
զետեղէ
անստուեր
հրաշքին
ծայրը
աստուածային
գիտութեան,
արեւելեան
շատ
հին
մտայնութեան
փաստ
մը
չի
պարզեր
միայն
(այդ
օրհնեալ
Արեւելքին
մէջ
այդ
Աստուածը
ներկայ
է
միշտ,
մարդուն
գլխուն
վերեւ,
ասոր
բոլոր
գործունէութիւնը
ոճաւորող։
Անոր
անունով
է,
որ
այսօր
մարդիկ
սուտ
կը
խօսին,
յիշելու
համար
հոգեղէն
մարզէն
փոքրութիւն
մը,
ու
անոր
անունով
է,
որ
կը
սրեն
դանակը,
որ
պիտի
պատռէ
մօր
արգանդը
ու
հոնկէ
փրցուած
անծին
մանկիկը
պիտի
մորթէ
հօրը
ծունկերուն
վրայ,
միշտ
այդ
Աստուծոյն
փառքին
համար),
այլ
կը
թելադրէ
իր
ու
մեր
ամէնուն
կարօտը
այդ
մեզի
այնքան
զլացուած
բարիքէն։
Գիտութիւններէն։
Չեղանք
ժողովուրդ
մը,
տէ՛ր
իր
տունին,
պատիւին,
իր
քաղաքներուն
մէջ
իր
մտքին
սպասը
անարգել
գործադրող,
իր
հրապարակներուն
վրայ
մարդկային
առաքինութիւնները
փառաբանող,
իր
տաճարներուն
բեմէն,
իր
երկրային
ապրումներուն
հաշտ
ու
հաճ
անդրադարձը
երկինք
վերառաքող։
*
*
*
Չեմ
խօսիր,
այս
ընդլայնումներէն
վերջ,
որոնք
առաւելապէս
խորքի
թելադրանքը
եղան,
արտայայտութեան
ալ
շնորհէն։
Հզօր
ու
հաղորդական
սա
հռետորութիւնը
Նարեկացիին
մօտ
մաս
կը
կազմէ
խառնուածքի։
Որուն
վտանգները
կ՚անգիտանայ,
այնքան
այդ
կերպ
արտայայտութիւն
մը
բնական
բխում
մըն
է,
ըլլալէ
առաջ
ոճ
մը,
բառերու
ագոյց
մը։
Իմաստին,
Բանին
հարցը
Արիւնին,
Մարմինին
իրականութեան
երկրորդ
երեսը
ընծայող,
այս
վերջինը
վերառաքող
թրանսանտանդալը
թէեւ
ոչ
հարազատ,
բայց
զանցելի
վերադիր
մը
չէ
կարծես)
սա
վարդապետը
թերեւս
իր
տկարութիւններուն
մէկ
կարեւոր
մասը
կը
մնայ
պարտական
խառնուածքի
սա
զեղումին։
Իր
էջերով
չսպառող
թուումները
ածականներէ,
իր
անկարողութիւնը
՝
վրան
խուժող
պատկերները
մէկ
ու
նոյն
մտածումին
իբր
երանգ,
իբր
մանրամասնութիւն
մերժելու,
անոնցմէ
ընտրութեամբ
գոհանալու,
իր
անհակակշիռ
պատրաստակամութիւնը
՝
չզոհելու
ոչ
իսկ
ծուէն
մը
իր
ներբողէն,
որ
աստուածային
անհունութեան
դիմաց
այնքան
ճիղճ
կը
թուի
իրեն
սակայն։
Ամէն
զեղչ,
բառերէ,
ֆրազէ՝
սիրոյ,
սարսափի
նուազում
մը,
զեղչ
մը
ընդունելու
չափ
նախապաշարուած,
թերեւս
Նարեկացիին
յորդութիւնը
կ՚ընեն
տարբեր
բան
մը
գիրքերու
մարզանք
մը
միայն
եղող
անտանելի
հռետորութենէն։
Աղաչեմ
զանփոփոխելի
ն
հազար
տարուան
կեանք
ունի
մօտաւորապէս։
Իր
հարիւր
տողերէն
տասը
հատ
չկայ
սակայն
ինծի
չխօսող։
Ունի՞ք
աւելի
վճռական
փաստ
գրագէտի
մը
մեծութեան,
իրաւութեան,
խորութեան։
Նարեկացի
իր
աղօթքները
չէ
մտածած
։
Թերութիւն
մը
անշուշտ։
Բայց
ահա,
արուեստին
հրաշքովը,
այդ
թերութիւնն
է,
որ
պաշտպանած
է
անոնց
արիւնը
։
Վերցուցէք
այդ
բառերուն
երեսէն,
ներսէն
Գրիգոր
վանականին
ջիղերէն
հոսածը
անոնց
ծոցը,
դուք
պիտի
ունենայիք
այն
մեռած
էջերը,
որոնք
այդ
դարերէն
մեզի
հասած
բոլոր
գործերուն
մէջ
մեզ
այնքան
կը
վիրաւորեն։
Կը
կարդաք,
օրինակի
համար,
իրեն
ժամանակակից
պատմաբան
մը՝
Թովմա
Արծրունին,
որ
դէպքերու
շարայարումը
կատարած,
արձանագրած
միջոցին,
յանկարծ
կը
յիշէ,
թէ
վարդապետ
մըն
է
ինքը
ու
պարտքին
տակը,
հետեւաբար,
աստուածաբանելու։
Ու
դուք
ստիպուած
էք
այդ
մարդուն
փաստերը
հանդուրժելու։
Պիտի
խօսի
«աղաւնակերպ»
իջնող
Ս.
Հոգիէն,
հազար
անգամ
կրկնուած,
սրբագործուած
բառերով,
նուիրականացած
ու
անայլայլ
տարազներով.
բոլորն
ալ
եկեղեցւոյ
վարդապետութեան
հաւատարիմ
ու
հարազատ,
բայց
որոնցմէ
մեզի
չ՚անցնիր
այն
սրբազան
սարսուռը,
մեր
միտքը
իսկապէս
աղաւնակերպ
վերառաքող
թռիչքը,
զոր
կը
զգանք,
կը
տեսնենք
Գրիգոր
վանականին
բառերուն
ընդմէջէն,
անոնք
ալ
հարազատ,
հաւատարիմ,
ուղղափառ։