Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Աւելի պարզ չէր սակայն հասկնալ բանաստեղծը այնպէս՝ ինչպէս էր անիկա ու տեսնել իր քառեակներուն մէջ ինչ որ ինքը դրած էր միայն, ուրիշ բաներէ առաջ։ Անշուշտ, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու մօտ, պարսիկին մօտն ալ սրբազան մարդ մըն էր, բայց բոլոր սուրբերուն նման, իր ներսէն, տենդէն, կիրքէն կուրցած, կատաղի յիմար մը, այսինքն՝ անընդունակ ծնածը աշխարհին ընթացիկ կարգ ու սարքը հանդուրժելու, երբ իր ընկալչութեան (adaptation) միջոցները կռնծած էին ներքին հուրքէն իր անձնաւորութեան։ Ասկէ հեքիաթին շղարշները հերոսներուն, մեծ քերթողներուն, նոյնիսկ մեծ օրէնսդիրներուն ուսերէն ձեր գտնելիքը անտարազելի խաժամուժն է ծուռիկ–մուռիկ, իրենց դերէն տարագիր կմախքներուն։ Մեր օրերո՞ւն։ Տասնիններորդ դարու իրաւ բանաստեղծները ցաւագարներ էին, խղճալի ըլլալու չափ անատակ իրենց մշակոյթին պարտադրանքը հանդուրժելու։ Ա՛ն՝ որ փարիզեան հիւանդանոցի մը մէջ  իր աչքերը կը գոցէ անօթի (Շարլ Պօտլէռ) ու անմխիթար, իր ժամանակին Խայեամն է հաւանաբար։ Միւսը, որ Հապէշիստանի մէջ իր որդնակեր մարմինը քաշելու անկարող մահուան կը ցանկար (Արթիւր Ռենպօ), ուրիշ Ֆիրտուսի մըն էր անշուշտ։ Խայեամի քառեակները պարսիկքն ի՞նչ ունին, ամուր ու անկողոպտելի, բացի լեզուն։ Մարդէ՞ն։ Հաւանաբար քանի մը հզօր փոքրութիւներու թոյնն ու թարախը, քանի մը շատ հաստ կիրքերու տզրուկներուն սողոսկումը իր մտքին միսերուն երեսին, քանի մը ծանր պատրանքներու հաշիշը, որ այնքան անհրաժեշտ է սա կարգերը հանդուրժելու։ Դեղթա՞փը՝ սա տրտմութիւններուն։ Խայեամ գինին երբ կ՚առաջարկէ, գիտէ, թէ ինչ ծիծաղելի բժիշկ մըն է այնքան մեծատարած վարչութիւններ ամոքելու։ Եւ սակայն գիտէր, թէ իրեն կը մնար ուրիշ ոչինչ: Ահա իմաստունին տրաման։ Աւելի՞ն։ Այսինքն՝ անոր անունով քննադատներուն աչքի ներած ճարտարապետութիւնը, այսինքն՝ մարդկային արժանապատուութեան գտիչը ըլլալու ձրի, թէեւ անարժէք փառքը։ Ի՞նչ գիտնամ։ Այնքան յիմար ենք մեր սփոփանքին համար, երբ կը հաւաքենք մտքի դաշտերուն բալասանները։ Տեղն է, որ ինքզինքս կանչեմ համեստութեան ու ընդունիմ Սայաթ-Նովայի մէջ ինչ որ կայ, այսինքն՝ իրաւ, եթէ կ՚ուտէք՝ շքեղ երգիչ մը, բայց ոչ աւելին, երբեք՝ ցեղային խորհուրդին տիտաններէն արձան մը, կաւէ ծունկերով։

Մա՞րդը։ Որ միշտ աւելի իրաւ տարրերով է գոյաւոր, քան խորհուրդին առեղծուածային տիտանը։ Առանց վերադիրի։ Մերկ։ Իրաւ։ Ու առանց շուրջառի։ Ու առանց պալատական երաժիշտի մը հարկադրեալ աղաւաղանքին, որ այդ տիպարները կը վերածէ առնուազն թագաւորական… հացկատակի։ Վերը թելադրուած շեմա ն Սայաթ-Նովայի կեանքէն, իր օրերուն ոչ ոքի զարմանք կ՚առթէր, որպէսզի մեզի ըլլար ներելի չհասկցուած, ուրացուած, ովսաննայած, խաչուած կամ աստուածացած հերոսներուն վարկը փնտռել ու գտնել՝ խորհրդանշական անձնաւորութիւնը, բացատրող՝ իր դարը, իր մեղքերուն ու սրբութեանց փոփոխուած հանդէսովը։ Սայաթ-Նովան պալատ բարձրանալու առաջ պարզ մարդ մըն է՝ բոլոր աշուղներուն միջին առաքինութեանցը կնիքովը։ Պարզութիւնը մի՛ արհամարհէք, դուք՝ որ միշտ անպարզ ըլլալնիդ չէք իսկ կասկածիր, երբ ձեր յարաբերութեանց գոյնը կը փոխանցէք ձեր նկարագրին։ Համեստ։ Ընտանի։ Տաքուկ։ Անխելք։ Սիրտցաւ։ Իրաւ։ Խենթուկ։ Կրքոտ։ Թեթեւ ու երջանիկ։ Բացէք այս ածականները։ Դուք կ՚ունենաք ձեր ժողովուրդին միջին առաքինութիւնները դարձեալ։ Արդէն աշուղներէն ո՞րը զետեղելի չէ սա վերադիրներուն ետին։ Չեմ ծանրանար ֆիզիք նկարագրի մը, որմէ գալիքը նպաստ մը չէր կրնար ըլլալ Սայաթ-Նովա աշուղին, որ պիտի ապրի ութսունէ աւելի տարիներ (1712-1795), ու պիտի ըլլար իրարու հակադիր տասը կեանքի արձակարան թերեւս։ Պատանի ու թափառաշրջիկ ասպետ։ Երիտասարդ ու պալատական գուսան։ Այր հասեալ չափու ու քահանայ։ Այր ծերացեալ ու աբեղայ։ Ութսունամենի ու նահատակ։ Ալ ի՞նչ կարիք այս գօտիները վերլուծելու, երբ անկարող եմ այդ առիթով մեր տասնութերորդ դարը նուաճել։ Թերեւս կը պահանջէք բարոյական անձնաւորութեան մը պատկերը։ Բայց գիտնալու էք, ի յառաջագունէ, որ ամէն դարու, պալատը, այսինքն՝ բարձր դասակարգը հերքումն իսկ է նման մտայղացքի մը։ Ոչ ոք այնքան միամիտ՝ այդ կառոյցներէն ներս ենթադրելու ինչ որ աւելի նպաստաւոր հողերու վրայ այնքան դժուար կը ներկայանայ մեր աչքերուն։ Ըլլալ թագաւորի մը սիրականը, կը նշանակէ ըլլալ անոր հաճոյքներուն գործիքն ու յարդարիչը, անոր արշաւանքներուն արքաները միշտ բանակներով չեն արշաւեր, այլ՝ իրենց կիրքերուն զօրագունդերովը կարապետը։ Ըլլայ պալատի մը նախանձելի գուսանը, կը նշանակէ խռովքներ լարել իշխանուհիներու, թագուհիներու սրտերուն ներսը։ Ըլլալ գինիի, երգի, խաղի ընկեր մը աս ու ան բարձր, թագակիր ոչնչութեան մը, կը նշանակէ ծախած ըլլալ անվաճառելի միակ բանը մեր աշխարհին, մեր անձին ազատութիւնը, որով միայն է պայմանաւոր բարոյական անձնաւորութիւնը։ Գերին միտքի, կիրքի, մարմինի, ցեղի, խելքի ապաբարոյութիւնը արդարացնող միութիւն մըն է։ Չեմ լայննար։ Սայաթ-Նովա իր կեանքին թշուառագոյն մասը անշուշտ անցուցած է այդ պալատին մէջ։ Քահանա՞ն։ Անշուշտ։ Բայց սքեմէն առաջ, իրաւ տրամը, որ այս շէնշող, խման, խենթուկ, անդիմադրելի երիտասարդին կեանքը կը կոտրէ մէջքէն։ Վրացերէն ու սումնասիրութիւն մը այդ տրամային մասին ակնարկութիւն մը կը պարունակէ (յառաջաբան «Սայաթ-Նովա» հատորի, Պետհրատ, 1935, Երեւան), որ իր կարճութեան մէջ ուշագրաւ է սակայն։ Չեմ բանար երեւակայութեան առագաստները։ Նախ քան քահանայ ըլլալը, այս աշուղը ունի մեծ քերթուած մը, իր ընկեր թագաւորին ուղղուած։ Ըսի, թէ ուժով էր անիկա, բայց շողոմին տակ ծանրաբեռն։ Թող վիպասան մը վերակազմէ այդ տրաման [1] ։ Նոյնիսկ  իրականութիւնը չանցնելու պարագային մենք պիտի նայինք իրեն երախտապարտ, հերիք է, որ մարդուն իրական նկարագիրը, այնպէս՝ ինչպէս կը բխի իր երգերէն, չաղարտուէր իր հիմնականին մէջ։ Բայց կը հեշտանամ՝ մտածելով այդ թշուառութեան, որ, ով գիտէ ի՞նչ ոսկի յիշատակներու ծաղկեփունջերը շարած իր անցեալին բաներ կան, որոնք չեն կրնար անցեալ ըլլալ, ատոնցմէ մէկն է մեր սիրտը, երկրորդը՝ մեր յիշողութիւնը, երկուքն ալ մեզ տրորող, մեզ կործանող, ամէնէն փոքր պատեհութիւնն իսկ շահագործելով խուժելու համար ներկային վրայ, ու մեզ ընելով անմար մխալ մը, ճենճերում մը կը մտնէ սքեմին տակ։ Հաշտութի՞ւն։ Տիվանա՜, պիտի պոռար անոր ստուերը, իր գեղի ժամուն մէջ, Տէր Ստեփան, ու պատարագէն առաջ, խոստովանանքի պահուն, երբ փսփսար պիտի իր մեղքերը, այնքան իրաւ, խորունկ, մեծ ափ ի բերան՝ մարդոց ըսելիքին…։ Որքա՜ն մարդկային էր սա տէրտէրին ապաշխարանքը, երբ պալատի մը սրահներուն փոխարէն դուք ազատ էք այդ սրահները յօրինելու ձեզի ներելի բոլոր ազատութիւններով ու վստակ պիտի ըլլաք, որ իրականութեան ստուերն իսկ չունիք ձեր հետը, այնքան Արեւելքի այդ արքայիկները կերպը գտեր էին իրենց փոքրութիւնները ոսկեզօծելու հազուադէպ զարդերով մեծկակ գեղի սենեակ մը կը պառկէր առջին, հաւանաբար մերկ սալերով ու գոզալներուն աննկարագրելի ողկոյզները, կիրլանտ ները վերածուեր էին լաչակաւոր, մամուկուած, նայուածք ու դէմք չունեցող ձեւերու։ «Հէ՜յ ողորմութեանդ մեռնիմ», կ՚ըսէր մեր տէրտէրը, մեր գեղի արիշին տակ, ժամուն բակը, երբ հարսնիքի մը արարողութիւնը աւարտելէ վերջ, կը կենար յոգնած, իր շուրջը թրթռացող կեանքէն նուաճուած, ու հիմա կը զգամ՝ իր մեռած երէցկինին հաշուովը վարագուրուած, կը դիտէր երիտասարդները, համակ շնորհ ու կրակ, համակ խենթութիւն ու գինովութիւն…։ Ի՜նչ կը մտածէր Կախ գեղի Տէր Ստեփան քահանան, երբ խորանէն կ՚արձակէր թեւերը իր խենթեցնող ձայնին, վստահ եմ՝ խուժումին տակը իր հարիւրաւոր երգերուն, իբր ճառ ու եղանակ, ու կը դառնար իր ժողովուրդին՝ զայն օրհնելու ատեն արցունքով ողողուած։ Արդեօք քանի՜–քանի՜ անդամներ անիկա տառապանքները կ՚ապրէր իր սրբապղծութեանց բոլորովին ակամայ հարկաւ, մեր շարականները, Ս. Պատարագէն աւելի քան սուրբ երգերը, երբ կը քանդէր իրենց դարաւոր կաղապարներէն, կշռոյթին դառնալու համար իր մէջ անմահ քամանչային, «գոզալները բոլորտիքը շարած», իրա՛ւ որ իր մարգարէութիւնը կատարուած էր տառ առ տառ

 

Քանի սաղ է Սայաթ–Նովէն. շա՛տ բան կու տեսնիս, քամանչա

 

Ժողովրդական հովիւը եւ թագուհիներ խռոված երգիչը պիտի ապրին նոյն սքեմին մէջ։ Չէ՞ գրած այս ողբերգութիւնը լուսաւորող որեւէ տաղ։ Գաղտնիք։ Ինծի համար կասկած է դուրս է տրամային ներքին հարազատութիւնը։ Մենք չենք կրնար մորթել մեր անցեալը։ «Մաղ մը յարդ վերցնելու չափ միայն ուժի տէր մէկը նորէն մարդ կը մնայ», ըսեր է մեր ժողովուրդը, թելադրելով սիրտին յաւիտենական երիտասարդութիւնը։ Տէր Ստեփանը խելօքցած Սայաթ-Նովա մը չէր, չէր կրնար ըլլալ։ Բայց ահա ողբերգականը։ Կու գայ կրակը ու մենք կ՚այրենք մեր ունայնամտութեանց զինանշանները։ Նոր չէ, որ կայսերական գահոյքէն մարդեր կին թէ այր կը վիժին վանքի մը խուցերը, քաւելու համար իրենց բախտը։ Աշխարհէն վերջ՝ երկինքին պատրանքը։ Բայց երգիչէն վերջ՝ քահանան, որ գէթ մեզի համար եղած է ծանր արժէքներու ընդունարան։ 

 


 



[1]        Քառորդ դարէ ի վեր իմ մտքին բոյն է դրած այդ ողբերգութիւնը նուաճելու խօլ ցանկութիւնը։ Համարձակութիւնը միշտ ալ հեռացած է ինձմէ ամէն անգամ, որ փորձած եմ կանչել այդ աշուղը իմ սեղանին։ Եկողը անուն մըն էր, աւելի տժգոյն, քան հինգերորդ դարու Մամիկոնեանը։ Ինչո՞ւ։ Կը մտածեմ տակաւին ուրիշ ալ դժուարութեանց սլաքներուն։ Պիտի գա՞յ օրը, ուր նուաճուի խալխին նոքարը ։ Ո՞վ գիտէ։