Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Պոռացի իմ կրակը, զայն լեզու–լեզու առնելով անոնց շրթներէն, որոնց մարմինները ճերմակ կրակներ էին: Երգեցի եարը, որ բառէ ապրում մը չէր, այլ՝ խորհրդանիշ կերպարանքը մեր աշխարհին ամէնէն անուշ, սրտագրաւ յուզումներուն։ Եղայ աղն ու համը պալատներուն ու հրապարակներուն։ Խենթեցայ, բայց խենթեցուցի, վասնզի ամէն գիծ ինծի համար լար մըն էր դէպի մեծ դիրտը կեանքին, ամէն ժպիտ՝ կրակի շղարշ մը, որուն համար իմ հոգին կը մնար կարօտ, ինչպէս մերկ մանկիկը՝ խանձարուրին։ Ես եղայ երազ, թռիչք, մոռացման ջուր, աղբիւր անմահութեան՝ մարդոց թշուառ սրտերուն։ Ու մնացի միշտ զաւակը իմ ժողովուրդին։ 

 

Իմ քամանչան լացուց մութ նայուածքները հեռու Իրանին ու Թուրանին։ Իմ ձայնը պալատներու մետաքսին մէջ խղդուած սիրտերը բերաւ մարդկային ապրումներու հանդէսին։ Հո՛ն՝ ուր ուրիշներ հաստ ու հողէ յուզումներ դրին, ես աւելցուցի իմ ժողովուրդին անհաւասարելի քաղցրութիւնը։ Ու իմ երգը զաւակն է իմ ժողովուրդին, ինչպէս եմ ես ինքս։ Կ՚ուզե՞ս աւելին։ Անոր ճակատագիրը պիտի ըլլար իմ ալ ճակատագիրը։ Դուն հեշտագին հպումներով, հիւսքերով յօրինած ես քեզի համար իմ կեանքը, փողոցի տամուկէն մինչեւ ժամուն ներսը իր գլուխը դահիճներուն երկարող հանդարտ, ալեփառ ու վսեմ ծերունին, նահատակ ու հայ–քրիստոնեայ։ Ալ ի՞նչ կ՚ուզես ինձմէ…։ Մարդ մը չի նուաճուիր, մա՛նաւանդ ինծի պէս մարդ մը, որուն իւրաքանչիւր օրուան մէջը իրարմէ հզօր յոյզերու, արցունքներու անձրեւ է տեղացեր, առակին մարգրիտին, ոսկիին առատութեամբը, բայց մա՛նաւանդ իրաւութեամբը։ Քիչ ետքը, երբ ես կը քաշուիմ մտքիդ տաշտէն, քու Անուշաւանդ թող երգէ « Մէ խօսկ ունիմ »ը։ Այդ տղուն ձայնէն ու գործիքէն շինուած ջրատար Սայաթ Նովան, խալխի նոքարը, տիվանէն, եանա–եանա ման եկող աշուղը անշուշտ աւելի էր, քան ինք, այդ տղան։ Բայց աւելի՞՝ ատոնք, քեզի հետ զայն մտիկ ընողները, անոնցմէ, որոնք երկու հարիւր տարի առաջ անկաճ ըրին այդ երգին։ Ի՞նչ աւելորդ հետաքրքրութիւն, ձեր ներսը։ 

 

Իմ օրերուն ոչ ոք՝ որ գլուխ դարձնէր, քովինին, անկէ անդին, փնտռելու այդ աչկի լուսը: Կար անիկա ամէն մէկուն, ինչպէս ինծի համար, իրաւ, լոյս, խռովք, կեանքի մագնիս, խաւարին մէջ ջերմութեան հնոց ու, աշխատանքի տաշտին՝ գունագեղ երազ, ցաւերու հեղեղին դէմ՝ փրկութեան նաւակ։ Կար անիկա իբր ձայնը, մարմինը մեր ժողովուրդին խորհուրդին։ Ու իմ բառերը հազիւ կը խտացնէին մասնիկները այդ սքանչելահիւս երազին։ Սայաթ-Նովան պարզ աշուղ, բայց է՛, այդ պարզութեան իսկ շնորհովը, քու ապրումներուդ միշտ տաքուկ տապանակը։ Իմ երգերուս մէջէն իրենք զիրենք կ՚արտայայտեն անվերածելի սրբութիւններ, յոյզեր, լացն ու վայելքը շօշափելի պատկերներու։ Հաւաքէ յոգնութիւնդ, զոր կը հասկնամ։ Մարդեր, մեղքի բանուոր, շատ աւելի արագ կը սպառին, երբ կանչուած են, քեզի պէս, կրելու գումարը ժողովուրդներու ապրումներուն։ Կը հասկնամ՝ մա՛նաւանդ տրտմութիւնդ, որ ծնունդ է քեզի պակսող ուժերուն, աւելի լայն, ընդարձակ ծիրով բանալու համար մտքիդ սահմանները ու ժողովուրդիդ բոլոր շնորհներուն փառաբանութեան, սերմնացանին։ Որքան որ կրնաս։ Որքան որ կրցայ։ Ամէն մարդ քեզի չափ։ Ամէն մարդ ինծի չափ։ Աշխատին ու պիտի ըլլան գոհ, պարտքի ճամբուն, երբ վերջին ոլորտը մտնեն…։ Ատեն է, որ բանաս աչքերդ։ Դիտէ խմող տղաքը ու մի նեղուիր, որ այնքան սեւ դատուած եղեամը անոնք կը վերածեն շոգիի։ Թոյնն  իսկ փրկութիւն է երբեմն։ Ի՜նչ ընէին երկաթի, կիրի, քարի, կաշիի տաժանքին մէջ թոյնի տրուած այդ հոգիները, թօթուելու համար իրենց ժանգերը։ Իրենց երկիրներուն մէջ, իրենց գերեզմանները զիրենք պիտի հրաիրէին մեծ, խենթ պարերու։ Ե՞րբ։ Ձգէ որ խմեն ու խեղճութեան, գերութեան իրենց վախերը վանեն։ Դիտէ մա՛նաւանդ պզտիկները, ծառերէն կախ օրրաններու մէջ, գետինը, վազող ու լացող։ Կեանքին ծաղիկն են անոնք։ Ու պիտի շարունակեն քեզ, ինչպէս դուն շարունակեցիր զիս, նոյն ճամբուն երկայնքովը։ Թող խռոված հոգիդ իր խոնջէնքը դարմանէ այդ համակ շնորհ, թարմութիւն, յոյս ու երազ պատկերներուն դիմաց, ու ժողովուրդիդ կեանքին անխարդախ գրաւականները իբրեւ։ Դիտէ մա՛նաւանդ պարմաններն ու պարմանուհիները։ Ի՜նչ փոյթ, որ իրենց տարազը ու իրենց մոյնքը, շարժումներն ու ծփանքները, խոյանքն ու նուաղումները քեզի թելադրեն օտար ապրումներ։ Անոնք կեանքն իսկ են, որ իր օրէնքները կը ձեւէ՝ քեզ ու մեռելները անգիտելով։ Մէկը բռնէր կախարդական հայելի մը հոգիդ դուրս կերպարանող ու իրաւ հայելի մը մազերդ առջիդ թափող։ Դուն գտնէիր թերեւս կերպը այդ երկու ճերմակութիւնները իրարու դաշնաւորելու։ Հոգիիդ մանկութիւնը ու մազերուդ բեկումը իրար կը բարեխառնէին ու կրնայիր մտնել շրջափակին մէջը քու պապերուդ պալատին, որ հեքիաթին կառոյցը չէ, այլ՝ քու իսկ փնտռած խորհուրդին տաճարը։ Մանուկի թեւերով ու ճերմակ իմաստութեամբ միայն մենք կը հասնինք երբեմն այդ պալատին։ Հեռու, քեզի խորթ, քու մարմինդ յօրինող բիւրաւոր զգայութիւններուն իբր արձանագրութիւն քու ներսդ պառկած բլուրները հերքող սա շինծու ծառաստանին մէջ, տօն տօնող այդ եղբայրներդ իրենց հոգիներուն խորը անկորուստ կը պահեն սրբազան կայլակը անմահ խորհուրդին։ Ու ատիկա բաւ՝ որպէսզի այս մարդոց մութ, ծխոտ, խուժ ցերեկները սփոփուին իբր անսպառ բոյրի մը համասփիւռ անուշութեան ծոցը ու դառնան աշխատանքին իսկ կշռոյթը։ Յետոյ, այդ կաթիլ մը բոյրը անոնց համար ներկայութիւնն է, ստուգութիւնը, ձայնն ու հրաւէրը անմահ հայրենիքին։ 

 

Ձեր գիտունները կը պարծենան, որ գտած են անհուն ուժերը հիւլէին։ Ի՜նչ բառ գտնեմ բացատրելու համար, այս անգամ աւելի իրաւ անհունութիւնը ուժին, որ հոգեղէն հիւլէն է, ձեր բոլորին սրտին էն խորունկ ալքերուն մէջ գահակալող։ Որ իմ երգն է, պուտ մը նայուածք, շերտ մը մէջ՝ հին ձեռագրէ մը, ողբ մը՝ պառաւի մը բերնէն, երազ մը՝ մատաղ աղջկան կուրծքէն իր թռիչքը փորձող։  Ու իմ ներկայութիւնը։ Իմ յիշատակը։ Իմ քամանչան, նոյնիսկ իմ տրաման, սա տօնական ցերեկին քեզի համար ըլլան լաստեր, դէպի աւելի մութ ջուրերը, ուր խորասոյզ կը կարծես թէ կ՚ապրի կարապը խորհուրդին քու ժողովուրդիդ։ Դա՜ս՝ սա պարզ, սիրտբաց, տաք ուրախութիւնը, մեծին կնճիռներէն ու պզտիկին բաց աչքերէն իր աղիքները ոլորող, որպէսզի խնդալ սորվիս, դո՛ւն՝ որ կը յաւակնիս, թէ չես ծնած, չէ ծնած քու ժողովուրդդ այդ արարքին համար։ Քեզի պէս բարակ մանողները լաւ կ՚ընեն քիչ մը մանկացնելով իրենց ընդոծին ծերութիւնը, երգին թեւերուն յանձնելով տրտմութիւնն ու հոգը։ Դա՜ս՝ այդ թռիչքը աչքերուն ու ձեռքերուն, առանց ահի ու առանց ամօթի, մարմիններին բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն կապերը կտրտել իրենց եւ իրենց պապերուն միջեւ, որպէսզի իրենց կուրծքերուն իջնէ լայնքը մեր լեռներուն, իրենց սրտին իջնեն ջուրերը մեր հովիտներուն։ Դա՜ս՝ մա՛նաւանդ երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն, որոնք տակաւ կ՚ամչնան իրենց անունէն ու գոյնէն, սեւ աչուըներէն ու թուխ մոյնքէն, ամչնալէ ետքը իրենց պատմութեան, արիւնին նահանջէն, իրենց ուղեղներն ի վար, բացուած օտարին պողոտաներուն, որպէսզի մտապատկեր ապրումները նորոգեն իրենց ներսը, իրենց տարիքներուն, հայրենիքի լանջերուն անթառամ ծաղիկներուն մէջ իրենց մարմինները միւռոնի նման օծող մեծ համբոյրին ներսը անոր խորհուրդին։ Ես կ՚երթամ։ Շատ բան լսեցիր։ Աւելի շատ լսեցիր իմ լռութիւններս։ Պարտքին տակն ես գրելու գոնէ ուրուագիրը սա ապրումներուդ, արձագանգը իմ բառերուն, երբ դառնաս սեղանիդ ու տրտմած աչքերդ փակես սա օրուան նկարներուն… Մնացիր բարով»։ 

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Բաց են իմ աչքերը։ Արեւը բարակ է ու անձայն նուագի մը պէս թափանցուն։ Սայաթ-Նովայի ստուերը կը զգամ, որ կը քաշուի՝ լուծուելու թաւուտի մը ծոցը։ Իմ դէմն է, իր ահաւոր ճպոտովը եւ թշուառ քամանչայովը երեւանցի Անուշաւանը։ Ի՜նչ փոյթ, որ հիմա շուք է իր սեղանը, պարապ՝ իր շիշերը։ Ան կը վազէ բռնի թափելու իմ բերնին իր բաժակ գինին, որ քաղցրացած է, հրաշագործ ուժ ստացած երգով ու օրհնէնքով։ Ծառաստանն ի վար ու վեր, Մայիսի վերջնորդ տօնը, զոր սա տղաքը կը կապեն հայրենիքի նորոգ ազատագրման յիշատակին, կը շարունակէ ինքզինքը։ Ծափ։ Ճառ։ Մաղթանք։ Հրաւէր։ Խենթութիւն ու գինովութիւն։ Չեմ նեղուիր։  Լցած եմ ինքզինքս սա փաթթող, թափանցող, կենագործող ջերմութեան։ Գլուխները քիչ մը աւելի նուազ հակ։ Ոտքերը արձակ։ Խոշոր պարը խատուտիկ ու թրթռուն։ Ուս ուսի։ Մանչ ու աղջիկը։ Պառաւն ու ծերունին։ Կը դառնայ մեծ կալը մարդկային ալիքին, ինքնիր մէջէն ճարելով իր կշռոյթը։ Ինծի կը թուի, թէ հայրենիքին հեռու բլուրները կու գան, կը թաւանան ու կ՚անցնին ամէն անգամ, որ մարմիններուն ողկոյզը թրթռայ, խենթենայ ու քակուի, գոյներու փրփուրի մը մէջ ինքզինքը շոգեւորելէ վերջ։ Հայ խորհուրդին կրքոտ, անդիմադրելի ուրիշ մէկ տախտակը, զոր սա կուրծքերը կը յօրինեն, կը գրեն ու կ՚առնեն–կը տանին իմ զմայլուն աչքերէն։ Ու կը թաւալի իրենց գլխուն, Անուշաւանին քամանչայով 

 

Մէ խօսկ ունիմ, իլթիմազովը… 

 

կարծես բերելու համար սա տարտղնումին, թրթռումին, թռիչքին մարդկեղէն իր կշռոյթը, ա՛յն անտարազելի ներքին տեսութիւնը, որ մեր հոգին տեղի մը ծաղիկը կ՚ընէ, որով մեր մարմինը տեղի մը հողը կ՚ըլլայ, ստեղծումի սերմով տրոփուն ու մեր միտքը՝ կը ծծէ խորհուրդը այդ տեղին վրայ յօրինուող ու սրբուող, բայց արիւնէ արիւն, սերունդէ սերունդ ինքզինքը կը հարկադրէ այդ հողերուն, կազմելու համար հայրենիքին երեսը ու հոգիներուն խորը՝ անոր խորհուրդը։ Ի՜նչ դժուար է երբեմն պարզ գոյն բաներ կարդալը։ Ինչո՞վ է, որ մենք կապուած կը զգանք մեզ մեր հայրենիքին, զոր յաճախ չենք ալ տեսած մարմնի աչքերով, բայց որուն յօրինուածքը այնքան անվրէպ ստուգութեամբ մը պալատական ոճ է մեր նսեմութիւնը հակակշռող։ 

 

Կը մտածեմ ու կը քալեմ։ Ծանր։ Յոգնած։ Բեկ, մինչ ուրիշներուն թեթեւութիւնը կը վազէ իմ առջեւէն, զիս առնելու չափ իր կշռոյթին մէջ։ Մարդիկ վաղը պիտի յոգնին իրենց երկաթին, ծուխին, քարին ու սիման ին հետ. բայց ե՛ն աւելի՝ քան կայտառ։ Ոչ ոք՝ իմ շուրջը, որ ծռած ունենար իր հոգին։ Նման ժողովուրդ մը նուաճում մըն է, այսքան կորանքներու դիմաց, նժարը դէպի կեանքը ծռող։ Խորհուրդին բանուորնե՞րը։ Թող գրեն մարդկային միսին եւ ոչ թէ բամպակ թուղթերուն վրայ։ Իրա՛ւ որ տիվանա ես, Սայաթ- Նովա, քանի որ մարդ չի կրնար ուրիշ կերպ խմել քո ջրէն, կարդալ՝ քո գիրը: Այս տողերը՝ հաւանաբար տարբեր պիտի չորակուէին քեզմէ, եթէ երբեք գրական քննադատութիւնը ապրէր քու օրերուդ։ 

Ով գիտէ ի՜նչ աստուածային պարզութեամբ պիտի կենայիր գլխուս ու պոռայիր՝ 

Տղա՛յ, է՛լ ոտքի, տո՛ւր հովուն բոլոր այդ մութ ու թանձր բաները, ու պարէ՛, երգէ՛, յուսա՛, ապրէ՛, աշխատէ՛, ու երբ մահը գայ՝ ինկիր առջին։ Նորէն թեթեւ, աչքդ երբեք ետիդ։ Մեր աշխարհը առանց այդ սրբազան կրակին անբնակելի պիտի ըլլար։ 

Իրաւո՞ւնք: Ունենար պիտի ջրատար Սայաթ–Նովան։