ԳԼՈՒԽ
ԵՐՐՈՐԴ
Ի՞ՆՉ
ԿԱՅ
ՔԵՐԹՈՒԱԾԻՆ
ՄԷՋ
(Խորքի
քննութիւն)
Այս
քերթուածին
խորը
կու
տայ
աշուղական
գրականութեան
յաւիտենական
նիւթը,
–
Սէրը։
Այս
զգացումը
նոր
գրականութիւններու
տիրական
յատակ
մը
հայթայթելէ
առաջ,
հին
գրականութիւններու
մէջ
զգաստ,
սիրուն,
քիչիկ
մը
պարզուկ,
բայց
սրտագրաւ
լար
մըն
է։
Պաշտօնական
բանաստեղծները
չվախցան
անոր
հատորներ
յատկացնելէ։
Անիկա
սակայն
բացարձակ
լարն
է
ժողովրդական
բանաստեղծութեան։
Աշուղը
ինքնին
սիրահար
կը
նշանակէ։
Արեւելեան
ժողովուրդներու
մօտ,
թերեւս
կլիմայական
թաքուն
ազդմունքներու
ներքեւ,
այդ
զգացումը
հատած
է
խորութեան
մը,
ուժգնութեան
մը,
բացարձակութեան
մը,
որոնք
զայն
կը
զատեն
արեւմտեան
ժողովուրդներու
մօտ
քիչ–շատ
կանոնաւոր,
շնորհալի
իր
դիմայեղումներէն։
Փեթրարքի
հնչեակները
անշուշտ
հմուտ
գրագէտի
յօրինումներ
չեն
միայն,
այլեւ՝
կտորներ,
ուր
մեր
ամէնէն
խորունկ
զարկը,
մեր
էութեան
այս
կախարդական
որոնումը
որոշ
խռովքով
մը
կ՚ըլլան
զգալի։
«
Իլիական
»ին
մէջ
անիկա
անճանաչելի
ըսուելու
չափ
տարտամ
է
սակայն,
վասնզի
այդ
դարերուն
մարդիկ
իրենց
էութեան
շեշտը
կը
դնէին
կռիւին,
արեան
(հեղումին),
ուտելուն,
երգին,
կիրքին,
վիճակներ
ասոնք,
որոնք
ասպետները
կը
խանդավառեն։
Մա՞հը։
Այս
վիճակը
գրեթէ
բնական
երեւոյթ
մըն
է։
Բայց
դէպի
հոն
տանող
ճամբաները
երբեմն
կը
գտնեն
փաթեթիք
ին
կրակը։
«
Իլիական
»ը
յուզիչ
դրուագներ
ունի
մինչեւ
մահը
հասնող
կացութիւններէ
(
Հեկտորի
հրաժեշտը
զաւկին
ու
կնիկին.
Պրիամոսի
աղաչանքը
իր
զաւկին
դիակը
աղերսող
յաղթականին
նախատինքէն
)։
Այդ
դարերուն
սէրը
տունի,
հողի,
ստացուածքի,
անկողինի
զգայութիւններ
կը
համադրէր,
բայց
չէր
տար
կերպարանքը
հոգեխառնութեան
մը։
Միջնադարեան
երգիչները,
հաւանաբար
Արեւելքէն
փոխադրուած
հոգեբանութեան
մը
անձնատուր
(Ս.
Կոյսին
պաշտամունքը
մէկ
կերպարանքն
է
ասոր),
ստեղծեցին
իրենց
տամ
երը,
բայց
դարձեալ
կը
սիրէին
պարզ
ապրումներուն
գովքը,
կ՚ախորժէին
կռիւը,
մարդոց
փոքրութիւնները,
թերութիւնները,
մեծանձնութիւնները
ընել
նիւթ
իրենց
յօրինումներուն։
Ֆրանսական
մեծ
վէպերը
այդ
դարերէն
աննշմար
ձեւի
մը
մէջ
կը
պահեն
սիրողներու
տառապանքը։
Ու
յատկանշական
է,
որ
մեր
ամէնէն
հին
ժողովրդական
յօրինումը,
«
Սասունցի
Դաւիթ
»ը,
այնքան
քիչ
ցուցմունքներ
բերէ
մեզի
այդ
զգացումը
մեր
ուշադրութեան
բարձրացնող,
ինչպէս
«
Աղուէսին
վէպը
»
(Le
roman
du
Renard),
ուր
կենդանիները
կ՚ապրին
մարդու
եւ
անասունի
խառնուրդ
իրենց
կեանքերը,
բայց
չեն
յօրիներ
քանի
մը
յուզիչ
տեսարաններ
սիրոյ
զգացումը
տիրաբար
սեւեռող։
Ա.
Թալասօ,
որ
կազմած
է
ասիական
ժողովուրդներու
սիրային
երգերէն
հաւաքածոյ
մը
(Amour
Asiatique),
իր
ընտրած
քերթուածներուն
մէջ
յաջողած
է
կերպարանք
մը
տալ
այս
զգացումին։
Հոն,
ֆոլքլորէն
հազիւ
ազատագրուած
ոգիով
մը,
մենք
կը
գտնենք
հոգին
իսկ
այդ
Արեւելքին։
Ինծի
չէ
տրուած
արբեցնող
գեղեցկութիւն
զգացած
ըլլալ
ոեւէ
մեծ
գրագէտի
մը
գրիչով
քերթուածներէ
ա՛յն
ուժգնութեամբ,
խորութեամբ,
որքան
աֆղան
ժողովրդական
երգերէն,
որոնք
այդ
զգացումին
անհաւասարելի,
բիւրեղակերպ
սեւեռումը
կ՚իրագործեն։
Ասիկա
յստակ
ու
վճռական
խոստովանութիւն
մը
հոս։
Հաֆըզի,
Սաադիի,
Սադիի
դրական
սիրերգները
կ՚արժեւորեմ՝
Ովիտիոսի,
Փեթրարքի,
Սփէնսըրի
անուններով
մեզի
հասած
սիրային
քերթուածներուն
կշիռովը։
Ազատ
էք
այս
առիթով
ոգեկոչելու
մեր
զոյգ
նոր
գրականութենէն
կարեւորագոյն
քերթողները,
իրենց
ամէնէն
հռչակաւոր
բանաստեղծութեանց
մէջ,
այդ
կալուածէն։
Չունիք
տառապանք,
վասնզի
աշուղին
տաղերը,
ձեւ
ըլլալէ
առաջ՝
խորք
են
ու
իբր
այդ
կը
պաշտպանեն
ո՛չ
միայն
զիրենք,
այլեւ՝
հեղինակը։
Գեղեցիկ
լեզուն,
անուշ
բառերն
ու
պատկերները,
ձեւական
շնորհն
ու
կատարելութիւնը
անշուշտ
շատեր
են
Մ.
Պեշիկթաշլեանի,
Պ.
Դուրեանի,
Վ.
Տէրեանի,
Մ.
Մեծարենցի,
Դ.
Վարուժանի,
Վ.
Թէքէեանի
սիրերգներուն
համար,
բայց
իրենց
պակսելովը
չեն
վտանգած
ԺԸ.
դարու
պարզուկ
բանաստեղծին
շեղումը։
Մեր
ժողովրդական
երգերուն
մէջ
այդ
զգացումը
կը
թելադրէ,
առանց
գրական
ջնարակի,
քաղցրագոյն
պատկերներ,
ինչպէս
ամէնէն
տաք,
բաբախող
յոյզերը։
Քուչակի
սիրային
քառեակները,
յաջողագոյն
կերպարանքներու
տակ,
տուած
են
այդ
զգացումին
մարդկային
տարողութիւնը
ու
թերեւս
մեր
ալ
ժողովուրդին
զգայնութենէն
աւելի
ընդհանուր
սեւեռումներ։
Սայաթ-Նովայի
հայերէն
երգերը
(քանի
մը
բացառութիւններէ
դուրս)
չեն
եկած
տարբեր
խորքէ
մը։
Հիմնուելով
ատոնց
փաստին,
կը
մտածեմ
տարածել
իմ
մտածումը
նաեւ
վրացերեն,
թուրքերէն
սիրերգներուն,
որոնց
բոլորին
ալ
յատակը
կու
գայ
այդ
զգացումէն։
ԺԸ.
դարուն,
այլեւս
ասպետները
խանդավառող
նիւթերը
(կռիւ,
արիւն,
երկինքներ)
չէին
ընդունակ
պատմական
յօրինածներ
լեցնելու։
Աշուղը
կեանքէն
չի
կրնար
հեռանալ.
մի
մոռնաք
ատիկա։
Անիկա
հերոս
մը,
սուրբ
մը,
վաղամեռ
երիտասարդ
մը
ողբալու
համար
իսկ
ինքզինքը
դժուարութեան
մէջ
կը
զգայ։
Բայց
անոր
քնարը
իր
բնական
տարրին
մէջ
գիտէ
ինքզինքը,
երբ
պիտի
խօսի
սիրեկանէն։
«
Մէ
խօսկ
ունիմ
»ը,
ուրեմն
սիրային
քերթուած
մըն
է,
անխառնօրէն
քնարական։
Անիկա
կ՚արտայայտէ
այդ
զգացումը
իրարմէ
ընդարձակ
պատկերներով։
Հազիւ
քանի
մը
տեղական
գոյն
ճարող
ակնարկութիւններ
(Աշուղ
Ղարիպ,
Շահսանամ,
Շահ
),
որոնք
այդ
զգացումը
կը
թաթխեն
մեզմէ
հեռացած
հոգեխառնութեան։
Մնացածը
ձայնն
է
այդ
սիրտին,
իրաւ՝
ո՛չ
միայն
իր
դարուն,
այլեւ՝
մեր
օրերուն։
Ձեւի
վերլուծուին
անցնիլ
պիտի
նշանակէր
ասկէ
աւելի
ծանրանալ
այդ
քերթուածին
խորքին։
Դիտել
կու
տամ
միշտ,
որ
Սայաթ-Նովայի
տաղարանին
վաթսուն
քերթուածներն
ալ
(հազիւ
քանի
մը
հատի
բացառութեամբ)
կը
մնան
ենթակայ
այս
ընդհանրութեան։
Այդ
քերթուածին
համար
վերակազմել
արտաքին
վաւերագրական
աշխարհ
մը,
մեր
պայմաններուն
մէջ,
պիտի
յանգէր
վէպ
մը
յերիւրելու։
Տուի
պատճառները
իմ
զգուշաւորութեան։
Բանաստեղծին
բառերը
փողոցին
բառերն
են։
Զգացումը՝
ամէնուն
սեպհականութիւնը։
Այդ
զգացումին
տրուած
ուժգնութիւնը՝
ոչ
անբացատրելի։
Բայց
սխալի
մէջ
ենք,
եթէ
երբեք
երգին
բնագիրը
փորձենք
առանձին
արժեւորել
։
Կարդացէք
որեւէ
թատերական
թիրատ,
անջատուած՝
բեմէն,
դերասանէն,
ամբողջէն։
Վտանգին
մէջն
էք
կործանելու
կտոր
մը,
որ
ձեզ
պիտի
յուզէր,
եթէ
երբեք
պարտ
ու
պատշաճ
զգեստաւորումով
մատուցուէր
ձեր
ընկալչութեան։
Աշուղին
կոկորդը,
գործիքը,
անձը
ու
հմայքը
այդ
քերթուածը
կընէին,
կը
հաւատամ,
այլապէս
փարթամ
խռովքի
հանդէս
մը։
Կ՚անցնիմ
ձեւին
քննութեան։