Թ.
Ո՞վ
ըսաւ
քեզի,
որ
ես
աբբա
Մարկոս
մըն
եմ
ծնած։
Ինչո՞ւ
կը
մոռնաս,
որ
տարիքը
իր
իրաւունքները,
մեղքերը,
խենթութիւնները
ունի։
Պալատէն
գեղի
մը
ժամը
իբրեւ
քահանայ
իմ
էջքը
կը
վերածես
ծանր
իրողութեան,
քու
խելապատակէդ
հանելով
ուզած
յիմար
հեքիաթդ։
Ի՛նչ
որ
ալ
ըլլայ
շարժառիթը
զիս
պալատէն
գեղի
մը
ժամը
գահավիժող,
էականը
վիճակն
է
գեղի
քահանային։
Աւելի
քան
հազար
տարիներ
մեր
երկիրը
այդ
մարդերը
գիտցաւ
իբրեւ
գերագոյն
բխումներ։
Աստուծոյ
ընտանի
ու
անոր
Գործին
զինուորագրուած
ասպետներ։
Դուն
մտապատկերի
ձեւով
տեսար
մաս
մը
բան
իմ
ապրումներէն։
Սոփեստ
ես,
երբ
կը
կարծես
ծերութիւնը
օգտագործել։
Ես
ճանչցայ
այդ
վիճակը,
ներսէն
ջուրը
քաշած
միսի
ողբերգութիւնը։
Սայաթ-Նովան
իր
կեանքին
մօտ
կէսը
թագաւորի
մը
պէս
ապրեցաւ,
միւս
կէսին
մէջ
քաւելու
համար
այդ
դժբախտութիւնը։
Հագայ
իմ
մեղքը
–
որուն
պիտակը
ոչինչ
պիտի
փոխէր
խորքէն,
քանի
որ
էականը
տառապիլն
էր,
ոչ
թէ
այդ
տառապանքը
շահագործել
–
համակերպում,
պարզ,
համեստ,
ինչպէս
հագեր
էի
իմ
փառքը,
հպարտ,
պերճ
ու
փարթամ։
Կեանք
է
անունը
այս
խաղին
ու
դուն
կը
պարծենաս,
որ
կեանքի
աշխատաւոր
մըն
ես։
Քու
շուրջդ
երբ
ամեն
ինչ
կեանքի,
իր
իմաստին
կը
ստորադասես,
ընդունէ,
որ
քեզմէ
հեռու
դարերուն
ալ
օրը
ուրիշ
բան
չէր
մեր
գլխուն,
–
կեանք,
կեա՛նք,
կեա՜նք։
Դո՞ւն
ես
ըսողը,
թէ
ուրիշ
մը,
որ
ողջ,
բայց
բորոտ
շուն
մը
հարիւր
հեղ
աւելի
կ՚արժէ,
քան
փարթամ,
բայց
դիակ
առիւծ
մը։
Զիս
կը
զգաս,
կ՚ապրիս
ալ,
բայց
քու
թունաւորուած
զգայարանքներովդ։
Մեր
օրերուն
կ՚ապրէինք
մենք
մեզ,
առանց
մտածելու
այդ
ապրումը
քեզի
պէս
թանգարանցու
ապրանքի
վերածելու։
Արուեստին
մեղքերէն
է՝
ամէն
բան
իրեն
ենթարկել։
Երբ
իմ
դավթար
ին
մէջ
դուն
երգեր
կը
գտնես,
ատիկա
քու
դրական
փառասիրութիւններուդ
մի
մօտեցներ։
Ես
կը
գրէի,
որպէսզի
ուրիշներ
ալ
ըլլան
հաղորդ
այդ
ամէնուն
եւ
ոչ
թէ
քեզի
պէս
օրէնքներ
բանաձեւելու
նանրամտութեամբ։
Անշուշտ,
տեղն
է
քու
եւ
ընկերներուդ
երեսին
տալու
անիմաստ
յաւակնութիւնները,
–
աշխատանք՝
ձեր
ժողովուրդին
ոգին,
խորհուրդը
վերլուծելու։
Կը
գրեք
էջեր,
գիրքեր
ու
կը
հեռացնէք
մեր
հասողութենէն
ամէնէն
պարզ
բառերը,
բաները։
Կը
խօսիք
այդ
խորհուրդէն,
մշակոյթէն,
ձեր
մտքին
առջեւ
հազիւ
թէ
ունենալով
իրաւ
կտաւը
մեր
օրերուն։
Գրական
հանգանակներ,
տեսութիւններ,
հպարտութիւններ,
սպառնալիք,
ձեր
ժողովուրդին
հոգին
երեւան
հանելու
ձեր
ասպետութիւնը
սպառազինելով
անգոյ
ու
գոյ
զէնքերով։
Հանդարտ,
պարկեշտ,
մա՛նաւանդ
համեստ,
բարեկամ։
Բառերով,
նետելով,
ենթադրելով
չէ,
որ
կը
թանձրանայ
ժողովուրդի
մը
հոգին,
տեսանելի
ըլլալու
աստիճան
զայն
կազմող
մեծին
ու
պզտիկին։
Դուն
հազիւ
կը
հասկնաս
փաստը
արցունքին
–
որ
կաթիլ
մը
հոգի
է
սակայն
–
երբ
կու
գայ
անիկա
աչուըներէն
մանուկին
ու
պառաւին,
ցաւի՝
ինչպէս
ուրախութեան
մէջ,
ինքնաբերաբար,
սազի
մը
լարերէն
փրթող
անտես,
բայց
իրաւ
շրթունքի
մը
ներքեւ,
այդ
պառավին
ու
այդ
մանուկին
հոգետունին։
Իմ
օրերուս,
այդ
ժողովուրդը
ունէր
անշուշտ
իր
հոգետունը,
հիներուն
սրբութեան
խորանը։
Չես
հաւնիր
հովիւ
մարգարէին,
բայց
անիկա
Գերմանիա
իմաստասիրութիւն
ըրած
քննադատներէն
աւելի
լաւ
կը
ճանչնար
մարդկային
հոգին։
Ժողովուրդները
առանց
սրբութեան
խորանի՞։
Իմ
պապերը
ո՛չ
միայն
ունէին
այդ
խորանը,
այլեւ՝
անկէ
ներս
առաջաւորութեանց
հացերը,
որբին
հասնելու,
չունեցողին
օգնելու,
հոգին
զգաստ
պահելու,
ուրիշին
այգիին,
կնկանը,
փառքին
վրայ
ո՛չ
մէկ
պղտոր
նայուածք
յօրինելու
պատգամները,
ոսկի
գիրերով,
մետաքսի
պէս
թարմ
մագաղաթի
վրայ
գրուած
մեր
գառնուկներուն։
Մեր
հպարտութեանց,
աւանդութեանց,
սրբութեանց
անգիր
մատեանները։
Մեր
հեքիաթները։
Մեր
երգերը։
Մեր
ուրախութիւնը
խտացնող
մեր
բանաստեղծութիւնները,
բայց
մա՛նաւանդ
մեր
ամէնուն
գերագոյն
փառքը,
հայ–քրիստոնեայի
մեր
արդար,
պարզ,
սրտառուչ
բարոյական
ըմբռնողութիւնը։
Կրնա՞ս
այս
բառերը
կերպարանափոխել,
անոնց
ետին
դնելու,
գտնելու
համար
քու
հայու
խորհուրդդ։
Գրագէտ
մըն
ես,
այսինքն՝
բառերու
աճպարար
մը,
այսինքն՝
չեղածը
եղածի
պէս
արժեւորող
չարչի
մը։
Բայց
ես
քաշքշուքը
չեմ
սիրեր։
Դուն
ալ,
արեան
ջատագով՝
պիտի
չսիրէիր,
որ
փորձուի
ծաղրին
դիմածռութիւնը
հո՛ն՝
ուր
այնքան
ծանր
տագնապներ
կրկէս
են
եկած։
Ի՞նչ
էր
հայուն
խորհուրդը,
իմ
օրերուս,
եթէ
ոչ
ա՛ն՝
որուն
մեծ
միութիւնները
տուի
քիչ
մը
վերը։
Ի՞նչ
ուզեց
քու
ժողովուրդը
Աստուծոյ
արեւէն։
Ասիա՞ն
թէ
Եւրոպան,
լման,
ինչպէս
ուզեցին
այնքան
ուրիշ
ժողովուրդներ,
այդ
արեւը
Աստուծոյ
փոխելով։
Ուզեց,
որ
պարտէզը
մնար
իրեն,
անոր
շրջափակին
թշնամիին
երիվարը
չբանար
անարգանքին
դուռները,
անոր
ծառերուն
չբարձրանար
աւազակին
բազուկը,
անոր
պտուղները
ապրէին
իրենք
իրենց
կեանքը
ու
իրենց
մահը
բերէին
տուն,
ուրիշներուն
ալ
կեանք
դառնալու։
Ուզե՞ց
այդ
ժողովուրդը
թիզ
մը
հող,
անիրաւ
ու
բռնավաստակ,
իր
այգիին
վրայ
իբր
յաւելում։
Ի՞նչ
կ՚ուզէր
քու
ժողովուրդդ,
իր
տուներուն
խորը,
իր
պարզ
անկողինին
ու
օրրանին
ու
սեղանին
ու
սնտուկներուն
ու
գոմերուն
համար,
եթէ
ոչ
անո՛նք
միայն,
որոնք
իր
պապերէն
ի
վեր
էին
իրեն։
Ելա՞ւ
մէկը
այդ
մարդոցմէ
ճամբաներուն
վրայ՝
սուրով
գրաւելու
ուրիշին
եզն
ու
գառնուկը,
դեսպակն
ու
բերքը։
Խառնե՞ց
անիկա
հացին
հատիկը
անարդար
ցորենին։
Չտուա՞ւ
անիկա
իր
եղն
ու
մեղրը
անօթիին։
Չհասա՞ւ
անոր
շէն,
բարի,
զուարթ
բնաւորութիւնը,
ամոքելու
համար
աշխարհէն
անպակաս
վայրագութեանց,
ջարդերուն
անըմբռնելի
անմարդութիւնը։
Իմ
օրերուս,
այս
բոլորը
գիրքերու
մէջ
չէին
նստած,
այլ
արեան
մէջն
էին
մեծին
ու
պզտիկին։
Ինծի
ծանօթ
է,
թէ
ինչպէս
քու
մանկութիւնդ
զգաց
ծանր
թաթը
թուրքին։
Զրկանքը,
տարագրութիւնը,
քու
ժողովուրդիդ
վրայ
գործադրուած
անհուն
եղեռնը,
մա՛նաւանդ
քու
հիացումդ
արժող
քաղաքակիրթ
ժողովուրդներու
կողմէ
քու
ժողովուրդիդ
դէմ
ցոյց
տրուած
անասնական
անգթութիւնը
սեւցուցած
են
ողջմտութիւնդ,
բացսիրտ
հոգեխառնութիւնդ։
Է՜յ,
տղա՛ս։
Ես
պալատական
երգիչ,
ես
քահանայ,
ես
աբեղայ,
ես
նահատակ՝
ապրեր
եմ
այդ
ամէնը,
քեզի
հաւասար
ուժգնութեամբ
մը
զգալով
այդ
կրակներուն
կսկիծը,
ճենճերը
իմ
ջիղերուս
ամէն
մէկուն
վրայ
առանձին–առանձին։
Մի
թեթեւցներ
մեր
իմաստութիւնը,
մեր
պատմութեան
կապելով
մեր
զգալու
դրութիւնը։
Մեր
դարուն
մեր
խելքը
չէր
բարակ,
ու
չէինք
տառապեր
նոր
գաղափարականներու
մեր
ներսը
բանած
տառապանքներն
ալ
զատ–զատ։
Բայց
մօտիկ
չէի
քու
հոգիիդ,
որ
հիմա
չ՚ըմբռներ,
թէ
ինչո՛ւ
անոպայ,
անկիրթ,
բարբարոս
ժողովուրդներ
արժանի
ըլլան
ո՛չ
միայն
վայելքի,
հողի,
հեշտանքի,
այլեւ
վարկ,
փառք
շահին
ուրիշներէ,
այդ
վայրագութեանց
իսկ
իբր
փառաբանում,
վճարում։
Մենք
ալ
եղել
ենք
այդ
ամէնուն
հետ
ու
մէջ։
Դուն
կը
ցաւիս։
Մենք
այդ
ցաւը
չէինք
ազատագրած։
Բայց
ատիկա
քեզի
պէս
նիւթ
չէինք
ըներ
ողբի։
Համոզուած
էինք
մեր
գերազանցութեան,
երգեր՝
ո՛չ
անասնութիւնը,
արիւն
թափելու
հերոսութիւնը,
հրդեհին
փառքը,
այլ՝
եղին
ու
մեղրին
բարութիւնը,
աշխատանքին
անուշութիւնը,
երկինքին
անթառամ
գեղեցկութիւնը։
Ու
ատիկա
բաւ
էր,
որ
մեր
բոլոր
զրկանքները
մեզի
ըլլային
հանդուրժելի։
Հիմա,
մեզմէ
երկու
դար
վերջը
գալով,
դուն
չես
կրնայ
ըմբռնել,
թե
ինչո՞ւ
քու
այնքան
շէն,
աշխատասէր,
ստեղծող
ժողովուրդը
նորէն
ըլլայ
ինկած,
կործանման,
չարիքին
կրունկներուն
ներքեւ
դիտապաստ,
երբ
անիկա
ամէն
արժանաւորութիւն
ունէր
ինք
իր
տունն
ու
տեղը
հասցնելու
սխրալի
բարգաւաճման
մը
համապատկերին։
Ու
ցաւ
է
ասիկա,
անդարման՝
ինչպէս
կործանարար,
քու
մեղքիդ,
հոգիիդ։
Չես
կրնար
համոզուիլ,
որ
այդ
պայմանները,
նոյնութեամբ,
կ՚իշխէին
իմ
ալ
դարուս։
Բայց
աշուղ,
քահանայ,
բանուոր,
արհեստաւոր,
շինական,
ինչպէս
պազիրկեան,
մենք
չէինք
մոռցած
մեր
պապերուն
գիտութիւնը
այդ
ամէնը
փոխակերպելու
կեանքի
հանդէսի
մը։
Մենք
այդ
ամէնով
տառապիլը
ո՛չ
միայն
չէինք
վերածեր
տկարանալու,
յուսահատելու
դրութեան
մը,
այլեւ
կ՚ընէինք
գեղեցկութեան,
գերազանցութեան
նախապայման
շրջան
մը,
փորձութեան
անձուկ
շրջան
մը։
Կը
մեղքնամ
քեզի,
ո՛չ
անշուշտ
որ
տեuար
մեզմէ
աւելի
սեւ,
անժուժելի
չարիքներ,
քաշեցիր
աւելի
քան
կէս
դար
լուծերը
հայուն
ու
թուրքին,
խելքին
ու
կիրքին,
արուեստին
ու
զրկանքին,
ծաղրուեցար
ու
հալածուեցար։
Անոնք
գիւղացիի
քու
ջիղերդ
կործանելու
անբաւական
էին։
Կը
մեղքնամ,
չես
կասկածիր,
ա՛յն
անասելի
ցաւին
համար,
որ
քու
վերջին
քառորդ
դարը
սեւ
պատանքի
մը
մէջ
առած
է,
ու
քալեցուցած
քեզ
աչքերդ
փակ
Աստուծոյ
արեւին
ու
բարիքներէն
անզգայ,
խենթի
պէս
ու
մարգարէի
պէս։
Քանի՜–քանի՜
անգամ՝
իմ
ուրուականը
հսկեր
է
քու
ցաւիդ,
մտքիդ
դաշտերուն
վրայ՝
նոճիի
մը
պէս,
որուն
ոտքը
ըլլար
խարսխած
գերեզմանի
մը
սիրտը։
Մարդիկ
մէկ
անգամ
կը
մեռնին։
Դուն
չանցուցիր
օր
մը,
առանց
այդ
գերեզմանին
մտատեսեալ
տրամային։
Յիմա՜ր։
Է՛իր
անշուշտ,
երբ
կեանքէն
քեզ
ազատող
այդ
գերագոյն
բարիքն
ալ
կը
վերածէիր
անդարման
չարիքի։
Ուզէիր
փառք,
վայելք,
ու
քեզի
անոնց
պակսելուն
ցաւը
վերածէիր
ներքին
տրամայի,
կը
մնայիր
մարդկային։
Բայց
սուզեալ
գերեզման,
քու
գեղիդ
սօսիին
տակ,
հովիւի
մը
սրինգին,
ջուրերու
եւ
բլուրներու
փափուկ
գգուանքներուն
հեռանկարովը,
–
ահա՛
յիմարականը,
տրամաթիքը,
քու
բառերովդ։
Կը
դնէիր
դուն
քեզ
այդ
ամէնէն
հեռու,
դեղահոտ
հիւանդանոցի
մը
մահիճին,
մինակ,
մինա՛կ,
մինա՜կ
–
պիտի
չուզէիր,
որ
քու
շիջումիդ
տեսարանը
սիրելիներու,
մտերիմներու
հոգին
տպաւորէր
ու…
քանի
մը
կաթիլ
արցունք
ճարէր,
այնքա՜ն
աշխարհի
ցաւը
քեզի
մենաշնորհ
մը
դաւանեցար
–
սէրդ
տակաւ
ելլող
իր
զարկէն,
միտքիդ
ու
հոգիիդ
թեւերը
լիարձա՛կ՝
դէպի
անհունները։
Ու
ասիկա
քու
յիմարութիւնը։
Մեր
օրերուն
մեռնիլը
ունէր
իր
անուշութիւնները։
Ի՜նչ
համեստ,
ի՜նչ
սրտագին
ես
ընդունեցի
անոր
հրեշտակները,
սուսերամերկ
մարդեր,
որոնք
առին
իմ
ուսերէս
իմ
գլուխը,
առանց
նայելու
իմ
բաց
աչքերուն,
թէ
ի՜նչ
բարիք
էր,
որ
կ՚ընէին
ինծի,
առանց
գիտնալու,
որ
իմ
մահը
կ՚ընէին
այնքան
գեղեցիկ,
արժանավայել
իմ
պապերուն
ամէնէն
սուրբերուն։
Դուն
չես
հաւատար
սրբութեան,
հակառակ
անոր,
որ
այդ
վիճակը
չպակսեցաւ
քեզ
տախտապարող
անասնութեանց
ամէնէն
ծանր
գրոհներուն
ալ։
Քեզի
բացին
իրենց
տուները
մայրեր,
ընդունելու
քու
մահագիր
ու
գին
կտրուած
գլուխը
թուրքին
դանակէն
ու
պատսպարեցին,
ինչպէս
պիտի
ընէին
իրենց
հարազատ
զաւկըներուն։
Քեզ
պահեցին
կիներ,
միշտ
այդ
թուրքին
վայրագ
հալածանքէն,
յօժարելով
իրենց
ամուսիններուն
տարագիր
մահուան
ու
դուն
լացիր
հոգեկան
այդ
մեծութիւններէն
նուաճուած։
Բայց
ես
չեմ
եկեր
հոս,
քու
կեանքդ,
անոր
մեծ
երակները
նորոգելու
այս
կէսօրին,
երբ
Անուշաւանին
քամանչան
կը
պոռպռայ
ու
քու
բանուոր
եղբայրներուդ
հոգին
կը
դողդղայ
հեռու–հեռու
յոյզերու,
ուխտերու,
սէրերու
տրոփին
ներքեւ
ու
քու
աչքերուդ
ձգուած
է
կախարդ
պրիսմակը
սա
տեսիլքին։
Երբ
բանաս
այդ
գոց
աչքերդ՝
պիտի
տեսնես
ամէն
բան
իրենց
գոյնին
մէջ
ու
պիտի
մտածես
իմ
ուրուականին։
Իմ
օրերուն
քունն
ու
մեռելը
մէկ
էին։
Իմ
օրերուն
մեռնիլը
հանգչիլն
էր,
հաւաքուիլը,
թեթեւնալը,
Աստուծոյ
մէջ
հասնելու
ապահովութիւնը։
Իմ
միտքե՞րս։
Որքա՜ն
անկշիռ
էին
անոնք՝
յաւիտեան
մը
տառապանքին
նժարին
աչքին։
Երգիչը
չի
կրնար
չարագործ
մը
ըլլալ։
Քեզի
համար,
մեռնի՞լը։
–
Այդ
ամէնէն
բոլորովին
տարբեր
բան
մը։
Անիկա
անսփոփ
ցաւն
էր
կէս
ձգելու
քու
յիմար
գիրքերդ,
որոնք
արդէն
բաւ
են
քեզի
դժոխք
մը
ճարտարապետելու,
այնքան
անոնք
քեզի
արժեցին
սեւ
ու
ծանր,
սա
կարճ
աշխարհին
բոլոր
բարիքները
քեզի
չխօսող
սուտ
ու
փուտ
խաղերու
վերածող։
Պակսիլն
էր
գլխէն
զաւկըներուդ,
որոնց
մատաղութիւնը,
երիտասարդութիւնը
կը
վերակազմես
քու
կոտրտած,
կործանած
մարմինին
փլատակներէն,
–
մէն
օր,
ու
կ՚ապրիս
այդ
հեքիաթը
բիրտ,
յամառ,
յիմար
ուժգնութեամբ,
դողդղագին
ու
յուսահատ,
ամանէն
դուրս
թափվող
կեանքի
ամէն
մէկ
կայլակին
համար
անհաւատալի
տառապանք
մը
պարտադրելով
անշուշտ
ո՛չ
ի
հաշիւ
սա
աշխարհին
ու
անկէ
գալիք
ճիղճ
կամ
փարթամ
բարիքներուն,
այլ՝
ի
հաշիւ
գիրքերուդ,
դո՛ւն՝
որ
տարիներդ
լիաբուռն
բաշխեցիր
ուրիշներուն
խելքը,
միտքը,
ջիղերը
կրթելու
ու
քու
հանգիստի
ժամերդ,
քունդ,
կարելի
խաղաղութիւնը
զոհեց
իր
քու
թղթեղէն
կայսրութեանդ
ամբարձումին։