Ա.
–
«
Աղաչեմ
զանփոփոխելի
տէրութիւն
ամենազօր
Հոգւոյդ
հզօրի
…»։
Խոնաւ,
բայց
պայծառ
ու
մսկոտ
լռութեան
մը
մէջէն,
ուրկէ
թարմ
շուքեր
անցնէին,
այսպէս
կը
սկսի
մռայլ
ու
քաղցրագիծ
դէմքով
պատանին
իր
ընթերցումը։
Հինաւուրց
ու
փառաւոր
կամարին
ներքեւ,
յստակ
ու
բարձր,
որ
կը
թուի
ծծել
դողդոջ,
քիչիկ
մը
խակ
սա
հոսումը
բառերուն,
մեղեդային
ու
անորոշ,
ձա՛յնը՝
վարանոտ,
մատաղ,
փայփայանքի
մը
նման
իր
նուրբ
ծփանքը
կը
վերառաքէ
դէպի
բարկ,
ցայտուն
ծաղիկները՝
գմբէթը
պսակազարդող,
մաքուր
ու
տաք.
նոյն
ատեն
զգաստ,
լուրջ,
բարի.
կարծես
զղջալով
իրենց
գեղեցկութիւնը,
իմաստը,
սա
խստամբեր
մարդոց
վերեւ:
Շէնքերու
հոգին
պարզ
փոխաբերութիւն
մը
չէ։
Անոնք,
ժամանակին
հետ
ու
մէջէն՝
կ՚ընեն
իւրացումներ
իրենց
ծոցին
թաւալող
յոյզերէն
ու
կը
փոխակերպեն
զանոնք
սեպհական
թելադրանքի։
Փնտռեցէք
ձեր
ետին։
Ձեր
ձգած
տուներուն
հոգին
կը
թափառի
սա
գերութեան
գօտիներուն
մէջ,
ձեր
շուրջը։
Առաջին
առտուն
է
դպրոցական
տարիի
մը։
Տղաք։
Որոնց
ամրափակ
կեցուածքէն,
սեղաններուն
առաջօք,
դժուար
է
վերանալ
արձակութեան,
խանդին,
անցնող
հանգիստի
ամիսներուն
մէջ,
ուր
լեռ
ու
բլուր
ամէն
օր
ըրին
առաթուր,
իրենց
բնազդներուն
անձնատուր։
Լուրջ,
իրաւ,
ինքնամփոփ
–
իբրեւ
թէ
լեռներ
չպառկէին
իրենց
մտքի
հորիզոններուն
–
կը
հետեւին
դատական
ընթերցումին։
Կրօնական
է
սա
վերամուտը.
տրտում,
հանդիսաւոր,
խորունկ։
Կարդացուած
է
Սերմնացանին
առակը,
ըստ
Մատթէոսի,
հաւանաբար
տղոց
ներսը
ոգեկոչելով
տարօրինակ
վարդապետը,
գլխուն
հաւաքած
խոնարհ
գեղացիներուն
հօտերը,
անոնց
այրած
հոգիներէն
ներս
քաղցը
իր
բառերը
անձրեւի
պէս,
ցօղի
պէս
«առաքելով»։
Երգուած
է
«
Որք
զարդարեցին
»
շարականը,
ուր
միտքը,
իմաստը,
լոյսը
կը
զգեստաւորուին,
կը
զարդարուին
«
յարգանդ
մաքուր
Մեծին
Մեսրոպայ
»,
տղոց
ներսը
վերստեղծելով
մեր
պատմութեան
նոյնքան
տարօրինակ
մէկ
մարդը,
զինուոր,
քարտուղար,
մարգարէ,
խոտաճարակ
ու
անտուն
աշխատանքի
տիրական
խորհրդանիշ,
ոչ
ցանած
է
կրակը,
դարձեալ
խոնարհ,
անգիծ
ուղեղներէն
ներս
իր
աշակերտներուն,
մաքրագործած
տրտմութիւնները
անգիր,
անուսում,
բուսային
ապրումին,
ու
մղած
զանոնք
այդ
կրակը
տարտղնելու
մեծ
աշխարհի
մը
բոլոր
ծագերուն։
Ինծի
կու
գայ,
թէ
սա
խորհրդաւոր
արարողութիւնը
փշրանք
մըն
է
հին
դարերէն,
երբ,
այժմու
սա
շքեղ
շէնքին
փոխարէն,
սա
տեղերուն
վրայ,
թշուառ
ու
ծուարած,
կ՚ապրէր
նախնական
կառոյց
մը,
քանի
մը
սենեակի
ծաւալով,
Ս.
Յակոբայ
տաճարին
իբրեւ
տնկարան,
եւ
ուր,
աշխարհին,
Հայոց
աշխարհին
հեռու
խորշերէն,
բոպիկ,
բայց
հաւատապինդ,
տարուէ
տարի
կը
փութային
խմբուիլ
թուխ
կամ
բաց
մանչեր,
կատաղի,
որքան
խանդոտ,
առոյգ
ու
յամառ,
բայց
տարօրէն
բարի,
ամուր,
իրաւ
հոգիներով,
ամէն
մէկը
մեր
հայրենիքին
մէկ
իսկութիւնը,
մէկ
սրբութիւնը
իր
ազազուն
կամ
ցասկոտ,
յորդ
մարմինին
մէջը,
խորը
թանգարանած,
օր
մը,
պարագաներու
արտօնութեամբ,
զանոնք
իբրեւ
սրտառուչ
գործունէութիւն,
քաղցրագին
նուիրում
արժեւորելու
խուլ
ըղձաւորութեամբ։
Անոնք
էին,
որ
պիտի
կազմէին
անընդհատ
շարանը,
աւելի
վերջը,
այն
մարդոց,
բոլորն
ալ
վարդապետ,
առնուազն
միաբան,
որոնք
հայթայթեցին
զինուորագրութիւնները
նորօրինակ
խաչակրութեան,
նուիրուած
«
Ս.
տեղեաց
մէջ
»
մեր
իրաւունքները
անայլայլ
պահպանելու
պարտքին
ու
փառքին։
Այսպէս
կը
մղուի
մտածել
ամէն
հայ,
որ
աչքէ
կ՚անցնէ
Տնօրինական
վայրերը,
այդ
մութ
ու
խորհրդաւոր
ձգողութեամբ
խորշերուն
մէջ
վազած
երիտասարդական
կորովը
մտքով
կը
չափէ,
ու
կը
մտերմանայ
նսեմ
այդ
կամարներուն
ներքեւ
եռ
եկող
ահեղ
կիրքերու
գուպարին,
պատմութեամբ
կամ
բանիւ
բերանոյ
հաղորդուած
իրեն…։
Անկարելի
է
չզմայլիլ
սա
ժողովուրդին
ալքերուն
խորը
դեռ
անյայտ
ուժերու
սա
փաստերուն
դիմաց։
Լրջութիւն։
Տրտմութիւն։
Երիտասարդութիւն։
Ուսում
ու
պայքար։
Կան
այս
բոլորին
հեւքերը
տղոց՝
ինչպէս
անոնց
մեծերուն
վրայ։
Վերէն,
ալեփառ
դէմքերու
շարքերէն
մինչեւ
հազիւ
պարմանի
տղաքը
խոնարհագույն
դասարանին,
պճլտուն
ու
միամիտ,
ամէնուն
ալ
հոգին
կ՚այցուի
պահէն
վեր
յուզումով
մը։
Փափուկ,
տաք,
համակ
թրթռուն
սա
պզտիկները,
ոմանք
դէպի
մեծերը
սեւեռաբիբ։
Ուրիշներ՝
ով
գիտէ
ի՛նչ
երազներու
արշալոյսին
մէջէն,
թեթեւօրէն
ժպտագին,
քանի
որ
այդ
ժպիտը
անոնց
տարիքին
ծորումն
է
անոնց
մարմիններէն
դուրս,
«բռնկում»
մը,
ինչպէս
կը
պատկերէ
բանաստեղծը։
Շարժումը,
թրթռումը
ժպիտն
է
անոնց
ու,
կեանքին
ալ
ծաղիկը։
Մեծերուն
հանգած,
զուսպ
տրտմութեան
դիմաց
մատղշուկ
սա
խանդը,
լարուածքը,
նետուածքը
կը
ստեղծեն
պատկեր։
Սլացիկ
ձեւերէ
կազմուած
սա
աղեղին
կեդրոնը՝
նահապետը
Աթոռին։
Մօտ
իր
երեք
քառորդ
դարովը։
Ծանր։
Խոհուն։
Նոյնիսկ
տրտում։
Աստուած
գիտէ
այցուած
ի՜նչ
հեռու,
խռովիչ
յոյզերի
ու
յուշերէ,
երբ
իր
նայուածքը
փոխնիփոխ
կը
պտըտցնէ
տղոց
շարքին
կրկնակ
թեւերուն,
այդպէս
մատաղ,
սլացիկ,
կանանչ
ու,
ինք
պիտի
ճշդէր՝
կած
ու
կրակ
։
Որքան
դժուար
է
մեզի
տղայ
չըլլալ,
սանկ
չափահասութեան
դուռներուն։
Բայց
որքան
ատոր
գիտակցութիւնը
իբրեւ
հրուանդանը
մեր
ետին՝
մշուշէն
կալանաւոր,
դադրեր
է
իր
իմաստէն։
Ո՜վ
տրտմութիւնը
թեւաբեկ
մարմիններուն։
…
Կը
փոքրանան
անոր
բիբերը,
թերեւս
ներքին
ուրիշ
տեսարաններու
վրայ,
թերեւս
իր
ալ
առաջին
օրուան,
սա
միտքի
եւ
հաւատքի
պալատէն
ներս,
երբ
շուարուն,
թրթռագին,
իրարմէ
ուժով
զգայութիւններու
ցնցումներով
հոգեպէս
պարտասուն,
իր
աչքերը
կը
նետէր
գմբէթի
դրաuանդներուն,
ողկոյզ
առ
ողկոյզ,
ու
անոնցմէ՝
սլաքային
անկումով
մը,
ետ,
դէպի
մօտիկ
երէկը,
կը
բանար
զանոնք
նոր
լքուած
նկարներու
վրայ,
ծովելով
հեռի,
կորսուած
հայրենի
տան
սրտայոյզ
պատկերներուն
ու
ասոնցմով
պայմանաւոր,
մօր
մը
(որուն
պակասը
աւելի
խորունկ
խռովք
մըն
է
ո՛չ
թէ
որբութեան
առաջին
տարիներուն,
այլ՝
աւելի
վերջը,
երբ
մայրն
ենք
մեր
զաւակներուն),
հօր
մը
(որուն
պակասը
պիտի
տառապեցնէ
մեր
չափահասութիւնը
մանաւանդ,
երբ,
զաւկի
մը
ձեռքէն
բռնած՝
կը
քալենք
դէպի
մեր
գերեզմանը),
քոյր–եղբայրներու
անջնջելի,
վճիտ
դէմքերու
պսակէն
շաղուըւած
քաղցրութիւններուն,
որոնց
գումարն
է
մեր
մարմինը
ընդմէջ
տասին
եւ
տասնըհինգին։
Մինակ
պտուղները
չեն,
որ
կը
հասուննան։
Նոյնն
է
բախտը
կարգ
մը
զգայութիւններու,
մեր
ներսը։
Կան՝
որ
հունտին
նման
նետուած
մեր
միսերուն
հերկին
մէջ
պիտի
սպասեն,
երբեմն
երկու
քառորդ
դար,
ծիլ
մը
արձակելու,
շատ
հաւանաբար
գերեզմանի
մը
կուշտին։
Ո՜վ
մեր
հոգին։
Ո՞ր
յիմարը
քեզ
կարծեց
ճանչնալ
ու
կապել
օրէնքներու։
Բայց
մեր
հոգի՜ն։
Որ
բանտարկեալն
է
կախարդ
վանդակին…։
Ի՞նչ
սրտառուչ՝
արցունքը
անոնց,
որոնք,
ճերմակ
մազերուն
ցուրտին,
պատանքին
մէջ
յանկարծ
կը
զգան
կտուցիկը
սրբազան
այդ
թռչունին,
հեռու
գարուններէն,
աւետաբեր,
որ
կը
զարնէ
ոսկի
իր
զարկը,
իր
բոյնը
կ՚ուզէ
ատ
ձմեռին
մէջը,
թարմ,
խարտեաշ,
ծաւի,
կապոյտ,
ծիածանի
բոլոր
գոյներովը,
ու
սպասումէն
յուսահատ,
թերեւս
ալ
լալով
մեր
ու
իր
աւերակին
վրայ,
կը
թառի
մեր
ամէնուն
համար
միակ
իրական
թառին,
–
հողակոյտի
մը
վերեւ
պարզուկ
քառաթեւին…։
«
Ալիք
իմաստութիւն
մարդոյ
են
»։
Այո՜:
Բայց
գի՞նը,
որ
ան
արժած
է
մեզի։
Բայց
մա՛նաւանդ
գի՞նը,
ներկայ
արժէքը
այդ
յիմարութեան,
երբ
մեր
մատներն
իսկ
անզօր
են
բաժակ
մը
խելք
մեր
շրթունքին
տանելու,
մեր
բազուկները
կարկա՛մ՝
որայ
մը
բարիք
մեր
ուսերուն
բարձրացնելու,
մեր
ուղեղը՝
անբաւակա՛ն՝
այդ
այսքան
սուղ
գնուած
իմաստութիւնը
պահպանելու։
Նահապետը
Աթոռին
այդ
իմաստութիւնը
գնած
է
գինով
մը,
որ
սակ
չունի
մեր
աշխարհի
շուկաներուն,
դատաստաններուն
վրայ։
Կան
բաներ,
որ
կեանքով
միայն
կը
գտնուին։
Ու
դուք
կը
հասկնաք,
պէտք
է
հասկնաք
ասիկա։
Դպիրներու,
սարկաւագներու
սա
թարմ
խա՞նդը,
յորդ
հասակնե՜րը
(պիտի
գրէի
հասկերը,
եթէ
չվախնայի
բռնազբօսութենէ),
այնքան
տարբեր
ամէնուն
գիտցածէն,
սպասածէն,
մա՛նաւանդ
կիսամութ,
կիսաղօտ
մօրուքը,
որ
այնքան
վաղահաս
տրտմութեամբ
մը
կը
սգաւորէ
անոնց
ճակատը,
կը
ստուերէ
անոնց
կզակները,
ոմանց
մօտ
աղուամազով
թաւշուած,
ուրիշներու
վրայ
արդէն
սեփ-սեւ
հիւսք։…
Օր
մը
իմ
ալ
ուսերէն
իջեր
է
այդ
սեւ
պատանքը
ու
պահ
մը
պատաներ
իմ
պատանութիւնը։
Ձայն,
սառում,
փշրանքը
բառերուն,
դէմքերուն
տակ
ճերմակ
ձմեռը
տարիքին.
երիտասարդներուն
մօտ՝
կրակ
գարունը
սեւ
աչքերուն…
բոլորը,
բոլորը
կը
խօսին
ինծի,
կը
կենան
ու
կ՚անցնին,
ինչպէս
արձագանգ
մը,
որ
կ՚ելլէ,
կ՚իջնէ,
բլուր
առ
բլուր,
նորէն
կը
դառնայ
ետ
ու
յուսակտուր
կը
թաղուի
ծոցը
անդունդին,
հոս՝
մօտիկ
փոսը
մեր
կարճ
տարիներուն…
Աջին
ու
ձախին՝
ուրիշներ։
Վեղարին
աղօտանուշ
ստուերին
մէջ,
ճերմակ–ճերմակ
ալիքներուն,
տեղն
է
գրել՝
իմաստովն
ու
փառքովը։
Մէկը,
որուն
ողնասիւնը
չեն
կրցած
կտրտել
տարիները,
լայն
իր
ծերութիւնը
հագեր
է
հպարտութեամբ,
պիտի
ըսէի՝
երջանկութեամբ,
եթէ
չգիտնայի…։
Միւսը,
գործախառն
իր
տրտմութեան
մէջ,
որ
մինակ
տարիքին
պսակը
կամ
յարդարանքը
չէ
ապահովաբար,
այլեւ
քիչ
մը
մոխիրը
սրբազան
երազներու,
բոլորն
ալ
առեր-պառկեր
անոր
հոգիին
խորը։
Ուրիշներ,
իրարմէ
տարբեր
զգայութիւններու
հանդէս
մը,
պա՜րզ՝
իմ
աչքերուն։
Բոլորին
ալ
ուսերուն
սանկ
քառորդ
մը,
երբեմն
աւելի
դար
մը
դաժան,
տրտում
սպասի,
սրտեռանդ
հալածուած
սրբազան
ուխտերու,
որոնք
կը
թուին
պատանած
ըլլալ
ինչ
որ
ուրիշներ
կեանք
կը
կոչեն…
Անմիջապէս
վար,
դէպի
տղաքը,
տարբեր
սլացք
մը,
առոյգ,
կորովի,
երիտասարդ
ձեւերու,
որոնց
զլացուած
ըլլար
փառքը
հասակին։
Սքեմին
սա
զրկանքին
հակառակ,
պարեգօտաւոր
այդ
ճարտարապետութիւնը
ունի
ուրիշ
ձգողութիւն
մը,
ինքզինքը
պարտադրող։
Բոլորին
գլխէն
վեղարը,
որ
ստուերուն
այդ
դէմքերուն
դալկութիւնը,
երբեմն
դեղնաւուն
մատաղութիւնը
կը
փորձէ
կարծես
հաշտեցնել
ապայժմէ,
հեռու,
մութ
բաներուն
տրտմութեան,
խռովքին։
Կան՝
որ
չեն
նայիր։
Կան՝
որ
հոն
չեն։
Կան՝
որ
ներսէն
կ՚արտասուեն։
Խոնաւ
ու
մսկոտ
ալիքին
մէջը
աղօթքին
բառերուն,
ամէն
մէկը
իր
առագաստն
է
պարզեր,
իր
ուխտերուն,
երազներուն
ափունքները
դէպի,
խորունկ
կսկիծին
մէջ
կենդանի
ճենճերումին,
որ
պսակն
է,
ըլլալու
է
իրենց
օրերուն,
երբ
տարիներ
վերջը
այդ
ափունքներուն
խրած
իրենց
մարմինին
խլեակները
պիտի
մէկտեղեն
ու
դնեն
քառաթեւի
մը
շուքին,
նայիլ
իսկ
վախնալով
ծովերուն՝
ուրկէ
անցան,
ցաւերուն՝
որոնց
ծոցը
ապրեցան,
յոյսերուն՝
որոնք
հորիզոնը
ճեղքեցին,
սուզուեցան
անվերադարձ։
Մեր
օրերուն
ո՜վ
է
հետաքրքրուեր
ուրիշներուն
ողբերգութեամբը։
Ամէն
մէկուն
համար
իրը
բաւ
է
ու
կ՚աւելնայ
անգամ։
Երիտասարդ
վարդապետները
իրարու
քով
ու
մէջ,
իրենց
ծփուն
սեւ
սաւաններով
վարշամակուած,
իրենց
վեղարներուն
սլացքովը
երբ
կը
թաւալին
իբրեւ
մեծկակ
ալիք
մը
սգաւոր
եռանդի,
տպաւորիչ
են,
ու
աւելի՝
իրենցմէ։
Տիրացուն
կը
շարունակէ
«
ի
դէմս
Հոգւոյն
Սրբոյ
»
իր
աղօթքը։
Արեւը
ա՛լ
փառք
է
ու
գեղեցկութիւն,
զարնելով
ոսկէ
իր
վրձինը
կամարին
ստորազարդերուն,
փշրուելով
վեղարներու
սլաքներէն
ու
բարակ
հրդեհ
մը
վառելով
ապակիներուն
մէջէն
ու
վրան։
Պահն
է
բռնկումի,
դուրսի
ու
ներսի
աշխարէներէն։
Աղօթքին
բառերը
եղեր
են
իմաստ,
հոգի,
մթնոլորտ
լեցնող
հսկայ
կամարը,
չորս
թեւերը
վարժարանին։
Ընտանի,
ծանօթ,
հողեղէն
իրականութիւն,
որուն
մէջ
անհատները
արձակէին
իրենց
մտածումին
արմատները,
ծծելու
համար
հրապոյրն
ու
յոյզը,
որ
մեր
բառերէն
կը
բխին
երբեմն։
Քիչ
մը
ետեւօք,
ու
քիչ
մը
հակ
(դէպի
գետին)
կը
հետեւիմ
այս
ամէնուն,
աւելորդ
է
ըսել,
բոլորէն
աւելի
տրտում։
Հեռու,
շատ
հեռու
բաներ
կը
սողան
ինձմէ
ներս,
ընդմիշտ
իբր
թէ
թաղուած,
–
որոնց
վրայ
«յարութեան
շունչ
մը»
իյնար։
Մէկէն՝
գիտակցութեան
դաշտին
ողողումը։
Ինծի
այնպէս
կու
գայ,
որ
այդ
ամէնը,
սա
աղօթքը,
սա
պատանութիւնը,
սա
երիտասարդութիւնը,
սա
դաժան
պայքարը
ու
սա
ծանր,
ապերախտ
սպասը
իմն
էին,
ապրեր
էին
իմ
մէջը…
…
Ու
կամաց,
շատ
կամաց,
որպէս
թէ
վախնային
դիւրաբեկ
ոստայն
մը
հղկելէ,
անտեսանելի
մատները
կ՚երկարին
իմ
թարթիչներուն,
իրարու
հիւսելու,
կարանելու
անոնց
մեղաւոր
ցանցը,
ընդդէմ
աշխարհին։
Դադրած
է
լոյսը՝
արեւէն.
ու
դիւթքն
ու
մշուշը՝
ձայնէն։
Կակուղ՝
պատերը
իմ
յուշերուն,
որոնք
կ՚ընկրկին՝
հետզհետէ
աւելի
յստակ
դառնալու
համար։
Հասունութիւն,
որ
վիճակ
է՝
որքան
պատկեր,
յոգնութիւն,
հանգիստի
փափաք,
որոնք
զգացումներ,
ամուր,
յստակ,
հողին
համը
մեղմել
ջանացող,
այնքան
իրաւ
իմ
շուրջն
ու
ներսը։
Ու
վաստակաբեկ,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
աւելի
ճիշդը՝
քաշուած
ուժով,
անխուսափելի
ձգողութենէ
մը,
իմ
գլուխը
կը
հակի
քիչ
մը
աւելի
խոնարհ,
ընդունելու…
փուշէ
պսակը
իմ
ալ
կէս
դարուն։
Ու
պարոյր
առ
պարոյր
կ՚անցնին
իմ
ճակատէն
սլաքումները
ցաւին,
մանր
ասղնտուքովը
աննահանջ
սղոցումին։
Ոչ
հերոսութիւն
ու
ոչ
համեստութիւն։
«Չափուած
օրերը»
մարդը
կ՚ընեն…
իմաստուն,
լայն,
նոյնիսկ
ժպտուն։
Չեմ
գիտեր
ինչու
սա
փուշէ
սաղաւարտին
տեսիլքը
կը
բռնանայ։
Ու
ահա
անբացատրելի
զուգորդութիւն
մը
մտքիս
կը
բերէ
բանաստեղծին
տողերը՝
…Ըզպըսակ
երջանկութեան
իմոյ
առ
ոտըս
քո
եդեալ
Զոր
ի
քնքուշ
ձեռանէդ
եւ
ի
գթոյդ
ես
ընկալայ…
բանալով
ամբողջ
օտար,
հեռու
աշխարհ
մը,
սիրային
տրաման
ու
ողջակէզ
ճենճերումը
մեր
մեծ
բանաստեղծներէն
մէկուն։
Ո՞ր
պատրանքին
կամ
կսկիծին
տակ
քերթողը
գրեց
սա
տողերը…։
Անոնց
ետին
կը
յառնէ
այդ
Պոլիսը,
անոր
աղջիկները,
անոր
հողին,
մա՛նաւանդ՝
որ
այնքան
թունդ
իսկութեան
մը
նման
կը
ծաւալի
իմ
ջիղերուն
ամբողջ
ճամբաներէն…։
Ո՜վ
հեգնութիւնը
կեանքին։
Փուշի
պսակին
խոնարհող
գլուխը
հիմա
հանդէս
մըն
է,
այլապէս
դժնդակ,
անժուժելի
զգացումներու,
տարիներ
իմ
ներսը
տուն–տեղ
եղած,
իմ
նեարդներուն
ամէն
մէկ
մաղէն
իրենք
զիրենք
շաղապատող։
Գրող
ու
յիմար
նոյն
ատեն։
Քսան
տարի
այս
երիտասարդը
գրեց,
երգեց,
խանդավառեց
ու
գերեզման
իջեւ,
որպէսզի
դառնայ
անկէ…
իր
երջանկութեան
պսակը
նետելու
աղջկան
մը
ոտքին…։
Լացնելու
չափ
տխուր
է
անշուշտ
սա
ռոմանթիզմը։
Եւ
սակայն
ինչու
տարակոյսի
մեղմ
ժպիտ
մը
կ՚ուրուանայ
լման
հոգիիս
երեսին։
Ի՞նչ
անթափանց
խաւար,
ի՜նչ
լեռնացած
տրտմութիւն
է
իմ
կէս
դարը,
ուր
որքան
սեւ
բաներ
պատեն
կապեր,
բանաստեղծին
միամիտ
ռոմանթիզմին
փոխարէն։
Ի՜նչ
քնքուշ
ձեռք։
Ի՜նչ
գութ։
Ես
չգտայ
անոր
հետքերուն
վրայէն
ոչ
իսկ
գրական
իր
ներշնչումները։
Իմ
գտա՜ծը։
Փափուկ
ձեռքերուն
տեղ,
անողոք
մուրճը
ճակատագրին,
սալին
վրայ
իմ
երազներուն,
կիրքերուն,
պատրանքներուն։
Իմ
գտա՜ծը՝
անարգանքը,
ուրացումը։
Սուտը։
Կեղծիքը։
Անասնութիւնը։
Հովիկին
տեղ՝
փոթորիկը։
Հոտերուն
տեղ՝
արիւնը։
Որոնք
բաժինն
եղան
մեր
սերունդին։
Իմ
գտա՜ծը՝
սո՛ւրը,
անգթութեան,
լրբութեան
յեսանին
վրայ
անընդմէջ
սրումով
լման
կէս
դարու
հասակով։
Ի՜նչ
շուտ
կը
մոռնամ
սակայն
կամ
կը
կարծեմ
մոռնալ։
Ժամանակին
այդ
չափին
վերին
մասերուն
ես
ալ
զգացեր
եմ
ձեռքը,
իրաւ,
բիրտ,
որ
երկարեցաւ
ո՛չ
թէ
պսակ
դնելու,
այլ
կուրծքս
պատռտելու,
խեղդելու
համար
հոն
թպրտուն
կայլակը
կեանքին…։
Տիրացուին
անորոշ
մրմունջին
մէջէն
կը
շինուի,
գարնանամուտ
առտուն,
ամայի
ձորի
մը
կուշտին,
իր
գլուխը
քարի
մը
վրայ
տեղաւորել
ջանացող
մարդը,
մորենիի
մը
թեւերուն
ներքեւ
իր
պսակին
սպասող,
ցաւին
նիզակը
սրտին
խորամուխ,
մինակ
ու
անօգնական,
լքուած
բոլոր
իր
ուժերէն։
Կը
շինուի
կարօտի,
ընդվզումի,
համակերպումի
սուղ
տրաման,
երբ
այդ
սպասումին
մէջ,
ձեռքին
մէջը
ճակատագրին,
տողանցքը
ըրին
իմ
տարիները,
ամէն
մէկը
արիւնոտ
իր
վէրքերը
թրթռուն
վարդերու
պէս
վառման
հանած…։
Նստեցաւ
սնարիս։
Ո՛չ
հոգէառ
էր,
ոչ
ալ
մահուան
հրեշտակ։
Ո՛չ
աղջիկ,
ոչ
ալ
երիտասարդ։
Կը
շարժէին
շրթները։
Կը
թուէր
խօսիլ,
բայց
չէի
լսեր։
Դրաւ
իր
ափը
ճակտիս։
Պաղ
էր
ու
իրաւ,
կտաւէն
այն
տառապանքներուն,
որոնք
պարուրեր
էին
իմ
օրերը։
Վերցուց։
Նայեցանք
իրարու։
Կը
տեսնէ՞ր
ինչ
որ
պղպջակ
առ
պղպջակ
կը
բարձրանար
իմ
մտքին
ծովէն։
Իմ
կարօտնե՜րը՝
սա
սուտ
աշխարհէն։
Իմ
ցա՛ւը՝
իմ
ձգելիք
բաներէս…։
Ու
ըսաւ,
կը
լսէի
իր
բառերը։
–
Յիմա՜ր։
Ինչո՞ւ
կը
նայիս
ետ,
չուրջդ,
առջեւդ։
Եկած
է
պահը,
երբ
ժամանակը,
տեղը
դադրին
պիտի։
Ո՞վ
կոտրեց
աչքերուդ
ծխնիները,
որպէսզի
չկարենաս
վեր
նայիլ,
ուր
խաղաղութիւնն
է
միսին
ու
արիւնին։
Տղայ
մը
չես
դուն։
Կը
տառապի՞ս
վերջնական
ազատագրութեան
սա
հանգրուանին
իսկ։
Յիմա՜ր,
որ
չես
գիտեր,
թէ
կը
ներուի
քեզի
կասկածիլ
երկինքէն,
բայց
ոչ՝
խաղաղութենէն,
ազատութենէն։
Բայց
դուն
գիտես,
որ
ուր
կը
կանչեն
քեզ։
Ամէն
պարագայի,
նոյնիսկ
ամէնէն
վաւերական,
անողոք
սատանաներուն
հետ
աւելի
դիւրին
է
լեզու
գտնել,
քանի
որ
միտքը
չի
կրնար
ճշմարտութեան
դէմ
առարկել։
Ահա
խոշոր
կայլակը,
որ
մտքէդ
վեր
կը
սլանայ,
աշխարհէն
ուզածներդ
ամբողջ։
Ցա՜ւդ,
հիմա
այդ
ցնդող
բաներուն
ետեւէն։
Չտուաւ
քեզի
ուզածներդ
սա
ձեր
աշխարհը։
Բայց
ինչո՞ւ
չես
տեսներ,
որ
այդ
աշխարհը
ոչինչ
կրնայ
տալ
արդէն
ձեր
թշուառ
սրտին,
որուն
մեղքը
ծնունդին
իսկ
մէջն
է։
Երբ
քսանամենի
ճամբայ
ինկար
աշխարհդ
նուաճելու,
քովդ
էի,
շուքիդ
պէս։
Չմիջամտեցի
յիմարութիւններուդ,
չվախցնելու
համար
քեզ։
Կրնայիր
հոս
ու
հոն
արցունք
մը
չորցնել,
անցքիդ
վրայ,
ժպիտ
մը
վառել
պարզ
սրտերու
խորը,
–
բաներ՝
որոնք
միայն
նկատի
կ՚առնուին
ցաւերու
սա
ովկիանի
ափունքէն։
Հիմա
կ՚ափսոսաս։
Կրնամ
մտիկ
ընել
սա
վերջին
յիմարութեանցդ
ձայնն
ալ։
Բայց
լաւ
իմացիր։
Պիտի
գամ
կրկին։
Հաշիւ
ունիս
տալու։
Առայժմ
չեմ
կրնար
քեզի
քանի
մը
կարճ
թելադրութիւններ
ընել։
Մի՛
ըլլար
միամիտ,
մարդոց
անգթութեամբը
տառապելու
կամ
անոնց
փառքերովը
ջերմանալու,
երբ
քեզ
ցոյց
եմ
տուեր
խաղաղութեան
պողոտան։
Զօրաւոր
կապերը,
որոնք
սիրտդ
կը
կապեն
սա
աշխարհին,
շղթաներ
են
եւ
ոչ
ուրիշ
բան.
պիտի
փրթին
անոնք,
պիտի
ըլլան,
իրենց
կարգին,
ուրիշներու
շղթաները
եւ
ատիկա
այդպէս
մինչեւ
ոչ
ոք
գիտէ
ե՞րբ,
ո՞ւր։
Երբ
լսես
ձայնը,
քալէ,
տղա՜ս.
քալէ։
Հեռու՝
սա
սուտէն
եւ
փուտէն,
թէկուզ
դժոխք,
որ,
վստահ
եղիր,
աւելի
տանելի
է,
քան
ինչ
որ
ահա
յիսուն
տարիէ
ի
վեր
կը
տեսնես
քու
շուրջդ։
Մարդիկ
շինուած
են
յիմարութեան
համար։
Պիտի
ներեն
քեզի
քու
մեղքերդ,
ըրածներդ՝
ինչպէս
չըրածներդ։
Բայց
պիտի
չներեն
քու
իրաւութիւնդ։
Կարգ
մը
մարդոց
գիրն
է
ասիկա,
–
տառապիլ
գերեզմանէն
ալ
անդին։
Կը
հասկընա՞ս…
…
Փարատեա
ի
մտաց
իմոց
Ըզմէգ
մթութեան,
մոռացութեան
կը
կարդայ
տիրացուն։
Ձայնը
(նստողին)
հեռացած
է
արդէն։
Բայց
խուժողն
է
կրկին
բանաստեղծը։
Եւ
ոչ
համայն
զօրութեամբ
մեռելութեան
եւ
դամբանին
Անբաւութեան
իմոյ
սիրոյս
փոխան
ըզսէր
քո
պահանջել։
(Մ.
Պէշիկթաշլեան)
ու
հետը,
սրտայոյզ
իր
ճակատագիրը,
կեանքին
հոգեդարձը,
ետ
դարձը,
որով
աշխարհի
երեսին
չըսածը,
չկրցածը
պիտի
արտօնուէր
ըսել
վերջապէս,
երբ
կը
ձգէր
«հողապատեան»
ու
«ցուրտ»
կայանը,
դառնալու
Վոսփորի
հարեւաններուն,
մտերմիկ
թփիկներուն,
«հովանոցակներ»ուն,
որոնց
գարնանագեղ
վայելչութեանցը
ծոցը
իրենց
տարփանքը
կը
տարփայեն
մարդեր,
մէկը
ա՛ն՝
որ
սիրեկանն
էր
իր
սրտին.
միւսը
ա՛ն՝
որուն
չի
գրուիր
անունը։
Օ՜,
յաճախանքը
ողջերուն
ու
մեռելներուն։
Անձուկ
ու
ցաւ՝
ներսս։
Հազիւ
կը
յաջողիմ
ճամբու
դնել
դամբանախոյս
ուրուականը
եղերերգակ
քերթողին,
երբ
կը
բուսնի
միւս
մը,
նոյնքան
իրաւ:
Ան՝
որ
գերեզմանէն
դուրս,
թափել
է
տուած
սա
արցունքները,
պուպրիկ
իր
թեթեւութեան
բոլոր
հրապոյրներովն
ու
խռովքներովը։
Գեղանի
աղջի՜կ։
Որ
տեսաւ,
բայց
կոյր
եղաւ։
Զգաց,
բայց
հեռացաւ։
Երազեց,
բայց
ինքզինք
յանձնեց…
դրամին
ու
աշխարհին
վարկին։
Ու…
առաւ
իր
ալ
բաժինը,
այդ
աշխարհէն,
որ
արցունքէն
աւելի
սրտակեղեք
ու
ահաւոր
բան
մըն
էր
սակայն,
երբ
օր
մը,
տարիներ
վերջը
սա
հովուերգութենէն,
բոլոր
շուքին
մէջէն
իր
փառքին,
գնել
ստիպուեցաւ
իր
երիտասարդութիւնը,
անոր
անքաւելի
մեղքը,
այնքան
զարհուրելի
գնով
մը,
–
իր
մէկ
հատիկ
պարման
աղջկան
մարմնովը
հող
իջեցնելով
այդ
երիտասարդութիւնը։
Ո՛վ
անբաւութիւնը
մարդոց
սիրոյն։
Երկար
կը
թափառին
ուրուականները
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
եւ
Սրբուհի
Վահանեանի
(Տիկին
Տիւսաբ)։
Ի՜նչ
անկանգնելի
թշուառութիւն
է
մեր
միտքը,
որ
չի
կրնար
ուրուականներ
իսկ
դիմակալել…
Մեղու
մը
զիս
կը
բերէ
իրերու
աշխարհին,
զոր
ուրուականներու
պարը
կրկին
կը
ջանայ
վերածել
մշուշի
ու
գիչերի։
Վախ
կայ
ծունկերուս։
Ձայնը
տիրացուին՝
աւելի
հզօր,
ջերմացած.
…
Արժանի
լինել
Առնել
Եւ
ուսուցանել
յօրինակ
բարեաց
Աստուածասէր
լսողաց
(«Աղօթամատեան»,
Բան
ԼԴ.
)
Ի
զո՜ւր։
Փարատուածը
պատրանքն
է
միայն։
Թարթիչներու
տակ
բացուածը
միշտ
մշշային,
բայց
տարօրէն
իրաւ,
առօրեայ
տարածութիւն
մըն
է։
Սրա՜հ։
Դժուար
ու
անճահ
է
բառը։
Ո՛չ
կամար,
ոչ
ալ
շքեղ
ամրութիւնը,
ու
լայն,
խաղաղ,
գողտր
նստուածքը
Ժառանգաւորաց
վարժարանի
քառաթեւ
պարոյրին։
Այլ,
տախտակամածը
գեղի
խոշորկեկ
սենեակի
մը,
ծուռիկ–մուռիկ,
խոռոչալիր
ու
սապատաւոր։
Մեր
տէյպատունը
(դպրատուն)։
Ոչ
ամպիոն։
Ոչ
իսկ
գրասեղան։
Ու
մերկ
այդ
տարածութիւնը
եզրաւորող
պատեր,
որոնց
երկայնքին
տղաքը,
ոտքի,
իրենց
ձայնին
բոլոր
փոթորիկովը,
վար
բերելու
չափ
խարխուլ
առաստաղին
քակուած
տախտակեղէնը,
պոռալու
վրայ
առաւօտեան
աղօթքը։
՝
–
Աղաչեմ
զանփոփոխելի
…
հիմա
չեմ
կրնար
ճշդել
տարիքը,
զոր
«իբր
պսակ»
ունէր
իմ
կործանած,
աղեբեկ
գլուխը
այդ
շատ
հեռու
օրերուն։
Ոչ
ալ
կրնամ
հաստատել,
թե
ինչ
էր
իմ
հասկցածը
մանկութեան
բոլոր
զօրութեամբը,
կատաղութեամբը
պոռացուած,
–
Ս.
Պարթեւեան
պիտի
գրէր
գալարափողուած,
Արշակ
Չօպանեան՝
քնարերգուած
–
սա
աղօթքէն,
որ
խրթին
էր՝
ինչպէս
խժան
ընկոյզը,
ինչպէս
կը
հաւաստէին
գրաբար
լուծում
ընող
մեծ
տղաքը,
երբ
իր
ներքին
պատեանէն
բաժնուիլ
չուզող
ընկոյզին
միջուկը
կ՚աշխատէին
ազատել
փայտին
երակներէն…։
Գիտեմ
միայն,
որ
այդ
գլուխը
սեփ–սեւ
գունտ
մըն
էր,
իմ
ուսերուս
ճիշդ
մէջտեղը,
թուքը
խոշոր,
հեռուէն
իսկ
զգալի։
Թէ
անիկա
մէկն
էր
ես
ըսեմ
հարիւր,
դուք
դրէք
քանի
մը
պատիկը,
այն
լաճերէն,
կատաղի
ու
բարբարոս,
իրարու
հետ
գզւռտուքի
ատեն,
բայց
տարօրէն
քաղցր,
երբ
կարօտին,
գութին
զարկը
զգային
իրենց
ներսը,
որբին
ու
տկարին,
անոքին
ու
տառապողին
հանդէպ։
Իմ
ընկերները,
ինծի
չափ
թշուառ։
Բայց
կը
մոռնայինք
մենք
զմեզ,
երբ
մեծերուն
հասնելու
ճիգին
մէջ,
մեր
պուկերը
փքոցի
պէս
ուռեցուցած
եւ
մեր
վիզերուն
ողորկ
պարոյրը
ճնշումէն
լեցուած
երակներուն
գիծերովը
սիւնազարդած,
կը
պոռայինք,
միշտ
աւելի
վեր,
հաւանաբար
յաճախանքին
մէջը
մեր
կանչերուն,
փոթորկոտ
վազքերուն,
բլուրէ
բլուր,
ծմակէ
ծմակ,
այգիէ
այգի,
հովի
պէս
թեթեւ
մեր
ոտքերուն
վրայ
թռցնելով
պողպատի
պէս
ձիգ
մեր
իրանները
դէպի
լիճը,
որ
մեր
դէմը
կը
պառկէր,
փերթ–փերթ
ձեւուած
անապակի
պատուհաններուն
քառանկիւններէն
ու
կ՚ընէինք
անոր
հեղուկ
մարմինին
վրայ
(Բագրատունին
կը
գրէր
դար
մը
առաջ
մկանունք
ին)
մեր
ձուկի,
թռչունի
պարը,
հեծնելով
փրփրաբաշ
ալիքներու
գաւակին…
երազելով,
դեռ
օրուան
սեմէն,
պահը,
իրիկուան
արարողութենէն
վերջ,
մինչեւ
մութերը
երկարող
մեր
խաղերը,
գունտն
ու
ֆինկիլը,
ամէնը՝
աղօթքին
մէջ
«առաւօտեան»,
ասոր
իւրաքանչիւր
բառը
խածնելով,
փշուր–փշուր
աղալով։
Աչքիս
առջեւն
է
վարժապետը,
որուն
գաւազանը
կաղ
սեղանին
վրայ
օձի
իրանը
կը
պսակէր…։
Այդ
գաւազանէն,
անոնք՝
մեծերը,
սորված
էին
երկաթ
ծանրութիւնը
սա
աղօթքին,
բզիկ–բզիկ
քրքրուած
իրենց
կրունկներուն
խաւաքարտ
էջերը
երբ
կը
տրամադրէին
անոր
լեզուին։
Եւ
սակայն
լման
դպրոցէն
ոչ
ոք՝
որ
չգիտնար,
թէ
ուրկէ
կու
գար
ատ
փորձանքը։
Դժուար,
փոքրերուս
համար,
հաշտուիլ
սա
փառաւոր
ծեծին
ու
սուրբ
համբաւին,
որ
Նարեկ
ինն
էր
արդարօրէն։
Տունը,
ուր
անկէ
հատ
մը
կար,
այդ
իսկ
բարիքով,
փառքով,
կը
դառնար
ուխտատեղի։
Քերական
էն
վեր
Հեգարան
ը
անութիս՝
ես
կ՚երթայի
տէյպատուն,
երբեմն
գաղտուկ
տանելով
մեր
ալ
Նարեկը,
որուն
հրաշագործ
վարկը
կ՚անցնէր
մեծ
հօրմէս,
անոր
հօրմէն
ալ
անդին,
ինչպէս
կը
հաւաստէր
մամաս։
Անիկա
անարծաթ
բժիշկն
էր
(աւելի
յետոյ,
Սրուանձտեանց
վարդապետին
գրչին
տակ
պիտի
կարդայի
մեղագիր
ը,
դեղագիր
ը),
մտած
տունը՝
արցունքը
ժպիտի
փոխող։
Շուտով
սորվէի
պիտի
քակել
անոր
պատիւ
ները
(հին
գիրքերու
մէջ
սղագրական
նշաններ)
սերտել,
ջուրի
պէս
գոց
սորվիլ
ամէնէն
զօրաւոր
գլուխները,
տղաբերքի
ցաւերուն,
տունն
ու
տեղը
աւերող
տենդերուն
դէմ։
Ու
անոնք՝
որոնք
մարմինին
ճիրաններէն
կալանաւոր,
«չելլող
հոգին
կ՚ազատագրէին։
Ու
անոնք՝
որոնք
կը
բզկտէին
հարսներուն
փորը
ամուլ
ընող
պուկ
ին
«խարդաւանանքները»։
Ո՞ր
մէկը
յիշեմ
սակայն։
Գեղին
մէջ
այնքան
շատ
էին
մեր
ցաւերը
ու
մեր
Նարեկը
այնքան
ամենազօր
անոնց
բանակներուն
դէմ։
Ո՜վ
իմ
անուշիկ,
անօթի,
բայց
այդ
ամէնուն
հակառակ
օգոստափառ
մանկութիւնս։
…
Որմէ
վերջ,
քաղաքը
ու
իր
այլապէս
անդարման
թշուառութիւնները։
Ու
յետոյ՝
աշխարհը,
ուր
կը
մտնէի
երիտասարդ
ու
…
յիմար,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
Ձայնը
շատ
աւելի
վերջերը.
Աղաչեմ
զափոփոխելի։
–
Այո՜։
Յիսուն
տարի
ետքը,
այդ
օրերէն,
իմ
սա
վերադարձը
դէպի
մանկութեան
աղօթքը,
ո՞ւշ
արդեօք։
Տիրացուն
կ՚աւարտէ
ընթերցումը։
Պահպանիչ։
Տղաք
իրենց
սեղաններուն։
Ես
իմ
վերլուծումներուն։
Ու
Ձա՜յնը՝
–
Յիմար…