Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՅ
(Ձեւի քննութիւն) 

Իմ հանգանակին [1] երրորդ միութիւնը, « Ինչպէ՞ս կայ »ն, դժուարութիւններու կը բախի, « Մէ խօսկ ունիմ »ը ենթարկելու համար գրական–քննադատական մանրամասն վերլուծման մը։ Այս հանգամանքը ունի ծանր տարողութիւն այն հիմնական դերբուկէն տառապող, որ արտայայտութեան մարզն է մեր ժողովրդական բանահիւսութեան համար ընդհանրապէս ու աշուղական բանաստեղծութեան համար մասնաւորապէս։ Անմիջական է դարձեալ միւս վտանգը, զառածումը՝ դէպի բարբառային հետաքրքրութիւններ ։

Գիտենք, որ Սայաթ–Նովա կը գործածէ իր արտայայտութեան համար կովկասեան աւազանին մէջ ապրող երեք գլխաւոր բարբառները, հաւասար բնականութեամբ մը։ Տուի թիւերը իր հայերէն, վրացերեն, թուրքերեն խաղերուն ։ Իր դավթարը հրատարակուած Ախվերդեանի միջոցով, կը պարունակէ միայն հայերէնները։ Չեմ տեսած վրացերէններուն եւ թուրքերէններուն թարգմանութիւնը։ Խորքի վերլուծումի մը համար այդ երկու լեզուներով ստեղծումներուն նպաստը չեմ արհամարհեր անշուշտ, բայց չեմ ալ գերագնահատեր։ Աշուղին անձնականութիւնը, ստեղծագործ ուժը անայլայլ տուիքներ են անոր գործին ամբողջականութեանը կշիռին մէջ։ Գրելու արուեստին մէջ նանրացած իմաստով մըն ալ չենք կրնար տեսնել « Մէ խօսկ ունիմ »ին հեղինակը։ Դրա՞ծ է անիկա, օրինակի մը համար, թուրքերեն խաղերուն մէջ, արուեստակեալ այն փոյթը, որով կը տառապին թուրք պաշտօնական բանաստեղծութիւնները, նոյնիսկ տաղաչափական հոգերու երկայնքով, երբ անոնց հեղինակները ստիպուած են իրենց բառերը չափել ՝ համաձայն արաբական ու պարսկական այնքան խայտաբղետ կաղապարներու։ Ես կը յիշեմ անոնց նախահամը առած ըլլալ թուրք ոտանաւորէն։ Իմ ուսուցիչը հմուտ լեզուագէտ մըն էր, նոր հանգուցեալ Կուրտիկեանը, որ Հայր Գալէմքեարեանը կամ Մէնէվիշեանը կամ Բագրատունին յիշեցնող խղճմտութեամբ մը արաբական վեզն երուն (չափ) այնքան բարդ օրէնքները մանրամասնելուն մէջ կը դնէր որոշ հաճոյք ու չէր անդրադառնար այդ բառերով մեզի գալիք գեղեցկութեան, յոյզին, տագնապին։ Յետոյ՝ Սայաթ-Նովայի հայերէն կաղապարները հեռու են պարզ, միօրինակ, առնուազն քարացած չափեր մնալէ։ Ամէնէն ընթացիկը, այսինքն՝ յաճախ գործածուածը 4+4+4+4ը, որ « Մէ խօսկ ունիմ »ը ունի իր նմոյշ, ծանրատաղտուկ՝ թուղթի վրայ, աշուղին գործիքին մէջէն, կը կորսնցնէ այդ միօրինակութեան մեղքը։ Կը հրաժարիմք, ուրեմն, տաղաչափական նկատողութիւններով խճողելէ այս ուսումնասիրութիւնը։ Բաւ է թելադրել, որ անվաւեր աշխատանք մը ընել պիտի նշանակէր Սայաթ–Նովայի տողը օգտագործել մեր տաղաչափութեան տուեալները, տաթա ները արտահանելու համար, քանի որ այդ խաղերը կազմուած են թուղթէն դուրս, ըսել կ՚ուզեմ՝ լարի վրայ ու լարի համար։ Ատով՝ անոնք այնքան մը կը մնան հպատակ կշռոյթին խուլ օրէնքներուն, որքան որ կ՚արտօնէ կարելիութիւնը։ Սենեակի բանաստեղծները մի շփոթէք փողոցի, հրապարակի, պալատի երգահաններուն հետ։ Կա՞յ, ասկէ դուրս, Սայաթ-Նովայի անձովը պայմանաւոր տողը, այսինքն՝ այդ անձին ներքին տրոփովը թրթռուն կշռոյթը: Փնտռեցէք Դուրեանին կցկտուր կշռոյթին մէջ անոր կցկտուր շունչին արձագանգը։ Թերեւս սխալի մէջ չէք։ Բայց մի աճապարէք այդ նկատողութիւնը վերածել տարազի։ Տրուած ըլլալով Սայաթ–Նովայի մօտ յաճախանքը 4+4+4+4 կաղապարին, որ իմացական, միսթիք քերթուածներուն պատշաճող չափ մըն է, թերեւս դիւրին ընդհանրացում մը ընել պիտի նշանակէր խորհող, տրամաբանող, առնուազն հանդարտ զգացողութեամբ մը  պայմանաւոր քերթող մը ընդունիլ այդ չափին ետին։ Կայ տակաւին եղանակին ծանր միջամտութիւնը, գործիքին (քամանչա) ճնշումը. ձայնին ահաւոր կրակը։ Թուղթի վրայ այդ « Մէ խօսկ ունիմ »ը Սայաթ–Նովայի քամանչային մէջէն անճանաչելի ըսուելու չափ տարբեր բան մըն էր անշուշտ: Դարձեալ այդ մարդուն ձայնին մէջ, օգնութեամբը հագագին, աչքերուն, դէմքին, համակ տրոփուն, հրդեհ անոր մարմինին, այդ բառերը կը պարզէին, անպայմա՛ն, բոլորովին տարբեր ճարտարապետութիւն։ Ասոնք ալ պարզ ըսուած խօսքեր են հոս։ Ժողովրդական քերթուած մը սառած վկայութիւն մը չէ։ Ու անշուշտ այդ կենդանութեան յայտարար խորհրդաւոր միջնորդ մըն է, զանգուածները համախառնող իրենցմէ անդին յոյզերու։

Բացառիկ պարագայ ուրեմն Սայաթ–Նովայի այլամերժ, պարտադրեալ մօտութիւնը՝ իր շրջանակին, մեր օրերու բառով՝ իր հասարակութեան։ Վրաց արքային ուղղուած շքեղ քերթուածը, « Դուն է՛ն գըլխէն իմաստուն իս », ունէ՞ր իր փոփոխակը վրաց բարբառով։ Թուրքերէն ոտանաւորներուն մէջ այդ մարդը դրա՞ծ էր շեշտը, որուն կը մնան հաղորդ, բաց՝ թրքական շրջանակները, տարօրէն բազմազան, ընդարձակ, իրարու ներփակ, իշխողներէն մինչեւ խեղճ ու պատառ աշխատաւորները հողերուն երեսին, մեծադղորդ հարսանիքներէն մինչեւ մռայլ խրախճանքները խաներուն, քարվանսարայներուն, բանակներուն ու նախճիրներուն։ Զիս շահագրգռողը, հոս, հասկնալի է, ա՛յն հասարակութիւնն է, որ աշուղին ձայնին ՝ ինչպէս բառերուն ընդունարանը կազմեց։ Աշուղը պարտաւոր է, իրմէն առաջ ու ամէն բանէ առաջ, նկատի ունենալ անմիջական շրջանակը եւ ընտրել իր տարրերը, համաձայն այս շրջանակին կարիքներուն։ Հիմա չեմ լայննար Սայաթ–Նովայի ունկնդիրները ոգեկոչելու արարքը մինչեւ։ Բաւ է թելադրել, որ այդ հասարակութիւնը ծանր անհանգիտութիւններ կը պարզէր վրացական եւ թուրքական միջավայրերուն հետ։ Ու աւելցնել նոյն ատեն, որ աշուղին տիրական տարրը բառէն աւելի՝ եղանակն էր, իմաստէն աւելի՝ ձայնին կրակը, որոնք առանց մեծ դժուարութեանց կերպը կը գտնեն խորունկ թափանցումներու։ 

Մտնելէ առաջ ձեւին քննութեան, սիրելի է ինծի այդ տասնութերորդ դարուն հիմնական հոգեխառնութիւնը անգամ մըն ալ արժեւորել փորձել։ Ձրի աշխատանք մը չէ ասիկա։ 1850–80ի արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը կա՛մ անգնելի յիմարութիւն մըն է, կա՛մ իր ակերը թանձր խաւերէ առնող բխում։ Ըսեր եմ տեղ մը, որ Չրաքեան մը, Մեծարենց մը, իբրեւ ձեւ անմտածելի իրողութիւններ են  1870ին։ Դուրեա՞ն մը։ Նոյնքան անմտածելի։ Բայց ահա տարօրինակը։ Դուրեան, Սայաթ-Նովա, Քուչակ, Աբովեան մարդեր են, որոնք ժամանակէ մը զերծ են ծնած։ Գետինը, ուր կը կենամ, անխառն ու անժամանակ ստեղծումին գետինն է սակայն, որ նոյնքան իրական է, որքան դպրոցով, հանգանակով, նախապատրաստութեամբ պայմանաւոր շարժումներուն ասպարէզը։ Անոնք՝ որ կու լային աշուղին ձայնին շղարշին մէջ իրենց հոգիին միսերը համ բուրուած զգալով, անշուշտ մեր օրերու ոճապաշտ, պատկերամոլ, թռիչքներով խենթեցող էսթեթ ները չէին, այլ՝ պարզ մարդեր, նոյնիսկ ապարօշներու «ոսկեման» շուքին ընդմէջէն։ Արտայայտութեան հարց մը միտքէ չանցուցին «գոզալները», երբ խմեցին աշուղին երաժշտութիւնը։ Ու չտառապեցան ձեւին տառապանքով այն խեղճ ու պատառ ադամորդիները, որոնք ճամբին, ժամերուն, պալատներուն հրապարակին կեցած երկիւղած՝ հանրածանօթ «նոքար»ին անկէզ մորենին յիշեցնող հրդեհումին դիմաց ու հաղորդ եղան ապրումներուն ամէնէն խռովիչներուն։ Բա՞ռը։ Տա՞ղը։ Չա՞փը։ Որքան թերի է այս ամէնուն կշիռը այդ խռովքին կերպարանքը թելադրելու, նուաճելու արարքներուն համար։ 1750ին այդ Արեւելքը, մռայլ, գինով՝ ցաւէ՝ ինչպէս հաճոյքէ, արիւնի ու հեշտանքի, անօթութեան եւ յղփանքի փոփոխակ հանդիսարան մըն էր։ Այդ Արեւելքը մեր օրերու գրասէրներուն ճաշակները կ՚անգիտանար։ Ահա թե ինչու իմ վերլուծումը կը հրաժարի բառական արժեւորման պարտքէն ու կ՚ընտրէ քանի մը իրաւ յոյզերուն արձակ պողոտան։

Վիեննացիները կրնան ինծի յիշեցնել իրենց մէկ աշխատաւորին «փառապսակ» փորձը, որով Գ. Մագիստրոսի (ԺԱ. դար) մէկ նամակէն հմտակուռ Մխիթարեանը երկու հարիւր էջնոց գիրք մը կը հանէր։ հեռու եմ անշուշտ սա ճիգը, փառասիրութիւնը արհամարհելէ, բայց չեմ դադրիր տառապելէ այդ գիրքին ընթերցումէն ինծի պակսած, ըսել կ՚ուզեմ՝ չհասած տարրին ի հաշիւ։ Անշուշտ բառերու կեանքը, իր կարգին, կը պարզէ որոշ շահեկանութիւն։ Բայց բառերը ինքնագլուխ ապրումներ չեն։ Անոնք մարդու մը գրչին տակ, անոր մտքին, ներքին իրականութեան կերպարանքներէն անխուսափելի վկայութիւններ են։ Իմ փնտռա՞ծը վիեննացի վարդապետին գիրքէն, վերջնական վկայութիւն մը ՝ Գ. Մագիստրոսի մտքէն, ասոր կազմութենէն, գրական հետաքրքրութենէն, կարճ՝ ա՛յն մասնաւոր հոգեխառնութենէն, որ այդ դարուն իշխանաւորը, պաշտօնատարը, գրոց–բրոցը կը յայտնաբերէր։ Վիեննական մեթոտը, բանասիրական, մատչելի՝ ամէն աշխատաւորի, յաճախ կը յանգի սա անբաւարարութեան։ Առէք իլթիմազը, ինթիզարը, արաբական բառարաններուն մէջէն, ստուգելու համար անոնց նշանակութիւնը։ Ըրէք քանի մը ընդհանրացումներ, որոնք իսլամ մշակոյթին, ոգիին, արիւնին կերպափոխումները ջանացին թելադրել՝ հասնելու համար հասարակաց հոգեխառնութեան։ Հիմալայեաններու հիւսիսային զառիթափներէն մինչեւ Կարպաթները ծովացող ժողովուրդներու ներսը։ Այն ատեն երկու բառերը ( իլթիմազը, ինթիզարը ) պիտի դադրէին իրենց բառարանական ստուգաբանութենէն, մտնելու համար ապրումներուն մէջը այդ մարդոց։ Վիեննայի վարդապետին անարդիւն փառասիրութիւնը չի փորձեր զիս։ Ստիպուած եմ ուրեմն մեր քերթուածին մէջ բառերը եւ իրենց թելադրանքները, նախադասութեան ոգին (որ մարդու մը հոգիին խուլ մղումներուն, գերմանները կ՚ըսեն՝ directionներուն, կը հպատակի) ու անոր տաղաչափական կերպարանքը ենթարկել դրական թափանցումին, միշտ աւելի համեստ, քիչ սխալական ու պարզ նոյն ատեն։ Սայաթ–Նովայի անդրանիկ հրատարակիչը, իր նշանաւոր յառաջաբանին մէջ, բառային, բարբառային, քերականական այդ աշխատանքը կատարած է, բան մըն ալ փրկելու այդ առթիւ ԺԸ. դարու մեր մէկ բարբառէն։ Բժիշկ Ախվերդեանը երկիւղած ու հաւատաւոր մարդ մըն էր, գիտունի եւ գրասէրի բախտաւոր խառնուրդ մը։ Շնորհակալ ենք իրեն իր փոյթին համար։ Մեր օրերու գրական քննադատը պիտի ուզէր անցնիլ աւելի անդին, քան բարբառային հետաքրքրութիւնները։ 

Կ՚ենթարկեմ ուրեմն « Մէ խօսկ ունիմ »ը իմաստի թափանցումին։ 

Առաջին քառեակը կ՚ըսէ.

 

Մէ խօսկ ունիմ իլթիմազով, անգաճ արա, ո՛վ աչկի լուս.
Սըրտումըս ինթիզար ունիմ, քու տիսըն բարով, ա՛չկի լուս,
Աջաբ քիզ ի՞նչ գեթ իմ արի՝ կենում իս խըռով, ա՛չկի լուս.
Աշխարս աշխարով կըշտացաւ, յիս քիզանից սով, ա՛չկի լուս։

 

Պարզ է հիմնական վիճակը, մեծ բանաստեղծէ մը ճարտարապետուած պայծառութեամբ մը։ Հոն ուրուացող օտար բառերը զիս կը ձգեն անտարբեր [2] ։ Չեմ միամիտ ատոնց անտեղութիւնը վե 

րածելու սակայն աճպարար այն անպատասխանատուութեան, որով կը գրուին արեւելահայ արձակը 1945ին, ու ոտանաւորը՝ 1900ին։ Կը պաշտպանեմ սակայն ջուլհակը, որ Գերմանիա ըրած համալսարանական մը չէր ու ատով մէկ անգամով զերծ՝ ծանր մեղադրանքէն, զոր բանաձեւեր եմ ընդդէմ հանրածանօթ մոլորանքին, մոլութեան։ Աւետիք Իսահակեան մը, ժողովուրդին մօտ կենալու իր ձգտումին մէջ գրական ու կամաւոր ի՜նչ հեշտանքով կը բանայ իր տողը այդ օտար բառերուն

…Ասա, եարա՜բ, դու չը տեսա՞ր 

իմ մարալ ըս, իմ բալէ ս… 

(«Որսկան աղբէր») 

(«Երգեր ու վէրքեր», Ա. Իսահակեան) 

 

Մէկուկէս տողի մէջ սա երեք հատ օտար բառե՞րը։ Ասիկա  ահաւասիկ կը նշանակէ չարաշահութիւն, աճպարարութիւն։ Բառերով չէ, որ կը կենանք ժողովուրդին մօտ։ Կու տամ՝ 

Հոգիս ես, հոգիկս ուզես,
Չէ չասեմ, հանեմ տամ ի քեզ,
Վախեմ թէ աչերս ուզես,
Էլ ինչո՞վ հայիմ ես ի քեզ:

 

քառեակը, անխառն բանաստեղծութի՜ւն, միշտ այդ ժողովուրդէն։ Բաղդատեցէք, պիտի գտնէք, որ Իսահակեանին տողը կեղծ է, ժողովրդականին իսկ պաշտպանութեամբը, Քուչակին քառեակը՝ ադամանդեայ, անշամանդաղ իսկութեամբ մը։ Սայաթ–Նովայի տաղերուն մէջ օտար բառերը ունին անշուշտ իրենց անպատեհութիւնը, քանի որ յաճախ բառը մասը կը կազմէ հոգիին։ Բայց, ի՜նչ արած, պարտաւոր ենք համակերպիլ։ Ու չեմ արտօնուած, այս ճնշումին տակ, վերի քառեակին կազմը ենթարկելու, ինչպէս ըսի, գրական վերլուծման։ Երեք առաջին տողերը կը խօսին սրտի տագնապէ մը։ Կը խօսին պարզ, իրաւ, մարդամօտ։ Պաշտպանեցէք այդ պարզութիւնը, հաղորդականութիւնը եղանակին կրակովը։ Մտածեցէք միշտ ասոր, երբ կը ջանաք հասկնալ Սայաթ-Նովայի տաղը, որ կմախք մը պիտի ըլլար, առանց ձայնին միսերուն։ Բայց այս տագնապը, դղրդող ու խորունկ, քառեակին չորրորդ տողին մէջ, կը կոտրտէ բոլոր պարտադրանքները, նկատումները ու կ՚արձակուի մեր հոգիներն ի վար, շքեղ բռնկում մը ինչպէս, մեզ դնելով անակնկալին հիացմանը մէջ։

 

Աշխարս աշխարով կըշտացաւ, յիս քիզանից սո՜վ, ա՛չկի լուս

 

Ահա փարթամ բանաստեղծը, որ իր սովը կը պատկերէ մինչեւ իր օրը չըսուած, չլսուած սաստկութեամբ մը, ընդարձակութեամբ մը։ Այս է ահա գինը մեծ բանաստեղծութեան։ Արշակ Չօպանեան, որ թարգմանած է տաղը ֆրանսերէնի, կը գրէ, անկարելի հասկացողութեամբ մը, « լման աշխարհը կշտացած է քու գեղեցկութենէդ », վերածելով տարօրինակ կիսատողը իրական իր թելադրանքէն բոլորովին տարբեր իրողութեան։ Բանավէճ չեմ յարուցաներ։ Թարգմանութիւններուն ճակատագիրն է ասիկա։ Կ՚առաջարկեմ աւելի մարդ կային հասկացողութիւն մը, կիսատողէն։ Ատիկա, Աստուծոյ այդ  աշխարհին մէջ ուրիշներուն կշտանալն է ուրիշներէ, ուրիշներով, եւ ոչ երբեք՝ իր սիրեկանին գեղեցկութենէն, գեղեցկութեամբը։ Նման հասկացողութիւն մը կ՚ազատէ տաղը Չօպանեանի հասկացողութեան խորը պահուած աններելի, նոյնիսկ ապաբարոյ ամբաստանութենէն։ Մարդ իր սիրածին համար մտքէ պիտի չանցընէր նման փոքրոգութիւն։ Բայց կայ երկրորդ կիսատողը։ Անիկա սովահար է իր սիրածէն ։ Ատենին, Չարենցի առիթով, ես ըսեր եմ, թէ պիտի չտառապէի իր մէկ հատորը տալ այդ տողին։ Ու կը պահեմ իմ գրաւը։ Փոխադրուեցէք ասդին, արեւմտահայ բանաստեղծութեան իրաւ փառքերուն։ Պետրոս Դուրեան մը, Մեծարենց մը, Վարուժան մը, Թէքէեան մը ձեզի պիտի տային նման բռնկումներ։ 

Կ՚անցնիմ երկրորդ քառեակին։ 

 

Մակամ էլ ոչ ով եար չէ սիրի, էս ի՞նչ արիր, էս ի՞նչ բան ա.
Էշխէմէդ ջունուն իմ էլի, ման իմ գալի եանա եանա.
Էս դարդէն ոչ ով չը քաշէ, վուր մէ դանգին չի դիմանա.
Սիրտըս լուրի պէս խորվեցիր էշխիդ կրակով, աչկի լուս

 

Խորքը նոյն։ Զգեստը հազիւ նորոգուած։ Դարձեալ երեք տող, շատ մօտիկը խօսուած բարբառին, ասկէ հազիւ ղատուող։ Մերկ, ինչպէս կը գտնէք այդ երեք տողերը թուղթին վրայ, անբաւական են անշուշտ ծանր, մեծ, իրաւ քերթուած մը կերպադրելու։ Ես այդ տողերը կը դնեմ աշուղին բերանը, մտքիս առջեւ բերելով նման դէմքեր իմ տեսած աշուղներէն։ Կոյր էին, բայց իրենց բառերը կը նայէին, այնքան այդ բառերը կ՚անձնանային, ձայնին ամբողջ կրակը հագած, եղանակին ամբողջ վառ շղարշովը ծփանուտ, միսերու նմա՛ն դպող։ Այդ պատկերներուն ազդեցութեան տակ, փակ այդ դէմքերը  կը բացուէին մեր վրայ։ Նայուածքին ամբողջ մորճութի՞ւնը բառերուն ետին։ Ու շարժումները իրանէ, բազուկէ, ծոծրակէ, մա՛նաւանդ քամանչայէն, որոնք իրենց միամտութիւնը, ծիծաղելի առատութիւնը կը փրկէին, եղանակին իրենց վրայ ծաւալուն շառ հուրքին մէջը։ Այդպէս է, որ մտիկ կ՚ընէինք մենք զանոնք։ Ու այդպէս է, որ մտիկ ըրած են Սայաթ-Նովան։ Ջունունը դասական խելագարն է։ Եանա–եանա տարազը դարձեալ դասական եւ արեւելեան սիրերգներուն։ Ի՛նչ որ անբնականն է այդ տարրերու գործածումին մէջ, ատիկա անոնց շարքը չէ անշուշտ բառի կերպարանքներուն, այլ՝ տողերուն ներքին ճարտարապետումը։ Թեթեւ, սպրիկ, խանդոտ ու յիմար։ Անշո՜ւշտ։ Աւելի՞ն։ Չափազանցումին հեշտա՜նքը, որով սիրային տաղերը կը դառնան մեր ամէնունը, անմիջական, անվրէպ հաղորդումով մը։ Ու ինչպէս առաջին քառեակը կը վերջանար շքեղ բոցավառումով մը, երկրորդն ալ կը վերջանայ ոչ նուազ տաք, դպող, սիրտ գտնող պատկերով, լոր ին (լորամարգ), որ կը յիշեցնէ իբրեւ ձեւ ալ մեր կուրծքին տակ թպրտուն կտորը միսին, բռնուա՜ծ կրակին դէմը սիրականին, խորովուելու։ Պէտք կա՞յ ըսելու, որ այս պատկերը ու զայն նիւթացնող բառերը կը պատկանին մեծագոյն արուեստագէտներուն եղանակներուն։

Անցնելէ առաջ յաջորդ քառեակներուն, պարտաւոր եմ դիտել տալ, որ Սայաթ–Նովա իր քերթուածներուն համար բառէն առաջ հաւանաբար եղանակը ունի իր մտքին, տողէն առաջ՝ պատկերը, տունէն առաջ՝ մշուշը, ուր կ՚ապրին, անգայտ, բայց թափանցիկ, կտորները զգացումներուն, կիրքերուն, տեսիլքներուն, որոնց սեւեռումը պիտի ըլլայ քերթուածը։ Ոչ մէկ կարգ։ Ոչ մէկ զարգացական պրոցես, ինչպէս կ՚ըսեն։ Ու, հետեւաբար, ոչ մէկ կառուցում։ Տողերը իրար կը պատրաստեն իմաստէն, շէնքէն անկախ թելադրանքներով։ Յաճախ առաջին տողին վանկն է, որ կը վարէ բառերը, նոյնիսկ շատ չէ ըսել՝ ներշնչումը։ Ասիկա այս ձեւով ճիշդ է ասպարէզէն քերթողներուն ալ համար, երբեմն։ Եւ որովհետեւ քառեակը, քառեակները, քերթուածները կը բխին նոյն մշուշեն, միգամածէն, դժուար չէ նշմարել ցրուածութիւնը, կրկնութենէ խուսափելու համար՝ փնտռտուքը, ու երթալով քիչ մը աւելի անդին՝ բռնազբօսութիւնը, որոնք բոլորը անբաւական են սակայն կործանելու ոտանաւորը, այնքան զայն լեցնող զգացումը յորդ է ու տիրական։ Սայաթ-Նովա չի ճանչնար արեւելեան մեծ բանաստեղծները։ Աւանդութիւնը, որ զինքը մինչեւ Ինդոսի ափունքները թափառումի կը ղրկէ, հաւանաբար երաժշտական հետաքրքրութիւններէ կը մեկնի։ Աշուղները  բառէն առաջ եղանակ են ։ Պէտք չէ մոռնալ ասիկա։ Ահա թե ինչու այդ եղանակի տագնապէն զերծ Հաֆըզ մը, Սաատի մը պիտի տառապին քերթուածին ներքին օրգանիզմին տառապանքը։ Խայեամ մը պիտի ընէ իր քառեակը խնամուած, ժուժկալ, ցոլացիկ խտութիւն մը։ Ապուլ-Ալա՝ պիտի չարչարուի իր տաղերուն թէ՛ լեզուական, թէ՛ իմացական կատարելութեան հաշուոյն։ 1750ին պարսկերէնը գրականութեան մէջ գործածելի luxe մըն էր, որպէսզի զայն հասկնալու համար աշխատած ըլլար իր քամանչան, սէրերը, երգին խենթութիւնները ժուռ ածելու դատապարտուած տիվանէն։ Անոր տաղերուն մէջ յիշատակուած պարսկական հերոսները, սիրուհիները, ձիերը, թագաւորները հասարակաց ապրանք էին, ամէնուն բերնին ծամոց շրջաբանութիւններ։ Սայաթ–Նովան գրական վերլուծման չի դիմանար, իր գրականութենէ անմասնութեամբը անշուշտ։ Բայց վերլուծում եւ թափանցում տարբեր գործողութիւններ են։ Ձեւին քննութիւնը, խիստ, քիչիկ մը նոյնիսկ pédant, պաշտօնական գրողներու արդիւնքներուն վրայ, պիտի դառնար անտանելիօրէն հետեւակ, տափակ, ծիծաղելի, եթէ երբեք ինքզինքը կրկնէր ժողովրդականին ալ վրայ։

 

Դոստիրըս դուշման շինեցիր, եադերուն ի՞նչպէս դոստ անիմ,
Անցկացած օրըն չիմ տեսնում է, քանի գուզե վուր
ղաստ անիմ,
Աստուած վկայ, խիստ դըժար է, գլուխս ի՞նչպէս դուս տանիմ՝
Ես մէ փուքըր նաի նըման, քու
էշխն է ՝ ծով, աչկիլուս։ 

 

Աս է երրորդ քառեակը։ Ու ինչպէս առաջին երկուքին մէջ, հոս ալ երեք տողերը կը մնան հասարակ, նոյնիսկ երրորդին մէջ հիմնովին անբանաստեղծական։ Վիճակը, իր չնորոգուելովը, կը դառնայ վտանգաւոր։ Բանաստեղծը կը տառապի ո՛չ միայն ըսելիքին հաշւոյն, որ տակաւ կը տարտամի, այլեւ՝ բառերուն ներսը դրուելիք կրակին պակասովը։ Բայց չորրորդ տողին մէջ անիկա գիտէ, որ ստիպուած է անպայման նոր ըլլալ ։ Այս գիտակցութիւնն է ահա, որ կը մղէ զինքը ճիգին, խոյանքին, գտնելու համար դարձեալ շքեղ տողը, որ կը գնէ ո՛չ միայն կանխող երեքին հասարակութիւնը, այլեւ կ՚իյնայ տարօրէն տպաւորիչ, ընդարձակ պատկերի մը փառքին, բարիքին վրայ։ Ու միշտ պարտաւոր եմ կրկնել, որ մենք գործ ունինք նախնական արուեստագէտի մը հետ, որ մայր մտահոգութեանը մէջ կ՚ապրի իր եղանակին: Բախտ՝ եթէ երբեք այդ եղանակին բառերը երբեմն ունին ինքնութիւն, ըլլան ծանր ու նուաճող։ Իր գրածին վրայ անդրադառնալու ո՛չ ատեն, ոչ ալ տրամադրութիւն ունի անիկա։ Այս ամէնը՝ որպէսզի հասկնալի դառնան սա տկարութիւնները։ Մենք պաշտօնական մեր բանաստեղծներուն մօտ ո՛չ թէ տողեր, այլ ստիպուած ենք դիրքեր հանդուրժել։ Կարդացեք « Նուագք » որակուած մեծատարած բանաստեղծութիւնները, գտնելու մտքով հարիւրներու մէջէն մէկ հատիկ քերթուածը, որ ըլլար հանդուրժելի։ Կարդացեք « Ստուերք հայկականք »ը ու գտէք հարիւրաւոր անոր էջերուն մէջ տողեր, որոնք վերի յաջողուածքները արժէին։ Սայաթ-Նովա ո՛չ Ալիշան է, ոչ ալ Նար-Պէյ մը, երկուքն ալ մագիստրոսներ՝ ի տաղաչափութիւն։ Յետոյ, կը ծանրանամ հոս անոր թուրքերէն եւ վրացերէն տաղերուն նշանակութեանը վրայ։ Մտատեսօրէն կրնամ հասկնալ, որ այդ օտար լեզուներէն իր յօրինումները մնացին ենթակայ նոյն տկարութեանց, որոնք հայերէն  յօրինումները կը զարնեն անխուսափելի կերպով մը։ Ինչ որ բարձրորակ արժէք է սակայն աշուղներուն, ժողովրդական ստեղծագործութեանց մէջ, ատիկա լեզուին մէջ հասած, կատարելագործուած թեքնիքին բարիքը չէ։ Մենք ունինք հարիւրաւոր վրիպանքներ մեր հին ու նոր գրականութեան մէջ, վրիպանքներ այլապէս ցաւառիթ, տրտում, անքաւելի նոյնիսկ, քանի որ կու գան ոչ–հեթանոս մեղքերէ։ Նման ձախողանքի կոթող մըն է « Հայկ դիւցազն »ը, մեր հին լեզուին բոլոր փառքերուն հաղորդ, բայց որմէ էջեր ու տողեր հազիւ կը հանդուրժուին։ Լեզուական այդ կատարելութիւնը չէ, որ կը պաշտպանէ « Սասունցի Դաւիթ » ստեղծագործութիւնը, որ, հակառակ ծանրածանր մեղքերուն, դարձեալ կը պահէ հրապոյրը, համը՝ ուղղակի, անմիջական բերումին, զիս զիջումի մղելու չափ սրտագին, պարը, իր լեգէոն մը վրիպանքներուն դէմ։ Սայաթ-Նովայի տողային անկատարութիւնը չեմ պաշտպաներ։ Անշուշտ այլապէս հզօր, անդիմադիր գեղեցկութիւն մը պիտի ըլլար, եթէ երբեք վերի քառեակին բոլոր տեղերը զիս նուաճէին, ինչպէս կ՚ընէ չորրորդը։ Բայց, մեր փափաքներով չէ, որ կը գործեն ստեղծողները։ Առէք քառեակը, ինչպէս բխած է։ Սահեցէք արագ անոր երեք տողերուն հասարակութեանը վրայէն, կենալու համար զմայլելի փառքին առջեւ հորիզոնի մը չափ ընդարձակ պատկերին։ Նոյնիսկ ընդունելով պահ մը, որ նման զանցումներ, զայրագնումներ Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներու սիրային կամ միսթիք քերթողութեանց մէջ հաստատելի իրողութիւններ [3] են, ստիպուած ենք արժեւորել առանձին իմաստը, բառակոյտէն յառնող սա շլացքին, պիրկ, արու, իրաւ, անհունօրէն թելադրական։

Բանագողութիւնը ուրիշ պզտիկութիւն է, երբ զայն չուզենք իսկ ընդարձակել դէպի « Հայկ դիւցազն »ը, ամբողջութեամբ վերյիշումներէ կազմուած։ Սայաթ-Նովայի օտար լեզուներով տաղերուն հրապարակումը նպա՞ստ մը քերթողին առանձնակի կարողութենէն, բառ ու պատկեր հալեցնելով, նոր քուրայէ դուրս բերելու: Պետրոս Դուրեան իր մահուան անկողնին մէջ նամակի մը տողերուն կը նետէ սա խօսքը. « Երիտասարդ ըլլալ ու երգել, ծեր ըլլալ ու աղօթել », Լամարթինի « Նոր խորհրդածութիւնք » գիրքին մէջ նոյնութեամբ ներկայ։ Սրբապղծութիւն պիտի նշանակէր Դուրեանը բանագողութեամբ մեղադրել, այն գլխաւոր փաստին առջեւ, որ այդ տողիկով իրացուած իրականութեան հարազատութիւնն է Պետրոս Դուրեանին հոգեբանութեան հետ։ «Սէրը ծովն է»։ Մեր մամերն իսկ կ՚ըսէին, իրենց աղջըկնութեան յոյզերը վերյիշելով թերեւս.

Ի՜նչ անուշ կը փչէ սէվտային հովը…

Ու կը նայէին նոր ծնող տղոց ետեւէն, որոնք իրենց կիրքերը, մեղքերը երբեմն կրելու անկարող՝ ծո՜վ կ՚երթային, ջուրերուն խորը մարելու իրենց բոցերը, կոտրելու իրենց փուքըր նաւ երը, իրենց մարմինները… 

 

Գուզիմ բերանըս բաց անիմ, գովքըտ ասիմ թարիփի պէս,
Տաս տարի է ման իմ գալիս փադիշահի շարիփի պէս.
Օխտըն տարի էլ ման գու քամ սազըն ձիռիս Ղարիբի պէս՝
Բութա Շահսանամըս դուն իս, էլ չունիմ օչով, ա՛չկի լուս

 

Քերթուածին վերջընթեր քառեակը։ Ուր մուտք ունին իր դարուն յատուկ արտայայտութեան թեմաներ։ Թարիփը նկարագրողն է, պատմողն է, աշուղէն աւելի լեզուանին, մեր օրերու շառլաթանը ։ Շահիպը ՝ մեր մէջ հայացած էշահապիտ ձեւով։ Հաւանաբար թագաւորին պաշտօնական ներկայացուցիչը, որ կը ճամբորդեր, թափօրին առջեւէն գուժկանները վազեցնելով դէպի այս ու ան բռնաւորներուն որջերը։ Կարմիր հագուած ու սուսերամերկ այդ դահիճները կը զարնէին այդ որջերուն մուտքին կախաղանը, գլխատման սեղանը։ Շահիպը երբեմն արդարութեան առաքեալ, երբեմն կեղեքման գործիք՝ այդ դարերուն ամէնէն իրաւ խստութիւններէն մէկն էր զանգուածներու հոգիներուն դիմաց։ Սայաթ-Նովա երկու հոգեբանութիւններն ալ կը թուի ըլլալ դրած իր նմանութեան ներսը։ Թափառումը պատկերին արտաքին մասը կը կազմէ։ Որքան ալ սերունդի վիճակին քիչ հարազատ բառը իր խորունկ ու ծանր իմաստովը նպաստ մըն էր զգացումին ուժը, բռնութիւնը լուսաւորող։ Ղարիպին զրոյցը ողջ էր իմ մանկութեան. ընդարձակ հեքիաթ մը հազար ու մէկ գիշերներէն փախած։ Զոր կը բեմադրէին բոլոր այցորդ–երգիչները, կը պատմէին աննկարագրելի խանդով, լուսաւորելով բառերը եղանակով, խլելով մեր ամէնուն արցունքը ու մեզի ձգելով դժբախտ սիրողին տաղերէն փշրանքներ, իրենց կարգին, աճման դրուած մեր մատաղ զգացական աշխարհին արտերուն, մեզ ընելով մեծ–մեծ դժբախտներ…։ Նման բան մըն է Շահսանամը, որ անուն ըլլալէ առաջ` արքայական, իշխանազուն աղջիկներու, հեքիաթին պարիկն էր, անդիմադրելի, ինչպէս կ՚երեւակայէինք, որ ըլլալու էին թուրք պալատներու ներսը աճող աղջիկները, դալկութիւն ու արիւն նոյն ատեն, մետաքս ու ոսկի, զգեստէ՝ ինչպէս նայուածքէ, դեղին ու բաց կարմիր, կապոյտ ու մութ ալքերու ներքեւ. ։ Ո՜վ մեր պատանութիւնը, որ աւելի վերջը պիտի բզկտէր այդ շղարշները հեքիաթին, գտնելու համար անոնց ծոցին մեզի պէս խեղճ ու տառապող սիրտը, սիրտերը կիներուն, մեզի չափ խենթ ու անյագ ու անսրբագրելի, ինչպէս էր, չունի կասկած, պատկերը, որ քերթուածին այդ քառեակին երրորդ տեղը կը թելադրէ։ «Ալ չունէ՞ր», ոչ մէկը, այս տողը երգողը, այդ Շահսանամէն զատ։ Ո՞վ՝ այդ շղարշին ներսը փաթթուած ուրուականը։ Չորս քառեակները կը խօսին այդ դիւթքէն, առանց անոր խորհրդանիշ իմաստը թանձրացնելու։ Յետոյ՝ զգացումին ընդհանրութիւնը, բռնութիւնը կ՚անդրադառնան ձեւին ալ տարտամութեան։ Չէ՞ ապրած այս մարդը, այդ աչկի լուս ին հետ, ինչպէս օրէն էր ապրիլ, մարդոյ որդիներուն, որպէսզի չըլլային այն քան վառ, հեռարձակ այդ տողերը։ Դիմում մը տաղարանին միւս միութիւններուն՝ պիտի չըլլար աւելի բարեբաստ, քանի որ անոնք ալ կը մնան փաթթուած նոյն մշշայնութեամբ։

Կու գամ՝ վերջին քառեակին

Թէգուզ հազար դարդ ունենամ, յիս սըրտումըս ա՜հ չիմ ասի.
Իմ հուքմի–հեքիմըն դուն իս, յիս էլ ուրիշ Շահ չիմ ասի։
Սայաթ–Նովէն ասաց զա՛լում, յիս էն մահին մահ չիմ ասի՝
Հենչաք ըլի՝ դուն վըրէս լաս մազըտ շաղ տալով, ա՛չկի լուս։ 

(1758) 

Որ կը պսակէ այդ դժբախտ տարտղնումը, հաւաքելով մարդկայինին անփոխարինելի շեշտը, համը՝ գերագոյն ցայտքի մը մէջ, այնքան անդիմադրելի իբրեւ բառ, որքան թերեւս եղանակ ալ (Սայաթ-Նովայի երգերուն եղանակները կարօտ են մեծ ստուգման։ Իմ լսածները իրարու նման անթեք շարգի ներ են, երկու հարիւր տարուան հեռացումով մը աղճատուած։ Պալատական երգիչը ձայն է ամէն բանէ առաջ), երբ կ՚արձակուէր քամանչային լարերէն, հիացիկ` որքան աղերսարկու, կպչուն՝ որքան խռովիչ, դէպի երազը, այնքան իրաւ՝ ով գիտէ ո՛ր վարագոյրներուն ետին գալարուող, խենթ ու խենթեցնող։ Ուրիշ չեն եղած մեծ սիրերգակներուն խոշորացումները, իրենց սիրեկաններէն։ Զգացումներուն ռոմանթիզմը մինակ Դուրեաններուն, Պէշիկթաշլեաններուն մենաշնորհ պատմուճան մը չէ, ոչ ալ՝ Հաֆըզի, Սաադիի, Փեթրարգի անուններուն անց ըլած դրասանդ մը։ Հուքմի–հեքիմը ՝ մահավճիռը ստորագրող դատաւորն է։ Այսօր մենք կը ծիծաղինք այդ ամենակարողութեան վրայ, առանց անդրադառնալու, որ հարիւրներ, չըսելու համար՝ հազարներ են, որ այդ վճիռը հողերէն կը վազեն ջուրերուն կամ կրակին գերեզմանին։ Սայաթ-Նովան չէ ձգած մեզի վաւերական փշրանքներ։ Հեքիաթը, արկածախնդիր մեկնութիւնը ազատ են ուզածնուն պէս տրամադրուելու այդ դատաւորին հանդէպ։ Ունինք Պետրոս Դուրեանի մթին տրաման։ Կայ Պէշիկթաշլեանի կէս տրաման։ Շահ էն ալ վեր է այդ կինը։ Շատերուն ամենակարող օրերուն։ Մահ էն ալ վեր է այդ զալումը, որ պիտի նուաճուի սակայն միայն այն ատեն, երբ մազերը «շաղ տալով» պիտի իյնայ իր դիակին վրայ։ 

Ձեւի քննութիւն մը, ինչպէս դիտել տուի մուտքին, պիտի մնար անշահեկան՝ եթէ երբեք քերթողին բոլոր գործածած տարրերուն ստոյգ գումարը մեզի մնար անծանօթ։ Պարագան մօտիկն է այս վիճակին։ Երկու դար մեզ կը բաժնեն այս տաղին ծնունդէն։ Ասինքն՝ վրաց մայրաքաղաքին մէջ իր քամանչան ուuին պտըտող բանաստեղծին ապրումները չեն կրնար վերակազմուիլ, իրենց մերձաւոր հարազատութեան մէջ նոյնիսկ։ Բայց արուեստի գործի մը ճակատագիրը չէ կապուած այդ պայմանականութեան։ Պիտի ըլլայ այդ գործը այդ ժամանակը անշուշտ (չի կրնար չըլլալ), բայց պիտի ըլլայ մա՛նաւանդ անկէ աւելին։ Հակառակ կառուցման մեծ նուազումներուն, ու հակառակ արտայայտութեան ծանր տկարութեանց ու, մա՛նաւանդ՝ հակառակ իր բնական պատմուճանէն ձայնէն դաւաճանուած ըլլալուն, « Մէ խօսկ ունիմ »ը մեզ կը յուզէ։ Կը յուզէ, վասնզի տասնըվեց տողէն ութը, այսինքն՝ կէսը վեր են մեղքէն, ինչ որ կը թելադրէ իրաւ, անկախ ստեղծումը։ Բացէք արեւելահայ մեր օրերու տաղարան մը, օրինակ, « Երգեր ու վէրքեր »ը ու զարկեք կշիռի հոն ամէնէն յուզող նկատուած քերթուածը։ Ձեր գտնելիքը չորս տող ալ պիտի չըլլայ, անոնք ալ՝ ոչ Սայաթ–Նովայի երակէն, այլ՝ հասարակ վանկաչափի մը մատներէն, ու հազիւ–հազ հանդուրժելի։ Սայաթ–Նովայի ութ տողերը վերի քերթուածէն՝ անթառամ գեղեցկութիւններ են, իրաւ բանաստեղծէ մը մեզի մնացած հպարտութիւն։ 

 

 


 



[1]        Գրական այդ հանգանակին միութիւնները կը կազմեն՝

          Ա) Ո՞վ կայ, որ կը ջանայ գտնել կտորի մը ետին՝ գործաւորը ։

          Բ) Ի՞նչ կայ, ուր կը վերլուծուի խորքը

          Գ) Ինչպէ՞ս կայ, որ արտայայտութեան հարցերով կը զբաղի։

          Դ) Ե՞րբ կայ, գրականութեան պատմութիւնը լուսաւորող։

[2]        Սայաթ–Նովայի տաղերուն շեղումը մեր օրերու բարբառին իմ մէջ կ՚արթնցնէ բարդ տրտմութիւն ու տագնապ։ Ունինք այդ փառասիրութեան դառն պտուղը արեւելահայոց մէջ, Քուչակին վրայ գործադրուած, անճանաչելի արեւելահայ տաղաչափի մը վերածող մեր ժողովրդական բանաստեղծութեան ամէնէն շքեղ ծիրանաւորը։ Կը լռեմ անունը այս սրբապիղծ մարդուն, որ այդ չարիքը կը գործէր անշուշտ մերձաւոր անպատասխանատուութեամբ մը, որմէ ուրիշ նմոյշ է արեւելահայ միւս անհո՜ւն պոետին . Չարենց) զազրելի փարոտին, Սայաթ Նովայի կաղապարը չարաշուք տափակութեամբ մը հասարակ բառերու վրայ բռնադրող։ Չեմ ըսել, թէ անթարգմանելի բանաստեղծ մըն է Սայաթ–Նովան։ Բայց կը պահանջեմ, որ մարդիկ հասկնան, թէ ի՜նչ կ՚ընեն։ Այդ անհասկացողութեան գինը վճարեց այնքան չարաշուք կորանքով մը Արեւմտահայ գրականութիւնը, ուր տաղաչափներու անօրինակ բազմութիւնը մօտ էր խղդելու իրաւ քերթողներու հարազատ փնջիկը։ 1850էն մինչեւ 1915, մենք այդ պատրանքին ընդմէջէն ստիպուեցանք ոչ միայն հանդուրժել անկանգնելիօրէն անբանաստեղծ երկունքը Թերզեաններու, Սէթեաններու, Աճէմեաններու, Նար-Պէյներու, Պէրպէրեաններու, Եղիշէ վարդապետ Դուրեաններու, Չերազներու, Եղիաներու, յիշելու համար ամէնէն մեծատարած փառքերը արեւմտահայ բանաստեղծութեան, այլեւ խարդախեցինք արուեստին իսկ էութիւնը, անկէ զատելու աստիճան հարազատ ստեղծում ու կնիք ու երեւան բերինք ոտանաւորը, որ չափուած բառ է եւ քիչ ուրիշ բան։ Ոչ ոք, մեր օրերու տղոց մէջ, երկրորդական կրթութեան մը չարժանացած նոյնիսկ, բայց հայերէն գրելու կարող, որուն արտօնուած չըլլայ սրբապիղծ այդ համարձակութիւնը։ Նետեցէք աչք մը Սփիւռքի քերթողներու կարաւանին (վստահելի հաշուապահ մը այդ քնարակիրներուն թիւը կը հանէ երեք յիսունի), համոզուելու համար բանաստեղծութեան տագնապին։ Թարգմանութի՞ւնը։ Աւա՜ղ, ա՛ն ալ կը մնայ կրունկին տակը այդ սրբապղծութեան, բանաստեղծութիւն մը չի թարգմանուիր (առանց մեռնելու իր ամէնէն խուսափուկ հոգեկանին խորը), այլ միշտ կը գրուի: Ըսել կ՚ուզեմ՝ բանաստեղծ մը միայն արտօնուած է այդ տկլոր փառքին։ Ա՛ն՝ որ մօրենական իր լեզուին բառերը կ՚ընտրէ հասնելու համար… տափակութեան, օտարներու լեզուէն, նոյն փորձին մէջ, դատապարտուած է նոյն ճակատագրին։ Կը պահանջեմ, որ մարդիկ հասկնան, թէ Սայաթ–Նովան առաջնակարգ բանաստեղծ մըն է։ Զայն փոխադրել… գերմաներէնի, արեւմտահայ աշխարհաբարի, չինարէնի՝ կը նշանակէ առաջնակարգ բանաստեղծի մը զգայնութիւնն ու թեքնիքը պարտադրել գերմաններուն, Սփիւռքին, չինացիներուն։ Ու այս բախտը փողոցէն հաւաքուելիք բան մը չէ դժբախտաբար։ Ահա թե ինչու իմ վերլուծումը կը հրաժարի « Մէ խօսկ ունիմ »ը վերածելէ արեւմտահայ բարբառին, ծանր, թերեւս անկանգնելի կորանքներէ խուսափելու կանխագիտութեամբ մը։ Չեմ զբաղիր հրապարակ դրուած թարգմանութիւններուն ո՛չ հարազատութեամբը, ո՛չ բանաստեղծականութեամբը։ Բայց կը յիշեմ ողորմելի արդիւնքները Խայեամէն կատարուած փոխադրումներուն, արեւմտահայ բարբառին։ Գառնիկ Ֆընտըքլեան լուրջ, իրաւ բանասէր, զարմանալի չէ, որ ըլլար գէշ բանաստեղծ մը։ Չարըգ տաղաչափ իսկ չէ։ Այն ատե՞ն։ Մեզի մատուցուածը կ՚ըլլայ զառանցանք։ Edward Fitzgerald ալ թարգմանած է Խայեամը։ Բայց այդ իսկ թարգմանութեամբ ստեղծած է ո՛չ միայն Խայեամին փառքը, արեւմտեան մշակոյթին մէջ, այլեւ… անցած է իբրեւ մեծ բանաստեղծ մը անգլիական գրականութեան պատմութեան։ Պարզ են այս խօսքերը, հեռու՝ երկդիմութենէ, աւելորդ պատրանքներէ։ Ի՞նչ կը դնէր Սայաթ Նովան, օրինակ, իլթիմազ բառին ետին, երբ զայն կ՚առնէր ժողովուրդին բերանէն իր տողին համար։ Բառացանկը ունի աղաչանք, աղերս, միջնորդութիւն: Դրէք անոնցմէ մէկը ուրեմն տողին մէջ անոր տեղ, ու կարդացէք։ Ձեր գրածը հասարակ տող մըն է։ Սայաթ-Նովան անծանօթ չէր կրնար ըլլալ աղաչաք բառին։ Նախընտրած է օտարը։ Ազդա՞կը՝ սա նախասիրութեան, ապահովաբար՝ իրաւ բանաստեղծի իր բնազդը։ Բառերը մեռելութիւններ չեն։ Անոնք ո՛չ միայն կեանք ունին, այլեւ… հոգի: Իջէք աւելի վաղ, մինչեւ Նարեկացի ու մինչեւ ժամագիրքին աղաչեմք ները։ Նարեկացիին մէջ աղաչելը հեռու է բառարանեան գումարէ մը։ Մինչեւ որ իլթիմազը լիովին փոխարինող տարր մը չգտնենք, մեր տողը կը մնայ սովորական, առանց այդ բառին։ Նոյնն է պարագան ինթիզար ին։ Սայաթ-Նովա ուրիշ բան էր դրած երկու բառերուն ալ ծոցը։ Ու տագնապը։ Սայաթ-Նովա մը թարգմանելի է Սայաթ-Նովայէ մը։ Կարճ՝ ինչպէս կտրուկ։ Տրտմութիւն, չըսելու համար ամօթ՝ իմ զգացածը Չերազի մը թարգմանութիւններուն առջեւ, որոնք իբր թէ մեր նոր գրականութեանց հանգամանաւոր, յատկանշական քերթողներէն լաւագոյն նմոյշներ առաջադրած էին… օտարներուն վայելումին։ Վարուժան փորձեց Պօտլէռը հայացնել։ Շքեղ փլասթիքը այդ մեծատաղանդ բանաստեղծին նման էր շատ ծանր շուրջառի մը Պօտլէռի տողին վրայ։ Եւ որովհետեւ երկու քերթողներուն զգայնութիւնները իրարու հակադիր իրողութիւններ էին, Վարուժանի տաք չարչարանքը Պօտլէռի մերկ ու մութ կսկիծին վրայ՝ երեւան բերաւ անտանելի անձնականութիւն մը։ Պատռեց թարգմանութիւնը Վարուժան, բայց չէր հրաժարած պատրանքէն։ 1915ի առջի ամիսներուն, այս փորձը ճակատագիրը դարձուց սակայն վերջնական։ Պիտի յաջողէ՞ր։ Գաղտնիք։ Ու հիմա կը կանչուիք ձեզմէ դարերով վար զգայնութիւններէ վերբերումներու։ Պարտքին տակն էք, ամէնէն առաջ, այդ դարերը, այդ զգայնութիւնները ըլլալու: Հետեւաբար՝ բանաստեղծ ծնած ըլլալու։ Հետեւաբար՝ թեքնիք մը, զգայնութիւն մը ճարած ըլլալու եւ ոչ թէ ժամանակի, բառարանի, սեղանի, թուղթի, բարեկամի տարրերուն վստահելով ձեռք նետելու Սայաթ-Նովա մը, Քուչակ մը, Նարեկացի մը փոխադրելու ձեր օրերու բարբառին։

[3]        Ա. Թալասo Amour Asiatiqueի մէջ գրած է այդ գերադրական ապրումներով պարտադրիչ տողեր։ Պարտաւոր եմ ըսել, որ աֆղան բանաստեղծութեան նմոյշները, այդ հատորին մէջ, կը մնան սեռէն անհաւասարելի յաջողուածքներ։ Պարսիկ, հնդիկ, արաբ, նոյնիսկ չինական սիրերգները ժողովրդականներէն ու գրագէտներու միջոցով յօրինուածներէն իրենց խորքին հզօր ձգողութիւնը յաճախ քառապատկած են ձեւին ալ ապշեցուցիչ յանդգնութիւններովը, նորութիւններովը։ Ես չեմ հանդիպած վերի քառեակին վերջին տողը կազմող պատկերին այդ հաւաքածոներուն մէջ։ Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ, թէ այդ պատկերը սեպհական ստեղծումն ըլլայ Սայաթ-Նովային։ Բայց կը նշանակէ աւելի համեստ բան մը, այսինքն՝ շատ ծանր, տարածուն, խորունկ հոգեխառնութեան մը մեզի մատուցումը պարզագոյն ու ժուժկալ զգեստի մը տակ։ Ա՛լ չեմ փնտռեր ծագումը, սկզբնական գործաւորին թաղուած անունը։ Գոհ եմ, որ Արեւելքի մեծագոյն թեման, Սայաթ-Նովայի գրիչին տակ, կը գտնէ իր կերպարանքներէն մէկը, այնքան սեղմ ու անվերածելի ձեւով։