Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Դարձեալ, պատմուճանաթափ ու սքեմասքող այս բանաստեղծին տաղարանը մեզի կը բերէ քանի մը կտոր ( Գէլն ու Չոբանը. Մողնու Ս. Գէվուրք։ Բետասըլին վուր խօսեցընիս, Աշխարըս մէ փանջարա, Արի համով ղուլուղ արա, եւայլն), ուր իր հիմնանիւթը ըլլար պակաս։ Ո՞վ՝ այդ գոզալը։ Մեր արտագրած կտորին մէջ անիկա կ՚անուանէ աչկի լուս: Ուրիշ տեղեր՝ եար, հուրի, նազանի, եւայլն, այսինքն՝ ամէնէն թունդ վանկերէն մինչեւ ամէնէն նուրբ ոգումները։ Անոր անձովը, գեղովի, հուրքովը, արիւնովը կը լեցուին գրեթէ բոլոր տողերը, տարօրէն պիրկ, թրթռուն։ Գտնել այդ տողերուն ճամբով դասական սիրուհին, Արեւմուտքի Պէաթրիչէն ու Արեւելքի Լէյլան, թերեւս հոմանիշ է գրական պատրանք մը հալածելու։ Դարձեալ վերանալ, այդ տողերուն ճամբով, պալատական, առնուազն ազնուատոհմ տիկնոջ մը թէեւ սիրուն, բայց հեքիաթունակ կերպարանքին (իր սուլթանը, շահսանամը, հուքմի հէքիմը, Լէյլան, արեւելեան հեքիաթներու ընթացիկ միութիւններ կը թուին ըլլալ, քան թէ իրապէս զինքը խորովող արարածներ) պիտի նշանակէր սիրավեպի հերոսուհի մը լաստակերտել։ Նման արկածախնդրութիւններ, հարկ կա՞յ յիշեցնելու, կը մնան դուրս լրջութենէ։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն՝ գիրքի հերոսուհի՞ մը, մտատիպա՞ր մը, խորհրդանիշ արարա՞ծ մը։ Կը խորհիմ, թէ պէտք է համակերպիլ փաստերուն, ընդունիլ մեզի եկածը ու այդ ընդհանրութեան, խորհուրդին մէջէն արտահանել ջանալ աւելի ներելի, հաւանական, կարելի հետեւութիւնները։ Յետոյ, ունինք (ունէինք), մեր աչքերուն առջեւ գործողութեան պրոցեսը, ինչպէս կ՚ըսեն։ Իմ միջին երիտասարդութիւնը զարմանքով կը հաստատէր գեղերու մէջ (ամբողջ Արեւելքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ մեծատարած գեղ մը, տակաւին այսօր. ԺԸ. դարուն այս հաւաստումը դուրս է կասկածէ) սիրային տրամաները պսակող սրտառուչ ոճիրներ, բախումներ, կախաղաններ, գլխատումներ, անակնկալ մահեր ու հետախաղաղ նուաղումներ, բոլորը նիւթը կազմող, գեղին վրայ, տեղին իսկ ներսը ժողովրդական յօրինումներու, յաճախ արտակարգօրէն իրաւ, գեղեցիկ իբր բառական շէնք։ Բառը կը պաշտպանուէր եղանակով, որ չես գիտեր ինչպէ՞ս կը բուսնէր, ուրկէ կու գար։ Կը թաղէինք աղջիկը ու, գերեզմանին հողը չչորցած՝ քերթուածը կը պտըտէր գեղին սրտերը ու կ՚ապրեցնէր վաղամեռ թշուառութիւնը, շեշտելով անոր մարդկային կողմը, պարզ ու անդիմադրելի։ Ու կը ճամբորդէր մօտիկ գեղերը, ազգի, կրօնքի անտարբեր, նոյն հողերուն ապրանքը իբրեւ։ Երաժշտութիւնը այդ քերթուածներուն բառերէն աւելի կը դիմանար։ Ահա թե ինչու նոյն ապրումները ստիպուած կ՚ըլլան բառերը հագնելու ուրիշ լեզուներու, պահելով բխումին հիմնական արիւնը, զգացումին այրուցքը, կսկիծը, խենթութիւնը։ Այդ քերթուածներուն կեանքը երբեմն կ՚անցնէր սերունդը, դիմանալով, առանց դալկացման, մինչեւ որ պատահարին կրկնումը թաղէր անունն ու հանգամանքները առաջինին, առաջիններուն, ու երգը տեւէր անուններու փոփոխումով մը։ Այս ամբողջ ստեղծագործութիւնը, անանձն աշխատանքի մը պատկերը ունէր։ Այսպէսով է, որ տեղերը կ՚ունենային իրենց տրամաները, տօնական, տխրական, պարագայական ու միշտ կենդանի։ Կար տակաւին երկրորդ եղանակը։ Կը պատահէր, որ աշուղ մը, իրական, մաս առնէր տրամայէն, այսինքն՝ թաղէր, գեղացիին հետ, ուրիշ երիտասարդ մը։ Շաբաթ մը ամբողջ անոր գերեզմանին վրայ մենք կը տեսնէինք այդ աշուղը, իր գործիքով, որ պառկողը կը խօսեցնէր, անոր բերանը դնելով սրտայոյզ խօսքեր, յաւիտենին անցած բաներու լրջութեամբ կամ անոր «հող լցուած» ականջներուն ուղղելով մօրկանը, նշանածին, կնկանը, հօրը բերնէն անդիմադրելի կսկիծով այրող ուրիշ խօսքեր։ Ասոնք ժողովրդականին վրայ ունէին առաւելութիւններ, կարճ էին ու զերծ խակութենէ, կրկնութենէ։ Սայաթ-Նովա՞ն անշուշտ մէկն էր այդ աշուղներէն։ Ու մե՛ծը։ Բաժի՞նը անձնականին՝ այդ տողերուն ետին։ Այսինքն՝ որքա՞նը իր կրակներուն անիկա պահեց իր տիվանէ սրտին բուրվառին մէջ (Նարեկացին, Դուրեանը Սայաթ-Նովայի գիծէն բանաստեղծներ են), հոն դրուած նրբենի ձեռքէ մը։ Ուրիշ խօսքով՝ քերթուածին ետին որքա՞ն տարր անձնական ապրում էին, որքա՞նը՝ պարագաներէն։ Ի՞նչ է տարողութիւնը սա տողին, օրինակի մը համար

 

Աշխարս աշխարհով կըշտացաւ, յիս քիզանից սով, ա՛չկի լուս

 

Այսինքն՝ միսէ ծարա՞ւը կը պատմէ անիկա մարդուն, կնկայ, զաւկի տէր, որոշ դիրքով, թերեւս պալատական ալ համբաւով։ Որ առնուազն պարտքին տակն էր ըլլալու խստապահանջ բարքերը յարգելու։ Բայց վերի տողին թելադրանքը, անհունօրէն իրաւ, մարդկային, մեր ամէնէն տիրական զգացումը ամէնէն շքեղ, անմոռանալի կերպարանքի մը տակ պատկերող, չէր կրնար շփոթութիւն ստեղծել մտիկ ընողներուն ո՛չ միայն հոգիէն, այլեւ՝ բարոյական ըմբռնողութենէն ներս։ Ու ասիկա այսպէս, գրեթէ բոլոր քերթուածներուն համար։ Ու պարտաւոր էք չմոռնալ հիմնականը: Երկու հարիւր է թիւը այս մարդուն անունով մեզի հասած խաղերուն (115 թուրքերէն, 60 հայերէն, 34 վրացերէն), բոլորն ալ երգուած ։ Ինք կը գրէ «պստուց» տուած ըլլալով ինքզինքը երաժշտութեան, երգահանութեան, «ամէնուն խազին»։ Այսինքն՝ կը թելադրէ ինծի մէկը այն տիպարներին, որոնք դեռ հանդիպելի էին կանխող դարու վերջերուն։ Էի՛ն գանձարան մը Արեւելքի ամէնէն հեռու ոստաններու բոլոր եղանակներուն, հնդիկ, արաբ, պարսիկ։ Սայաթ-Նովան կը գրէ մինչեւ իսկ «Հաբաշ», թուրքմէն ու կովկասեան լեռանցամէջերու մանրանկարային ցեղերու զարմանազան բառերովը պտըտող ա՛յն կենդանի լեզուներուն, որոնցմէ կ՚իյնայ բառը, բայց կը դիմանայ եղանակը։ Գիշերը կը լուսնար, բայց աշուղին կոկորդը չէր ըլլար սպառած անիմանալի այդ բառերուն տարափը։ Ան իր յոգնութիւնը կ՚առնէր երբեմն մատներով, իր գործիքը խօսեցնելով այնքան իրաւ ու թանձր, որ կը թրջուէին ունկնդիրներուն աչքերը։ Աշուղներով փոխադրուած եղանակները ամէնէն մթին խորհուրդը կը մարմնաւորեն իրարու փոխակերպուած, իրարու վերածուած ցեղային մեծ հոգեխառնութիւններու։ Քամանչիստ Ռուբէնը կրնար մեզ յուզել իր մատուըներով, որոնք հնդիկ սրբավայրերու լ իթանի էն կը թուէին ըլլալ առած իրենց միւռոնը, հուրքը, շօշափելի իսկութեան մը պէս։ Կ՚ըսեմ ասոնք՝ թելադրելու համար ասպարէզին, մեծազգի աշուղի մը կարողութեանց ծիրը: Երկու հարիւրը պահուած է այս երգերուն. թի՞ւը կորուստին։ 

Այդ բոլորին մէջ, ըսի անգամ մը, մէկ ու միակ զգացում մը։ Աւելի անդին ես կը մօտենամ այդ զգացումին քանի մը մարմնառութիւններուն։ Հոս իմ նպատակն է գտնել մարդը։ Ունինք Գէորգ Ախվերդեանի թանկագին յառաջաբանը՝ Սայաթ-Նովայի տաղերուն անդրանիկ հրատարակութիւնը գրական մեծատարած իրողութեան մը բարձրացնող։ Ըստ այդ յառաջաբանին, Հալէպէն գաղթական հայու տղան՝ Արութինը ջուլհակի աշկերտ է «Երկոտասանամենի»։ Ասկէ մինչեւ 1740 (ծնած է 1712ին), աւանդութիւն մը զայն կ՚ընէ թափառական հեռու Արեւելքը, մինչեւ Պարսկաստան ու Հնդկաստանը յայտնապէս յիշող։ Պալատական երգիչ ըսի՞, թէ ի՛նչ խորունկ ապրումներ կը մնան բիւրեղակերպ այս տարազին ետին անիկա ընդունարանն է Կովկասին. է՛ նոյն ատեն հեռու Արեւելքին աշխարհիկ ու սրբազան երաժշտութեանց կենդանի նուագարանը. է՛ աւելի՝ իր ալ ժողովուրդին անիմանալի քաղցրութեամբ աղբերացումներուն աւազանը։ Թարգմանեցէք իր գրածները։ Դուք պիտի գտնէք Արեւելքին մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը, մեծագոյն զգացման մը արտայայտիչը իբրեւ։ Ունինք այդ պալատէն իր վտարումին տրաման, որ մեր երեւակայութեան մէջ կրնայ առնել անշրջագծելի տագնապանքի մը, ողբերգութեան մը կշիռը։ Չեմ տար ընթացք այդ հաւանականութիւններուն։ « Դուն էն գլխէն իմաստուն իս »ը մեծ քերթուած մըն է, իր հիմնանիւթէն դուրս իրողութեան մը վրայ բարոյական շատ խորունկ տարողութեամբ մը։ Այդ մէկ հատիկ քերթուածը, հայերէն իր տաղերէն կը գնէ կարելի մեղադրանքը լարի, նիւթի, խորքի աղքատութեան, որով երբեմն կը փորձուինք արժեզրկել մեր բանաստեղծը։ Անշո՛ւշտ որ կինը աշխարհը չէ ամբողջ, մեզմէ շատերուն համար։ Կան անշուշտ ուրիշ զգացումներ մարդը մահուան մղելու չափ զօրաւոր, հայրենիքը, կրօնքը, քաջութիւնը, ազնուութիւնը։ Բայց այս ամէնը անծանօթ չեն հայ բանաստեղծութեան։ Սայաթ-Նովան « Դուն էն գլխէն »ին մէջ Խայեամներու, Ֆիրտուսիներու, Մաարիներու գիծէն իրաւ մարդ մըն է։ Յետո՞յ։ «Պետհրատ»ի կողմէ տպագրուած տաղարանի յառաջաբանը ունի վրացերէնէ թարգմանուած հետեւեալ քառեակը

 

Թո՛ղ ինձ ազատ, վատ մարդ լինել չեմ ուզում,
Ես աշխարհում փարթամ ապրել չեմ ուզում,
Քեզ մօտ մի վատ խօսք ասել չեմ ուզում,
Ռամիկ եմ, իշխան դառնալ չեմ ուզում։ 

(Գէորգ Մուրատեանէն թարգմանութիւն, վրացերէնէ) 

 

Որ աւելի յստակութիւն կը ստանայ, երբ ետին աւելցնեմ դարձեալ նոյն ճամբով մեզի փոխադրուած հետեւեալ քառեակը

 

Բրինձ էի, գարի լինելն ինչի՞ս էր պէտք
Ես աղաւնի, լորի լինելն ինչի՞ս էր պէտք.
Աշխարհական էի, քահանայանալս ինչի՞ս էր պէտք.
Մի հարցնող լինի՝ աբեղայ դառնալն ինչի՞ս էր պէտք

 

Այսինքն՝ այդ աշուղը մարդ մըն է, որ կրնայ թագաւոր մը դիտել, անոր աչքերուն խորը նայելու համար բաւական ուժ զգալով իր մէջը։ Իմաստուն մըն է, որ կը գիտակցի կեանքի կարգերուն, կը չափէ մեր ունայնամտութիւնը ու կը գտնէ աշխարհը հանդուրժելու իր կերպը, իր ցեղէն իրեն կտակուած, կը փորձէ իր վիրաւոր արժանապատուութիւնը սփոփել դարուն գերագոյն սպեղանիով, որ երկինքն է։ Կը հաւատայ այդ դարմանին ու… քահանայ է Կախ գեղի (Կախեթի գաւառ), որպէսզի դառնայ ապագայ աբեղան, սանկ՝ քսանըհինգ մը տարի։ Որքա՜ն քիչ է մեր գիտցածը, բաղդատուած մեզի անծանօթ մնացածին։ 

Իր մահը սրբազան քերթուած մըն է, ամէնուն ծանօթ։