Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է.

Բառերով, մուրացիկ տարազներով ուրիշ բան չէք ըներ, եթէ ոչ՝ ոսկեզօծել մեր քիչը, իրաւը, խորունկը, հարազատը վտանգելու տոնքիշոթութիւնը։ Եղէք համեստ ու գտէք Զուարթնոցին մէջ, օրինակի մը համար, ինչ որ դրած է այս ժողովուրդը, այսինքն՝ իր քաղցրութիւնը, ժուժկալութիւնը, ուժերը զսպելու, դաշնաւորելու իր անմահ գիտութիւնը, իր համն ու շնորհը, բայց ոչ ա՛ն՝ որ չէր կրնար բխիլ ո՛չ միայն ճարտարապետին ուղեղէն, այլեւ՝ ժողովուրդին ալ սրտէն։ Մի վերածէք այդ սրբատուփը շքեղ կառոյցներուն մեծատարած փառքին։ Մի ըսէք, թէ Նարեկացիին գիրքը մեծագոյն վկայութիւններէն մէկն է ազգերու գրականութեանց, այլ՝ մեր կրքոտ, անհաւասարակշիռ, երկնասլաց, յիմար, անսանձ հոգիին մէկ անհաւասարելի վկայութիւնը, ճիշդ ու ճիշդ մեր շնորհներուն ու թերութեանց հաշուեկշիռը, որ մեզ հասկնալի կ՚ընէ մեզի ու կը բացատրէ մեր կործանումը, մեր շքեղ տուրքերուն անօգուտ ձեւով մը  վատնուիլը։ Եթէ Զուարթնոց ը քարը զսպելու մեր ուժին ու խելքին փաստ մըն է, Նարեկ ը՝ խառը կառավարելու մեր անկարողութեան գերագոյն վկայութիւնը։ Առաջինին մէջ մեր խելքը, երկրորդին մէջ՝ մեր կիրքը: Այսինքն՝ իմացականութիւն եւ արիւն։ Կան ժողովուրդներ, որոնք այս երկու դրութիւնները հաշտ ապրեցուցին իրարու եւ ձգեցին մարդկութեան մեծ գրաւականներ։ Մե՞նք։ Եղանք այդ երկուքէն մէկը միայն, ամէն անգամ, որ փրկութիւնը երկուքին համադրումովն էր պայմանաւոր։ Ու գրեցինք պատմութիւնը, որուն նման օրինազանց, խելքը հերքող, բայց սիրտը այնքան խորունկէն յուզող քիչ ողբերգութիւն ինկած է մագաղաթին կամ մարմարին։ Միայն մեր կարճ կէս դարին մէջ (անոնք՝ որ այս տողերը կը կարդան վեր են երեսունէն. անկէ վարերը վստահ եմ, թէ քիթով, պռկունքով պիտի նետեն մէկդի սա էջերը, ուր սինեման, օդանաւը, արագութիւնը եւ դիւրինը չեն տար գրուածքին բարեխառնութիւնը ու ատով անընդունակ են իջնելու այդ հոգիներուն խորը) դուք ապրած էք քառասուն կէս դարերը մեր ժողովուրդին։ 1900ին՝ այս ժողովուրդին հոգին դժոխք մըն է։ Տասը տարի վերջ՝ դրախտային գարունք։ 1920ին՝ անորակելի, դժոխքէն ալ վեր թշուառութիւն։ 1940ին՝ քաւարանեան նսեմութիւն։ Այսինքն՝ մեր երկու հազար տարիներուն ամփոփոյքը, խտացեալ իսկութիւնը։ Չեմ արկածախնդրեր։ Կամ ու կը մնամ իմ ժողովուրդիս մէջը, անոր պատմութեան տաշտին։ Թող ներուի ինծի այս արագ շեղումը [1] ։ Կը դառնամ իմ աշուղին, անոր մէջ գտնելու համար պարզ, սիրող, տաքարիւն արուեստագէտը, բայց ոչ՝ անտարազելի տիպարը, նոր բառով մը՝ հանճարը, որով մշակոյթները շրջան, բարեխառնութիւն կը փոխեն։ Սայաթ-Նովայէն առաջ, ո՜վ կրնայ տալ ճիշդ թիւը սերունդներուն, որոնք երգած են, աւելի կամ նուազ արուեստով, մէկ ու նոյն ապրումները մեր ժողովուրդին։ Սայաթ-Նովայէն վերջ մինչեւ սա տողերը գրուած պահուն կան դարձեալ աշուղներ։ Ճիշդ ութ օր առաջ, Հայֆա, օտար բլուրի մը ծառաստանին մէջ, իմ ժողովուրդը կ՚ընէր մէկը իր սրտառուչ հանդէսներէն։ Անիկա եկեր էր, իր պապերուն ճամբովը, հաղորդուելու իր ցեղին խորհուրդին, որ բառ մը չէ, այլ՝ անմահ իրականութիւնը անոր ապրելու բնազդին, դիմանալու գիտութեան։ Ի՜նչ փոյթ ձեզի՝ այդ խորհուրդին վրայ իբր պիտակ փակցուած մեծատառ արձանագրութիւնը։ Ու ինչ փոյթ մա՛նաւանդ այնքան սրտազեղ գեղեցկութիւն մը, այսքան անսիրտ լրբութեամբ մը ձեւազեղծող սեւհոգի միւս իրականութիւնը։ Մայիս 28ը տօնող տղաքը միայն ճառախօսներ չեն, այլեւ՝ իրաւ հայեր։ Այդ տօնը ծաղրող տղա՞քը։ Անոնք ալ իրաւ հայեր, ինչպէս էին մեր պապերը միշտ, իրարու դէմ միայն գտնող իրենց ցեղային իրերամերժ դրութիւններուն թոյնը։ Մի արհամարհէք այս փաստերը, դո՛ւք՝ որ նոյն սրբազան իրականութեան առջեւ, իրար կը սպաննէք երգի, դրօշակի ձեր կիրքերը զսպելու անընդունակ, ինչպէս եղեր են դարեր ու դարեր ձեր պապերը աւելի բարձր սրբութիւններու դիմաց, երբ գացեր են իրենց արքաները ծախելու՝ գնելու համար օտար բռնապետներ իրենց գլխուն։ Աս այսպէս է, աւա՜ղ, ընդդէմ բոլոր մշակոյթի տեսարաններու փաստարկութեանց։ Այդ տօնին, ինծի տրուեցաւ պատեհութիւնը Սայաթ-Նովան անգամ մը ապրելու իմ ներսը։ Ծառերու տակ, իմ ժողովուրդը դրել էր իր պզտիկ ուրախութիւնը։ Քիչ են իմ տողերը, որպէսզի բաժին հանեմ տեքորին, բարքերուն, հոգեբանութեանց, տիպարներուն: Բոլորն ալ լայնածաւալ իրականութիւններ, միշտ իմ ժողովուրդէն, իմ աչքերուն փռուած, զիս մահու չափ յուզող սէր, գեղեցկութիւն, տրտմութիւն, արեան ձայն ու.. արուեստ։ Երգ։ Պար։ Օղի։ Ու սա քամանչան։ Սայաթ-Նովայի ստուե՛րը։ Իր ծառին շուքին, կռնակը տուած մատաղ մայրիի մը, Երեւանէ՜ն, Անուշաւան անունով իրաւ երիտասարդ մը (իմ ինչո՛ւն պէտք իր արհեստը, նիւթեղէն պայմանները, քաղաքական կիրքերը), բանուոր՝ ինչպէս է արդէն հանդիսավայրը լեցնող բազմութեան ստուար մեծամասնութիւնը, կը զարնէ թշուառ իր ճիպոտը աւելի թշուառ սազի մը։ Արքայական աշուղէն սա ուրուականը զիս կը յուզէ սակայն (ներկայ ուսումնասիրութիւնը, առանց այդ հանդիպումին, պիտի չառնէր իր մարմինը, իմ այնքան քիչ, որքան բազմազբաղ օրերէն երկվեցեակի մը գինը կազմող)։ Անբացատրելի գրաւչութեամբ սեւ աչքերը հայուն, որոնք իր չորս աղջիկներուն էն մեծը տասն ալ չմտած ընքուիներուն տակ ինծի կը խօսին երկու հարիւր տարի առաջուան կախարդ աշուղէն։ Բոլորուած այդ մատղշուկ հրաշալիքներով, երեւանցի Անուշաւանը, պարզ, իրաւ, յիմար, առանց յաւակնութեան, նոյնիսկ առանց կասկածելու ցեղային խորհուրդէն, մեր մշակոյթին ճաճանչագեղ փառքերէն կ՚երգէ ու կը ծեծէ թշուառ գործիքը։ Ի՜նչ փոյթ, որ այդ ձայնին մէջ ես չգտնէի հեքիաթը թագուհիներ խռովքի մատնող սազակիր ասպետին. ինծի կը բաւէր պատկերը, այդպէս խեղճ ու թշուառ, բայց այնքան ալ իրաւ։ Կը կանչէր անցնողն ու դարձողը, ճանչցածն ու չճանչցածը, բանւորն ու պարոնիկը, մեծն ու պզտիկը։ Կը բաշխէր հացն ու գինին այնքան սրտանց, անդիմադրելի, որ կը խորհէի իմ հեռու պապերուն, որոնց բոլորին ալ սեղանները այդքան սիրտբաց ձեւով մը հրաւէրներ էին, մերձաւորին ու օտարին, հերիք է, որ թշնամիին ճիրաններէն բան մը ըլար ձգուած հոն։ Ինծի ըսին, թէ Անուշաւանը իր հացը օրով հանող բանուոր մըն էր։ Ու երգեց այդ մարդը ճիշդ ութ ժամ։ Ի՛նչ կարիք, թէ ինչե՜ր կը կազմէին իր տաղարանը։ Սայաթ-Նովան արեւելահայերուն գինին է, ինչպէս պոլսեցիներուն գինին էին 1860–ին Սահմանադրութեան քայլերգները։ Ու առանց ճիգի ես գացի ետ, երկու հարիւր մը տարի։ Սա Անուշաւանին տարիքով ուրիշ երիտասարդ մը, պալատներու մէջ իր ձայնին կրակին մէջ կը խորովէր, լուրի (լոր) պէս, սիրտերը իշխանուհիներուն։ Յետո՞յ։  Ու կը հաւատամ, թէ այդ անփոյթ, իրաւ, ներսէն բռնկած, հնոց աշուղը, աչքերը երբ կը գոցէր, գոզալներուն խենթեցնող գումարին դիմաց, իր ներսի աշխարհին, հոն կը տեսնէր կինն ու զաւակները, իրենց համեստուկ խրճիթին խորը, մայրը՝ հիւսելով երգիչին պճեղնաւոր պատմուճանը, արքունիքներէն ներսը անոր մուտքը յարդարող, զաւակները մեղմիկ մրմնջելով պապային եղանակները պարզ, քաղցր, անտրտունջ ու միշտ մարդկային, իրաւ։ Այսպէս է գրուած գիրը այս ժողովուրդին ո՛չ միայն պզտիկներուն, մայրերուն, այլեւ պալատները դղրդող արուեստագէտներուն։

Ուրի՞շ։ Թերեւս ընթերցողը սպասէ, « Մէ խօսկ ունիմ »ին առիթով խոշոր–խոշոր տարազներու, հայ երաժշտութիւնը, բանաստեղծութիւնը բացատրել, կերպադրել յաւակնող։ Ըսի, թէ ինչ էր իմ՝ աչքին տարողութիւնը այդ փքուռոյց տարազներուն, որոնցմէ արտահանելի առածները այնքան բախտաւոր գործունէութեան մը կ՚արժանանան նետող-բռնողներու աճպարարութեանց մէջ։ Սայաթ-Նովա ո՛չ հանճար մըն է, մեր օրերուն այնքան աժան քղամիդ, սա ու ան պարտկող, սա ու ան մերկամիտը հագուեցընող, ոչ ալ ձայնի չարչի մը, որպէսզի փողոցները յոգնեցնէ իր յիմար նուագովը։ Անիկա պահ մըն է, միութիւն մը, կերպարանք մը ապրումներու հանդէսի մը, որ առնուազն երկու հազար տարուան յեղաշրջում է ունեցած։ Անիկա մէկ թեւը, երեսը՝ զգալու ձեւի մը, ինչպէս ատոր մէկ ուրիշ թեւն է մեր եկեղեցին։

Իրաւ, միշտ քաղցր, հոգեկան որոշ ազնուութեամբ, մարմնեղէն որոշ տկարութիւններով համախառնուրդ մարդ մըն է ան, մեր բոլորին պէս ու չափ։ Ըլլար ո՜ղջ, ես կը գտնէի կերպը անոր երգերը արիւնի վերածելու։ 

 


 



[1]        ւրիշ գործի մը մէջ . Օշական, « Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան ») այս հարցերը ինկած են բաւարար վերլուծման, որպէսզի գոհանամ հոս այսքանով։ Հայ մշակոյթը նոր տարազ մըն է հին բանի մը։