Դ.
Երբ
փորձը
ընենք
այս
ցրիւ
տարրերը
համադրելու,
մեզի
կ՚այցելէ
հաւանաբար
ամէնէն
խռովիչ
կերպարանքներէն
մէկը
մեր
ժողովուրդին
ապրումները
կարկառի
հանող։
Փոխադրեցէք
զայն
քիչ
մը
աւելի
վար,
մինչեւ
երկոտասաներորդ
դարը,
սազին
փոխան
իր
ձեռքին
մէջ
դնելով
փետուր
կամ
եղէգ,
վստահ
կրնաք
ըլլալ,
որ
մեր՝
սրբազան
բանաստեղծութիւնը
պիտի
ունենար
թերեւս
Շնորհալի
մը,
առանց
իր
մեղքերուն,
արտայայտութենէ՝
ինչպէս
զեղումէ։
Կլայեցի
Ներսէսին
նիւթը
աւելի
խորունկ
է
ու
աւելի
ընդքարշող։
Հոգին
ու
իր
ճակատագիրը,
այդ
շրջաններուն
ոչ
միայն
տիրական
էին,
այլեւ
կը
պահէին
զիրենք
վտանգող
մարմնինին
եւ
ասոր
ճակատագրին
ցաւին
վրայ
յստակ
գերազանցութիւն
մը։
Սայաթ-Նովա
նոյնքան
հզօր
նիւթէ
մը
կը
մնայ
ընկլուզուած,
–
կինն
է
ասիկա։
Շնորհալին
թերեւս
մեր
հոգիին
ամէնէն
անուշ
քանի
մը
մրմունջները,
թրթռումները
բառերով
յաջողեցաւ
ձեւի
մը
կապել,
անկանգնելի
բառատարափի
մը
տառապանքին
զուգահեռ:
Սայաթ-Նովա
ըսած
է
մեր
զգացումներուն
թերեւս
ամէնէն
տաք,
սրտառուչ
կաթումներէն
մէկ
քանին,
առանց
աւելորդ
հռետորութեան։
Ո՛չ
յանդգնութիւն,
ո՛չ
խորհրդապաշտութիւն՝
այս
աշուղին
ետին
տեսնել
յաւակնիլ
ամէնէն
իրաւ
մարմնառութիւններէն
մէկը,
ցեղային
խորհուրդի,
ոգիի,
եթէ
այս
տարազները
համեստ
ըլլանք
պահելու
իրենց
ճշգրիտ
տարողութեան,
զանոնք
չընդլայնելով
վայրապար
դէպի
մեծ
մշակոյթներուն
փառքը,
իմաստը։
Այսպէս
դասաւորուած,
Սայաթ-Նովան
կը
միանայ
իր
ժողովուրդի
իրաւ,
մեծ,
յատկանշական
զաւկըներու
կարաւանին։
Չեմ
երթար
առաջ՝
գործադրելու
համար
Արշակ
Չօպանեանի
խոշորացումը
(Քուչակ)
իր
ալ
վրայ,
զայն
հանելու
համար
Ասիոյ
ու
Եւրոպայի
այլապէս
բարդ
ուրիշ
մշակոյթներու
արգասիք
փառքի
պատուանդաններուն։
Սայաթ-Նովա
պզտիկ
ժողովուրդի
մը
–
որ
երբեմն–երբեմն
մեծերուն
չափ
գիտցած
է
մեծ
ըլլալ,
առնուազն
ձգտիլ
ատիկա
ըլլալու
–
մեծ
աշխատաւորներէն
մէկն
է։
Ասիկա,
առանց
սակարկութեան։
Իր
արուեստին
պայծառ
յաջողուածքէն
ու
փառքէն
անկախաբար
–
բառն
ու
եղանակը
արուեստի
բարձրագոյն
եղանակները
կը
կազմեն
–
անիկա
կը
պատկանի
շքախումբին
այն
մարդոց,
որոնք,
այսօր,
մեր
դժբախտ
պատմութեան
մէջ
մեր
աչքերուն
կարելի
սփոփանք
մը
կը
հայթայթեն։
Մի
սպասէք,
որ
կրկնեմ
քլիշէ
դասական
պատգամը
հայուն
անհատական
ձեռներեցութեան,
–
զոր
այսօր
կը
վերածեն
այնքան
անիմաստ
աճապարանքով
մը
մեծութեան
քոմփլէքսի
մը.
կրկնեմ
անոր
հաւաքական
ողբալի
անատակութիւնը,
անկարողութիւնը,
–
զոր
դարձեալ
կը
հասցնեն
կործանարար
տրտմութիւններու,
մեզ
ապրելու
իսկ
անյօժար
ընծայողի
(երբեմն
մեր
զաւկըներուն
իսկ
վճիռովը,
քանի
որ
կան
գրողներ,
որոնք
կ՚ամչնան
հայ
ծնած
ըլլալնուն),
հակակշռելու
համար
բանաձեւուած։
Բայց
պարտաւոր
եմ,
իմ
հաշուոյս,
հասկնալ
հրաշքներ,
այսինքն՝
իրողութիւններ,
որոնք
կը
զանցեն
իրականութեան
ըմբռնելի
ծիրը
ու
կը
թուին
արհամարհել
մեր
միտքը,
երբ
կը
կենայ
ասիկա
այլապէս
անհերքելի
փաստերու
դէմ
յանդիման,
Բիւզանդիոնի
Վասիլեւսներէն
սկսեալ
մինչեւ
Եգիպտոսի,
Ռուսաստանի
վարչապետներն
ու
զօրավարները,
մինչեւ
Մահարաճները
հեռու
Հնդկաստանին,
ու
մօտիկ
արքաները
մեր
պզտիկ
ժողովուրդին
հոգեղէն
հարստութեան,
Քուչակները,
Դուրեանները.
ասոնք
ալ
արժէքներ,
յորդող
մեր
պատմութեան
պայմաններէն,
ասոնք
ալ
ծաղիկները
նոյն
արիւնին…։
Բայց
համեստ
են
այս
տողերը,
ընդդէմ
արմենիզմին,
շքեղ
հայ
մշակոյթի
մը
հեքիաթին,
որ
միամիտ,
շլացնող
բառակերտ,
սին
յղացք
մըն
է,
երբ
դրուի
իրողութեանց
տաշտին։
Աշխարհին
տուած
ըլլալ
իր
ճարտարապետութիւններէն
ամէնէն
խորհրդաւոր
յաջողանքներէն
մէկը
(Գոթականը),
անշո՛ւշտ
որ
արժանապատուութիւններ
գգուող
գեղեցիկ
փառք
մըն
է։
Անշո՛ւշտ
որ
Անին
գեղեցկութիւն
մըն
է,
երբ
բաղդատուի
Երուսաղէմի
աւերակներուն
հետ։
Բայց
ատկէ
բարձրանալ
մեծ
հայ
մշակոյթի
մը
ռոմանթիք
փառքին,
արարք
մըն
է,
որ
զուրկ
է
լրջութենէ։
Աւելի
դժբախտ՝
այդ
արարքին
հագցուած
տարազակերտ
հպարտութիւնը։
Հայ
մշակո՞յթ,
որ
առանձին
իրողութիւն
ըլլա՜ր,
համեմատելի
ազգերու
ընթացիկ
մշակոյթներուն
(կը
ղրկեմ
ընթերցողը
Օսուալտ
Շպենգլըրի
գիրքին.
«
Արեւմուտքի
անկումը
»,
ուր
այդ
մշակոյթները
ինկած
են
վերլուծման,
ո՛չ
թէ
տոնքիշոթաբար
այդ
տարազներուն
ընդդէմ
ձերը
լաստակերտելու,
այլ
համոզուելու
աւելի
պարկեշտ
յատկութիւններու։
Նորվեգիան
իր
Իպսենով
չէ,
որ
կը
պատկանի
մշակութային
դրութեան
մը,
այլ՝
իր
դիրքովը,
որ
արեւմտեան
մշակոյթին
երկարաձգումն
է
եւ
ոչ
ուրիշ
բան։
Օսուալտ
Շպենգլըր
փսէօտէօմորֆիզմը
շատ
լաւ
կը
բացատրէ,
թէ
ինչու
այնքան
հարուստ
հոգեղէն
դրութիւն
մը,
այսինքն՝
աշխարհը,
որ
կ՚իյնայ
Կարմիր,
Սեւ,
Միջերկրական
ծովերու
կոնքին,
չէ
յաջողած
մեծ
մշակոյթի
մը
բարձրանալ։
Նուաճուելով
Արեւելքի
(պարսիկ),
եւ
Արեւմուտքի
(դասական,
մշակոյթներէն,
Ե.
դարուն
մեր
ժողովուրդը
մեռած
է
ինք
իր
ներսը,
միշտ
ճնշուած
Արեւելքէն,
Հարաւէն,
Արեւմուտքէն,
անկարող
նոյնիսկ
գրականութիւն
մը
ստեղծելու։
Ոսկեդարու
հեքիաթը
–
լեզուական
–
կապ
չունի
գրականութեան
մը
դպրական
յղացքին
հետ,
քանի
որ
բաղկացած
է
թարգմանութիւններէ։
Համեստ
ըլլալը
գոնէ
մեզի
պիտի
խնայէր
այս
աւելորդ
յուսախաբութիւնները)։
Ու
Սայաթ-Նովաները
այդ
մշակոյթին
տիտաննե՜րը։
Սայաթ-Նովան,
առանց
տիտան
մը
ըլլալու
(ականջը
խօսի
Արշակ
Չօպանեանին,
որ
Նարեկացին
պատուեց
այդ
անտեղի
փառապսակով),
պատահելի
գեղեցկութիւն
մըն
է,
ոեւէ
ժողովուրդի
տարեգրութեանց
մէջ։
Ուրեմն
թող
ներուի
ինծի
զգուշանալ
այս
աշուղը
առաջնորդելու
պալատական
–
գրականութիւններն
ալ
ունին
այդ
պալատները,
մա՛նաւանդ
ասոնք
շքաւորող
աւագանին
–
փառքերու,
Սայաթ-Նովան
յափրանալու
չափ
վայելած
է
արդէն
այդ
փառքին
իրաւը,
երբ
սազը
ուսին
կ՚առաջնորդուի…
վանք
մը,
հաւանաբար
կիներու
էնթրիքի
մը
քաւութեան
նոխազ
մը
իբրեւ։
Սայաթ-Նովան
մեծ
աշուղ
մըն
է,
այս
անգամ
արդար
իրաւունքով
մը
իր
տիտղոսը
կրող,
ողջուցը՝
ինչպէս
գերեզմանէն
ալ
ասդին,
վասնզի
չկայ
ոչ
ոք
զինքը
գերազանցող
քանի
մը
հարիւր
անուններուն
մէջ,
որոնք
մեր
վերջին
երկու
դարերուն
իրենց
սազերը
եւ
յաճախ
կոյր
աչքերը
ունեցան
իրենց
սեպհական
ու
երգեցին
իրենց
ու
մեր
ցաւերը,
յաճախ
պարզ,
երբեմն
բարձր
արուեստով
մը։
Անիկա
վաւերական,
կատարելագործուած
տիպար
մըն
է
այն
մարդերէն,
որոնք
աւելի
քան
երկու
հազար
տարի
–
մի
մոռնաք
հեքիաթին
Գողթան
երգիչները,
որոնք
կը
համապատասխանեն
մեր
օրերու
աշուղներուն
––
Արեւելքի
մէջ
դերը
կատարեցին
գերազանց
բանաստեղծին։
Անոնք,
այն
դարերուն,
ուր
արուեստագէտը
–
ծնածը
–
ինքզինքը
իրագործելու
համար
այնքան
քիչ
միջոցներ
ունէր
տրամադրելի,
մեր
ժողովուրդին
մէկէ
աւելի
առաքինութիւններուն
քնքշութիւնը
տիրաբար
կերպադրող,
անոր
իմաստութեան,
փորձառական
փաստերէն,
կեանքը
ընդունելու,
հոգին
յօրինելու,
երկիրը
շահելու
եւ
երկինքը
նուաճելու
կեցուածքէն
դարձեալ
յատկանշական
յայտնութիւններ
առբերող
անձնաւորութիւններ
են։
Ըսի,
թէ
մեր
օրերուն
շրջուած
(à
rebours)
ռոմանթիզմ
է
այս
մարդերը
աճեցնել
աւելի
անդին,
քան
իրենց
իրականութիւնները,
զանոնք
կանչել
խորհուրդի,
այսինքն՝
ի
յառաջագունէ
յարդարուած
ու
իրողութեանց
հետ
անաղերս
մտայղացքները,
որոնք
1830էն
ասդին
նորութիւններ
են
ազգերը,
մարդերը
պայծառակերպող
(
հէկէլեան
դպրոց
),
մշակոյթի
ո՛չ
թէ
քարէ,
այլ՝
արծաթէ,
ու
ինչո՞ւ
չէ,
ոսկիէ
տախտակներ
բեռցնել
անոնց
ուսերուն,
որպէսզի
թափեն
մեր
վրայ
բառերուն
անձրեւը,
փոխաբերութիւններուն
հեղեղը
ու
մեզի
խօսին
մեր
դերերէն,
գալոց
օրերու
հսկայ
հորիզոններու
եզրին…։
Մարդիկ,
արուեստի
պատմութեան
սպասաւորներ,
իրենց
անբաւականութիւնը
(վասնզի
թուղթի
վրայ
աշխատանքը
բառերու
միայն
կը
վերածուի
ու
արուեստները
քիչ
մասով
մագաղաթը
ունեցան
իրենց
յայտնարան),
կը
կարծեն
փոխարինել,
պղտորելով
իրականութիւնը,
աւերակ
մը
բարձրացնելով
անգոյ
փառքի,
գեղեցկութեան։
Մարդեր,
մշակոյթներ
վերլուծելու
ջանադիր,
մեծ
հեշտանքով
կը
թափառին
սանկ
ու
նանկ
տարազներու
ծանծաղուտին
կամ
անտառուտքին,
որպէսզի,
օրինակի
մը
համար,
Օմար
Խայեամի
մը
ընդմէջէն
տեսնել
արտօնուին
իմացականութեան
անմար
ու
անմահ
ջահը,
անկաշկանդ
մտածողութիւնը,
որ
գիտէ
յաղթահարել
բոլոր
կրօնքներուն
մռայլ
մղձաւանջները,
մուկն
ու
մշուշը
մտքին
ճամբաներուն։
Արեւմուտքը
այդ
ճամբաներու
բոլոր
դարձուածքներուն
խարոյկները
վառ
պահեց,
արգիլելու
համար
մտքին
դողդոջ
աստղին
կեանքն
ու
փայլը։
Արեւե՜լքը,
յաւիտենականն
ու
ազնուականը,
որ
իր
մեծ
բանաստեղծին
բերանովը
կը
պատգամէր
մեր
օրերու
լայնախոհութիւնը,
ներողամտութիւնը,
ու՝
շարունակելը
ձեզմէ։
Բարձրանալ,
մարդու
մը
չըսած,
չմտածած
գաղափարներուն
ակօսովը
մէկ
ու
անմահ
իմացականութեան
միթ
ին։