Ա.
Այս
քերթուածը
գործն
է
Սայաթ–Նովա
անունով
հանրածանօթ
ժողովրդական
երգիչի
մը,
գիրքերու
բառով՝
աշուղի
մը։
Չեմ
կենսագրեր
զայն,
ա՛յն
գլխաւոր
պատճառով,
որ
այս
երգին
հասկացողութեանը
մէջ
թեթեւ
է
դերը
այդ
կեանքէն
գալիք
լուսաբանութեան
մը։
Ուզենք–չուզենք,
ստիպուած
ենք
գործը
արժեւորել
գործաւորէն
աւելի,
մա՛նաւանդ՝
երբ
ասիկա
ժամանակի
բաւական
թանձր
խաւով
մը
հեռացած,
անջատուած
է
գործէն։
Միւս
կողմէն՝
այս
քերթուածին
հեղինակը
այսօր
անունի
մը
չորութեան,
աղօտանքին
վերածուած,
իր
բոլոր
թելադրականութիւնը
գտնելու
համար
կարօտ
է
որոշ
լոյսի,
այսինքն՝
կեանքէն,
շրջանէն,
հոգեբանութենէն
վերաբերուած
յստակ
հոսումներում,
հպումներու։
Ասկէ
անդին,
իր
առիթով
ես
կ՚ընեմ
մերձեցումներ,
մեր
ժողովրդական
բանաստեղծութիւնը,
ինչպէս
աշուղական
երգերու
ընդհանուր
տարողութիւնը
որոշ
կերպարանքներու
տակ
պատկերող։
Եթէ
Սայաթ–Նովան
իբր
յատուկ
անուն
կրած
է
որոշ
աղօտանք,
աշուղը
կամ
ժողովրդական
երգիչը,
ընդհակառակն,
փակուած,
ներսէն
վառ
ու
աւելի
քան
թելադրիչ
մտապատկեր
մըն
է,
անշուշտ
աւելի
ընդհանուր,
քան
Սայաթ–Նովան,
որ
նմոյշ
մըն
է
այս
մտապատկերէն։
Աշուղը՝
մեր
օրերուն,
իր
փառքէն
նահանջող
տիպար
ըլլալէ
առաջ,
կանխող
ու
աւելի
հեռու
դարերուն
համար
խորհուրդ
մըն
է
ու
գեղեցկութիւն
մը,
հաշտ՝
իր
ժամանակին,
անոր
զգացական
բարեխառնութեան։
Իմ
տղայութեանս՝
աշուղը
անուշիկ,
համակրելի,
սրտայոյզ
մարդ
մըն
էր,
յաճախ
աչքէն,
ոտքէն
կամ
ուրիշ
կարեւոր
անդամէ
մը
զրկուած,
ծնունդով
խարանահար,
բայց
որուն
կոկորդը,
երբեմն
մատները
«հրեշտակներ
կ՚արծըթէին»,
ինչպէս
կը
պատկերէր
հինաւուրց,
ինքն
ալ
կտոր
մը
աշուղ
քահանան
(իր
ձայնէն
զատ
ոչինչ
ունեցող),
հինաւուրց
արիշին
տակ,
երբ
կը
կանչէր
երգի,
իր
սազին
վիզը
կռնակէն
իբր
ղեկ
գործածող
երգիչը։
Մենք
կը
բոլորէինք
զանոնք,
միշտ
մէկէ
աւելի,
ալեհերն
ու
մատղշուկը,
ծունկ
ծունկի։
Բարի,
քաղցր,
միամիտ։
Անոնց
դէմքերը
զերծ
էին
մթին
տրտմութենէն,
որ
հասարակաց
է
մուրացկաններուն։
Ըսես՝
երգին
անուշութիւնը
ժամանակին
հետ
թափանցեր
էր
այդ
միսերուն
ու
հոն
դրեր
համակրագին,
սրտագրաւ
հրապոյր
մը։
Երուսաղէմը,
Սուրիան,
Եգիպտոսը
քանի
մը
տարի
առաջ,
անշուշտ
որոշ
բեկումով
մը,
անհայտ
տրտմութեամբ
մը
տեսան
ու
դատեցին
մարդեր,
որոնց
աչքերը
աներես
էին,
ապակի
ուլունքնելով
գոյաւոր։
Որոնց
ձեռքերը
հասարակ
էին
ու
սազին
հետ
մտերմութեան
մը
պարտքէն
աւելի՝
տխուր
վարժութիւններ
էին
լրացուցած,
միշտ
բացուելու,
առնելու
ու
գցուելու:
Մարդու
այդ
կտորուանքները,
իրենց
առթած
այդ
մռայլ
զգայութիւններուն
հակառակ,
անբաւական
եղան
աղարտելու
իրենց
գործիքներուն,
երգերուն,
ասոնց
խռովքին
հաստատ
իրականութիւնը։
Սուտ
ու
փուտ
այդ
աշուղները
հերքումն
իսկ
են
սակայն
տիպարին,
որ
ԺԸ.
եւ
աւելի
վար
դարերուն
մեր
ժողովուրդին
գերագոյն
յուզումները
թելադրող
երեւոյթ
էր։
Իմ
մանկութեան,
անոնք
մեր
լեռնանիստ
ու
ցաւատանջ
գեղերուն
կը
բերէին
սիրական
մեր
հեռուն,
պարզ
իրենց
ճամբուն
գօտիովը,
որ
կ՚երկննայ
մինչեւ
Արեւելք,
այսինքն՝
Էջմիածին,
այսինքն՝
Հայոց
աշխարհը։
Լիովին
ընդգրկել
կարենալու
համար
խորունկ
ու
հսկայ
հրապոյրը,
հրայրքը,
անոնց
անձէն
ու
երգէն
ճառագայթող,
հարկ
է
Միջին
ու
Մերձաւոր
Արեւելքները
մեր
մտքին
մէջ
վերակազմել
այդ
դարերէն։
Թերեւս
այս
տողերը
կարդացողները
ունին
իրենց
աչքին
համար
կենդանի
ձեւեր,
միշտ
նախնական
գործիքով
մը,
ձայնական
գործարանի
որոշ
հեռարձակումներով,
բայց
այդ
մարդէն
դէպի
բուն
ժողովրդական
մեծ
երգիչը
բարձրանալու
համար
անբաւական
մտատեսութեամբ
մը
վարձատրուած,
քանի
որ
այդ
ընթերցողը
այդ
մարդը
կը
հանդուրժէ
մեղքնալով,
ողորմութիւնը
մտմտալով
ձայնին
ետեւէն,
մինչ
իրեն
համար
փակ
խորան
մըն
է
միւս
իրականութիւնը։
Աշուղը
իրաւ
բանաստեղծն
էր,
այդ
դարերուն։
Անշուշտ,
այդ
Արեւելքները
իրենց
արեւներովը,
կանանչովը,
կապտագուն
լեռներովը
կը
նմանէին
քիչ
մը
այն
պատկերին,
զոր
երբեմն
կ՚ունենանք
աչքի
առաջ,
մեր
օրերուն։
Այսինքն՝
մարդերը
կը
զգային
իրենց
կսկիծին
մէջը
անկսկիծ,
անայլայլ
պարզութիւնը
զիրենք
կրող,
խանձարուրող
պատկերներուն։
Ու
տառապողներու
մեծ
բազմութիւններ,
այդ
օրերուն
ալ,
թշուառ
պարեգօտի
մը
յանձնած
իրենց
մարմինները,
մինչեւ
ողբերգութիւն,
կամաւոր
մերկացմամբ
մը
ո՛չ
միայն
զարդէն,
այլեւ՝
անհրաժեշտէն,
կիսամերկ,
բոպիկ,
անօթի,
իրենց
մեղքերը,
տարտերը
կ՚այրէին,
ձայնին
թեւն
ի
վեր
մոռնալով
ու
թեթեւնալով,
խորունկ
երջանկութեամբ,
երբ
պալատներու
մարմար
բարքերուն
կամ
մեծ
մզկիթներու
առատաղբիւր
հրապարակներուն,
մռայլանիստ
եկեղեցիներու
եւ
կամ
մահուան
մատներով
սպառազէն
դղեակներու,
բերդերու,
ամրոցներու
շուքին
կ՚երթային
իրենք
զիրենք
մոռնալու։
Քիչ
չեն
աշուղ
թագաւորներ,
իշխաններ,
կաթողիկոսներ։
Կեանքը
այնքան
ներուժ,
ցաւը
այնքան
պարզ
ու
խորունկ
տագնապները,
բզկտումները
այնքան
ծանր,
կործանարար
այդ
դարերուն,
մարդոց
որդիները
այդ
ամէնը
դիմաւորելու
համար
զուրկ
էին
իրենց
ներքին
զօրութիւններէն
դուրս
ամէն
պաշտպանութենէ։
Ահա
թէ
ինչու
տօնը
նկարագիր
մըն
է
այդ
քաղաքակրթութեանց,
ու
անոր
շուրջը
հանդերձուած
արարմունքները
այնքան
տիրական
կնիքով
մը
կը
դաշնաւորուին
տեղէ
տեղ
ու
ցեղէ
ցեղ,
որպէսզի
հաշտուէին
իրարու
ասիացի
բռնապետը
ու
գեղջուկ
աշուղը։
Արեւելքը
աշխարհն
է
խաներու,
կարաւաններու,
պազարներու,
տօնավաճառներու,
ուխտագնացութեանց
ու
անոնց
ամէնէն
սրտառուչ
հանդիսանքներուն։
Աշուղները
այդ
հանդիսութեանց
տեղափոխութիւններուն
անպակաս,
անհրաժեշտ
բաժակները
կը
մնային
մատռուակող
սրբազան
գինին,
որ
հարիւրաւոր
ձեւերու
ներքեւ
պիտի
բաշխուի
ամոքելու
ցաւը
միշտ
մարդոց
որդիներուն։
Կը
հասկնաք,
թէ
ի՜նչ
հեշտագին
կարօտով
մը
բազմութիւնները
կը
սպասէին
այդ
գինիին,
այդ
անտես
անձրեւին։
Երգիչը
ո՛չ
միայն
խորհուրդին,
յուզումին
տեսանելի
արարողն
էր,
մասնաւոր
կնիքով
մը
հանդերձուած
իր
դերին
–
գրեթե
բոլորը
գինն
են
ամէնէն
ծանր
դժբախտութեանց,
իրենց
գլուխը
առնող-քալող,
փախչելու
համար
իրենց
ցաէն,
որ
կը
հետեւի
իրենց
կրունկներուն
կոյր,
հաշմանդամ,
խաբուած
կամ
սպաննող,
ծնունդէն
իսկ
գրուած
իրենց
ճակատագրին
–
այլեւ՝
յաճախ
իրաւ
արուեստագէտ
մը։
Անիկա
տէրն
էր
բառերուն
մոգութեան
–
բանաստեղծութիւնը
գրեթէ
կը
սեղմուի
այս
պզտիկ
տարազին
ետին
–
մատներուն
ճարտարութեան։
Անիկա
ունէր
արուեստներուն
ամէնէն
արձակին
հիմնատարրը,
ձայնը,
քանի
որ
այդ
ճարտար
մատներուն
անիկա
միշտ
պիտի
տայ
հոգի,
ձայնի
ճամբով։
Անիկա
մէկի
տեղ
ունի
քանի
մը
սիրտ։
Չէր
կարելի
ճշդել,
թէ
իր
ծոցին
շեղակի
երկարած
քնարին
ջիղե՞րն
էին,
որ
կը
ծորէին
սրբազան,
խենթեցնող
սարսուռը,
թէ
անոր
հագագին
արծըթած
բաւիղէն
կամացուկ
մը
ինքզինքը
դուրս
արձակող
երկրորդ
սիրտ
մը,
որպէսզի
մատ,
քնար,
ձայն
միանային
իրարու,
տժգոյն,
փակ,
եղկելի
շէնքին
վրայ
այդ
դէմքին
(ուր
մատաղութիւնը,
հիւսուած
ու
կարանուած
աչքերուն
ահաւոր
ցաւը,
երբեմն
ծաղիկին
չեչերը,
երբեմն
տառապանքին
ակօսները
այնքան
իրաւ
կը
պառկին,
քանի
որ
գրուած
են՝
ա՛լ
չսրբուելու,
չփոխուելու
բախտով)
ու
ստեղծէին
միտքէ
չելլող
մեր
յուզումները,
ձայնն
ի
վեր,
երբ
մենք
կը
կարծենք,
թէ
կը
քալենք,
կ՚ազատուինք,
կը
թեթեւանք
մեր
էութեան
դիրտերէն,
մեր
ցեխերէն,
մեր
անազնիւ,
հաստ
կիրքերէն
ու
կու
լանք,
մեզմէ
ճարելով
մեր
կրակին
վրայ
սփոփանքին
անձրեւը,
ու
ձայնն
ի
վար,
երբ
մեր
ներսը
հասունցած
զգացումը
ճամբայ
կը
հանենք
մեզմէ
դուրս,
դէպի
ուրիշ
սիրտերուն
ցանկալի,
կախարդական
բաժակները,
պարտէզները
ու
կը
տառապինք
մեր
սիրոյն
իսկ
սաստկութենէն…։
Միլիոններու
սիրոյն,
կարօտին,
ծարաւին,
անտուն
քաղցին
խորհրդանիշ
քուրմերն
էին
այդ
աշուղները։
Կը
գովէին
անշուշտ
գինին,
խաղը,
քաջը,
ժամը,
մատղշուկ
մեռելը,
լերան
պէս
ամուր
հաւատքը
ու
կը
գովէին
իրենց
բերնով
ինչ
որ
քաղաքակրթութեան
մը
ամէնէն
իրաւ
արժէքները
տուաւ։
Կը
սիրէին
ամէնուն
տեղ
ու
ամէնուն
համար
սիրականը,
անոր
կերպարանքը
իրենց
փակ
աչքերուն
ներսը
յօրինման
դրուած
ու
ատով
աւելի
ազնուացած,
ինչպէս
հին
գինին,
զայն
բաղդատելով
իրենց
չտեսած,
բայց
զարմանալի
կենդանութեամբ
մը,
երանութեամբ
մը
մտապատկերած
բաներուն,
բայց
մա՛նաւանդ
կը
պատմէին,
միշտ
մատուըներուն
կամ
հագագին
ճամբով,
ինչ
որ
բոլոր
դարերու
բոլոր
սիրտերը
զգացին
այդ
սիրականին
համար։
Կու
լային
ու
իրենց
լացը
անուշ,
տաք,
հաղորդական,
գարնան
անձրեւ
մըն
էր
մարդոց
հաստ
հաճոյքներուն
ու
տրտուք
անկումներուն
վրայ
ցօղին,
շաղին
բիւրեղները
կապող,
որպէսզի
գար
զգաստութիւնը,
ծոցի
կնիկէն
անդին
նայող
ու
սեղանին
փառքէն
վեր
սաւառնող
մարդկային
թշուառութեան
անհերքելի
ճնշումը,
ա՛ն՝
որ
մեզ
կ՚ընէ
քիչ
մը
աւելի
նուազ
յիմար,
անմարդկային,
քանի
մը
հզօր
պատկերներու
վրայ,
իբր
մահաբեմի
մը,
փռելով
մեզի
սպասող
անխուսափելի
երկու
կանգուն
հողին
փա՜ռքը,
որդերէ
հիւսուած
ու
որդերու
սեղանին
համար
համադամուած,
կը
խենթենային
ու
կը
խենթեցնէին,
իրենք
արդէն
ոգիներուն
ընտանի,
անոնցմէ
կախուած,
երբեմն
անոնց
հետ
պառկող,
դղրդելով
հազարները,
բանալով
ճամբան
դէպի
մութ
կամարասրահը
մեր
ճակատագրին,
մեզ
ազատագրելով,
գէթ
պատի
մը
համար,
ժամանակին
ու
միջոցէն,
ինչպէս
կըսեն
մեր
օրերուն։
Աւելի՞ն։
–
Անշո՛ւշտ։
Միջնադարեան
հեքիաթներուն
ամէնէն
սրտառուչ
դրուագները
զուր
տեղը
չէ,
որ
առնուած
ըլլան
այդ
երգիչները
զարնող
կրակներէն։
Վերը
մանրամասնուած
նկարագիրները
կու
գան
պարզ
մարդոց
պարունակէն։
Դրէք
անոնցմէ
մէկուն
ներսը
բացառիկ
ալ
քանի
մը
տարրեր,
անոնցմէ՝
որոնք
մեծ
գրագէտը,
արուեստագէտը,
աշխարհակալը,
զօրավարը
կը
յօրինեն
առնուազն
մեծ
կիրքերու
ստեղծիչ
կախարդական
տիպարը։
Ու
դուք
հեռու
չէք
տրամայէն,
զոր
Սայաթ-Նովա
այսօր
փակ
անունին
ետին
ինծի
կը
ներեմ
ընդզգալ։
Աւելի՛ն.
այսինքն՝
խոշոր,
խորունկ,
կործանարար
բախում
մը
դարու
մը,
ուր
դասակարգը,
դիրքը,
դիրքերը
այնքա՜ն
բիրտ
ճարտարապետութեամբ
մը
իրարու
դէմ
էին
դրուած։
Պալատական
կինը
ու
փողոցի
երգիչը՝
դէմ
դէմի։
Չեմ
երեւակայեր։
Սայաթ-Նովայի
գործէն
արտահանելի
տրամա
մը
ո՛չ
բանդագուշանք
է,
ոչ
ալ
հոգեբանական
ծանր
կառոյց։
Մտիկ
ըրէք.
Քանի
գուզէ,
քամին
տանէ՝
ծովէմէն
աւազ
չի
պակսի.
Թէգուզ
ըլիմ,
թէգուզ
չըլիմ՝
մեջլիսներուն
սազ
չի
պակսի,
Թէ
կու
պակսիմ,
քիզ
կու
պակսիմ,
աշխարհիս
մէ
մազ
չի
պակսի,
Սայաթ-Նովու
գերեզմանըն
Հինդ,
Հաբաշ,
Արաբ
մի՛
անի։
Քառեակը
ուղղուած
է
–
ինչպէս
քերթուածին
նախորդ
քառեակները
կը
թելադրեն
–––
ամենազօր
«էն
գլխէն
իմաստուն»
մէկու
մը,
հաւանաբար
վրաց
արքային,
որուն
պալատին
պաշտօնական
երգիչը
եւ
ներքին
ապրումներուն
ամենամօտ
ընկերն
է
այս
ջուլհակին
տղան։
Յետո՞յ։
Ամբողջ
քերթուածը
(Տաղ
Ը.
)
կը
քալէ
տագնապին
մէջը
մարդու
մը,
որ
իր
տաղանդին
հպարտութիւնը
հարկադրուած
է
նժարին
նետելու,
գնելու
համար
գերագոյն
հարուածը,
բռնապետներէն,
միապետներէն
մարդոց
միջինին
ինկող։
Կարի՞ք՝
այդ
հարուածին
իբր
զսպանակ
քրքրել
պալատական
բարքերը
վրաց
արքունիքին,
հոն
տիրական
տրաման,
զոր
կինը,
կիները
կը
հեղինակեն
այնքան
դիւրութեամբ,
ինչպէս
անդիմադրելի
մղումներովը
իրենց
ներքին
ձայնին։
Կարի՞ք՝
այդ
հաւանական
ազդակէն
դուրս
ուրիշներով
զբաղելու:
Որն
ալ
ըլլայ
այս
«նոքարին»
ճակտին
ծանրացող
հարուածին
սկզբնական
պատճառը,
իրաւ
մարդու
գործ
է,
զինքը
ափուչիք
ընելու
կարող
վեհապետի
մը
երեսին
կարենալ
ըսելը՝
Ամէն
մարթ
չի՛
կանա
խըմի՝
իմ
ջուրըն
ուրիշ
ջըրէն
է,
Ամէն
մարթ
չի՛
կանա
կարթա՝
իմ
գիրըն
ուրիշ
գըրէն
է։
Բունիաթս
աւազ
չիմանաս՝
քարափ
է,
քարուկըրէն
է՝
Սելավի
պէս՝
առանց
ցամքիլ,
դուն
շուտով
խարաբ
մի՛
անի։