Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԻՒՆ է ՈՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ

Մոռացումներու մոխիրին մէջն է որ զքեզ պատանքեցի,
Ո՜վ երկբայելի, եսանուէր ու սնոտի Սէր,
Եւ չի հաճեցայ հիւսել խարտեաշ եղէգներէն ո՛չ դափնի եւ ո՛չ պսակ
Եւ ո՛չ ալ դողդոջ երգ մը, քեզի համար, իմ ազատածուփ քնարէս…

Ո՛չ ալ գքեզ դեռ երգեցի, ո՜վ երկինքներու անդորրական կապոյտ,
Ո՛չ ալ զքեզ՝ Արեգա՛կ, զօրութի՜ւն, կեանքի եւ աճումի ովկիան,
Ո՛չ ալ զքեզ՝ Արեւե՛լք, աստուածներու եւ քուրմերու ծննդավայր,
Պատմութեանց կոթող, իմաստութեան խորութիւն եւ վայելքի խորան…

Ո՛չ ալ զձեզ՝ Արեւմուտքի իտէապաշտ Ոստաննե՛ր, ուր Մեծերը կը ծնանին…
Ո՛չ ալ զձեզ՝ մեհենական անտառնե՛ր եւ փլատակուող բարկութի՛ւնք սարսափահար ծովերու…
Եւ վարդակարմիր եւ հոլանի եւ անբասիր առաւօ՛տ,
Կամ ոսկիներու իրիկո՛ւն, մեռելական աշնանամո՛ւտ եւ անապատի անեզրութի՜ւն…

Իսկ օր մըն ալ, երազիս մէջ, Քերթողահայր մը, ինծի ըսաւ.
«Կը հասկնամ ես քու ցաւդ, վասնզի ես ալ կեանքէն եկայ անցայ…
Զաւա՛կ՝ եւ գիտես որ իմ քնարիս պարտէզներէն վարդի թերթեր հոսեցուցի…
Եւ տարփաւորներն անոնց բուրմունքէն գիշերներով գինովցան,
Բայց ծաղիկները գօսացան, ինչպէս մեռաւ իմ աշունս ալ մեծափառ…

Ես գինին երգեցի իր ոսկեվառ բաժակին մէջ հրակայլակ,
Եւ պլպուլին հայրենացաւը տաւիղիս թելերէն սրտիս մէջը կաթկթեց…
Խունկեր մատուցի՝ մոլգնօրէն պաշտուած աստուածներու պատուանդանին
Եւ տառապանքս մոռնալու համար, կերպարանքս մոխիրով պատեցի…

Մարմնին ձեւերն երգեցի, գերեզմանէն սերած եւ գերեզմանին ընծայ,
Ու ծնրադիր պաղատեցայ եւ դողացի շրթունքի մը եւ երկու աչքերու առջեւ…
Արցունքն երգեցի, վերջապէս, հոգիներէ յորդող եւ նայուածքներու հեծեծանք,
Եւ օր մը այսպէս մեռայ՝ Հեղգութիւնս ձեր բոլորին բաժին ձգած…»։

Բայց քու գերեզմանէդ ի վեր, Քե՛րթողահայր, ըսի, հերոսութիւններու օրեր հասան,
Ոտքերուս տակ աւերակնե՜ր եմ տեսած եւ լուսամուտէս դուրս հազարաւոր մեռցուածներ…
Եւ սուրե՛ր շողացին… ձգեցէ՛ք զիս, ո՜վ տկարութեան կապանքներ, դեռ սուրեր կը շողան,
Եւ բանաստեղծի աչուըներս արի՛ւն, արի՛ւն է որ կը տեսնեն…։