Կրկէսին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Բըռնակալն էր նըստած գահին վրայ բոսոր`
Շիրմաքար մ’իր պատուանդան, ա՛մպ մ’հովանեակ…
Հարճերո՛ւն հետ ան իշխելու էր սովոր
Ժողովուրդի մ’որ կը ծնանէր նահատակ:
Շուրջն իր յաւէտ կը բարձրանար ծով մ’արեան`
Զոր կը խըմէ՜ր: «Հպատակներուս սըրտի՛ն մէջ
Ամենահին գինին կ’եռայ»: Կ’ըսէր ան.
Եւ կը սըրբէր ծիրանիով կլափը գէջ:
Կը բարձրանա՜ր միշտ արիւնն: Ան կը զբօսնուր
Հերձելով տաք հեղուկն ոտքով զերդ քեղի:
Հոն խեղդուելու ամէն կասկած էր իզուր.
Թագն արքայի մ’համար դըդում չէ՞ լիւղի:

Բայց զոհերուն արիւնն հըզօր, ժըրաջան,
Գահին հիմերն կը փըտեցնէր լըռակեաց.
Եւ օր մ’ալ զայն տապալելով` կըլլեց ան
Բըռնակալն իր ծիրանւոյն մէջ քընացած: