Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԼԱՑԸ

Գեղեցիկ բաները արցունքի մէջ կը ծնանին:

ՌԸՆԱՆ

Երբ միջոցին մէջ տեղի տըւած չէր
Դեռ Ոչընչութիւնն այս Տիեզերքին՝
Ես կարծեմ Աստուած բան մը կ'որոնէր՝
Որ դարման ըլլայ տաղտուկի վէրքին:

Շըրջան ըրաւ Ան միջոցը մէկէն,
Եւ հոն իրմէ զատ բան մը չըգըտաւ.
Էութիւն մ'ուզեց իր էութենէն.
Իր Էութիւնն իր արձագանգն եղաւ:

Յետոյ դառնալով, տըխուր եւ մորմոք,
Համըր Լըռութեան եւ կոյր Ոչինչին՝
Ան իրենցմէ ինչ մ'ուզեց, եւ անոնք
Ինքզինքնին տըւին, կամ բան չըտըւին:

Երբ Անհունն այսպէս դատարկ գըտաւ Ան,
Իր մէջ ըզգաց խոր, դառնակըսկիծ ցաւ.
Եւ Լըռութեան վրայ ու Ոչընչութեան
Յուսհատութենէն սըրտաբուղխ լացաւ:

Վարն իր արցունքներն ուզածը տըւին՝
Կազմելով մէյմէկ աստղեր երկընքին.
Եւ Բանաստեղծին նըման Աստուած ալ
Որպէս զի ստեղծէ՝ հարկ եղաւ նախ լալ: