Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՋՕՆ

Երիտասարդներուն մահը նաւաբեկութեան մը կը նմանի:
ՊՂՈՒՏԱՐԳՈՍ

Պատանի էր, հովերուն, ալիքներուն մէջ մեծցած,
Իր հայրենիքն ովկիանն էր, եւ նաւը իր օրօրոց:
Քամին յաւէտ կը լիզէր կուրծքն արեւէն թըխացած.
Նըստած էր ա՛ղը ծովուն ճակատին վրայ քրտնազօծ:

Միշտ ծըխամորճը բերնին մէջ կ'աշխատէր անխըռով.
Նաւը բոպիկ կը լըւար, կայմին կ'ելլէր ժիրաժիր.
Վեր կը քաշէր շանաձուկն՝ անոր քիթէն որսալով.
Եւ ամբարի մուկերուն կու տար երբե՛մըն նախճիր:

Ան մի առ մի կը ճանչնար աստղերն իրենց առաջնորդ.
Կարծեմ նոյնիսկ լըսած էր թընծկալն երկու Արջերուն:
Ան կը ճանչնար լուռ դաւերն ալիքներուն քինայորդ.
Եթէ անգամ մ'ականջ տար Շընիկ աստղին հաչելուն:

Ան կը սիրէր ջուրին վրայ աղկիոնի մը նըման
Երգել, ու մերթ ցըռուկին նըստած՝ ոտքերը կախել
Անդունդներուն փըրփրացայտ որկորին մէջ մոլեկան.
Ան կը սիրէր իր թեւերն Անհունին մէջ բաբախել:

Սինկափուրի առջեւ նաւն երբ որ խարիսխ կը նետէր՝
(Ուր Միջօն սեւ բիբերով բոպիկ աղջիկ մ'էր սիրած)
Արագաճեպ կը մագլէր թըռչարանէն դէպի վեր.
Կը տընկէր դրօշն, հովերո՛ւն ճակտին մազերը տըւած:

Ու կայմէն վար հեղեղուող պարաններուն մէջ ծըփուն
Ան կը լողար… ի՛նչ ճապուկ ճախրեր կ'ընէր այդ տղան.
Մերթ կը սողար օձի պէս, մերթ փորձելով վիհն անհուն,
Թըռչարանին ճիշտ ծայրին կը թառէր ան բուի նման:

Չըւաններուն գաղտնիքներն ո՛չ ոք կար իր չափ լուծող,
Անոնք իր իսկ մատերուն կարծես ջիղերն ըլլային:
Երբոր քամին կը յուզէր լարերը այդ լուսացող՝
Երգովն անոնց կ'արբենար, կը վերանա՜ր լուսինին:

Վե՜րն էր դարձեալ, երբ շանթեց օր մը մըրրիկն ախերոն.
Նաւուն ներքեւ կատաղի ցուլի պէս ծովը խոպաց,
Եւ ամպրոպի մ'հարուածով կոտրեցաւ կայմն, ու Միջօն
Գըլորեցաւ աստղերէն՝ անդունդին մէջ լայնաբաց:

Անհունի՜ն էր միացած մասնիկը այդ Անհունին…
Բայց երբ մարմինը դըպաւ խարակներուն թըխերանգ՝
Դըժբախտ Միջօն ցանկացաւ, յառած աչքերը նաւին,
Խուսող ճերմակ առագաստն… իր դիակին գէթ պատանք: