Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱԲՈՒԱԾ ԿՈՅՍԵՐ

Կ'աշխատէիք հիւղակին մէջ, ճըրագին տակ արդար,
Հարուստներուն պատմուճան, մերթ ալ պատանք կարելով.
Ասեղն հիւծած մատերնուդ միջեւ ցուրտէն կը սարսռար…
Հոգինիդ էր անվըրդո՜վ:

Բայց հեշտութիւնն ամբարիշտ կը դաւէր քա՛ղցը ձերին,
Եւ ծախեց ձեր հոգիները՝ գընելով մարմիննիդ:
Անմեղութիւնն անպաշտպան՝ կուրութիւն մ'է երկնային՝
Զոր խաբեցին ուխտն ու ժպիտ:

Օ՜, այն հարուստ պարոններն, այն հըտպիտները շըքեղ,
Որոնք ոսկի ցանեցին՝ որ բոզութիւնը հընձեն,
Ձեր հիւղերէն ներս մըտան սիրահարի պէս անմեղ,
Եւ դուրս ելան քըրքջալէն:

Ձեր սիրտն անոնց համար լո՛կ բաժակ մ'եղաւ գինիի՝
Զոր, պարպելէ վերջ, հարբածը կը կոտրէ հաճոյքով:
Ու օր մ'ալ երբ մայր եղաք՝ անոնք ըրին ձեզ այրի
Արցունքներու մէջ թողլով:

Եւ փողոցնե՜րը ինկաք. Դուք օր մ'ազնի՛ւ բիւրեղներ,
Կոխոտուելով մարդերէն՝ եղած էիք այժըմ ցեխ:
Սակայն ոճիրն հըտպիտին արգանդնուդ մէջ գոհար մ'էր,
Եւ կը մեծնար սիրազեղ:

Դուք կոչուեցաք Գաթինա, եւ կամ Ֆանթին արտալած՝
Որ պաշտպանեց բոզութեամբ իր մայրութիւնը անզէն.
Մարգարիտա կոչուեցաք՝ Դըժոխքէն իսկ պըղծըւած,
Մարիամ՝ պղծուած Երկինքէն:

Ես կը տեսնեմ ձեզմէ մին կեցած ահա հորին քով:
Սըրտաճըմլիկ փորին վրայ կիներ ծածուկ կը ժըպտին:
Իրմէ հեռու կը խուսեն կոյսերն անբիծ՝ զինք թողլով
Իր դոյլին հետ՝ առանձին:

Ահա ուրիշ մը լըքուած՝ խաւարներուն մէջ հիւղին…
Կը հանդերձէ նորածինն իր վարսերով տըխրաշուք.
Քընքոյշ բերնին կը ճըմլէ ծիծերն, ուրկէ կը ծորին
Կաթերու տեղ՝ արտասուք:

Խարտիշուհի մ'հերատո՜ւկն ահա կ'ըլլայ փողոցին,
Եւ իր սէրը կը դընէ հացի մ'համար գըրաւի:
Ու օր մ'ալ՝ երբ ճարահատ՝ դուռը զարնէ բոզնոցին,
Դըժո՛խքն իրեն կը բացուի:

Եւ դուք, ծեփած սընգոյրով բոլոր ամօթն այտերնուդ,
Ահա կ'անցնիք բիւրաւոր տըռփանքներուն ընդմէջէն.
Ա՛լ միսերնիդ կը լըկտան՝ բաց ի ձերին մայրագութ
Նուիրագործուած ըստներէն:

Ես կ'արտասուեմ ձեր վրայ, ո՛վ տարաբախտ իմ Քոյրեր.
Ես ձեր այպանքը կու լամ՝ աչքերս այպէն փակելով.
Գինետան յոյր տակառին կատարն էք դուք պըսակեր
Ձեր կուսութեան պըսակով:

Զազրաթորմի ձեր մազերն հոգւոյս վըրայ կը սողան՝
Շընչելով քէն մ'արիւնիս, օձերու պէս թունաւոր.
Եւ ես քէնո՛վ կ'անիծեմ դարուս կաւատ Մարդկութեան
Ոսկի Հորթերը բոլոր: