Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԵՔԵՆԱՆԵՐԸ

Արեգակին մէջ ամրան, որուն բոցով կը մըրկին
Արծաթացոլ գըմբեթներն ու տանիքները Քաղքին,
Կը ցըցուի բա՛րձըր կատարը գործատան մըշտագոռ:
Մուխը բարդ բարդ կը պոռթկայ բուխերիկէն լայնորկոր՝
Ճակատն երկնի ծեփելով կարծես կուպրով թանձրամած:
Կը սողոսկին շոգիներ պատերուն շուրջը քըրտնած.
Ու կը մռընչէ գործատունն ընդերքներէն բոցաւէտ:
Մենք, ո՛վ Ընկեր ջահակիր, այնտե՛ղ մըտնենք քեզի հետ,
Մենք, սերմանող մըրըրկի, տառապանքի հընձողներ:
Օ՜, ի՛նչ ժըխոր, ի՛նչ պայթում. ալիքն օդին ջերմաջեր
Մարմինս ամբողջ ողողեց ծըծումբի պէս հոսանուտ:
Ի՜նչ թաւալում ահաւոր զանգուածներու մառախլուտ…
Հազարաւոր բանուորներ մըկանունքով կը ստեղծեն՝
Ողջագուրուած՝ պողպատին, բիրտ ուժին հետ համօրէն,
Կը ծառանան բոցին հետ, ու մոխիրին հետ կ'իյնան,
Ու կը պըրկեն, կը կըրեն, ու կը կըռփեն յաղթական՝
Մինչեւ որ նիւթն ապըստամբ գեղ ու արժէք կը ստանայ,
Հոն բուրդն ըլլայ՝ լուսակիզ, քըրտինքն ըլլայ՝ շափիւղայ:
Եւ կը մռընչէ Աշխատանքն, Աշխատանքն հոն կը ստեղծէ
Իբրեւ վիշապ՝ բըռնըւած օձագալար երկունքէ:
Փողրակներուն ընդմէջէն, մինչեւ չորս ծագն Աշխարհին,
Կը հոսին միշտ ծուփ առ ծուփ տաք ալիքներն ոսկիին:
Մեքենաներն հոս կ'իշխե՛ն ըղեղին վրայ մարդերուն՝
Իբրեւ հրէշներ վիթխարի՝ որջի մը մէջ մըշտարթուն:
Հաստ գըլաններ զուգարշաւ, գըլուխներով ահագին,
Մինչեւ ձեղուն խորդալով կը ծառանան. կ'ընկըղմին
Յետոյ իրենց կըլանող անդունդին մէջ մըթապատ:
Դատարկին մէջ սուլելով կը թաւալին անընդհատ
Հըսկայածիր անիւներ, ու ակռանին իրարու
Լինդերու մէջ մըխըրճած՝ կ'ոռնան նըման շուներու:
Փոկերը պիրկ կը ձըգուին ճախարակէ ճախարակ,
Ու կը հոսին խըժալուր՝ ջըրվէժներու պէս արագ՝
Լիսեռներու գոգաւոր շըրջանակին ընդմէջէն.
Մեքենական կազմուածքին անոնց ջիղերն են հրեղէն՝
Որոնցմէ մին թէ բեկտի՝ աշխարհներն այդ ներդաշնակ
Կը ջախջախեն մէկըզմէկ, աստղափըշուր, եղերգակ,
Գուժելով մահն Ոսկիին, եւ փըրկութիւնը Ոյժին:
Կարկահներու անհամար կըկոցներուն մոլեգին
Մէջէն կ'անցնին պատառները բուրդերուն մեծաշահ.
Գեղմը փափուկ, ձիւնեղէն, ատամներով պողպատեայ
Կը յօշոտուի գէշագէշ՝ անբըծութեան նըմանակ.
Եւ ծըւէնները թըռչուն թիթեռներու պէս ճերմակ՝
Գըլաններու կատարին, պատերուն վրայ կը թառին,
Եւ կամ կ'իջնան լոյսի պէս՝ բանուորներու գըլուխին:
Թեռերն յետոյ նըրբոլոր, առէչներուն ընդմէջէն,
Ճաճանչի նման հապըշտապ կը խուսափին ուղխօրէն,
Եւ շար ի շար, լուսաբեկ, բիւրապատիկ թելերով,
Կը ջըրվէժուին ճախրին վրայ ճախրակներուն մըշտհոլով՝
Որոնք արբշիռ կը դառնան, ու կը փաթթե՜ն, կը փաթթե՜ն
Զանոնք իրենց հաստաբեստ իրաններուն վրայ շըրջկէն:
Մէկ ծայրէն միւսը կ'եռայ գործատունն այս յաղթակերտ,
Մէկ ծայրէն միւսը կ'ոռնան մեքենաները ժըմերտ
Իրարու մէջ թաւալող, եւ իրարմէ արտալած
Աշխարհներու հանգունակ, անհունին մէջ խենթեցած:
Կը զեռայ վարը կաթսան գոլորշիով առլըցուն՝
Ընդհատ ընդհատ պուղելով մեծ կափարիչն: Որմերուն
Աղիւսներն յար արիւններ կը քըրտընին շոգիէն.
Ձեղունն ի վար կը կաթին արտասուքներ օդեղէն:
Կեանքը այստեղ կը ստեղծէ խաւարին մէջ մեռնելով…
Վա՛րը, հընոցն անդադար դեռ կը կատղի բոցերով,
Ոսկի՜, ոսկի՜ կը լափէ, դուրս կը փըսխէ միշտ մոխիր,
Եւ ծուխին հետ միասին տարածելով լոյս մը հիր՝
Կարծես արիւն կը ծեփէ մեքենաներն ու մարդեր:
Այս գեհե՜ն մ'է, գեհե՜ն մ'է, ուր կը յուսան, ո՛վ Ընկեր,
Սա բանակները կըմախք, սա բանուորները ոսին.
Եւ միշտ ի զո՜ւր կը խընդրեն ազատութիւնը օդին՝
Որուն մէջ խլուրդն իսկ լոյսով եւ բուրումով կ'արբենայ.
Ի զո՜ւր անոնք կ'երազեն հողին համբոյրը հըսկայ՝
Զոր լիաբուռ սերմանողն՝ անմահութեան է հընձող.
Ի զո՜ւր կ'ուզեն, ծիտին պէս, լոգանքն երկնի լուսաշող.
Աչքերն անոնց կը կուրնան արեգակի կարօտէն:
Միշտ կայ երկաթն իրենց շուրջ, երկաթի ժխորն համօրէն:
Մեքենա՛ն է իրենց տէրն, իրենց օրէնքը անեղծ,
Որ կը մռընչէ անդադրում հոգիներուն մէջ տըխեղծ,
Որուն անոնք կ'աղերսե՛ն, կը ծառայե՛ն, կը յուսա՛ն,
Եւ փոշիին կ'ըմպեն ուղխն՝ աղբիւրին տեղ ռոշնական:
Հընոցին բոց երախէն, ժանիքներէն ճախրակին
Որպէսզի հացը կորզեն՝ տըւեր են կեանք գարնային:
Արդ կը տեսնեմ, ո՛վ Ընկեր, որ խորդացող այս գլաններ
Պատերն ի վեր կը զգայռեն անմարսելի արիւններ.
Եւ իրար մէջ թաւալող անուակներն այս գահավէժ
Կ'յափշտակեն իրարու լինդէ միսեր գէշագէշ:
Ես կը տեսնեմ այս պահուս՝ որ աղմուկն այս խելայեղ,
Մըշտաթաւալ, շոգեմուղ մեքենաները ժանեղ
Դահիճի պէս կարմի՜ր են եւ կը պոռթկան ձեղունին
Զիրենք ճընշող մեծ Եղեռն, անպատմելի Եղեռն հին՝
Որ կը սողայ կռանակուռ իրենց փորին մէջ անկուշտ:
Երէկ, Ընկե՛ր, սըրատամ սա ճախարակն արիւնռուշտ
Կատաղօրէն հափափեց, փըշրեց ոսկոր առ ոսկոր,
Աչքերնին լի գարունով զոյգ մը կտրիճ գործաւոր:

Ու դեռ կ'հոսին ծուփ առ ծուփ մինչեւ չորս ծագն Աշխարհին,
Փողրակներուն ընդմէջէն տաք ալիքներն Ոսկիին: