ԱՌԿԱՅԾ
ՃՐԱԳ
Յաղթանակի
գիշերն
է
այս
տօնական.
Հա՛րս,
եղ
լեցուր
ճըրագին:
Պիտի
դառնայ
կռիւէն
տըղաս
յաղթական.
Հա՛րս,
քիթը
ա՛ռ
պատրոյգին:
Սայլ
մը
կեցաւ
դըրան
առջեւ,
հորին
քով.
Հա՛րս,
վառէ՛
լոյսը
ճրագին:
Տըղաս
կու
գայ
ճակատն
հըպարտ
դափնիով.
Հա՛րս,
բե՛ր
ճըրագը
շեմին:
Բայց…
սայլին
վրայ
արի՞ւն
եւ
սո՞ւգ
բեռցեր
են…
Հա՛րս,
ճրագդ
ասդի՛ն
երկարէ:
Հերոս
տըղաս
հոն
զարնուա՜ծ
է
սըրտէն.
Ա՜խ
հարս,
ճըրագըդ
մարէ՜…