Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՇՏԵՐՈՒ ՏՂԱՆ

Ուշ ատեն դուն որ կը թողուս ա՛լ մարմանդ
Սիրտըդ՝ սըրտին, ձեռքըդ՝ ձեռքին մէջ մօրկանդ,
Պահ մը կանգ առ, ո՛վ մանուկ.
Վեր վերցուցած ծաղկալի փէշդ՝ որ ինծի
Ցոյց կու տայ մերկ սրունքներըդ գոյն բըրընձի,
Թո՛ղ, բա՛ց թեւերըդ փափուկ:

Գըրկէ՛ հոգիս. ես օտար չեմ. չե՞ս տեսնար՝
Որ բացած է Բնութիւնը, մեր Մայրն արդար,
Իր մատերով բոցագոյն՝
Սիրտս՝ ամենուն. սէրս ամենուն կ'հոսի դեռ,
Սէրս՝ որ ոսկի ճանկ մը կ'նետէ վարէն վեր,
Ծաղիկներէն՝ աստղերուն:

Քեզ գըրկելու տենչ մ'հոգւոյս մէջ կը հոսի,
Դաշտերո՛ւ տղայ. չէ՞ որ եղբայր եմ քեզի
Մեր Մայր-Բնութեան կողմանէ:
Բուրումներուն մէջտեղ գարնան դաշտերուն,
Կամ բլուրին վրայ ծաղկէ՜ բագին մեր անհուն
Տիրոջ մեր զո՛հը նոյնն է.

Քեզմէ՝ սըրտիկդ, ինծմէ՝ քընարս: Ո՛վ հոգիս,
Ճակտիդ համար համբոյր մ'ունիմ շըրթունքիս.
Այդ համբոյրովս հոգեծին՝
Կը ցանկամ որ իղձ՝ զոր մէկո՛ւն դեռ չըսի
Գէթ պահ մ'հոգիդ իմ հոգւոյս մէջը սուզի
Ինչպէս կարապը՝ լիճին:

Խոշոր աչքերդ՝ որոնք մէն մի թարթափէն՝
Զիս իրենց մէջ կը նըկարեն ու կ'աւրեն,
Շուշան ճակատդ՝ որ մերին
Ճակատներուն ցոլք մը յաւէտ կը ձըգէ,
Բերա՛նդ, այտե՛րդ արդեօք դաշտի ի՞նչ ծաղկէ
Կամ ի՞նչ խունկով երկնային

Յօրինուած են: Եւ քու հոգիդ փողփողէջ՝
Ինչպէս կայծոռը վարդենւոյն ծոցին մէջ՝
Զեփիւռներո՜վ կ'արծարծի:
Հողին հոտո՛վ խընկըւած է քու արիւնն.
Հողին հոտո՛վ ծըծած ես կեանք եւ աւիւն,
Դաշնակո՜ւմ մ'ես կարկաչի:

Հազիւ բացիր մեղոյշ բիբերդ արեւուն՝
Քաղքէն հեռու՝ տեսար դաշտերը անհուն.
Օտար ձեռք քու երակներ
Շօշափած չէ: Լերան կողին, թաքթաքուր,
Դուն տորոնի ծաղիկ մըն ես՝ որուն բոյրն
Ուրիշ բոյր չի՛ խանգարեր:

Մէջդ եղծուած չէ դրո՛շմն Աստուծոյ սըրբանուէր,
Զի սրբութեան՝ բնութիւնը չի վընասեր.
Շո՛ղ մ'ես, երբ զով մարգին վրայ,
Շուքին, ծաղկին, ճիւղին մէջէն կը սահիս:
Ամէն ձորակ աշխարհ մ'է քեզ, ո՛վ հոգիս,
Քանի որ մէջդ Աստուած կայ:

Քեզ բնութիւնն է կազմած, կամ դո՛ւն ես բնութիւն.
Եթէ ա՛յսօր ներէ՛ այս սեւ բառերուն
Մահն հողին տակ լուծէ քեզ,
Այտերըդ վա՛րդն առնէ պիտի, սէրդ՝ լուսնակ,
Սիրտըդ պըլպուլն, երգըդ հովն, աչքերդ մանիշակ,
Հոգիդ երկինքն, արցունքդ… ե՜ս: