ՍԻՐՏՍ
Է
ՅՈԳՆԱԾ…
Սիրտս
է
յոգնած,
վիրաւո՜ր.
Ո՛չ
մէկ
գարնան
ծաղիկներուն
կը
սպասէ.
Կին
մը
ապուշ
մոլուցքով
Զայն
բըզըքտեց.
արդ
տասը
լոյս
մատերէն
Արիւններս
են,
որ
հատերու
պէս
նուռի,
Կաթիլ
կաթիլ
կը
ծորին…
Սիրտս
է
յոգնա՜ծ,
Ու
սէրս
իմ
մէջ
վիրաւոր։
Քնարս
է
տըրտում,
փըշրըւա՜ծ.
Կը
սպասէ
ո՛չ
մէկ
տօնական
գինիի.
Կին
մ՚անգիտակ
ոճիրով
Անոր
լարերն
աղիքներուս
պէս
փետտեց.
Ու
տօսախէ
պորտին
մէջ
Կըթեց
թոյներն
իր
ծիծերուն
ու
լեզուին…
Քնարս
է
տըրտո՜ւմ,
Ու
երգս
իր
մէջ
վիրաւոր։