ԸՆԿԵՑԻԿԸ
Բուքը
կը
մռընչէ:
Շըքեղ
տան
մ'առջեւ.
Կէս
գիշերին,
հո՛ն,
մայրը
առաւ
կանգ:
Յոյզէն
կը
դողայ
սիրտը,
զերդ
տերեւ.
Մարմինը
ձիւնէն
հագեր
է
պատանք:
Կը
նիրհէ
գըրկին
մէջ
դեռ
երեխան.
Գուցէ
անօթի,
գուցէ
նըւաղած…
Կաթէն
կաթիլ
մը,
մարգարտի
նըման
Բերանին
վըրայ
ցուրտէն
է
պաղած:
Պէտք
է
լըքե՛լ
հոս:
Ի՞նչ
նըկուղի
մէջ
Ծընաւ
ծաղիկն
այդ՝
զարնուած
եղեամէն…
Ունեցա՞ւ
շապիկ,
կամ
օրոցք
մը
գէջ…
Հրեշտակ
մ'իջա՞ւ
վար՝
ժըպտելու
իրեն:
Հայր
մ'հաւատարիմ
ունեցա՞ւ
արդեօք՝
Որ
խառնէր
քըրտինքն՝
իր
արտասուքին.
Թէ
կոյս
մը
խաբուած
սիրով
մը
բորբոք
Անոր
մայր
եղաւ՝
նախ
չեղած
դեռ
կին:
Չըգիտեմ.
միայն
այդ
մայրն
է
տըժգոյն՝
Խոնաւ
քարին
տակ
բուսնող
սէզին
պէս:
Ոտքերն
են
բոպիկ,
հասակը
նըկուն՝
Զոր
պիտի
փըշրէ
ցուրտ
քամին
կարծես:
Թօշնած
են
ծիծերն՝
ուրկէ
բըղխեցուց
Սէրը՝
կաթի
տեղ՝
շիթ
մը
շարաւի:
Մերթ
թափը
հովին
կուրծքը
կու
տայ
ցոյց,
Ուր
վիշտն
է
պառկեր,
ձիւնը
կը
մաղուի:
Պէտք
է
լըքե՛լ
հոս.
կը
դընէ
տըղան
Ծածքին
տակ
քիւին,
տանը
շեմին
վրայ…
Իր
կանեփ
շալով
կը
սքօղէ
վըրան.
Ինք
երկընքին
տակ,
մերկ,
կը
դողդըղայ:
Զայն
կը
համբուրէ
եւ
կ'ուզէ
փախչի՜լ…
Բայց
սիրտը
քայլին
չի՛
հըպատակիր.
Ո՜հ,
ինչպէ՛ս
բաժնել,
փետե՜լ
հոգեխիլ
Իր
աղիքն
որդւոյն
աղիքէն
կարմիր:
Եւ
հոն
կը
սպասէ
մինչեւ
արշալոյս.
Խելայեղ
ուրուն
կ'ըլլայ
գիշերուան.
Ու
երբոր
տըղան
կու
լայ
սըրտայոյզ՝
Մարմար
շեմին
վրայ
մերթ
կ'օրօրէ
զայն:
Կը
խորհի.
գուցէ
ունենայ
որդին
Վաղը
այս
կեանքէն
կեանք
մը
լաւագոյն.
Դըրուի
օրօրան.
ծիծերն
ըստընտուին
Իրեն
աւելի՛
առատ
կաթ
մ'հեղուն:
Ունենայ
գուցէ
նոյնիսկ
խաղալիք.
Պուպրիկ
մ'իրեն
պէս
բեհեզներ
հագած.
Մարդիկ
զայն
կարծեն
իշխան
մը
փոքրիկ.
Եւ
զայն
իր
հրեշտակն
ընդունի
Աստուած:
Ա՛յսպէս
կը
խորհի
մայրը
դողդոջուն,
Մայրը՝
հոն
հագած
պատանքը
ձիւնին…
Այգը
կը
ծագի.
փողոցներն
համբուն
Կեանքի
շըշուկով
տակաւ
կը
լեցուին:
Կ'երգէ
աքաղաղն,
որդին
կը
ճըչայ,
Զի
կոպերն
անոնց
շո՛ղն
է
համբուրած:
Մայրը
խելացնոր,
մայրը
ակամայ,
Ըշտապ
կը
փախչի՜
…
սիրտը
հոն
թողած: