Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԵՂԴՈՒԱԾ ՄԻՋԱՏԸ

Գարնան բոյրերէն արբշիռ՝ ինկար դուն
Աչքիս մէջ՝ որ քեզ ծով մ'եղաւ անհուն:
Ափունքի մ'յոյսով ի զուր լըլկեցիր
Թեւերդ այդ մըռայլ ալիքներուն վրայ՝
Որոնց տակ կ'ապրէր ցաւը դաւադիր,
Ցա՛ւն՝ որ քեզ ճըմռեց, ըրաւ հեղձամահ:

Յետոյ կոպս իջաւ վըրադ՝ ամպի պէս՝
Եւ բիբըս, հոգւոյս լոյսով ողողուած,
Գերեզմա՛նդ եղաւ: Նոյն արցունքն ըզքեզ
Ըսպաննեց, եւ նոյն արցունքը ողբաց:
Դուն հետաքըրքիր մեղքըդ քու մահով
Քաւեցիր, ես իմս՝ ակամայ լացով:

Գիտեմ թէ քեզի եղաւ ո՜րքան վիշտ
Լուծուիլը հեռու կառերուն ծոցէն՝
Որոնց շուրջն ուրախ կը բըզզայիր միշտ՝
Կարծելով երգիդ ականջ կը դընեն
Իրերը բոլոր, կամ քուկդ է արփին
Եւ տարափներուն մասրենին նըրբին:

Եւ քուկըդ կ'ըլլար տիեզերքն անհուն՝
Երբոր կ'իշխէիր հորիզոններուն
Մրըրկին թեւին վրայ: Ո՜վ կեանք երջանիկ,
Կ'անցնէիր ծաղրով կարծես անտառին
Գոռ ծըփանքներէն, երբ շուրջըդ՝ քաղցրիկ՝
Խիժոտ գիհիներն յար կը խընկէին:

Բայց, աւա՜ղ, բախտիդ մարդն էր աչք տընկած,
Եւ ահա քեզ այդ աչքին մէջ որսաց:
Հոն մեռար: Վերջին բըզզիւններդ ողոք
Մըտերիմ զեփիւռ մ'ի զո՜ւր կանչեցին
Մահուանդ օգնութեան. ան չեկաւ. ո՛չ ոք
Իշխեց մօտենալ մարդկային աչքին: