ՃԱՆԱՊԱՐՀ
ԽԱՉԻ
Ո՛վ
մատնուած
Յիսուս,
Դուն
որ
փըշապատ
գըլուխ
մ'ունեցար՝
Գըթա՛
իմ
գըլխուս.
Դերաներըդ
զայն
քարկոծեցին
յար
Եկեղեցիին
սալաքարերով:
Վէրքերէս
բըղխող
ըղեղըս
կերան
Իշամեղուներն
ամբարըշտութեան:
Տե՛ս,
մազերուս
վրայ
եղեամն
է
նըստեր.
Ես
շա՜տ
եմ
տանջուեր:
Տառապա՛ծ
Յիսուս,
Դուն
որ
ունեցար
արտասուող
աչքեր՝
Գըթա՛
աչքերուս.
Անոնք
աւելի
արտօ՛սր
են
քամեր
Քան
թէ
խըմեր
լոյս:
Դագաղներու
վրայ
Միշտ
մահն
են
հըսկեր
մոմերու
հետ
շէջ:
Բիբերս
են
ինկեր
վիշտի
հորի՛ն
մէջ:
Տե՛ս,
կոպերուս
վրայ
աճիւն
է
ցանուեր.
Ես
շա՜տ
եմ
տըքներ:
Ապտակուա՛ծ
Յիսուս,
Դուն
որ
ունեցար
ձեռքեր
կալ
ու
կապ…
Գըթա՛
ձեռքերուս.
Ափերս
են
տաղեր
պայտերով
հրատապ,
Եւ
մատուըներէս,
ըստինքներու
նման,
Արիւնս
են
կըթեր:
Դաստերս
ճաթած
են
Կըրելէն
երկաթ,
հողը
փորելէն:
Տե՛ս,
եղունգներըս
սիրտս
են
յօշոտեր.
Ես
շա՜տ
եմ
խոցուեր:
Թըքնըւա՛ծ
Յիսուս,
Դուն
որ
ունեցար
ձաղկըւած
կողեր՝
Գըթա՛
կողերուս.
Անոնք
աղբիւսի
վըրայ
են
պառկեր՝
Եւ
վիշտը
քունէն
ճանչցեր
յաղթական.
Բուծաներ
են
միշտ
գըրկած
Մահը
կոյր՝
Իրենց
քաղցն
անոր
տալով
կերակուր:
Տե՛ս,
փողոցի
շուն
մ'է
կողըս
պատռեր
Շա՜տ
եմ
հալածուեր:
Մահապա՛րտ
Յիսուս,
Դուն
որ
բեւեռուած
ոտքեր
ունեցար՝
Գըթա՛
ոտքերուս.
Արիւն
սըրսկելով
թափառեցան
յար
Աւերակներու
եղիճներուն
մէջ:
Զանոնք
չըլըւաց
ձեռք
մը
սիրական
Ո՛չ
մէկ
լականի
մէջ
ասպընջական
Ոտնամատերէս
կ'հոսին
մոխիրներ.
Ես
շա՜տ
եմ
քալեր:
Ո՛վ
խաչուած
Յիսուս,
Դուն
որ
նիզակուած
սիրտ
մը
ունեցար՝
Գըթա՛
սըրտիս
յոյզ.
Օր
մ'որ
անոր
մէջ
բաբախեց
աշխարհ՝
Յոյսին
տեղ
այսօր
Ոչի՜նչը
կ'ապրի:
Սիրտըս
սափոր
մ'է,
աճիւնս՝
անոր
մէջ,
Զոր
պիտի
հովե՛րն
առնեն
մահէս
վերջ:
Տե՛ս,
տե՛ս,
սըրտիս
վրայ
դաշոյն
մ'է
խըրուեր.
Ես
շա՜տ
եմ
սիրեր: