Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄ

Ահաւասիկ շուրջն ընդրիկի սեղանին
Նըստան տղաքն ու կինը ծեր բանուորին:
Մէջտեղը լուռ կը պաղի
Ոսպապուրն իր գոլորշիին մէջ անդորր:
Մայրը հացերը լեղի
Իր սըրտին պէս բաժնեց կըտոր առ կըտոհա դուռն հիւղին
Լալաճըռինչ բացուեցաւ իր շեմին վրան.
Ի՜նքն է. ո՛չ ո՛չ. է քամին՝
Որ բօթաբեր դըրացիի մը նըման
Ներս կը մըտնէ, կը սողոսկի ճրագին մէջ՝
Ու բոցին տակ ծըխայարոյց կը մեռնի:
Նօթի տղաներն աղիողորմ աչքով գէջ
Կը նային մօրն երեսն ի վեր տըխրունի…
Ինչո՞ւ չեկաւ… ո՞ր անիծուած ընկերներ
Զինքը իրենց ճամբուն մէջ են մոլորեր:
Սուրբ զո՞հն եղաւ բանթողի,
Թէ կը խըմէ արդ օղի
Գինետան մէջ, սեղանին տակ թըքնելով:
Չեկա՜ւ. ահա մօրը կուրծքին վրայ խորով
Կրտսերագոյնը լալէն
Նընջեց… եւ դեռ կը սպասեն:

Ո՞վ կը հազայ դըրան առջեւ. ա՜ն է, ա՜ն:
Անոնք հազն այդ կը ճանչնան:
Կը ճանչնայ կինն ամուսնոյն
Շուքն իսկ ջուրին վրայ հոսուն:
Ան կ'երեւա՛յ աւասիկ.
Գլուխն է փոշոտ, փոշոտ լոդիկը բըզիկ.
Եւ իր կապոյտ տաբատն հին
Շըպարն ունի շաղախին:
Դըժնէ բիբերը արիւնի մէջ ի լող,
Կը թաւալին կոպերուն տակ շըլմորուն:
Կը նետէ մուրճը փողփող
Օճախին մէջ. ու դըրան մէջը կանգուն
Սեղմած կռուփները ջըղուտ
Կ'աղաղակէ կընոջ՝ մռունչով մ'առիւծի.
–«Բո՛զ հերատուկ, չըսպասեցի՞ր դուն ինծի»:
Շունչը՝ լեցուն գինւոյ հոտով ժանտաժուտ՝
Կը յուզէ հիւղն համօրէն:

Կինն ու տղաները զարհուր
Կու լա՜ն… լացով կ'օծանեն
Սեղանն՝ որուն վրայ պաղե՜ր է ոսպապուրն: