ՏՐՏՈՒՆՋՔ
ԵՂԻԱ
ՏԵՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆԻՆ
Տրտում
է
անձն
իմ
մինչեւ
ի
մահ:
ՅԻՍՈՒՍ
Այս
իրիկուն
լալագին,
ո՛վ
սիրելի
Եղիա,
Նիրվանայիդ
աստղայեռ
կու
գամ
դըռները
բաղխել:
Իմ
վիշտըս
դուն
կըրեցիր,
դուն
կըրնաս
զայն
հասկընալ՝
Մարդիկներէ
ծանակուած
մահաբաղձիկ
տրտմութիւնս
Հանճար
մը
լոկ
իր
գութով
կրնայ
վայրկեան
մ'ըսփոփել:
Ես
չեմ
ցանկար՝
քու
սիրոյդ
ըլլալով
պահ
մ'արժանի՝
Անմահութեանդ
նշոյլն
իսկ
մեռած
սըրտիս
մէջ
կըրել,
Իմ
կեանքս
է
լուռ
մըխանքին,
եւ
մահըս
ալ
Ոչինչին:
Երբոր
բաշխել
ուզեց
Տէրն
իր
գանձարանն
երկնաճոխ
Տաղանդներուն
տուաւ
աստղերն,
եւ
արեւն
ալ
հանճարին,
Բայց
սընափառ
իմ
ճակատս
արտախուրել
ուզեցի
Ասուպներով՝
որոնք
պահ
մը
շողացին
ու
մեռան
Մեռան
անդա՜րձ.
բայց
այսօր
կը
յամառիմ
հաւատալ
Թէ
ջախջախուած
լարերէս
եւ
աճիւնէս
գրիվեր
Կը
մընայ
Վիշտս
աննըւաճ,
Յուսահատութիւնըս
անմահ:
Տե՛ս,
գարունէն
ես
կու
գամ,
հայրենիքէն
վարդերու.
Օր
մ'իմ
շեմիս
առջեւ
ալ
մայիսն
առոյգ
ծաղկեցաւ.
Աղաւնիներս
ըսպիտակ
աւազանիս
եզերքին
Համբուրուեցան
կարմրագեղ
կտուցներով
տարփայեղձ.
Բայց
տառապանքն
անպատում
շիրմաքարի
մը
պէս
սեւ
Փակած
էր
սիրտըս
ընդդէմ
գարնանային
աւիշին.
Ու
մայիսի
վարդերէն
ճակատիս
շուրջ
լոկ
մընաց
Փըշեայ
պըսակ
մը
խըրուած
մինչեւ
ըղեղս
արիւնլուայ:
Դուն
որ
օր
մը,
ո՛վ
Հընդիկ,
բռնուած
ցաւէն
հանճարիդ
Ծովակին
մէջ
Մոտայի,
բուրումներով
առլըցուն,
Անյայտանալ
ուզեցիր
բուստերուն
տակ
լուսաշիթ,
Բնաւ
երբեք
չըտեսար՝
թէ
ինչպէս
շուրջըդ
փարթամ
Կը
ծիծաղէր
բընութիւնն,
աքասիաներն
եզերքին
Կը
ձիւնէին
ծաղիկներ
անդունդներուն
վրայ
ծըռած.
Ծիծառը
դուն
չըլսեցիր՝
թեւն
ալիքին
թաթխելով՝
Երբ
տարփագին
կը
կանչէր
քեզ
վիհերու
թովչանքէն
Արեւուն
տակ
փայլակող
աստուածային
խընճոյքին.
Չըխորհեցար
դուն
բընաւ՝
թէ
կ'արժէ՛
կեանքը
ապրիլ,
Կ'արժէ
նայիլ
աստղերուն,
եւ
մըտածել
Աստուծոյ,
Կ'արժէ՛
տալ
սիրտ
մը
քնարին,
ու
յետոյ
զայն
կըտակել
Անմահական
դարերու՝
քանի
մը
պարզ
թըրթռումով:
Այսպէս
ալ,
ո՛վ
Եղիա,
կըրնաս
դուն
լաւ
հասկընալ
Թէ,
ա՜հ,
ո՛րքան
ահեղ
է
անցնիլ
կեանքի
գարունէն՝
Եւ
միմիայն
աչքերու
մէջ
արտասուք
ունենալ,
Քղանցքըդ
քըսել
վարդերու,
ճակատդ
հըպել
դափնիի,
Եւ
հուսկ
վէրքերը
կըրել
եղիճներուն
դաւադիր:
Քեզի
պէս
ես
ալ
նըստայ
ծովակներու
ափունքին,
Կամ
նաւեցի
լըճին
վրայ
բուրումնաւէտ
իրիկունն,
Բայց
դեռ
չըմպած
անդորրանքն՝
անդունդը
ես
չափեցի,
Եւ
մաղթեցի
որ
մակոյկն
իսկոյն
դագաղըս
ըլլար
Եւ
բըռնաշունչ
մըրըրկէ
մ'Անծանօթին
ծոցն
հասնէր:
Սակայն
կ'արժէր
դեռ
ապրի՜լ…
ու
փորձեցի
ես
սիրել.
Սըրտիս
տրոփիւնն
զգալու
համար՝
կուրծքի
մը
փարիլ:
Դուն
չըրի՞ր
նոյնն,
Եղիա՛,
երբ
հընդիկի
փօստիդ
վրայ
Կու
գար
նըստիլ
Սըրբուհին
եւ
դրած
գըլուխը
ծունկիդ՝
Մըրըրկաշունչ
նըւագներդ
հրեշտակի
պէս
կ'ունկնդրէր.
Երբ
դուն
բուի
աչքերով
կը
կարդայիր
Ռիկ–Վէտան՝
Անշուշտ
գըտար
իր
գըլխիկը
աւելի
շնորհագեղ
Քան
թէ
լուտասը
ծաղկած
Մայայի
լոյս
ծոցին
մէջ.
Ու
երբ
մազերն
յորդառատ
ջրվէժի
պէս
թափեցան
Գիրքիդ
վըրայ՝
անոնք
քեզ
յիշեցուցին
անպատճառ
Խորախորհուրդ
ծըփանքներն
անտառներուն
հնդկական:
Բայց
օր
մըն
ալ
Սըրբուհին
հիացումին
մէջ
յոգնած՝
Մըտքիդ
թըռիչն
անհունին
մէջ
դիտելէն
ձանձրացաւ,
Եւ
չըհասաւ
համբուրել
վըսեմ
ճակատն
արեւուն.
Ո՞ր
գիրգ
տատրակը
արդեօք
ատակեց
ձուն
արծիւին
Թեւերուն
տակ
ամփոփել,
տալ
կենդանի
ջերմութիւն.
Ո՞ր
կընոջ
սիրտը
կըրցաւ
հանճար
մ'ընել
բարեբաստ:
Սէ՜րն
ու
հանճա՜րն՝
ըլլալով
զոյգ
հաստիչներն
Աշխարհի
Երանութեան
նպատակին
բըռնակալներն
են
անհաշտ,
Մին
մըտքերու
փոթորիկ,
եւ
միւսը
կրակ
սըրտերու,
Մին
աստըղներ
կը
ստեղծէ,
կու
տայ
միւսն
անոնց
հուր,
Տիեզերքի
բարերար
եւ
իրարու
ախոյեան,
Մէկըզմէկու
արիւնով
անոնք
Մեծե՜րն
են
ծըներ:
Ա՜խ,
բանաստե՛ղծ,
ի՜նչպէս
քեզ
պատմել
եղերգը
սէրիս.
Յիշելը
զայն՝
վերըստին
արիւնիլ
է
ինձ
համար:
Ի՞նչպէս
ըսել
թէ
ես
ալ
պաշտեցի
կին
մ'հրաշագեղ.
Անոր
հեղեղ
մազերուն
վըրայ,
քընար
բիւրաղի,
Մատերըս
սէր
նուագելով
մեղրամոմի
պէս
զոր
քու
մահդ
իմ
վախճանիս
կըտակեց.
Կը
հասկընամ
թէ
անոր
շուլլըւելով
է
միայն
Որ
սիրտս
ըսփինքսը
կ'ըլլայ,
վիշտըս
գաղտնիքը
անոր
Եւ
ես
զոհի
մը
ցընթող
ճենճերին
պէս
կը
հասնիմ
Նիրվանայիդ
եւ
քեզի,
յաւէրժակա՜ն
Հանգիստին…