Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՓՐԵՄ

Դագաղն արդէն փակուեցաւ. վըրան վարդեր Շիրազի,
Սուր մը հըսկայ, դեռ ջերմիկ, ուրկէ արի՛ւն կը հոսի։
Կափարչին տակ կը նիրհէ, անմահութեամբ սըրարբած,
Շանթն Աստուծոյ՝ խորտակուած։

Զինուորներ լուռ կ՚արտասուեն. թնդանօթները կ՚ողբան
Ահեղ անունը անոր, բարձունքներուն վրայ լերան,
Եւ ձորերուն մէջ՝ իրենց պողպատակուռ երախէն
Կ՚հեղուն արցունք հըրեղէն։

Եփրե՜մ… անունդ աւասիկ քանդակուեցաւ խորասոյզ
Արծիւներուն կուրծքին վրայ, եւ ճակատին վրայ դարուս,
Անուն մ՚որ միշտ կայծակո՛վ փորագըրուած պիտի մնայ
Ազատութեան սուրին վրայ։

Երիվարիդ վրայ անցար՝ ինչպէս ամպրոպը կ՚անցնի՝
Տանելով կրակն երկնային իր ծոցին մէջ հոլանի.
Դուն լոկ պատանք ըզգեցար, սըփռեցիր քու ծիրանին
Ժող՚վուրդներու քամակին։

Կարիպալտին՝ Հռովմինն է, եւ Բոնաբարդ՝ Ոճիրին.
Կը պատկանիս դո՛ւն միայն Ազատութեան Ոգիին։
Ըզքեզ խրճիթ մը ծընաւ, հայ վիշտը քեզ օրօրեց.
Այդ վիշտին չափ եղար մեծ։

Հայրենիքն այն, զոր քու մեծ ըստուերովդ իսկ լեցուցիր,
Ի՛նչ փոյթ թէ օր մը հիւղիդ քարերն ըրաւ ցանուցիր,
Գերիներու շըղթան ա՛յժմ էր քաւութիւնը ինքնին
Հազկերտներու ոճիրին։

Պատառ պատառ կը յօշուէր ձեռքերուն մէջ Բըռնութեան
Հաֆըզներու Երկիրն հէգ, ոսխակներու Վարդաստանն։
Հարկ էր փըրկե՛լ Գեղեցիկն ու Գաղափարը ցանուած.
Կապեց սուսերըդ՝ Աստուած։

Նըժոյգդ հեծար, հեծար այդ կայծակնավազ կենդանին՝
Որուն չհասան քամիներն ու ետեւէն հեւացին.
Մռունչը փողիդ թաւալեց գոռոզ վաշտերն հըրեղէն՝
Եւ Ահրիմանն՝ երկինքէն։

Քաղաքներուն ապըստամբ դըռներն ի փուլ բացուեցան
Հրանօթներուդ կատաղի շունչին առջեւ հրահոսան։
Խըլեցիր թագն Իպլիսին, ու զայն դըրիր վերըստին
Մանուկի մ՚հեզ գըլուխին։

Փախան Շահե՛րն առջեւէդ. Պատմուճաննին պատառտուն
Հազիւ բաւեց ըլլալու պատանքն իրենց զօրքերուն։
Սիրեց նըժոյգդ յաղթական դընել անոնց գահին վրայ
Լուսաբուղխ պայտն արիւնլուայ։

Դուն սիրեցիր ողջունել ծագող Արեւն Իրանին
Աստուածօրէն միշտ կանգնած թընդանօթիդ կատարին,
Կառքիդ ետեւ շըղթայած՝ բերիր գերի բանակներ
Ժողովուրդիդ զերդ նըւէր։

Բայց ակօսն այն, զոր սուրովդ հողին լանջքին վրայ բացիր
Պէտք ունէր քու արիւնիդ՝ որ բողբոջէր լուսալիր.
Եւ մարմարեա՛յ ճակատէդ պոռթկաց Արիւնդ հըրաշող
Արշալոյսին պէս ծագող։

Ինկա՜ր… նըման արծիւին որ կ՚իյնայ վա՛ր ամպերէն՝
Ճանկին մէջ շանթը շոպած, հոգւոյն մէջ մաս մ՚արեւէն.
Անհունին մէջ քու անկումդ՝ ինչպէս նաեւ սըրտերու՝
Բացաւ ակօս մ՚ահարկու։

Ով որ զարկիր թուրիդ տակ՝ դիւցա՛զ մ՚ըրիր զանիկա։
Դիւցազնացար աւելի դուն քու մահովըդ հըսկայ։
Ա՜յս է վըճիռն, երբ Աստուած կարկառէ պսակը փառքի՝
Հանճարն հարկ է խոնարհի։

Խոնարհեցար արիւնլուայ՝ խորութեան մէջ անհունին
Ինչպէս Արեւն հըրավառ կ՚ընկըղմի ծոցն ովկիանին.
Մարմինդ՝ Անդունդը առաւ, սուրըդ առաւ՝ Եհովան,
Անունդ առաւ՝ Ապագան։

Կ՚երգէ Իրանն յաղթանակ, արդէն կու գայ նոր Գարուն,
Եւ կը հիւսուի դափնիի ճիւղ մը՝ քնարիս լարերուն։
Իսպահանի լիճերուն մէջ կարապներն աղուական
Մարգրիտներով կը լոգնան։

Զո՜ւր է, Եփրե՛մ. Մինչ ազատ Ժողովուրդները արդէն
Պըղընձախիւսն արձանիդ Արշալոյսով կը շաղուեն,
Հո՛ն, շիրմիդ վրայ, հերարձակ Մայր մը կայ միշտ ցաւագին
Լըքուա՜ծ Վիշտին մէջ կըրկին։