ՄԵՌՆՈՂ
ԲԱՆՈՒՈՐ
Քամին
կ'ոռնայ
ու
տընակն
իր
հիմներէն
կը
ցընցէ
Իբրեւ
ահեղ
դամբարան:
Ծիւրախտաւոր
բանուոր
մ'հոն
կը
վախճանի
մազկըռինչ՝
Խարին
վրայ
հոտեւան:
Յանո՜ւն
պատառ
մը
հացի՝
գործատան
մէջ
թաղեց
ան
Ճառագայթներն
հոգիին.
Տըւաւ
փերթ
փերթ
որ
ուտեն
մեքենաները
վիշապ
Միսերն
հուժկու
կըռնակին:
Անիւներուն
ակռաներն
ողնածուծո՛վն
օծանեց,
Եւ
սըրբեց
իր
մազերով.
Հընոցին
դէմ՝
մերկալանջ,
ժահրոտ
օդին
մէջ՝
մըղձկուկ
Ապրեցաւ
միշտ
մեռնելով:
Արդ
տապալող
նոճիի
հանգոյն
բան
մ'է
այդ
տըղան,
Այդ
յա՛ղթ
ռամիկն
երբեմնի:
Երկաթներու
հետ
պայքար
մ'եղաւ
իր
կեանքն
յարատեւ.
Արդ
կը
փըշրի
զերդ
վանի:
Գերեզմանին
դեղին
հո՛ղն
իր
աչքերուն
վրայ
կապոյտ
Սըփռեր
է
Մահն
անժըպիտ.
Մեղրամոմի
պէս
մարմինն
ահաւասիկ
կը
հալի
Մատերն
ի
վար
շիթ
առ
շիթ:
Ի
զո՜ւր
գարունն
երազեց,
եւ
հովերուն
մէջ
ազատ
Կաղնիացումն
հասակին.
Ի
զո՜ւր
տենչաց
երգով
լի
շրթունքներն
իր
երկարել
Աղբիւրներու
ջինջ
ակին:
Արեւուն
տեղ՝
դալկութիւն,
շուշաններու
տեղ՝
մըրուր
Պըսակեցին
ճակատն
իր:
Սիրոյ
երգին
փոխարէն՝
եկաւ
փըրփրիլ
շըրթունքին
Հըրատապ
հազ
մը
կարմիր:
Արդ
կը
հազա՜,
կը
հազա՜
իր
զոհի
գլուխը
դըրած
Ծոցին
մէջ
մօ՛րն
աղեկէ՜զ՝
Որուն
կուրցա՛ծ
աչքերէն
իսկ
արտասուք
կը
բըղխին՝
Հողէն
պըտղող
ջուրին
պէս:
Վար
կը
կախուի
սընարէն
Յիսուսի
խաչը
կարմիր,
Բայց
ճակատին
վրայ
չինկած
Շիթ
մ'Արիւնէն
փրկութեան
–
որ
սառե՜ր
է
խաչին
վրայ
–
Ինք
կը
մեռնի,
վաստակած:
Քամին
կ'ոռնայ
եւ
տընակն
իր
հիմերէն
կը
ցընցէ
Իբրեւ
ահեղ
դամբարան…
Ու
սեւ
կատուն
տընակին
կը
մըլաւէ՜
խելայեղ
Ճանկըռթելով
շեմքը
դրան: