Գողգոթայի ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐՈՒԺՆԱԿԻՍ

Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունիս՝
          Որ սըրտիս վրայ բացուեցար,
Եւ քեզի հետ բացիր հոգիս վըշտահեղձ
          Նոր երազի մը պայծառ։

Հին օրօրանն, որ, թաղարի պէս լըքուած,
          Կ՚ըլլար խըշտեակը սարդին,
Կենդանացա՜ւ ճըռուողիւնով, բոյնի պէս
          Պաճուճուեցաւ վերըստին։

Արեւ մը նոր, շողերուն հետ աչքերուդ,
          Շեմիս վըրայ ցաթեցաւ.
Եւ վանդակին մէջ կաքաւս իմ վիրաւոր
          Կարկաջեց երգ մը անձկաւ։

Դուն սենեակէ սենեակ թըռար դեդեւուն
          Բոյնէն ինկած ծիտի պէս.
Ձայնէդ դիւթուած՝ այցելեցին տընակիս
          Սերոբէներ լուսագէս։

Աղուո՜ր, աղուո՜ր, աղուո՜ր վարդն իմ Գարունիս,
          Եկուր նըստէ՝ ծունկերուս.
Թող լուսնակի պէս՝ մըռայլ ծոցս ողողեն
          Ոսկի վարսերըդ սընդուս։

Շըղթայէ վիզս այդ թեւերովըդ քընքոյշ
          Նըման ծաղկէ մանեակի.
Ժըպտէ՛ ինծի, որ ցուրտ անդունդը սըրտիս
          Արշալոյսո՛վ բըռընկի։

Խօսէ՛ ինծի, անծանօթ խօսքը, զոր դուն
          Երկինքէն հետըդ բերիր,
Կը բանայ շողը՝ վարդն, իսկ շուրթը մանկան
          Աստուծոյ մատը կարմիր։

Նայէ՛ ինծի, լուսնակն ինչպէս կը նայի
          Դամբանին խորը խաւար.
Սէրըս մեռած՝ պիտի առնէ յարութիւն
          Ու պիտ՚ ապրի քեզ համար։

Քեզի՜ համար, որուն միսն է գոյացած
          Շուշաններու թերթերէն,
Միւռոնաբոյր շապիկն հիւսուած է թեւով
          Թիթեռներու նըկարէն։

Քեզի՜ համար, ո՛վ իմ քերթուածըս անմահ՝
          Զոր արիւնովս յըղացայ,
Զոր երգեցի՝ հպելով սըրտիս լարերուն
          Լարն ամենէ՛ն դիւրազգայ։

Քու ձե՛ռքըդ լոկ դեռ կը բըռնէ զիս կանգուն
          Աւազներուն վրայ փառքիս.
Եւ մազիդ մէկ թելը բա՛ւ է կապելու
          Տիեզերքին հետ՝ հոգիս։

Վարուժնա՛կդ իմ, իմ փափկասո՛ւն Դիցուհիս,
          Ո՛վ քընարէ դու հոգեակ,
Թող որ արցունքս, որ այտերուդ վրայ կ՚իյնայ,
          Ըլլայ ծիծաղ կամ սուտակ.

Բիբերըդ թող սըրսկեն աստղե՛րն երկընքին
          Իմ խորշոմած ճակատիս՝
Որ իր վըրայ, թագի պէս, բա՛րձըր բըռնեց
          Խոր ըսպիները սըրտիս։

Զի ես անդո՛ւնդն եմ՝ որ կ՚ըլլայ երջանիկ
          Փոսուռայի մը լոյսով.
Անապա՛տն եմ, որ երկինքին կը ժըպտի
          Իր ծըլարձակ մէ՛կ բոյսով։