ՄԱՅԻՍ
ՄԷԿ
Քընարս
այսօր
կըտըրտելով
լարերն
իր,
Ձե՜զ
կը
կանչէ
Արեւելքէն
Արեւմուտք,
Ո՛վ
դուք
Հացի՛
զոհեր,
որ
ունիք
միշտ
արեւու
Պասուք:
Այս
առաւօտ՝
գըտայ
հասակըս
թաղուած
Հեղեղին
մէջ
շուրջըս
ծաղկած
վարդերուն.
Եւ
կանգուն՝
Խմեցի
աւիշն
հողին,
երգերը
բոլոր
Բոյներուն:
Ինծի՛
եկէք,
ես
կախարդն
եմ
Մայիսին.
Ձեր
քըրտինքն
ես
կ'ընեմ
գոհար
ցօղն
անգին
Վարդին.
Կը
հեղում
ձեր
ոսկորներուն
մէջ
ցամքած՝
Արփին:
Ինծի՛
եկէք
գործատունէն՝
ուր
երկար
Շաղուեցիք
դուք
մեր
Աշխարհին
ցեցակեր
Նո՛ր
հիմեր.
Փուռէն՝
որ
ձեր
գըլխուն,
սըրտին
վրայ՝
մոխիր
Է
ցաներ:
Ինծի՛
եկէք
նաւարանէն՝
ուր
կռեցիք
Նաւեր,
վաղուան
ձեր
դագաղները
պողպատ:
Ելէ՛ք
արդ
Աղիքներէն
հողին,
ճահճին
արգանդէն,
Դա՜շտն
ու
ա՜րտ:
Ինծի՛,
ինծի՛
եկէք
այսօր
բոլորնիդ.
Սիրտս
ա՜յնքան
բոց
ունի,
հոգիս
ա՜յնքան
լոյս՝
Որ
ձեր
խիւս
Ցեխերէն
իսկ
կը
շաղուեմ
նո՛ր
Մարդկութիւն
Եւ
նո՛ր
Յոյս:
Հերի՛ք
հիւծաք
նըկուղներուն
մէջ
խոնաւ,
Եւ
ունեցաք
միշտ
կարօտ,
նման
խըլուրդի,
Օդի,
Եւ
ժանգի
պէս
երկաթներուն
փարեցաք,
Նօթի՜:
Թող
ձեր
մուրճն
ա՛լ
չըկայծակէ
սալին
վրայ.
Մըխուա՛ծ
մընան
թող
ատամները
սղոցին՝
Հեցին.
Կոճղին
խըրուած՝
թող
խեժերէն
ժանգոտի
Կացինն:
Ի՛նչ
փոյթ
թէ
որբ
մընայ
շարժիչ
մեքենան,
Եւ
գործատան
մէջ
ճիւաղներ
սողան
լուռ.
Ի՛նչ
փոյթ
ո՛ւր
Դառնայ
ճախրակն,
ու
խորտակուին
լոյծ
փոկերն
Ընդհանուր:
Դե՛հ,
քըրտնաբոյր
ձեր
շապիկներն
հանեցէք.
Թող
ճենճոտած
ձեր
գըտակները
նետուին
Հնոցին.
Գլուխնիդ
այսօր
պիտի
սուզեմ
արեւուն
Բոցին:
Ինծի՛
եկէք,
եկէք
ինծի՛,
Եղբայրնե՛ր,
Ձեր
ամենուդ
այս
օր
տօնն
է
Մայիսի,
Վասըն
զի
Հողն
ըստեղծիչ,
ձեր
ըստեղծիչ
արեան
լոկ
Կը
խօսի:
Զեփիւռն
ահա՛,
ո՛վ
տառապեալ
հոգիներ,
Ձեր
կուրծքերուն
բացէ՛ք
վէրքերն՝
իր
անգին
Խունկին.
Աղբիւրն
ահա՛,
թո՛ղ
գըլուխնիդ
իր
լոյսին
Հակին:
Դեղձին
ահա՛,
ծաղիկներն
իր
կ'անձրեւէ
Ձեր
կոշկոճուած
ձեռքերուն
վրայ
արիւնոտ.
Եւ
կարօտ
Կը
զգայ
մայրին՝
որ
գըրկէք
զինք
թեւերով՝
Վիրոտ:
Ահա
Արե՜ւն,
Արե՜ւն
ահա.
լոկ
ձեզի՛
Այս
օր
կ'նայի.
կը
համբուրէ
միայն
ձե՛ր
Ճակատներ.
Ան՝
բոլոր
միւս
ճակատներուն
վրայ
իշխող
Է
թըքեր:
Ձե՛րն
են
դաշտեր,
ձե՛րն
է
Քաղաքն,
որուն
լուռ
Փողոցներէն
պէտք
է
անցնի
լոկ
այսօր
Ձե՛ր
թափօր,
Դրօշներ
ծըփան,
ծաղկին
յոյսեր,
եւ
գոռայ
Շեփոր:
Հանգի՜ստ
երգեն
թող
ձեզ
բոլոր
արծիւներ.
Հանգի՜ստ
երգէ
քընարս,
որուն,
ձեզ
համար,
Իբրեւ
լար,
Ես
արծիւի
տըւի
այսօր
աղիքներ՝
Որ
գոռար:
Թող
ձեր
շեմերը
ողողուին
վարդերով:
Երբ
գայ
լուսինն
ու
իր
բիբերը
բոցէ
Յածէ՝
Բալասանո՜վ
թող
այս
գիշեր
ձեր
դուռներն
Օծէ…