ՄԱՏԵԱՆՆ
ԱՀԱ…
Բարեկամիս՝
Յովհ.
Պալեանին
Մատեանն
ահա՝
զոր
խոստացայ…
Երբ
գըտնես
Հոն
դարերու
կեանքին
Երազն
անյատակ,
Եւ
Բագոսի
քըրմուհիներ
վարդերես
Որ
կը
պարեն
բըլուրին
վրայ,
լուսնին
տակ,
Եւ
աստուածներ՝
որ
կ՚ուզեն
սիրտն
Հոմերին
Դեռ
ողջակէզ,
կամ
Մեսալին
մ՚հըրաչեայ՝
Որ
պատանքի
տեղ
կը
սըփռէ
ծիրանին
Սէրէն
մեռած
ասպետներուն
մարմնին
վրայ,
Երբ
հոն
գըտնես
Պոմպէի
գիշերներ,
Նո՜ւռն՝
հրաբուխին
բերանին
վրայ
հասունցած,
Յետոյ
այս
Դարն՝
Յիսուսի
պէս
կարեվէր՝
Արշալոյսի
մը
երկունքէն
բըռնըւած։
Երբ
հոն
գըտնես
սիրտեր
ճրագի
պէս
մարող,
Մաքառումներն
երկաթներուն
ու
մարդուն,
Ցեխէն
կանգնող
Ոճիրը
խէթ,
անսըքօղ,
Որ
կը
խըմէ
արիւնն
անմեղ
վարդերուն,
Ո՛վ
բարեկամ,
խորհէ
թէ
Երգս
է
պատմեր
Ցաւն
հաճոյքին
եւ
հաճոյքները
ցաւին.
Սիրտն
ըսկիհ
մ՚է՝
ուր
երբ
լեցուին
գինիներ
Աստուածներու
սուրբ
արիւնին
կը
փոխուին.
Խորհէ
թէ
սանձն
արեւաբիբ
Բեգասիս
Ոչ
ոք
կըրցաւ
իր
ափին
մէջ
ամփոփել.
Ագռաւներու
կըռընչիւնները
մախիզ
Խըրտչեցընել
չըկըրցան
վազքն
անարգել.
Խորհէ
թէ
միշտ
քըննադատն
է
միաչեայ,
Եւ
ներքինի՝
բարոյագէտը
խոհեմ.
Տառապած
Սիրտն
ո՞վ
պիտի
կշռել
կարենայ
Նըժարին
մէջ՝
Տիեզերքին
դէմ
առ
դէմ։
Ա՛ն
լոկ
կըրնայ
ճանչնալ
Երազը
սրարբած՝
Ո՞վ
կ՚արբենայ
կեանքի
դիրտովն
ու
խունկով,
Ա՛ն
որ
Մարդն
է՝
լոյսով
ցեխով
թըրծըւած,
Ա՛ն
որ
Մարդն
է՝
սըրբագործուած
արցունքով։