Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԳ է

ԱՆՄՈՌՈՒԿ

Արշալոյսին արտասուաց մէջ
Պանծա՛, ծաղիկդ ո՛վ անմեռուկ.
Հրեշտակներու դէմքերէն պերճ
Ինկած ժըպիտ մ’ս ‘նմեղուկ:

Աչքերդ բացած այգուն այգուն`
Է՞ր կը շըրջես ասդին անդին.
Սոխակն արդեօք քո անոյշ քուն
Խանգարե՞ց իր երգով թըրթռուն:
Բուրմանցըդ մէջ գինովցընող
Գողտրիկ թըռչնակն է, ո՛հ, արբշի՜ռ.
Ուստի կանուխ ի շաղ ի շող
Գարունն ու զքեզ կ’երգէ ի ժիր:
Ինչպէս որ դու անթառամ ես
Եւ թերթերըդ չեն ծերանար.
Սիրտն ալ Անոր` միշտ սիրակէզ,
Եւ միշտ վառ է, բարեա՜ց ծըրար:
Եռ ու եփով աշխատութեան
Յար տոգորուած` լաւն ու բարին
Խորհի, գործէ, եւ տըքնի Ան,
Ուժովն համայն մըտքին, կամքին:

* * *

Ինչպէս Ձերին սըրտի աւիւնն,
Որ փետրաթափ երբեք չեղաւ: