Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԵՐԳ Ժ

ԿՈՒՍԱԾԱՂԻԿ

Դու ծաղիկ մ’ես բարեգութ.
Կը հայթայթես մեղուին հիւթ.
Տաս խոնջ թիթռան թերթերդ գիրգ`
Հանգըստութեան իբրեւ գիրկ:
Միշտ կը տենչայ զեփիւռ հեզ
Խաղալ հետըդ, գըգուել քեզ.
Գեղոյդ հիացած` հէգ պըլպուլն
Կ’հիւծի՜, կ’երգէ քեզ անդուլ:
Բայց այս ամէնն, ո՛հ, չեն տար
Նոյնիսկ խօլ խինդ մ’հոգւոյդ վառ:
Հոծ ծառերու շուքին տակ`
Զերդ կոյս վարես մի սուրբ կեանք…
Սուրբ է կեանքն ալ քաջ Հովուին
Սըքեմին տակ, բոլ’րովին
Այլոց բարւոյն նըւիրեալ
Սիրտ մ’ունի, սի՜րտ սըրբափայլ:
Կրօնքին մէջն է Նա հաստատ.
Սուրբ Առաքեալ մ’ուղղադատ
Բըրգընկայ խակ ժող’վըրդեան
Հա՛յրն է` մշակիչ Բարութեան: