Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՆՈՒՇԱԿԻՆ
(Սիրերգ)

Առի ըզքեզ իր ձեռքէն,
Որ շուշա՜ն մ’է անարատ.
Արդեօք սըրտին լուսեղէն
Դըրա՞ւ գաղտնիքը վըրադ:
Դու կապոյտ գոյնն հագեր ես
Իր աչքերուն խոր, հրափա՜յլ.
Աչքեր դիւթող, աչքեր վէ՜ս`
Զոր չը կըրցայ ես մոռնալ…
Արդ կը հանգչիս` տըխրունակ
Սըրտիս խորունկն, հոգւոյս քով.
Վըրադ կ’հըսկեմ, մանուշակ,
Գուրգուրանքով, արցունքով:
Եթէ դրաւ ծոցիդ մէջ
Վարդ շուրթերէն համբոյր մի,
Զայն տուր պահեմ մինչեւ վերջ,
Մինչեւ յատա՜կը շիրմի:
Եթէ, ըսէ՛, թերթերուդ
Ինկաւ արցունք մ’իր աչքէն.
Այդ արցունքին խորը` շուտ
Մ’հոգիս խեղդեմ հեշտօրէն…
Ինքն է հեռո՜ւ, դու մօտ ես.
Քընքուշ թերթերդ կ’համբուրեմ.
Յուշերու մէջ, խենթի՜ պէս.
Անոնք իր սիրտ կը բուրեն:
Իր կարօտովն ես միակ,
Դու ալ ողբէս բոցարկու.
Պիտի խամրինք եւ ըլլանք

Ցուրտ շիրիմներ մէկմէկու:
                     20 մայիս, 1901