Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂՔԱՏԸ

Որո՞ւ է սա տըմոյն մանուկն.
Որ կը նիրհէ հողին վըրայ.
Չունի օրրան, շորերէն զուրկ,
Ձըմրան բուքէն կը դողդըղայ.
-Մի հէգ աղքատի
Որդին է ատի:

Որո՞ւ է սա խեղճ պատանին,
Որ Լոյս, Սերուե՛թ, եւ կամ Ծաղիկ
Առած` շըրջի աստին անդին,
Գըլուխը բաց, ոտքը բոպիկ.
-Մի հէգ աղքատի
Զաւակն է ատի:
Ա՜հ, սա մարդուկն ո՞վ է արդեօք,
Որ աթոռին վըրայ նըստած`
Ծանրաթախիծ եւ մըտածկոտ
Շիթեր թափէ դառն արտասուաց.
-Մի թըշուառ աղքատ
Կանամբի մ’է ատ:

Ո՞վ է սա կոյր, զառամ ծերուկն,
Որ արեւին հետ կանուխկեկ
Ելած` կ’մուրայ, կ’ըսէ խեղճուկ.
-«Ի գո՜ւթ կոյրիս ողորմեցէ՛ք».
-Այդ ծերն յուսահատ,
Է Խեղճ մի աղքատ:

Որո՞ւ է սա դագաղն անշուք`
Հետը ոչ ոք կայ ողբերգու.
Զայն կը կըրեն երկու գեղջուկ,
Եւ մէկ տէրտէր, մէկ տիրացու.
-Մի հէգ աղքատի
Դագաղն է ատի: