Ծաղկեփունջ կամ Բրգնիկցիի մը նուագները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՑԱՅԳԵՐԳ

Աղուոր աղջիկ, կը սիրեմ քեզ հոգւոյս չափ.
Ինչո՞ւ կ’ուզես տարփոտ սիրտս բըզքըտել
Ու դեռ ուրիշ սըրտի մը հետ շուրթ շուրթի
Չիկայ բնաւ. մի՛ չար ըլլար. գըթայ վրաս:
Տե՛ս, գիշերը գեղեցիկ է. իսկ եթէ
Դու չ’ըլլաս` ան գերեզման մ’է ինձ համար.
Եկու սա մեր ծառին ներքեւ, լուսնին դէմ
Զիրար սիրե՜նք, սրտեր ծընենք, գինովնանք:

Ո՜հ, երազելն ինչ հեշտ է քու գըրկիդ մէջ.
Հոն դեռ ոչ ոք կը պարծի թէ հանգչեցաւ,
Այդ գըրգարանն այնքա՜ն կոյս է, այնքան սո՜ւրբ.
Կեանքիս գարունն լոկ հո՛ն է` որ կը փթթի:

Ցամքեր է սիրտս: Մերժումներդ` խորշակներն
Եղան կեանքիս. Գօս տերեւ մ’եմ: Էութեանս
Հետ զիս կապողն յոյս մ’է միայն: Ուր էր թէ
Անգամ մ’ըլլամ թեւերուդ մէջ ըսպիտակ:

Գիշերուան մէջ, լուսնին արծաթ լոյսին տակ
Քաղցր է ինձ համբոյրներուդ մէջ մեռնիլ:
Վերջին շունչըս ձեռքիդ միջեւ թո՛ղ ես տամ`
Գոչելով գոհ. «Գէթ վայրկեա՜ն մը սիրեց զիս»: