Եղանակաց
մէջ
մի
միայն
աշունն
է,
յորում
ղարիպի
կենացն
ու
տանը
մէջ
տրտմութեան
հետ
ուրախութիւն
կը
խառնուի
ըստ
մասին.
աշունն
անոր
ըղձիցն
ու
ակնկալութեանց
եղանակն
է։
Հազիւ
թէ
տերեւները
դեղնած
կը
թափին,
շոգենաւը
կը
բառնայ
մեր
եղբայրներն
եւ
կը
թափէ
ասիական
եզերք,
Սամսոն,
Կիրասոն
եւ
Տրապիզոն։
Որչա՜փ
բերկրութեամբ
աշնան
վերջին
օրերն
ոտք
կը
դնէ
Ղարիպն
այն
ցամաքին
վրայ,
որուն
հրաժեշտ
տուած
էր,
չգիտեմ
քանի՜
տարիներ
առաջ,
ծաղկանց
ամսուն
մէջ՝
գուցէ
անյոյս
եւ
վշտաբեկ։
Ո՞վ
կարող
է
սահմանել
այն
հոգեկան
տպաւորութիւնը՝
զոր
կը
կրէ
յանձին
այն
մարդն
մինչ
աչքերը
վերամբարձ՝
կը
դառնայ
ասիական
ցամաքէն
դէպի
արեւմուտք,
եւ
կը
տեսնէ
որ
արեգական
յետին
բոցերը
կը
մարմրին
Բիւզանդիոնի
վրայ։
Այն
օրը,
յիրաւի,
նոր
մարդ
է
նա։
Եւ
սակայն
ո՜րչափ
օրեր
պէտք
են։
Դանդաղ
տարիներն
անտրտունջ
ու
անձանձրոյթ
անցուցած
է
Կ.
Պոլսոյ
սալայատակներու
եւ
մթին
խորշերու
մէջ.
իսկ
այժմ,
տարիներու
չափ
ծանրութիւն
ունին
կարճուկ
օրերը.
տան
սէր,
ծնողաց
սէր,
կնոջ
եւ
որդուոց
սէր,
սարի
եւ
սորի
սէր,
ամէնքն
ալ
կը
զարթնուն
ցաւերով
ընդարմացեալ
կուրծքին
տակ։
Ի՞նչ,
–
ղարի՞պն
ալ
սիրտ
ունի
եղեր։
Մէկ
օր
միայն
հերիք
է
Սեւ
Ծովէն
կրած
տառապանքները
մեղմելու։
Ուստի
երկրորդ
օրը,
տակաւին
աղօթարանը
չը
բացուած,
կարաւանը
ճամբայ
կ’ելնէ։
Հոս
ունի
ղարիպն
մեր
Պետրոս
կաթուղիկոսի
գետակն՝
ընդ
որ
վերջին
անգամ
անցած
էր,
հոն
ունի
բլրակ
մը՝
ուսկից
առաջին
անգամ
ի
մանկութեան
նշմարած
էր
Սեւ
Ծովը,
այդ
կապոյտ
երկինքն՝
կապոյտ
երկնից
տակ։
Սակայն
ի՛նչ
ընեմ
ասոնք.
մէկն
ունի
երեսնօրեայ,
եւ
միւսն՝
կիսամսեայ
ճամբորդութիւն։
Դու
տեսե՞ր
ես,
սիրելիս
Արփիար,
Տէրսիմի
եւ
Բարձր
Հայոց
խորերն
ու
սարերը.
բարձունք՝
որ
ամպերու
կը
կցուին,
անդունդներ՝
որ
դժոխաց
կը
մօտին.
մէկ
օրուայ
զառ
ի
վեր,
մէկ
օրուայ
զառ
ի
վայր։
Եւ
սակայն
կ’անցնի
ընդ
քար
եւ
ընդ
փուշ.
Արեւելքն
ունի
իր
ըղձիցն
ու
ճամփորդութեան
կողմնացոյց։
Եւ
գէթ
երկինք
նպաստաւոր
ըլլար։
Օդը
ցրտին
է,
գետինը
տղմոտ,
ձիւնն
ու
անձրեւ
անընդհատ
կը
տեղան
երբեմն.
անպատսպար
կը
քալէ
նա՝
տիղմերէ
ու
անձրեւներէ
թաթխուած,
ինչպէս
կը
տեսնենք
սովորաբար
մեր
պանդուխտները
հոս
անձրեւոտ
օրերը։
Ծերեր
ալ
կան
անոնց
մէջ.
մեր
Պօղոս
աղբարն
65
տարեկան
էր
երբ
վերջին
անգամ
գաւազանին
վրայ
կրթնած,
Տէրսիմի
լեռներն
անցաւ
քալելով։
Հրէից
Մովսէսէն
աւելի
հաւատք
ունէր,
եւ
հասաւ
իր
պապերու
երկիրն
ու
պապենական
տուն։
Գիշերներն
ստիպեալ
է
ծառերու
քուաց
տակ
կծկուիլ,
դու
ըսէ
պատսպարուիլ,
եւ
դուն
ուրեք
գոմերու
մէջ,
որոնց
կոշտ
ու
կոպիտ
տէրը,
իր
եզան
կամ
գոմշուն
քով,
յանձն
չառնուր
շատ
անգամ
անկիւն
մը
տալ
մեր
ղարիպին՝
հոն
գիշերօթելու
համար։
Առտու
քալէ,
իրիկուն
քալէ.
քալէ
ու
քալէ՛.
եւ
ահա
օր
մըն
ալ
տաժանելի
ճամբան
կը
սպառի.
վերջին
քայլն,
եւ
ահա
ղարիպին
կարաւանը
կը
գտնուի
երկու
լերանց
մէջ
բարձունքներու
վրայ,
ուրկէ
վար
է
ամէն
բան։
Օրուան
վերջին
վայրկեանները
կը
մեռնին
ժամացոյցին
սուր
սլաքին
տակ.
գիւղն
է՝
կ’
երեւի,
ծուխն
է՝
կը
բարձրանայ։
Երկա՜ր
շնչառութիւն
մը
մաշած
թոքերէ.
«Օրհնեա՜լ
է
Աստուած»։
Այգիներն
ու
ծառաստանը
կ’երեւին,
եկեղեցուոյ
կամարն
եւ
կամ
վանքի
կաթուղիկէն,
որ
մեր
գիւղերը
կը
պահպանեն։
Հոս
ընկուզենին
իր
մերկ
ոստերը
օդին
մէջ
կ’երկարէ,
հոն
կաղամախին
կ’երերայ
հիւսիսին
առջեւ.
անդին
սպիտակ
ձեան
վրայ
իր
սեւ
թեւերը
կը
պարզէ
խաչը
գերեզմանոցին
մէջ,
ասդին
Սուրբ
Կիրակոսի,
Վարվառ
տիկնոջ,
Ս.
Յակոբայ
եւ
Ս.
Սարգսի
քարաշէն
մատուռները
գիւղը
կը
շրջապատեն։
Եւ
սակայն
նոր
դող
մը
կը
սկսի։
Գիտես
թէ
ի՞նչ
է
այն.
–
մին
կը
խորհի
ակամայ
թէ
պիտի
գտնէ՞
ողջ
այն
ամէն
անուններն՝
զորս
իրեն
ղրկուած
թղթերուն
մէջ
կը
կարդար,
եւ
որք
շատ
անգամ
կը
նշանակուին
ղարիպին
սիրտը
խաբելու.
պիտի
գտնէ՞
իր
սրտին
հատորիկը
մեծցած
զարգացած,
զոր
իր
մեկնած
ատեն,
թողած
էր
օրրանի
մէջ.
պիտի
գտնէ՞
իր
մանկամարդ
կինը՝
ընդ
որում
հազիւ
չորս
ամիս
կենակից
եղած
էր.
պիտի
գտնէ՞…
–
«Մի՛
վախնաք,
տղե՛րք,
Աստուծով
ամենքն
ալ
ողջ
են»։
Խե՜ղճ
մարդիկ,
Աստուծով
ի՞նչ
չեն.
Աստուծով
աղքատ
են,
Աստուծով
ղարիպ
են,
Աստուծով
վի՛շտ
ունին
եւ
տառապա՛նք
ունին։
Հազիւ
թէ
այս
խօսքերը
կը
մարին
օդին
մէջ,
հրացաններու
պայթիւնը
կ’որոտայ
ձորերու
մէջ.
նոր
բոց
մը
արեւմուտքէն
դէպի
արեւելք՝
գիւղին
հորիզոնը
կը
պատռէ։
Խաղաղ
գիւղն
է՝
կը
խռովի,
կը
խայտայ.
«Ահա
տղերքն
եկան»։
Ալ
վազող
վազողի.
ծերուկն
ու
պառաւն
ալ
կ’ոգեւորին.
խուռն
բազմութիւնն
ընդ
առաջ
կը
վազէ.
մէկուն
քոյրը,
միւսին՝
եղբայրը
ասոր
մանկիկն
ու
անոր
մայրը,
բայց
ո՛չ
մէկուն
կինը՝
որուն
գիւղական
պատշաճութիւնը
թոյլտուութիւն
չ’ըներ։
Կարելի՞
է
բացատրել
այն
գրկախառնութեանց
խորութիւնն
ու
քաղցրութիւնն
երբ
իրար
կը
խառնուին
ճամբորդներն
ու
գիւղացիք.
մէկուն
կ’ըսեն.
–
ահա
մանկիկդ.
միւսին
կ’ըսեն
–
ահաւասիկ
եղբայրդ։
Արդեօք
քանի՜
անգամ
պէտք
եղած
է
ըսել
մօր
մը
թէ
«ահա
զաւակդ»,
որ
մանուկ
մարդ
մեկնած
էր
եւ
այժմ
կը
դառնար
պեխերն
ոլորած
եւ
կտրիճ
դարձած,
եւ
ուրիշ
մըն
ալ
անդին
յուշիկ
կը
քալէ
ալեւորաց,
կորաքամակ,
որ
կտրիճ
պանդխտութեան
ելած
էր։
Զըմօն,
Քամօն,
Զալօն,
Տըլէն,
Մուրօն
իրենց
տէրերը
մոռցած
չեն,
եւ
ամբոխին
մէջ
մէն
մի
իր
տիրոջն
ոտիցը
կը
փարի՝
կաղկանձելով,
տուտն
երեցնելով։
–
Ո՞ւր
է,
Կարօ,
արեւուդ
ղուրպան,
դու
մարդ
չունի՞ս,
հայր
չունի՞ս,
մայր
չունի՞ս.
իր
խօսեցելոյն
մայրն
եկած
է
միայն
եւ
խրոխտ
գոռոզութեամբ
կը
դիտէ
իր
կտրիճ
փեսացուն,
որուն
այս
անգամ
պանդխտութիւնը՝
իր
բոլոր
դառնաթոյն
զօրութեամբն՝
ազդեցութիւն
չէ
ըրած։
Հազիւ
լըրացաւ
քսա՛ն
հինգ
տարիս,
Մօրուաց
թելք
բուսան
երեսս
ու
ծնօտիս։
Թըշերէս
կարմիր
վարդեր
կը
կաթի,
Ճիղեր
ըս
ամուր՝
ասես
երկաթի
…
։
Իր
հաւատարիմն
ալ,
Չօմօ,
զոր
Կարօ
խնամեց
երբ
կոտոտիկ
էր,
վզվզալով
կը
քծնի։
Կարօի
ճամբուն
անձկանօք
կը
սպասէ
թարմ
սիրտ
մ’ալ,
իր
խօսեցեալը,
Սառա.
եւ
ո՜ւր
էր
թէ
ճրագներու
լոյսն
հնարաւոր
ընէր.
դրան
ետեւէն,
տեսնել
անոր
երեսն։
Ուր
ուրեմն՝
խօսելով,
հարցումներ
ընելով,
խնդութեան
արցունքները
սրբելով՝
ի
տուն
կը
մտնեն.
տուն
կը
մտնէ
Կարօ.
հոն
են
իր
ծնողք.
հայրն
սպիտակ
մօրուօք
ծերունի
է.
որ
ի
լուր
աւետաւոր
դարձի
իր
միակ
որդուոյն,
հազիւ
սողալով
մինչեւ
դուռը
կարող
եղեր
է
հասնիլ.
մայրը
զառամ,
բայց
համեմատաբար
նուազ
տարէց,
որ
կարող
էր
տակաւին
ապուր
եփել,
իր
ծերուկ
ամուսնոյն
օգնել։
Վա՞շ,
տեսնէի՛ր,
Արփիար,
խնդութեան
արցունքն՝
որ
չորցած
ու
ցամքած
աչքերէ,
թառամ
այտերու
վրայ
կը
կաթկթին,
եւ
անտի
կը
գլորին
Կարօի
հօր
սպիտակափառ
մօրուաց
թելերուն
վրայ.
տեսնէիր
զառամ
մօրկան
կարկամ
գիրկն
ու
գորովոյ
խանդաղատանքն
սառնամանուտ
կենաց
յետին
վայրկեաններու
մէջ՝
որք
տակաւ
կը
մարին
անդարձ
վերջալուսի
ատեն։
Ճրագներ
կը
վառին,
սիրտերը
կը
վառին,
վառարանին
մէջի
բոցը
բարկաճայթ
կը
ճարճատէր։
Առ
այժմ
դարդ
չկայ.
ամէնքն
ալ
անցան.
ալ
ղարիպ
չկայ,
սրտի
ա՜խ
չկայ,
եւ
կը
մոռցուին՝
գուցէ
մինչեւ
գարուն,
երբ
սառն
ու
սառոյց
հալին
մեր
ալեւոր
լեռներէն,
թէ՝
«
Ծնո՜ղ,
ազգականք՝
հեռու
ինձանից,
Լուսնին
նայելով,
ձեր
սէրն
յիշելով.
Եարա՜բ,
ե՞րբ
կըլլի,
որ
ես
ձեզանից
Իմ
կարօտս
առնեմ,
ձեզ
ջան
ասելով։
Եարաբ
ձեր
ճըտով
մէկ
օր
էլ
կընկնի՞մ.
Եարաբ
ձեր
երեսն
մէկ
օր
էլ
կը
տեսնի՞մ.
Եարաբ
ծունկ
ծընկի
տըված՝
ձեզ
կ’ասե՞մ,
Ա՜յ
իմ
խեղճ
ծընողք՝
ձեր
ջանին
մեռնեմ»։
Ահաւասիկ
այդ
բաղձացեալ
օրն
ու
ժամերն,
որ
մեր
պանդուխտին
կենաց
մէջ
քիչ
անգամ
կը
նորոգուին՝
կարօտը
միշտ
կարօտ
մնալով։
Թո՛ղ
ասոնք
իրենց
գգուանքներն
ու
գորովոյ
քաղցրութիւնը
վայելեն.
մեք
զարնենք
ուրիշ
դուռներ
ալ։
Ըսէ՛ք
սա
ծերունի
հօր
թէ
ինչո՞ւ
տրտմած
է.
հարցուցէք
սա
նորատի
կնոջ
թէ
ինչո՞ւ
տխրած
է։
–
Ա՜խ,
շատերն
գրած
էին
որ
այս
աշուն
Աստուծով
հայրենիք
կը
դառնան,
բայց
քիչեր
եկան.
վերջին
սիլաճիներն
երեւցան.
արդէն
մեր
ձմեռն
ալ
հասած
է,
եւ
բազում
ակնկալութիւնք
ի
դերեւ
ելան։
Ծերունին
յոյս
չունի
որ
ձմեռն
ողջամբ
անցնելու
կարող
պիտի
ըլլայ.
նորատի
կինն
ալ
ահաւոր
պատրանք
կրեց
ծիրանեփայլ
յուսոյն
մէջ։
Կը
տեսնէ՞ք
այդ
սեւ
թուղթերն
ալ
որ
գաղտ
դողդղալով
ձեռքէ
ձեռք
կը
սողոսկին,
եւ
ոչ
ոք
կը
համարձակի
իրենց
հասցէին
ղրկել
զայնս։
Գիտե՞ս
ի՛նչ
են
ասոնք.
–
Մանօ
թաղեր
են
հոս,
Զաքարը
Տրապիզոն
մեռեր
է
հազիւ
ծովէն
ազատած.
Օհան
չկայ,
Օհաննէս
չկայ,
մէկ
գիւղի
տղաքներ,
որոց
երիցագոյնն
էր
45
եւ
կրտսերագոյնը
18
ամեայ։
Վա՜խ,
վա՜խ,
հազար
վա՜խ։
Քիչ
մը
պի՛նդ
կեցիր,
քակենք
այդ
ծալլուած
թուղթերէն
մին,
որ
տակաւին
արցունքոտ
է։
Քրիստոսի
ծառայ
Ակօէն
շա՜տ
բարեւ
մօրս
Մագօին
(Մարգարիտ),
եղբօրս
Թադէին,
հարսներուն,
տղոց
ու
ճզերուն,
քուրերուս,
մեզ
հարցնող
ամէն
դրացնի
ու
բարեկամաց։
Բերանս
վրայ
չերթար
որ
ըսեմ.
բայց
ի՜նչ
կարող
ենք
ընել.
Աստուծոյ
կամքն
է.
Մանօ
այս
աշուն
մտնելէն
ի
վեր՝
կը
հազար
ու
կը
հազար.
մէկ
օր
հեռու
տեղ
մը
գործի
գացեր
էր.
իրիկունը,
բանթողէն
ետքը,
ճամբան
անձրեւի
բռնուելով՝
ջուր
խխում
եղեր
էր։
Նոյն
գիշեր
շա՜տ
հազաց,
եւ
առտուն
իրեն
ձայն
տուի
որ
արթննայ
գործի
երթայ,
չուզեց
անկողնէն
ելնել։
Ի՞նչ
ունիս,
Մանօ
ղո՜ւրպան։
–
Կուշտս
կը
ցաւի.
վրաս
հալ
չ’կայ։
Երկու
օր
անցաւ.
շա՜տ
աղաչեցինք
որ
Փրկիչն
երթայ,
դժուարութեամբ
յանձն
առաւ։
Իրիկունն
եկայ.
Մանօ
քայլելով
գացեր
էր։
Մէկ
օր
ետքը
–
կիւրակէ
–
գացի
տեսայ.
պառկած
էր
անկողնին
մէջ,
դեղերու
շիշեր
իր
գլխուն
վերեւ
դրուած
էին.
աչքերը
բացաւ,
եւ
տեսնելով
զիս
խնդաց։
Ժամ
մը
կեցայ
ու
ետքը
մնասբարով
ըսի։
Կէս
մաճիտիա
ալ
գաղտնի
հիւանդապահին՝
որ
քովերս
կը
դառնար՝
ձեռքը
քշեցի,
եւ
աղաչեցի
որ
աղէկ
նայի
Աստծու
սիրուն.
զաւկի,
մօր,
տան
եւ
տղի
տէր
է
ըսի,
դարձայ
մեր
խանը՝
ոտքս
առաջ,
սիրտս
ետեւ։
Գիշերն
երազիս
մէջ
Մանօ
տեսայ,
ալ
հիւանդութիւն
չունէր.
հազն
անցած
էր,
վրայ
եկած,
եւ
երեսից
կարմրութիւնն
ալ
առջի
պէս
էր։
Իր
փեսութեան
լաթերն
հագած
էր։
–
Ո՞ւր
կ’երթաս,
Մանօ.
նա
ձէն
չտուաւ,
եւ
մատովը
միայն
երկինք
ցցուց։
Վախով
արթնցայ.
աղօթ
կողմը
տակաւին
կարմրած
չէր.
երազս
բարեգուշակ
չերեւաց
ինձ.
ոչ
մէկու
բան
մը
ըսի,
եւ
գացի
մեր
խահուէն։
Տրտում
նստած
էի։
Արեւն
երեւցաւ.
ըսին
թէ
մարդ
մը
զքեզ
կը
փնտռէ։
Հասկցայ,
ալ
Մանօ
չկար։
Երկու
հոգի
ելանք
վազինք։
Ա՜խ,
Մանօ
պատանքի
մէջ
էր.
գերեզման
տարինք։
Օրհնեալ
ըլլայ
մեր
ղարիպ
տէրտէրը.
խեղճուկ
ձէնով
հանգստեան
կարգն
ամբողջ
կատարեց.
ի
վերջոյ
գերեզմանն
ալ
կնքեց
խաչով
ու
ըսաւ.
«կնիքս
անշարժ
եղիցի»։
Իրաւ,
Մագօս,
միտքս
դրել
էի
որ
եթէ
Աստուծով
աղէկնայ,
առջի
գարուն
հասած
չհասած՝
Մանօն
հայրենիք
ղրկեմ,
գոնէ՜
մեր
գերեզմանոցը
կը
տանէինք
եւ
հօրս
քով
կը
հանգչեցնէիք
զնա,
եւ
ամէն
շաբաթ
գիշեր՝
խունկ
կը
ծխէիր
իր
գերեզմանին
քով։
Բայց
ի՞նչ
ընենք.
Աստուծոյ
կամքն
այս
է
եղել։
Դուք
ողջ
կեցիք,
մայրս»։
Չեմ
գիտեր
թէ
ի՞նչ
կը
գրեմ,
Արփիար։
Յօդուածս
խմբագրելէ
երկու
օր
առաջ՝
տկար
էի.
քրտնաթոր
գլուխս,
քանի
մը
տենդոտ
վայրկեաններու
մէջ,
բարձիս
վրայ
հանգուցած
մոռցեր
էի
ամէն
բանը։
Արթնցայ.
ըսին
թէ
քանիցս
մօրս
անունն
յանզգայս
արտասանած
եմ,
մօրս՝
որուն
գերեզմանին
քով
վէգ
կը
խաղայի
երբ
ի
հող
դրին
զնա
եւ
մեր
տէրտէրն
վերջին
աղօթքը
կը
մրմնջէր։
Խեղճուկ
Մանօ
օրհասական
տագնապացը
մէջ
քանի՞ցս
արդեօք
արտասանած
էր
կրակոտ
շրթամբք
Մագօի
անունն,
որ
հօրը
մահուընէն
ետքն
իրենց
տանն
հայր
ու
մայր
է
միանգամայն.
զիրենք,
երեք
եղբայր
մեծցուց,
տուն
տեղ
ըրաւ,
հարսի
ու
զաւկի
տէր
ըրաւ.
ո՜րչափ
փափաքեցաւ
որ
Մարօի
գեղջուկ
ձեռքը
քսուէր
վերջին
անգամ
իր
քրտնած
ճակտին
ու
սառուցեալ
շրթանցը
վրայ
նուաղեալ
տաք
շունչը
ժողվէր,
Թադէն
ու
Ակօն
գլխուն
վերեւ
պտտուէին
եւ
ինքը
կտակներ
ընէր
որբերուն
համար։
Եւ
մահամերձն
ալ
չ
’
ուզե՞ր
երկու
բան,
Նախ
կեանքն
եւ
ապա՝
լացող
մ
’
իր
վրան։
Միւս
թուղթերն
չխառնենք,
սիրելիս
Արփիար։
Միայն
սա
չափն
ալ
ըսեմ
որ
ճրագները
չմարած
տանց
մէջ,
շատ
կարօտագին
սրտերու
մէջ՝
այսպէս
ջերմագոյն
յոյսեր
կը
մարին
իսպառ.
մին
կը
թողու
մատաղ
որբեր
ու
մանկամարդ
այրի
մը.
միւսն
գորովագութ
մայր,
ծերուկ
հայր
եւ
տնանկ
մը
որուն
համար
էր
ամէն
բան։
Եւ
այլ
թոյլ
մի՛
տար
որ
յառաջ
երթամ.
մեկնինք.
թող
մեր
յոգնած
ճամբորդներն
հանգչին
հայրենի
տնակին
մէջ,
թող
հանգչի
իր
Կարօն
եւ
ըսէ
մօրկանը.
«
Էս
ի՜նչ
օր
է
որ
քու
քաղցր
ծոցից,
Գլուխս
քու
դօշին,
աչքըս
խուփ
կամ
բաց,
Սուրբ
ձեռքիդ
վըրայ,
երեսս
է
բարձին
…»
։
Ղարիպն
ալ
տուն
տեղ,
լացող
ու
խնդացող
ունի
եղեր.
զարմանալի
բան
չէ՞
այս,
Արփիար։
«Մասիս»
1888,
թ.
3921.