Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վասպուրականցի Դաւիթ [1] մը Պանդուխտի անդրանիկ յօդուածոյս յառաջաբանին նիւթ տուաւ ինձ երբեմն. հիմա ալ ուրիշ Դաւիթ [2] մը՝ Կալաթայի մէկ պանդոկէն տխուր թուղթ մը նետեր է գրասեղանիս վրայ եւ կ’ըսէ. Ահա՛ նիւթեր վառարանիդ քով…։ Իր թղթին մէջ ծալեր ծրարեր է երիտասարդ Տարօնցի մը, Մըխօ-Խաչօ, մեր վշտաբեկ քերթողահօր՝ չարաբաստիկ հայրենակից։ Տարիքն է 24. այտերը կարմրուկ, աչքերը ծաւի, ոսկեփայլ ծփուն գիսակներ ունի. սազ ունի իր ձեռքն, որով յուխտ գնացեր է Առաքելոց վանքն Դաւթի գերեզմանին, եւ օրհնել տուած է իր նահապետական քնարն որ յաւէտ անյաղթ մնայ, եւ որ կարեկից գտնուի իր անբախտ տիրոջը։

Վառարանիս քով նիւթե՜ր. իրա՛ւ, ի՜նչ օրեր անցան պանդխտի կեանքէն. ինչո՞ւ վառարանիս քով չգրեցի թէ ի՞նչ է կաղանդն մեր պանդուխտ եղբարց մէջ. ի՜նչ սրտագին եւ ցաւոց դառնաթոյն վայրկեաններ են որ կ’անցնին ամէն տարեգլուխ ա՛յն քանի մը սկզբնական օրերը. թէ ի՞նչ կ’ընեն այդ մարդիկ ձմրան ու ցրտին եղանակին մէջ ամբո՛ղջ երեք ամիս, ուր գործ չկայ, դրամ չկայ, ապրուստ չկայ, եւ իրենց սրճարաններու խեղդուկ օդին մէջ ծալլուած կը նստին՝ ոսկրո՜ւտ եւ չո՜ր բազուկներ իրենց ներս քաշուած լանջաց վրայ երկարելով։ Այս ցաւերն ո՜րչափ համապատասխան պիտի ըլլային ամպոտ երկնից, կծող սառնամանեաց, սպիտակ ձեան բրտուճներուն եւ նա մանաւանդ ալեաց՝ որ աւազախառն մրմըռալով՝ իրենց աղշոր դառնութիւնը կը սփռեն խիճերուն վրայ, սպիտակ փրփուրները։

Ինչո՞ւ չգրեցի։ Մասիս իրեն հետ առաւ տարաւ ծրագիրս. ղարիպին վէրքերն անոր կը վայլէին։ Եւ սակայն պանդուխտն ու պանդոկը մոռցած չէի. մարդ կարո՞ղ է մոռնալ այն վէրքերն զոր իր կրծոց վրայ ունի անդարման եւ միշտ արիւնոտ։ Մոռցած չէի, եւ մինչ Դաւիթ իր Խորենացւոյն թրթռուն լարերովը ինչպէս ինքը կը գրէ, թռած գնացած էր Մեղրագետի եզերքն օրօրուելու, մեք ալ, վշտերու դաշնակից երեք ընկերներ, Ճոր-Աղբրի պանդոկը կը մտնէինք։

Պղնձի ահագին դուռ մը մեր առջեւ կանգնած է. մէկ դարու ժա՛նգ ունի իր սեւ ու ժանտ երեսներուն վրայ. երկաթի սեամը կիսովի մաշած է։ Շէնքը փոքրիկ ճակատ մը կ’երկարէ փողոցին վրայ։ Երկար ճամբայ մը ներս կը տանի զմեզ, եւ ահա կը բացուի ընդարձակ միջոց մը քառակուսի. պանդուխտներու աշխարհն ենք։ Քարեղէն սպիտակ սեանց վրայ վեր կը բարձրանայ շէնքն. երկու յարկերու վրայ կամարակապ սենեակներ, որոց իւրաքանչիւրն ունի մէկ լուսամուտ։ 1000 հոգի կը բնակին հոն. 120 տարիներէ հետէ այդ թիւը միշտ անպակաս եղած է, 1000 հոգի։ Ո՛վ Աստուած, դու միայն գիտես թէ ի՜նչ կեանքեր փտած են՝ այդ կամարներու ծանրութեան ներքեւ ճնշուած։

Ինծի ուսանելիք չկար հոն. գիտեմ զայն այն օրերէն, մինչ 17 տարի առաջ, մատղաշ մանուկ, Տրապիզոնի շոգենաւէն հոն տարուեցանք մութ գիշեր մը։ Ընկերներս պէտք է գոհացնէի, ուստի՛ սենեակները կ’այցելենք։ Խումբ մը երիտասարդներ կանգնած են մէջտեղը։ Բարե՛ւ ձեզ։ Ի՜նչ սիրուն են, կ’ըսես ինքնին, եւ կը զարմանաս իրա՛ւ որ այդ դժոխային յարկերուն տակ մարդ կարող կ’ըլլայ իր այտերուն վրայ կարմրութիւն ալ պահել. վայրկեան մը ետքը, որպէս թէ մութէն ծնած, անկիւնէ մը երեւան կուգայ խաւարչուտ դէմք մը, բոլորովին աւերակեալ. յիսունն անցած է։ Խե՜ղճ մարդ, սպառած է, կը մրմռաս, եւ հազիւ տարի մը անցած՝ այդ թարմ հասակներն ալ նո՛յնպէս հիւծեալ պիտի թօշնին, ափսո՜ս։ Ուրիշ սենեակ մը կը մտնենք։ Հոս գումարուած են միայն տարէց մարդիկ. մէկուն գլուխը կը ծածկէ ծերութեան սպիտակ ձիւնը, միւսն արդէն կծկտած պա՜ղ պա՜ղ սառոյցներուն տակ. սա ծռած ծխանին առջեւ՝ վառարանին մէջ փայտ կը նետէ. նա սափորն ուսին վրայ դրած ներս կը մտնէ. ուրիշ մը ասդին քանի մը կտոր միս կը ծեծէ, այլ ոք անդին աշտիպը կը պատրաստէ, զի հետեւեալ օր Մեծ Պահք է, եւ երեկոյին կոֆթա պիտի ուտեն. ի՜նչ մեծ բան։ Արդեօք ընկերներս կարո՞ղ էին ըմբռնել այդ տառապանաց քայքայուն պատկերներուն վրայ՝ թէ անոնցմէ բազումք նահապետական տանց զաւակներ եղած էին, Բարեկենդանի օրն աղքատներու սեղանը շէն պահած. կարո՞ղ էին ըմբռնել թէ այն մարդ, որ ծխանին առջեւն էր, այն մարդ՝ որ սափորը կը տանէր իր ուսին վրայ, իր ցուլն երկու կտրիճ ծառաներով դուրս հանած է։ Երրորդ մը երթանք։ Պարունակութիւն, հազիւ 24 խորանարդ կանգուն, ունի միջին բարձրութիւն, զոր ընդ մէջ կը կտրէ վերնատուն մը։ Քանի՞ հոգի կը պառկիք հոս. հինգ։ Հի՜նգ։ 12 անկողին ծրարուած են հոն. մի քանին վերնատան մութին մէջ են. այդ սուտը կը խօսէին վախնալով որ գուցէ, առողջապահական պաշտօնատան կողմէ, քննիչներ էին ընկերներս։ Անշուշտ, կ’ըսէին թէ ինչո՞ւ համար այդպէս իրարու վրայ դիզուած կը պառկին։ Պէտք է գիտնալ որ վարձքերը, թէեւ ըստ ինքեան ոչինչ, ծա՛նր են իրենց. ահա երեք ամիս, ուր այդ մարդիկ ուրագի եւ սղոցի կոթ բռնած չեն, դրամի երես տեսած չ’ունին. օրական ապրուստ պէտք է, նպարավաճառն անոնց ապառիկ չտար, հացագործն ալ ըսես՝ մէկ օրէն անդին չ’անցնիր։

Այսպէս ահա մինչ դուրսը դիմակաւորք կ’անցնէին, խաղալով, ցատքելով, մեք պանդոկի ու պանդուխտներու մէջ՝ ցնցոտիներու վրայ սեւեռեալ, մթութեան մէջ, քայքայուած տարիներու քանդուածոց տակ, ալեխառն մազերու մէջ՝ տառապանաց դիմակներ կը քակէինք, ի մօտոյ տեսնելու, զննելու եւ շօշափելու պանդխտութեան ներքին վէրքերը։ Պանդոկի մէջ բարեկենդան կ’ընէինք։

Բայց պէտք է ըսեմ, որ իրաւ, այդ պանդոկն երբեմն իր բարեկենդանն ունեցած է։ Նոյն օրը, Վոսփորի ամէն կողմերէն, մեր հայրենակիցները հոն կը հաւաքուէին. անուանի ճարտարապետներ, Օտեան Կիրակոս աղա, երկայն Խաչատուր, Մինաս Խալֆա, Աւագ Բաշալեան, Նեմցէ Պետրոս, Ազնաւուրեան եւ այլք բազումք, թողլով իրենց տունն ու բարեկենդանը՝ խանին բարեկենդանը տօնելու կ’երթան. թմբուկն ու փողը կը գոռացնեն։ 40-50 հոգի հայկական, հայրենական պարը կը կազմեն. տա՜ք տա՜ք գլուխներով եւ ծխաշունչ կուրծքերով, տարուան բոլոր վիշտերն ու անձուկները կը մարեն այդ խնդութեան կրակոտ ժամերուն մէջ։

Տակաւին զարմանալին կայ։ Նոյն օրը մեծերը կը պզտիկնան, փոքունք կը մեծնան. աղան ծառայի կարգ կ’անցնի, եւ խոնարհ կերպարանօք կը կատարէ ինչ որ հրամայէ բարեկենդանի մեծը, ամենօրուան փոքրիկը։ Ահագին ծախքեր վարպետը կը հոգայ, եւ յամենայնի հլու կամակատար իր աշկերտին՝ անոր կամքը կը յարգէ, կլկլակին՝ կրակ կը բերէ, սիկարին լուցկի կուտայ, առջեւը ծնրադիր կը նստի։

Հիմա ասոնք ամէնքն ալ անցած են. մեծ խալֆան պանդոկին ճամբա՛ն իսկ մոռցած է, չըսեմ պանդուխտի բարեկենդանը. ամէն տարի թմբուկներ կը գոռային, այս տարի, հէ՜ք պանդուխտներ, այդ ալ չ’կար, որպէս թէ իրենց ըսած ըլլային որ դուք տրտմութեան դատապարտեալներ էք։ Հազա՜ր հոգի մէկ շրջանակի մէջ էին. կ’ելնեն կը մտնեն անտարբեր՝ բարեկենդան էր, եւ սակայն բնաւ կենդանութիւն չկար, որպէս թէ հինցած գերեզմանոցի մը մէջ գտնուէինք, ուր ձա՛յն ձուն չելներ. մաշած քարերու վրայ՝ հոս հոն՝ անշշունջ կը կանգնին ծառոց բուներ. մին քանի մը չոր ճիւղեր ունի կոտրտա՜ծ կախուա՜ծ, եւ միւսն խորշոմած կոճղ մըն է։ Ինչո՞ւ բարեկենդան չէք ըներ։ Կը դառնանք ահա ծուռ ու մուռ անկիւններէ. ահա ձայն մը կը լսուի. քանի մը երիտասարդներ խոնչայ մը կը բոլորեն, գինւոյ եւ օղիի բաժակներու կը թռչին՝

Իրիկուն կուգայ, արեւն իր մարը կը պատի,

Կուլամ. աղի՛ արցունքն աչքէս կը կաթի.

Ոսկի մատնին մատիդ՝ երկաթ չի՞ դառնար.

Սիրելէ ետք՝ ձըգել երթալն ի՞նչ դըժար։

Քիչ մը նայինք. ուրիշ անկիւն մը կը դառնանք, սրտագին հառաչանք մըն ալ հոս կը սլանայ՝

Ամէն այգի երգող սոխակ՝ թըռչուն չէ.

Ամէն քընքուշ ձեռքի բաժակ՝ խընդում չէ.

Հազար սիրեմ՝ սիրտս դարձեալ գո՛հ չըլլիր.

Գիշեր ցերեկ մըտացս առջեւ է ի ժիր։

Այսպէս բարեկենդա՜ն. թմբուկը պէտք է գոռացնեն. հայրենի յիշատակ է այդ. իրաւ կ’ըսեմ հէ՛նց մեր դաշնակին չափ՝ եւ գուցէ աւելի ալ, հարկաւոր է մեր եղբարց։ Ուստի ի՛նչ ըլլայ ըլլայ, տարւոյն ա՛յդ օրը գէթ պէտք է իր ձայնը հանէ, եւ մէկ օր գոնէ կուրծքերու սառը տաքցնէ։

Ժամերը կ’անցնէին. դուրս ելանք ուր ուրեմն. 1000 հոգի կը թողուինք այդ քարերուն տակ. ոմանք տարէց՝ որ գուցէ ալ յուսահատ էին իրենց տուները դառնալու. երեք մասն երիտասարդ, որոց ո՞վ գիտէ, քանիներուն օրհասն հոն գրուած էր պանդխտութեան անիծեալ մատներով։ Տուն եկանք. բարեկենդանէ կը դառնայինք։

 

«Արեւելք» 1889, թ. 155.


[1] Դաւիթ Շաքարեան, երկրորդական ընտիր ուսուցիչ մեր լեզուի և մեր պատմութեան։ Ունի նաեւ գրական էջեր։

[2] Դաւիթ Խաչիկեան, նոյնպէս գաւառացի նորատի ուսուցիչ ազգային և ընդհ. պատմութեան։ Ծան. Ն. Գ. Բ.