Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Սիրելի՛ս Արփիար, հերու ճիշդ այս ամսուն էր որ խնդրեցիր ինձմէ բաներ գրել մեր պանդուխտներու կեանքէն։ Անկէ ի վեր տարի մըն է, եւ պարբերաբար գրեցի խաներէն, գերեզմաններէն, տուներէն։ Ամէն անգամ վարանմամբ գրիչս թղթի վրայ կը դնէի, եւ սակայն գրեթէ ամէն Մասիսի, քաջալերական ընդունեցայ։ Համոզումս այս եղաւ որ եթէ պանդուխտը չսիրուի այսուհետեւ ալ իր խանին, գերեզմանին եւ փոսերուն մէջ, Մասիսի վրայ բաւական համակրողներ պիտի ունենայ։ Բարեգուշակ է մեզ այս պարագան, մեք պիտի կրնանք վար իջնել մեր ընթերցողներովը, մտնել ներքին խաւերու մէջ, ուր կեանքը կը հիւծի, շունչը կը խեղդուի։

Եւ սակայն չմոռնամ ըսել որ տակաւին ոչինչը միայն գրած եմ այդ սարսափելի կեանքէն. շա՜տ բաներ կան որոց գրչի ծայր չպիտի մերձեցնենք բնաւ, բաներ ալ կան, զորս հարկ է տեսնել պանդուխտին տանը մէջ՝ կենակից ըլլալով անոր զաւակներուն, անոնց չոր ու սեւ հացն ուտելով եւ տառապանքն ալ հագնելով։ Իսկ ի՛նչ որ ամէն բանէ աւելի ակներեւ եղաւ, ա՛յն է թէ այդ կեանքի գոյութիւնն ի՛նչպէս երկարած է մինչեւ այսօր, ի՛նչպէս կեանքի տարերք կրցած են մնալ այդ փտութեանց մէջ։

Փտութիւնը կը ճարակի տակաւ, այս բանին հաւաստի եղէք, եւ սրտին վրայ սկսած է ճանկերը դնել պողիպոտի պէս։ Սիրտը նոր սերունդն է։ Բարեմոյն ժամանակներու մէջ լաւ բաներ կային. պատանի պանդուխտը մե՜ծ հոգածութեան առարկայ եղած է. իր վարպետը կ’ունենար, սիրով, ծնելասէր գթով պատրաստուած անգիր օրէնքի մը տակ, կ’ապրէր վարպետի խնամոց մէջ. իր շաբաթական ծախսուց հետ կ’ընդունէր փոքրիկ գումար մըն ալ, զոր խնայողութեամբ կը տնտեսէր, եւ անկէ թեթեւ մաս մըն ալ աւելցնելով, իր ծնողաց խաչհամբոյր կը ղրկէր։ Այսպէս աշակերտական որոշ ընթացք մը կար, վարպետն յանձն առած կեանքին պատասխանատու էր Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ. անկէ ետքն ալ, մինչեւ որ հասակին հետ արհեստի կատարելութիւն եւ ինքնաբաւութիւն ստանար, կը գործէր կէս-ազատ արհեստաւոր նոյն մարդուն պաշտպանութեանը տակ։ Վարպետը երախտաւոր հայր մըն էր։ Հապա բարուց հսկողութի՜ւն… մեծ ուշադրութիւն կ’ընծայուէր այս մասին. արեւը մայր մտնելէն ետքը, ո՛չ մէկ մարդ կը մնայ եղեր խաներէն դուրս, իսկ գիշե՜ր, բնաւ կարելի չէ եղած այդ։ Սրճարան, զբօսարան, ինքնահրաման պտոյտ, գինետուն, իսպառ արգիլեալ բաներ եղած են։ Աղտոտ մարդերէ այնպէս կը փախչին եղեր ինչպէս կը փախչինք մեք բորոտէն եւ կամ պլշկող ախտաւորէն։

Այսօ՞ր. ա՜խ, ամէն բան տակն ու վրայ է. լաւագոյն արհեստաւորն ալ, տարւոյն մեծ մասը, ձեռքերը ծալլած կը նստի անգործութեան մէջ. եւ եթէ ըլլայ որ գործ ունենայ, սովատանջ գայլերու ձեռքէն բան մը կորզելու պէս, ձեռք ձգած պիտի ըլլայ անմիտ ոսկոր մը, պիտի կրծէ զայդ, պիտի կշտանայ նախ ինքը, եւ ուրիշներու ալ բաժին պիտի հանէ։ Կրնա՞յ ըլլալ այս. բնականաբար ոչ. եւ այս պատճառաւ՝ պատանեկան դասը թողուած է ճակատագրին ձեռքը, հովին առջեւ նետուած տերեւի պէս. ո՞ւր պիտի երթայ, ի՞նչ վախճան պիտի ունենայ, մարդ չգիտէր։ Արհեստներն ալ, հիւսնութիւն, որմնադրութիւն, քարակոփութիւն ձեռքէ երթալու վրայ են։

Աղտոտ կեանքը, զոր ունին այսօր, բաղնիքներու եւ սրճանոցներու մէջ վարուած կեանքն է։ Սո՜ւրբ, սիրո՜ւն, տակաւին ի ծաղկի, մատաղ տղաքներ կուգան կը մտնեն այդ սպանդանոցներու մէջ. չոր հացով փորիկ մը կշտացնելու հարկին տակ ճնշուած, անբարոյական առեւտրոյ ապրանք կ’ըլլան. կեանքի, արիւնի գինն է որ այնուհետեւ դժոխային ոճրագործներու քսակը կը պարարտացնէ։ Բաղնիքին [1] ու սրճանոցին մեծ հրապոյրը՝ մեր աշխարհի մատաղ նործիլ կեանքերն են։ Այս աղտեղութեանց մէջ զարգացած կեանքերէն ի՛նչ յոյս Ազգին, ի՛նչ օգուտ այն երկրին, այն տանն ու ծնողաց, որ գթով, գորովանօք մեծցուցին, մին իր ջուրն ու օդը տալով, միւսն իր յարկն ու ծածքը, եւ երրորդն իր կաթն ու միսը։ Ահա մեր սիրտը։

Նախորդն արդի սերնդեան հետ համեմատելով՝ ահագին տարբերութիւն կը գտնենք. կորով, խոշորութիւն, արիութիւն սրտի հայ հոգւոյ կորսուած են իսպառ։ Հին վարպետներու նկարագիրն ընել կուտամ շատ անգամ. իրաւ, անոնք հսկաներ եղած են. մեծ հօրս մարմնական նկարագիրը մեր տանը մէջ ալ չնորոգուեցաւ. այսպէս է ամէն երդիքի ներքեւ։ Անոնց մանրանկարներն հազիւ ուրեմն կը գտնենք հիմա հին պատկերներու վրայ եւ մէկ առ հարիւր՝ Մշեցի եւ Սեբաստացի համալներուն մէջ։ Ոմանք չքաւորութեան մէջ կը փտին, կէսք յուսահատութեան մէջ եւ այլք խառնակեցիկ դռներու վրայ, ուր ո՛րչափ ալ հաստատուն կենան ի սկզբան, կուգայ աղէտից օր մը եւ ահա կը գլորին՝ կ’իյնան դիտապաստ յունական տռփոտ Աստղկան գիրկը, կորստեան անյատակ գուբը. ալ բարեա՜ւ մնան առողջութիւն եւ կեանք. բարեաւ մնան տուն ու ընտանիք, զաւակ եւ սէր։ Այս կեանքն անկեանք է։

Առնուազն այսօր 100, 000 հոգի իրենց տուներէն դուրս նետուած են. եւ գիտե՞ք թէ որոնք են. գործող, վարող, ցանող ու հնձող ձեռքեր, համեմատաբար առոյգն ու կորովին։ Տարին, ամէն զեղչեր ընելէ ետքը, գէթ 50-60, 000 անծին զաւկի կորուստ կայ. ասոր վրայ աւելցո՛ւր օտարութեան մէջ շարունակուած չարաչար զոհերն ալ, հովէն զարնուած, ձողերու տակ ջարդուած, եւ ահա խոշո՜ր գումար մը մեռելոց, զորս կը թաղենք առանց քահանայի եւ արցունքի։ Դարեր այսպէս շարունակուած են, այսօր ալ կը շարունակուի այդ աղէտքը հիւանդի մը թոքերը կրծող որդերու պէս։

Առանց ինչ ժամանակ անցնելու, պէտք է այս բանին ուշադրութիւն դարձնել. բաւական չէ մեզի Հիւանդանոցին դռները բանալ պանդուխտին օրհասականներուն առջեւ. պէտք է քանի մը քայլ անդին անցնինք. քահանան իր բաժինն ունի, գրողն իր մասն ունի, ունեւորն իր պարտաւորութիւնը, պատրիարք, վարչութիւն, երեսփոխանութիւն, առաջնորդք իրենց պարտքն ունին։ Պանդխտութիւնն, եթէ այսպէս շարունակուի, մեր գաւառներն անմարդի կ’ընէ այսօր կամ վաղը, այս համոզումն ունեցէք, ահաւոր ճշմարտութիւն է։

 

«Մասիս» 1890, թ. 3947.


[1] Հաւանաբար հանրատուն ըսել կ’ուզէ։ Ծան. Ն. Գ. Բ.