Ա՛լ
ինծի
յիշատակի
պէս
բան
մըն
է
եղած
ատ
մարդը.
ա՛ն
ատեն
միտքս
կուգայ
անվրէպ՝
երբ
իրեն
բաղդակից
մը,
շիջանոտ
ու
մեռած
աչքերով,
կը
քսուի
փողոցներէ,
եւ
պատէ
պատ
ափլփելով
կ’անցնի
դողդոջուն։
Միտքս
կուգայ
իր
ամբողջութեամբն
ու
առջեւէս
կը
սրբէ
ամէն
աղետաւոր
պատկեր։
Զինքն
առաջին
անգամ
տեսած
էի
Գատը-գիւղի
մէջ
ձիւնաբեր
օր
մը,
եւ
ամէն
շաբթու
որոշուած
օր
մը՝
որոշ
ժամուն՝
կը
սպասէինք
իրեն։
Ո՜րչափ
հրապոյր
ունէր
ատ
հէք
ստեղծուածը։
Ձիւնէն
կամ
անձրեւէն
թաթխուած՝
մեր
փողոցը
կը
մտնէր.
եւ
ինք
երեւալէ
առաջ,
իր
ձայնը՝
հովին
վրայ
նետուած՝
կուգար
կը
գտնէր
մեզի
գոց
պատուհաներու
ետեւ։
Ուշադիր
եղած
էի
որ
ա՛տ
ժամուն
դաշնակները
կը
լռէին
յանկարծ,
եւ
վարագոյրներու
տակէն
թարմ
գլխիկներ,
սիրուն
ու
հմայիչ,
ապակիներուն
կը
կրթնէին,
ու
զուարթ
աչքեր՝
յանկարծական
տխրութեամբ
պատուած՝
կարեկից՝
կը
դառնային
ատ
մարդուն
վրայ։
Իր
երգը
արուեստ
չունի.
ամանակն
ու
ելեւէջները
իր
շնչառութեան
ու
սրտի
յուզումներուն
վրայ
չափուած
էին։
Այո,
ինչ
որ
կ’երգէր
իբրեւ
երգ,
ինչ
որ
կ’եղանակէր
ձիւնին
ու
անձրեւին
տակ,
ձայնագրել
կարելի
չէր.
արուեստէ
վեր
արուեստ
մը
կար
անոնց
մէջ,
–
սրտի
արուեստ։
Անուշ
էր
ձայնը,
անուշ.
երգին
ամէն
տունը
բարձրէն
կը
սկսէր
եւ
յետոյ
աստիճանաբար
վար
կ’իջնէր
տոտիկ
տոտիկ,
մեղմով,
յուշի՜կ
անուշիկ,
կ’իջնէր,
բայց
ո՞ւր.
մինչեւ
սալայատակը,
կը
մարէր
ոգեսպառ,
հովին
պէս՝
որ
ամէն
փողոցի
բերնէն
ուժգին
մտնելով
կը
դառնար
ոլորուն
եւ
ցրուելով
ամէն
դարձուածոց
մէջ,
զարնուելով
պատերուն,
նուաղկոտ
կ’իյնար։
Եւ
սակայն
ճիշդ
ատ
նուաղումն
էր
որ
աւելի
ուժգին
կը
ցնցէր
մեզի.
եւ
մենք,
սրահի
մը
մէջ
նստած,
կը
սկսէինք
իրարու
երես
նայիլ
վայրկեան
մը՝
գրեթէ
սառած
նայուածքներով,
լռին
աս
բանն
ըսելու
թէ
ի՜նչ
ձայն,
ի՜նչ
եղանակ՝
զոր
բնութիւն
դրած
է
ատ
կուրին
քով։
Իրեն
տեսակ
մը
մտերիմներ
դարձանք,
եւ
կուտայինք
քիչ
շատ,
բայց
ոչ
իբրեւ
սոսկ
ողորմութիւն
Աւետարանէն
հրամայուած
ու
արքայութեան
խայծով
տարածուած.
այլ
վարձատրութեան
պէս
բան
մը
կար
մեր
տուրքին
մէջ՝
դառնագոյն
հաճոյքէ
քամուած,
կուտայինք,
զի
ամէն
անգամ
ատ
եղուկ
ողորմուկ
ձայնը
կը
վրդովէր
մեզի՝
մեր
իսկ
ուզած
վրդովմունքովը։
Իմ
սիրական
աղքատներս
երկու
կարգի
կը
բաժնուին,
երգողներն
ու
մունջերը.
երկուքին
վրայ
ալ
միեւնոյն
ազդուութիւնը
կը
գտնեմ,
փախչելով
միշտ
չգիտեմ
ինչու
անոնցմէ
որ
արուեստական
արցունքն
ունին
միշտ
շատուկ
աչքերուն
վրայ.
լացը
կոկորդէն
անբաժան,
եւ
փոշիացում
աստուածեղէն
պատկերին.
–
Ոտքերուդ
տակը
պագնեմ,
տապաններուդ
տակը
մեռնիմ...
։Ատեն
մը
մոռցայ
մեր
եկեղեցւոյ
ճամբան,
ու
կին
մը
նստած՝
յաւերժական
լացով
ու
արցունքով՝
ատ
բառերը
կը
թափէր
ոտքերու
տակ,
եւ
ամէն
աղտոտ
փոշոտ
տապաններու
տակ
կը
դնէր
իր
ցամքած
շրթունքն
ու
սարսռող
համբոյրները։
Իմ
Վարդան
աղբարս
միայն
երգն
ունէր
իր
անուշ,
անուշ,
երիցս
անուշ
ձայնովն
ու
աղեկիզիկ
ոլորներովը։
Ո՛չ
մէկ
օր
տապանհամբուրեց,
եւ
ո՛չ
մէկ
օր
ալ
արցունքն
ունեցաւ
աչքին
կոպերուն
վրայ.
անձրեւը
միայն
կաթիլ
կաթիլ
կ’իյնար
կը
գլորէր
իր
մազերէն
վար.
կ’երգէր
ու
կ’անցնէր
անտարբեր.
պատուհաններուն
քսուելով,
եւ
կամ
որ
աւելի
ճիշդ
է,
կը
մղուէր
անգիտակից
հովին
առջեւ
ու
իր
երգին
ետեւ։
*
*
*
Եւ
սակայն
իմ
Վարդան
աղբարս
մարդոց
չկարծածն
ունի,
եւ
մարած
աչքերովը՝
սիրուն
աչուկներու
եւ
անուշ
կեանքերու
կը
կապուի։
Ամէն
իրիկուն
կը
դառնայ
Գում-Գաբու.
հոն
գտած
է
բունիկ
մը
եւ
կը
մտնէ
անոր
մէջ։
Աղքատանոցին
մէջ
էր
խցիկը։
Սենեակներու
շարք
մըն
է
ատ
շինուածը,
մէկ
յարկի
վրայ,
իր
ձեւովը
յիշատակ
մը
հնութեան։
Իր
որոշիչ
առաւելութիւնն
է
աղտեղութիւն,
յաւերժացած
լուացքէն՝
որ
տարւոյ
ամէն
եղանակի
մէջ
իր
կեղտը,
փրփուրը
եւ
գարշանքն
առատապէս
կը
զեղու
ատ
շէնքին
մէջ.
հապա՛
բուրո՞ւմը։
Ատոնց
մէջ՝
մեր
եկեղեցիներու
դրամով՝
վարձկան
մօր
կը
յանձնուին
դուռներու
վրայ
կախուած
մանկիկներ.
հո՛ն
կ’ապաստանին
աշխարհէ
լքուած
որբեւարիներ,
լուացարար
կիներ,
անուղղայ
գինովներու
մանկամարդ
լծակիցներ,
որոնք
աճառին
կեղտոտ
փրփուրին
եւ
անթառամ
ճակտի
քրտինքին
խառնելով
սպիտակ
քնքուշ
դաստակներու
ուժը,
դրամ
կը
հայթայթեն
գինեպանին։
Ուրիշներու
աղտը
լուա՛,
ուժդ
սպառէ,
եւ
տո՛ւր
քրտինքիդ
գինը,
որ
երեկոյին
արբեալ
մը,
մարդկային
ամէն
բան
մոռցած,
տուն
դառնայ
մութին,
եւ
կառաչելով
ու
հայհոյութեան
տարափով
մը
խցիկդ
մտնէ։
Ահա
հո՛տ
էր
իմ
Վարդան
աղբարս։
Մարդկային
ատ
կեղտոտութեանց
մէջ
կին
մը
ունէր,
երեք
հատ
ալ
սիրուն
գգուելի
մանկիկներ
գրեթէ
իրարու
ետեւ
ծնած.
–
Արմենակ,
Աշոտ
ու
Վարդգէս։
Բնութեան
մէկ
հաճոյքը՝
իբրեւ
հակապատկեր
կը
տեսնէիր
ատ
գօս
կեանքի
վրայ.
ո՛չ
ոք
իրան
վիճակակից
ըլլալ
կ’ուզէր
անշուշտ.
այլ
քանինե՜ր
կան,
ոսկիի
տէրեր,
որոնք
հազարներ
կը
գլորէին
մէկ
ձեռքէ՝
եթէ
բնութիւնը
աճէր
իրենց
ծնգացը
վրայ
բանալ
մարդկային
ատ
քնքուշ
անուշ
ծաղիկներէն
մին.
–
Վարդգէսի
գլխիկը
վարդ
մազերով,
Աշոտի
կարմրուկ
այտերը
կրակոտ
աչքերով
եւ
Արմենակի
նման
աննման
մը։
Վարդան
աղբար
ամէն
իրիկուն
դարձին,
տաքցած
կամ
մսած,
կը
գգուէր
մանկիկներն
ու
կը
փայփայէր,
կը
ջերմանար,
կը
զովանար,
եւ
մարած
աչքերը
քսելով
սիրուն
կրակոտ
աչուկներուն՝
սփոփանք
գտած
էր
բնութեան
մարդու
ըրած
դառնագոյն
զրկանքներու
մէջ։
Իր
դրացիներն
Աղքատանոցին
մէջ
կը
նախանձէին
ատ
բունիկին
վրայ,
որ
սրբարան
մըն
էր
աղտեղութեանց
մէջ.
պարկեշտ
կին
մը,
իր
անաչ
ամուսինէն
զատ,
ո՛չ
մէկու
աչք
ունեցած
էր,
եւ
մանաւանդ
տեսնելով
վարձկան
մայրը,
որբեւարին
ու
գինովի
կենակիցը,
անձուկ
զօդերով
կապուած
էր
կուրին։
Իսկ
իր
մանկիկները
երկնքի
հրեշտակներ,
բան
մը
ճանչելու
առաջին
օրէն՝
վարժուած
իրենց
հօրկան
փոսացեալ
աչքերուն,
ուր
ոչինչ
կար
կափարչի
պէս
վար
ինկած
թարթիչներէ
զատ,
իրենց
հօր
եւ
ուրիշներու
մէջ
համեմատութիւն
չըրին
երբեք.
ամէն
իրիկուն
վազեցին
անոր
գիրկը,
մանկական
ամէն
գգուանք
թափեցին
անոր
վրայ,
համբուրեցին
փափկիկ
շրթունքներով,
փայփայեցին
քնքուշ
թաթիկներով,
փարեցան
փաթթուեցան
անոր,
եւ
բնութեան
ամէն
անուշ
կիրքերը,
խանդաղատանքները,
քաղցրութիւններն
արթնցուցին
իմ
Վարդան
աղբօրս
հոգւոյն
վրայ։
*
*
*
Վարդան
աղբարս
պատուախնդիր
ալ
էր
եւ
նուրբ
հայեցուած
ունեցած
իր
վաստակին
եղանակին
վրայ։
Յորմեհետէ
բոյն
դրած
էր
ատ
Աղքատանոցի
մէջ,
բնաւ
չերեւեցաւ
Մայր-Եկեղեցւոյ
դրան
առջեւ,
իր
մանկիկները
չտեսան
զինքը
աղքատաց
շարքին
մէջ
եւ
իր
կինն
ալ՝
Սրբուհի,
թէեւ
գիտէր
որ
իրենց
լամբարին
պատրոյգն
ու
իրենց
ստամոքսը
մուրացկանի
դրամով
կը
սնանին,
բայց
օր
մը
չտեսաւ
իր
Վարդանը
իրենց
թաղին
դռներուն
առջեւ։
Մուրացիկը
իրիկուըները
վայր
կ’իջնէր
Պալի-փաշայի
զառիվարէն
ա՛ն
ժամուն
մինչ
շուկացին
գունտ
գունտ
կը
թափէր
դէպի
վար,
եւ
այսպէս
շուկայէ
դարձողի
մը
պէս
էր.
իր
մանկիկներն
ալ
իրենց
տարեկիցներու
միեւնոյն
հրճուանքը
կ’ունենային
օրուան
միեւնոյն
ժամուն՝
անոր
դէմը
վազելով
դրան
վրայ,
ձեռքէն
բռնելով,
փէշերէն
քաշքշելով,
«հայրիկ»
կոչելով։
Եւ
իմ
Վարդան
աղբարս
ներս
կը
մտնէր
թաղին
հայրիկներուն
պէս,
երջանի՜կ։
*
*
*
Աս
կեանքի
անակնկալը
ասկէ
ետքն
է։
Օր
մը,
Մայր-Եկեղեցւոյ
ժամկոչին
առաջնորդութեամբ՝
այր
մը
ու
կին
մը
Աղքատանոցը
կը
մտնեն։
Որդեգրութեան
սովորութիւնը,
թէեւ
ցանցառ,
տակաւին
կ’ապրի
տեղ
տեղ,
ոմանց
քով
իբրեւ
գթութիւն,
այլոց
քով
հոգեկան
ցաւերու
դարման։
Ծնողներէ
ոմանք,
քանի
մը
մատաղ
զաւակներու
յաջորդական
մահերէ
ետքը,
թելադրութեամբ
պառաւներու
որոնց
պատմական
շրջանը
գուցէ
յաւիտեան
փակուի
քանի
մը
տարիէն,
Աղքատանոցներ
կը
վազեն,
եւ
մանկիկներ
որդեգրելով՝
այնուհետեւ
որդիներ
կ’ունենան։
Աս
երկուքն
ալ
ճիշդ
միեւնոյն
դժբաղդութեամբ
զարնուած՝
ատ
դարմանին
կը
դիմէին
եւ
որդեգրելու
դիտաւորութեամբ
Աղքատանոցէն
ներս
կը
մտնէին։
Աչքէ
կ’անցընեն
մանկիկները
որոնք
տէրունիկ’արձանագրուին
մկրտութեան
տետրին
մէջ,
աչքէ
կ’անցընեն
ամէնքն
ալ
վարձկան
կուրծքերու
վրայ
իբրեւ
ապրանք
որոնք
կը
պարզուին
գնողներու
աչքին
առջեւ
եւ
այդ
կարգով
ներս
կը
մտնեն
Վարդան
աղբօր
խցիկէն։
Փոքրիկը
Վարդգէս,
խարտիշագեղ
մազերով
ու
խաժուկ
աչուկներովը
կը
խաղար
տախտակներու
վրայ,
եւ
երկու
մանուկներ
ալ,
Աշոտ
ու
Արմենակ,
կը
ցատքրտէին
անոր
շուրջը,
կը
խնդացնէին,
կը
հրճուեցնէին
Վարդգէսը,
որ
կը
թեւթռար,
կը
թրթռար՝
ճերմակ
թաթիկներն
ու
տոտիկները
զարնելով
տախտակին։
Այր
ու
կին
սքանչացած
ատ
հրեշտակային
պատկերին
առջեւ
գամուածի
պէս
կը
կենան
քանի
մը
վայրկեան,
եւ
յետոյ,
որովհետեւ
Աղքատանոցին
վրայ
մարդ
ամէն
իրաւունք
ունենալ
կը
կարծէ,
ատ
փոքրիկը
կ’ուզեն.
եւ
ո՞վ
չհամարձակիր
երբ
կը
հաշուես
որ
պիտի
առնես
տղեկը
ատ
տեղէն՝
փուշերու
մէջէն
քաղուած
ծաղկի
մը
պէս,
եւ
հետեւեալ
օրը
պիտի
նստեցնես
կակուղ
գորգի
վրայ,
քնքուշ
ծունգերու
վրայ։
Սրբուհի
ինքն
ալ,
թէեւ
մայրը,
տեսնելով
շատ
անգամ
որ
կուգան
ու
ա՛ս
ինչ
մանկիկը
կը
տանին
կնոջ
մը
գրկէն,
կը
կարծէր
թէ
Վարդգէսի
վրայ
ալ
ատ
իրաւունքն
ունին
ուրիշներ.
ուստի
երբ
կ’ըսեն
թէ
ատ
փոքրիկը
կ’ուզենք,
սաչափ
միայն
խելք
կ’ընէ
ըսել
թէ
«հարցնեմ
աս
իրիկուն
եւ
վաղը
պատասխանը
կուտամ»։
Երեկոյին
Վարդան
աղբարը
կուգայ,
եւ
Սրբուհի,
խորունկ
խեղդուկ
ցաւի
մը
պէս
սեղմելով
Վարդգէսի
խնդիրը
քանիցս
ըսելու
կը
փորձէ
եւ
շրթունքը
կը
կծկուին
դողդողալով։
Բայց
վերջապէս
ըսել
պէտք
էր
ու
կ’ըսէ.
–
Վաղը
պիտի
տանին
Վարդ...
գէսը։
–
Ի՞նչ։
–
Վարդգէսը
պիտի
տանին։
–
Էտ
ի՞նչ
բան
է։
–
Եկեղեցիէն
երկու
հոգի
եկան։
Վարդան
աղբար
հասկցած
էր
խնդիրը։
–
Ես
վաղը
հոս
եմ.
անհոգ
կաց։
Հետեւեալ
առտու
ներս
կը
մտնեն
նախորդ
օրուան
երկուքը։
Սրբուհի
տակաւին
դողերու
մէջ
էր։
Հարցումները
կ’ըլլան
տիկնոջ
կողմանէ,
եւ
Սրբուհի
ցոյց
կուտայ
մարդ
մը
որ
բազմոցին
վրայ
կը
նստէր
կծկտածի
պէս։
Վարդան
աղբար,
քիչ
մը
զայրացած
«էտա
պստիկին
տէր՝
ես
եմ,
խանում,
իմ
աչից
լուսն
է.
Աստուած
ինծի
տուեր
ի։
Անոր
աղօթք
ըրէք,
աղաչանք
արեցէք,
թող
հատըմ
ձեզի՛
տայ։
Իմ
տղէյքներ
ուրիշներաց
խացին
ու
ջրին
կարօտ
չեն.
ինոնց
կեանքն
իմ
կեանքն
է,
իմ
կեանքն
ինոնցն
ի։
Քեանի
որ
ես
կ’ապրիմ
ու
վրէս
թախաթ
պակաս
չի,
էս
ինոնց
հաց
կը
ճարեմ»։
Կոյր
մըն
էր
խօսողը։
Ատ
խօսքերն
անակնկալներ
էին
Աղքատանոցին
մէջ,
եւ
մանկամարդ
կինն
ու
ամուսինը,
բաւական
ալ
ունեւոր,
դրամի
խոստում
կը
շռայլեն։
Աղքատանոցին
մէջ
ատկէ
աւելի
ի՞նչ
ուժ
կրնայ
ըլլալ։
–
«Չէ՛,
քո՛ւրիկ,
չէ.
ի՞նչ
անեմ
փարա.
Աստուած
իմ
լաճերու
խըսմէթկուտայ.
մէ՛կ
օր
էլ
ինոնք
քաղցած
չմնացին։
Ուրիշ
դուռ
զարկէք,
քո՛ւրիկ,
ուրիշ
դուռ»։
Եկողները
դուրս
կ’ելլեն
գլխիկոր,
եւ
Վարդան
աղբարս
քովը
կանչելով
մանկիկները՝
կը
գգուէ
զանոնք,
եւ
Վարդգէսը
նոր
գտածի
պէս՝
կը
համբուրէ
կաթոգին,
կը
համբուրէ
աչքերէն,
ճակատէն,
այտերէն,
կը
համբուրէ
մազերէն,
կուրծքէն,
թաթիկներէն
եւ
տոտիկներէն,
եւ
յետոյ
դուրս
կ’ելլէ
յաղթական
միեւնոյն
դռնէն
ա՛տ
մուրացիկը,
ատ
հէք
ստացուածը՝
կրթնած
իր
գաւազանին,
կրթնած
իր
մաշած
կօշիկներուն։
Քիչ
մը
ետքը
կը
թողուր
իր
ձայնը
տուներուն
առջեւ
անուշ,
ոլորուն
եւ
սրտառուչ։
Աս
մարդն
է
իմ
Վարդան
աղբարս։
Գատը-գիւղցի
քանի
մը
տուներ
միայն
հրապուրուած
անոր
տխրաթոյն
եղանակէն,
ընտանեցած
էին
Վարդան
աղբօրս
ու
իր
պատմութիւնը
համառօտ
համառօտ
ուսած։
Եթէ
ուրիշներ
ալ
գիտնային
որ
ատ
մուրացիկը
հրեշտակներ
ունի
եւ
զանոնք
կը
սնուցանէ
պատուհաններէ
դուրս
սպրդած
տասնոցներով,
ո՜րչափ
գոհ
կ’ըլլային
արդեօք։
Իմ
հաճոյքներէս
մէկն
էր
տեսնել
զինքը
շաբաթը
մի
անգամ,
լսել
իր
տխրաբոյր
երգն
ու
բան
մը
տալով
հարցնել
թէ
«Աղէ՞կ
են
տղայքդ»։
Անցած
ձմեռ
փնտռեցի
քանիցս,
բայց
զուր,
եւ
այսօր
ալ
չգիտեմ
թէ
ո՞ւր
գնաց,
ո՞ւր
մնաց
Վարդան
աղբարս,
ո՞ւր
են
Արմենակ,
աշոտ
եւ
Վարդգէս։
«Հայրենիք»
1892,
թ.
226.