Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Վերջապէս ապրելու է, եւ ինք պիտի ճարէ ուտելիքը, հագուստն ու կապուստը՝ իր կեանքի վերջին արարուածին մէջ։ Եթէ շաբաթ մը իր տնակը մնալու ստիպուի, բերանը օդին բացած պիտի սպասէ. մէկը չունի որ դռնակը զարնէ։ Եւ պիտի ապրի չարչրկուած կեանք մը։

Ա.

Այդ կեանքը՝ կեանքն է այն մանկամարդ կիներուն, որ, հարսնութեան առաջին սէրերէն ետքը, կաթերը լեցուն ծիծերով կը մտնեն ունեւորներու տուները, եւ հոն օտարի մը ծոցածինը կը գգուեն կը փայփայեն կուրծքի վրայ, անոր մայր կ’ըլլան, կեղծ գորովի ու խանդաղատանքի կատակերգութիւնը կը ձեւացնեն, եւ օր մըն ալ՝ իրենց տուները դարձին՝ քայքայուած կը գտնեն սիրային բունիկները։ Ոչ մէկ բան կը կապէ զիրենք հարսնութեան առաջին յարկերուն, եւ ալ մէկ տունէն միւսն են, մէկէն վռնտուած, միւսէն կանչուած։

Մարիամ ճիշդ այդ կեանքը վարած է երեսուն տարի, որ քիչ անգամ ընդհատուած է։ Եւ այդ ահագին ժամանակը՝ որ օտար տուներու մէջ եւ կաթոտ նայուածքներու տակ մաշած քամած էր զինքը, բաւական եղած չէ հայթայթելու գումար մը, որ այնուհետեւ քիչ մը խաղաղութեամբ ապրեցնէր զինքը։ Արիւն քրտինքին դրամը կրնա՞յ ունենալ այդ բախտը։

Ու երբ խոյս տուած են իրմէ սպասուհի կնոջ մը վրայ անձկոտ աչքերով փնտռուած շնորհքները, քիչ ու շատ պարարտութիւն իր անդամներուն վրայ, տեսակ մը առնական գեղեցկութիւն կանացի դէմքի վրայ. քիչ ու շատ երկար յօնքերուն տակ ու ցաւերով մեղմացած կրակոտ նայուածք, ու երբ, այդպէս՝ մարդկային կեանք մը պատառ պատառ կը ձգէր ունեւոր տուներուն անկիւնները, խոհանոցի ճենճերէն սկսեալ մինչեւ վերի սրահը, օր մըն ալ փակուած կը գտնէր իր առջեւը ամէն դուռ։ Ամենքն ալ երես դարձուցած էին իրմէ։

Ժամանակ մը անթարգմանելի եղաւ իրեն տուներուն այդ վարմունքը։ Վեր դիր կ’ընէ, ու հաւատարմութեան վրայ ո՛չ մէկ արատ։ Ուր ուրեմն այս լուծումը գտած էր թէ՝ «իր բախտը փոխուած էր։ Քիչ մը կը սպասէր, եւ ասանկ չէր մնար Աստուծով։ Այդ իմաստասիրութիւնը կեանքի վրայ՝ ուր աւելի հաւատք կայ քան թէ մտածում, ժամանակ մը համբերութիւն կուտայ իրեն սպասելու, այն յուսով որ առտու մը, բարիլուսի ատեն, Աստծու ողորմութիւնը կը հասնի, իր դուռը կը զարնեն, եւ ինք նորէն տուն մը կը կանչուէր։

Զուր սպասած էր հաւատքին անրջանքովը. եւ վերջապէս իրեն ըսած էին թէ «ինք ալ բանի չէր գար»։ Թէեւ այդպիսի խօսքեր մարդկային կեանքին մէջ այն զօրեղ ցնցումներու պէս են, որ անո՜ւշ թմրութենէ մը կը սթափեցնեն քեզի պաղ յատակի մը վրայ, բայց Մարիամը հասկցած չէր։ Այդ խօսքը կը մեկնուէր թէ ինք առաջուան պէս աղուոր չէր. խորշոմներ շինուած էին իր կաշիին վրայ, յօնքերը խածխռած եւ ջիղերուն մէջ սնդիկ չէր մնացած։

Վա՜յ գլխուդ, մէյմը չի նայի՞ս սա երեսիդ։

Մինչ այդ օրը պէտք չէր ունեցած հայելիին մէջ դէմքին նայելու. միայն, պատահաբար, հայելիներու առջեւէն քալած վայրկեանին դիտած էր որ ստուերի պէս բան մը, թեթեւ ու սահուն, անդիէն կ’անցնէր։ Հայելիներու առջեւ ցցուիլը հին սովորութին չէ՛։

Ի՞նչ կայ որ երեսիս վրայ, ըսելով, թաշկինակ մը կը պտտցնէ դէմքին վրայ աղտեղութիւն մը սրբելու վախով։

Բայց քիչ քիչ ըմբռնած էր թէ ի՛նչ կը նշանակէր ինք առաջուանը չէր, ալ բանի չէր գար խօսքը։ Ա՛լ լմնցեր էր։ Ու զգաց հիմա սարսուռով մը թէ ի՛նչպէս ունեւոր դուռները ուժգին կը փակուէին իր դէմ. ժանգոտութիւնը կ’երեւար դէմքերու վրայ, եւ աչքերու մէջ խոժոռութիւնը անողոք ու քստմնելի։ Եւ սակայն ապրիլ պէտք էր, ապրիլ իր աշխատանքովը միայն։ Եւ մէկ ասդին, մէկ անդին, որոշած էր սպասուհիներու միջնորդութիւնն ձեռք բերել։

Բ.

Ու միջնորդութեան սկսած է։ Քիչ մը համբաւ շինելէն ետքը՝ ալ իրեն պէտք չէր մնացած տունէ տուն երթալ ու անոնց պէտքերուն կանխել։ Կուգային կը գտնէին զինքը։ Տանտէրերը, առանց սպասաւորներու յոգնութիւն տալու, կը վազէին Մարիամին խրճիթը, եւ իր դրանը վրայ շան մը պէս կը քծնէին ոտքով, ձեռքով ու հազար ու մէկ ձեւերով։ Գուցէ մարդկութիւնը ո՜չ մէկ տեղ այդչափ նուաստացած, ո՛չ մէկ տեղ այդչափ կեղտոտ երեւցած է որչափ այդ կնկանը դրան առջեւ։

Իր նոր գործը շատ աշխատութիւն կը պահանջէր իրմէ. ճարպիկ ըլլալ, սուր հոտառութիւն ունենալ, սպասուհի մը նաւամատուցի վրայ դեռ ոտք չդրած, տեղեկութիւն առնել անոր տարիքին, մորթին, դէմքին գիծերուն, աչուըներուն, ընքուիներուն վրայ, եւ ճարտար ձկնորսի մը պէս, իր ցանցակին մէջ որսալ թարմ, առոյգ ու կորովի մարմինները։ Եւ որպէս զի տեւական ըլլայ սիրուն գեղջուկներու այդպիսի առուտուր մը, իր ճիւղաւորուած գործին մէջ գործակիցներու կը կարօտէր։ Գալով աշխատութեանը, չափ ու սահման չունէր։ Ու այս ամէնը քառասուն տարի էլին դուռները ծառայելէն ետքը։ Քիչ ժամանակէն զգացած էր որ իր ջիղերուն մէջ առջինը չի կայ, եւ այսօր, վաղը, միւս օրը, զինքը կ’ընկճէր անարգ ապրուստի մը ահագին տառապանքը։ Ի՜նչ կը շահէր այդ սպասուհիներուն երեսէն. առածը տուած էր ուրիշներուն եւ ինքը այսօր նօթի, վաղը կուշտ, ապրած էր միայն, եթէ կրնայ ապրիլ սեպուիլ անսուաղ չմեռնիլը։

Աղքատութեան հետ իր վրայ յառաջ եկած էր ամբարտաւանութիւն մը՝ որ քնած էր ի սկզբան ապրուստի զարհուրանքի տակ.

Աղքատ կ’ապրիմ. գտածս կ’ուտեմ, ու աղաներուն բերնին հոտը չեմ քաշեր։ Ան կուգայ՝ աղուոր կ’ուզէ. աս կուգայ՝ աղուոր կ’ուզէ։ Վա՜յ գլխուս, ամչնալ խպնիլ ալ չունին…։ Ապրանքի համար հոգիս բերանս եկաւ. խիղճս ալ կը սեւցնեմ։ Աս աշխրքին անդինն ալ կայ։

Գ.

Այս դառն ապաշաւանքի ու զայրոյթի խօսքերով հաստատ որոշում կ’ընէ անօթի գիշեր մը, ու առտուն, բարի լուսի ատեն, իր դուռը կը գոցէ աղուորներուն առջեւ, շատանալով հասարակ թէլլալներու միջնորդութենէն։ Եւ այս դարձը վերջին ու յանդուգն անկումն եղած է աղքատութեան գիրկը, եօթանասունն անցուկ։

Մեռնիս՝ պատանք, ապրիս՝ ապրանք պէտք է։ Եւ Մարիամը ողջ պառաւ մըն է ու ապրանքի կարօտ։ Դեռ մուրալու զիջում չըներ մթին էակներու պէս, որ իրիկուան սեւ ժամերուն անցորդին մէկ քովէն կը ցցուին ու փսփսանքի մը պէս «ողորմութիւն» բառը կը սահեցնեն ականջիդ։ Աշխատութիւնը իր նշանաբանն է։ Ուստի ցերեկուան ժամերուն՝ երբ տիկին տիրուհիները քաշուած են վերի սրահները, խոհանոցի մը առջեւ կը գտնէք պառաւ թէլլալը որ պատին կռթնած՝ փսփսուք մը կը սահեցնէ ներս։ Սպասուհիին հետ պայմաններու վրայ կը խօսի, նոր հանըմի մը գովեստը կ’ընէ։

Չգտնուած է. ալլըման։

Գալով հիմակուան տիրուհիին, բամբասելու ահագին պաշար մը ունի իր գրպաններուն մէջ մանրուք ստակի պէս։

Ասոր քով մարդ չի կենար, ձեռքն ալ գոց է։ Անիկա չգտնուած է։

Երկրորդ օրը Մարիամ իր որսն ըրած է. եւ մէկ ամիս չանցած՝ երկու մէճիտ կը գրպանէ, մէկը՝ հանըմէն, միւսը՝ սպասուհիէն։ Այնչափ ճարտար է որ, բան մը չգիտցածի պէս, մէկ օր ետքը կուգայ առջի հանըմին տունը, որուն սպասուհին ելած է, եւ իբրեւ թէ դուրսէն լսած, պարսաւանքի ճառ մըն ալ կը կարդայ սպասուհիներուն վրայ, հանըմին կը կարեկցի, կը մեղքնայ սիրուն թաթիկներուն, որ գոնէ քանի մը օր, ստիպուած են իւղոտ ամանները լուալ, սապոնին աղտոտ փրփուրներուն մէջ լողալ։ Շաբաթներ պէտք են որ կարգի գան։

Ինծի մէկը գտնայիր, ի՛նչ կ’ընես ըրէ։

Եւ Մարիամը կը գտնէ։

Այս գործին մէջ որ վերջինն է՝ Մարիամին բոլոր դրամագլուխը տասը գլուխէն անդին չանցնիր։ Բաժնած է զանոնք տուներու մէջ։ Հանըմին հետ դրած պայմանը մէկ ու կէս ամիս չանցած կը քակէ խոհանոցին պատին տակ, եւ կը խաղայ կատակերգութիւնը պառաւի հնարքով մը։ Պիտի ապրի աշխատանքովը, ահա իրաւունքին զէնքը զոր անխնայ գործածելու երբեք չի խղճար այդ քայքայուած պառաւը։

Դ.

Հիմա՞։ Ցուրտը պառաւները չի սիրեր. եւ Մարիամ, բացը բուսածի պէս, ձմեռուան համար պաշարի բան մըն ալ չունի. հին ու մին քուրջերու մէջ ողորմելի ծրար մըն է՝ որ պարբերաբար կ’երեւայ փողոցներուն մէջ։ Ստիպուած է կծկտիլ իր դրանը ետին, ու աչքը երկնքին. սպասել որ արեւով օրեր գան, գետինը ցամաք ըլլայ՝ որպէսզի իր հովուական այցելութիւնները կատարէ խոհանոցի պատուհաններուն տակ։ Իր ճակատագրին լուծումը գուշակել դժուար չէ. այս ձմեռ քանի մը օր իր դուռը փակ պիտի մնայ հաւանականաբար, դրացիին մէկը պիտի հետաքրքրի անով, քանի մը հոգի մէկ տեղ գան թերեւս, դռնակը հրելով՝ ներս մտնեն, ու հոն, գետնի վրայ, հնոտիներու տակ սառած գտնեն պառաւը։

Ահա քեզ կեանք մը, գեղին առողջ մթնոլորտէն մինչեւ քաղաքին խաւարին անկիւններուն խորը ձգձգուած։

 

Հայրենիք 1893, թ. 663