Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օր մը Կալաթայի մէկ ճաշարանէն դուրս կ՚ելնէինք. Լեւոն կերակուրները կը դատէր, Օննիկ գինին լաւ չէր գտած, ե՛ս ինչ ըսի՝ չգիտեմ։ Ճիշդ նոյն պահուն՝ ձայն մը՝ էս օր հացի փարա էլ չունիմ՝ մեր դատաստանը կտրեց նետեց սուր ածելիի պէս, եւ լռիկ անցանք գացինք։ Գաւառացի հայ մըն էր, եւ խոշոր մարդ մը՝ որ իր ընկերներին կը խօսէր։ Այսպէս ահա այդ մարդոց կեանքը փողոցի քարերուն վրայ դրուած է. բաւական է քիչ մը ականջներդ սրել եւ նայուածքդ խոնարհեցնել աղտոտ եւ քըճքըճեալ լաթերու վրայ։ Արհեստանոցի ճամբան շատ բան սովրեցուց ինձ, եւ կ՚ուսանիմ ամէն օր։

Ուզած էի գիտել նաեւ թէ ի՛նչ կ’ընեն մեր պանդուխտք այլ եւ այլ քաղաքաց մէջ. ուստի հաւատարիմ թղթակիցներ ճարեցի, եւ ընդունած եմ նամակներ, ծրարներ, որոնց ամէնքն ալ մեռելութիւն, հիւանդութիւն կը հոտին։ Մեր Տիգրանը կը գրէ թէ առաւօտ մը Ատանայի եկեղեցուոյ բակը գտած է մշեցի մը, հիւանդ, քսակը դատարկ եւ անտէր. սեւուկ յօնքերու տակ մարմրած աչքեր, թառամ ճակտի վրայ վշտի դառնագոյն հետքեր, ցաւեր կողերուն ու կշտին վրայ, եւ իր տաք շնչոյն մէջ կարօտի շոգին։ Ապրի՛ Ատանայի Ս. Առաջնորդն՝ որ այդ հէք տղան հոգացեր ու տուն ղրկեր է, ինչպէս հոգացեր է եւ շատեր։

Աղեքսանդրիոյ թղթակիցս աւելի անգութ գտնուեցաւ. քսանեւութ տարեկան Բալուցի երիտասարդ մը վաղամեռիկ գտեր է գերեզմանին փոսը՝ երկու օր գաղղիական հիւանդանոցը տառապեցնելէն ետքը։ Կը ճանչէի զնա, մանկութեանս մէկ խաղակիցն եղած էր. աղուոր տղայ մը, արեւու եւ ցրտին դէմ անպատսպար աշխատող, որ սակայն կանացի գեղեցկութիւն կը պահէր եւ ցածուն պարկեշտութիւն մը, իբրեւ ծիրանի շղարշ, իր այտերուն վրայ։ Այս շնորհաց հետ կը կցորդէր Նիկողոս կորովի կազմ։ Աղեքսանդրիոյ մէկ գիշերը բաւական եղած էր քայքայել այդ երիտասարդ շէնքը։ Բան մը որ աւելի սրտաճմլիկ կը խօսի սրտի, սա է որ՝ պանդուխտի մեռնելէն ետքը՝ իր թողած քանի մը դահեկանը կ’առնուի իր գրպանէն եւ սեւ թղթի մը հետ իր տունն ու տղայոցը կը ղրկուի։ Նիկողոսի քսակէն ելած էր վեց ոսկի, զոր շնորհիւ Եգիպտոսի Ս. Առաջնորդ Հօր, կարող եղանք հասցնել անոր մանկամարդ այրւոյն. վերջին նպաստն էր այդ. չմոռնամ ըսել՝ մէճիտ մը պակաս։

Անշուշտ պէտք է հարցնես, Արփիար, թէ ո՞ւր գնաց այդ մէճիտը։ Կ՚արժէ ըսել պատմութիւնը։ Գեր. Իզմիրլեան, Նիկողոսի մահէն անմիջապէս ետքը, գրով մը անոր կորուստն ու գրպանէն ելած գումարին հաշիւը կը ծանուցանէ Բալուայ Առաջնորդ Հօր։ Շատ չանցած, պաշտօնական թուղթ մը եւ ընկալագիր ղրկուեցաւ հոս՝ այրի կնոջը խաչանիշ կնքովն ստորագրուած եւ վաւերացեալ մեր գիւղի թաղ. խորհուրդէն եւ Ս. Առաջնորդ Հօր կողմանէ։ Հարկ էր որ վաւերացնել տայինք մեր Պատրիարքարանի, ուստի հոն դիմեցի երեկոյ մը։ Մարդուն մէկը օրէնք մը ցոյց տուաւ, որով առնուազն պէտք էր 50 դահեկան վճարել։ Աղաչեցի իրեն, հետս էր Շաքարեան, նա ալ աղերսեց սրտագին. բայց անօգուտ. ինքն իր օրէնքը ցոյց կուտար, եւ մենք անօրինակ ցաւ մը. ըսինք իրեն թէ շատ լաւ կ’ըսես, օրէնքը յարգելի է, դիւանական ծախքեր կան. բայց մենք հոս առեւտրոյ թղթեր վաւերացնելու եկած չենք. այդ գումարը, երիտասարդ պանդուխտի մը գրպանէն ելած, վերջին նպաստն էր իր տանն ու տղայոց, ա՛լ այսուհետեւ ասոր ետին չկայ, չկայ, յաւիտեան չկայ։ Փոխանորդ Հօրը օգնութեանը պէտք ունեցանք. ապրի, մէկ մէճիտի կապեց. տուինք եւ վար իջանք։ Զայրոյթս անհնարին էր, աւագ դրան վրայ վերջին քայլս չփոխած՝ ուխտ ըրի Մայր Եկեղեցուոյ առջեւ որ այս բանը գրեմ ճշդութեամբ, եւ խնդրեմ որ այս տեսակ թուղթեր օրէնքէ դուրս նկատուին, եւ ահա այս ուխտն է զոր կը կատարեմ. բան մը, բառ մը սխալ չկայ. վկայ է պ. Շաքարեան։

Զառիվեր մը կ’ելնէինք. մեղմ ձայն մը ականջիս զարկաւ ետեւէս. դարձայ. քսան փարա, այսօր բան մը կերած չեմ։ Մեր պանդուխտներէ մին էր. նօթութեան կարմրութիւնն ունէր կծկեալ ու կուծած դէմքին վրայ։ Ճանչցած էր զիս, ճանչցայ եւ ես զինքը իր մաշած լաթերուն, հինցած տարիքին եւ ճնշուած մարմնոյն մէջ. Առաքել վարպետն էր, քսան եւ հինգ տարի հոս անցուցած եւ աշխատած իբրեւ որմնադիր. համեստիկ ալ մարդ, որ իր տարիքին այդ վայրէջքին մէջ քսան փարայի կարօտ էր մնացած։ Պէտք է հաւատալ որ այս մարդիկ մուրացկանութիւնն ալ չգիտեն։ Անկէ ի վեր բաւական ժամանակ անցած էր. երէկ լուր առի որ այդ հինցած եւ աղքատիկ մարդը հայրենիք ղրկեր են իր գիւղացիք փոքրիկ գումար մը հանգանակելով։ Եւ հիմա այդ ծերուկն իր ծնած հողին վրայ կ՚ապրի, եւ պիտի մնայ հոն. ա՛լ պանդխտելու վախ չունի։ Մեր գաւառացւոյն համար Տրապիզոնի, Սամսոնի եւ Կիրասոնի ճամբան այն ատեն միայն փակուած է երբ այսպէս օր մը, նօթի եւ ծերացած, ժողվողքով իր տունը կը ղրկուի, եւ երբ այլ եւս գործելու բոլորովին անկարող է։ Տուներու պահապանք ալ այդպիսիք են, եթէ կարելի է ըսել որ տարիքով եւ ուժով սպառած այր մարդիկ՝ բա՛ն մը կ՚արժեն աշխարհի վրայ։ Չեմ յիշեր թէ ո՛ւր կարդացած եմ որ կղզուոյ մը ծերերը, տեսնելով որ երկրին անպէտ ծանրութիւն մը ըլլալէ զատ ուրիշ բան չեն, անձնասպան կ՚ըլլային կամաւ. եւ մեր տանց պահապանք կը մնան այդպիսիք։ Պանդուխտի համար սակայն այդ ալ մեծ բարեբախտութիւն է. եթէ ոչ մեր տուները, պապենական գերեզմանները շէն կը պահեն գոնէ ասով ալ գոհ կ՚ըլլայինք եւ ո՜րչափ մխիթարուած եթէ Պալըգլըի բոլոր ցաւած եւ ցասկոտ ոգիք մեր Առաքել վարպետի բախտն ունենային։ Այդ սփոփանքն իրենց ընտանիքներն ալ չէի՞ն ունենար. ամէն շաբաթ գիշեր, երբ բարեպաշտիկ մայր մը, ըստ սովորութեան խունկ ու աղօթք կը տանի մեր գերեզմանոցը, չփնտռե՞ր հոն իր տղուն քարը կամ հողագունդն. արցունքն ու հառաչանքը չե՞ն խնդրեր հոն սիրելագոյն ստուերներ։ Ասոնք մեզ համար՝ բայց մեր գաւառացի պատանին, ծերուկին ու հարսին՝ հաւատոյ էական մասունքն. գերեզմանոցը սիրելիներուն տունն է, մօր մը ծխած խունկն ու սփռած արցունքոտ հառաչանքը՝ բոցեղէն թեւեր են որ մեռելոց եւ կենդանեաց ոգիներն իրարու կը կապեն։ Իրա՛ւ կ’ըսեմ, ամէն շաբաթ գիշեր, մեռելոց օրեր, մանաւանդ Զատկի երկուշաբթին՝ հոգեկան աշխարհ մը թունդ կ’ելնէ դառնակսկիծ յիշատակներու եւ խեղդուկ հեծկլտանաց ներքեւ։ Չեմ գիտեր, մեռելներն ալ բան մը չե՞ն ուզեր. Պալըգլըի հողը ցնցում չի՞ կրեր։

Պալըգլըի հո՜ղ… շաբաթ չանցնիր, օր չմարիր շատ անգամ, ուր հողին մէջ փոս մը չբացուի եւ երիտասարդ մը չդնեն հոն. «պանդխտութեան մէջ հիւանդանալն ու մեռնելը գաղտ կը լինի», անոնք ո՛չ թերթ ունին եւ ո՛չ յայտարարութիւն։ Իմացա՞ր մեր Գարեգինի մահը։ Այս ամսոյ մէջ ուրբաթ օր մըն էր, ըստ մեր Շաքարեանի՝ արցունքի եւ մահու նախասահմանեալ օր. Կէտէկ փաշայի եկեղեցին լցուած էին Վասպուրականցի երիտասարդներ. Գարեգին սեւ ծածկոյթին տակ կ’երկարէր. քսանեւհինգ տարեկան հասակ եւ եռանդուն տիոց յոյսեր կը սառէին հոն։ Ներս մտաւ յանկարծ պանդուխտներու Մեծը։ Քուզկունճուքի հեղձուցիկ օդին ճնշումն ու վշտի ծանրութիւն՝ թերեւս ոչ մէկ անգամ այնչափ զգալի եղած էր ծերունի Զատիկի վրայ. պաղ քրտինքն ալ կ՚ողողէր իր դէմքն։ Եկած էր Գարեգինի ողջերթն ըսելու։ Ո՛չ փիլոն ուզեց, ո՛չ վեղար. գաւազանն ալ չ՚շողաց իր ձեռքին մէջ։ Իր իսկական ձեւովը դարձաւ մեզ։ Ես միտքս դրեր էի չկաշկանդել ինքզինքս. ուստի աղաչեցի զՇաքարեան որ դամբանականին համառօտութիւնն ինքն ընէ որչափ կարելի է, եւ ահա նոյնը կը դնեմ հոս. «Մէկ ժամ առաջ լսեցի անբախտ Գարեգինի մահը. ա՜հ, պանդխտութեան մէջ հիւանդութիւն ու մեռնիլ գաղտ կը լինի։ Դեռ չորս օր էր որ Գարեգին հիւանդ էր ինկած. իսկ այժմ իր ցուրտ մարմինը կը տեսնեմ ահա. իր հայր քսան տարի մաշուելով հազիւ ճողոպրեցաւ պանդխտութեան ճանկերէն եւ հոս թողուց իր երկու նորատի զաւակներ։ Գարեգինի տէր իր մերձաւոր ազգականներէն մին եղաւ. տասնեւհինգ տարի աշխատեցաւ եւ օր մըն ալ զայրոյթ ցոյց չտուաւ. զարմանալի համբերող ոգի ունէր։ Չյաջողեցաւ իրեն հայրենիք երթալ. տակաւին քանի մը շաբաթ առաջ նամակ ստացայ իր ծերունի հօրէն որ կ’աղաչէր թէ ինչո՞ւ նամակ կ՚ուշացնեն, չ’ըլլայ թէ բան մը պատահած է։ Եւ ահա պատահեցաւ։ Կ՚աղաչէր որ իր զաւակներէն մին գէթ հայրենիք ղրկենք եւ իր ծերութիւնն անմխիթար չթողունք։ Ա՜հ, ո՞վ պատասխան պիտի տայ. ո՞վ կը լինի անոր գուժկան։ Ես կը գրեմ թէ ահա Վահանը քե՛զ ղրկեցի, իսկ Գարեգինը երկի՜նք։ Բայց ո՛չ, ես գուժկան չեմ կարող լինել. ես կը խնդրեմ որ հօրեղբայրն զՎահան ղրկէ. թող նա յանկարծ երթայ տուն մտնէ, եւ երբ հայրն հարցնէ թէ ո՞ւր է Գարեգին, Վահան թող ըսէ. ե՛ս եկայ, հայր, Գարեգինը մի՛ հարցներ։ Աղօթենք որ Աստուած յաջողութիւն տայ եւ մեր տուները դառնանք. թող անօթի մեռնինք, աղքատ մեռնինք, բայց մեր սիրելեաց գրկին մէջ մեռնինք»։

Եւ Հայրիկ կուլար։

 

«Մասիս» 1889, թ. 3926.