Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Աւուր մէկը, չգիտեմ ո՛ր տարին, աղաչելու կ’երթայի Պոլիս մեծ Պատրիարքին՝ մեր Ղազար վարպետի համար։ Աղաչելու անվարժ, այդ մարդուն ճշգրիտ պատմութիւնը միայն ըրի, եւ յաջողեցայ անոր միջնորդութիւնը ձեռք բերել ի նպաստ այդ արհեստաւորի դատին. թուղթ մը գրեց իր իսկ սուրբ գրչովն ու բառերովը, որպէս զի դիւանատունէն ոչ ոք տեղեկութիւն ունենայ։

Յուսով դուրս ելանք Պատրիարքարանէ, ուր յուսով կը մտնէինք երբեմն, եւ Ղազար վարպետ, Հայոց Մեծ Պատրիարքին աղաչանաց թուղթն ի ձեռին, ուղղուած առ ունեւոր ազգակից մը, մոռցած էր քանի մը ժամեր երեք տարուան քաշած տառապանքը։ Վերջին եւ միակ փորձն էր այս, որուն կրթնած էինք արդար պահանջքի մը համար, կարօտով, տարիներով, կեանքով շաղուած, գոյացած գումարի մը համար։ Թուղթն իր հասցէին կը տրուի, եւ Ղազար վարպետ անգամ մըն ալ կ’երեւի դողդղալով իր աղային, բայց անօգուտ. երկաթի փականքներ գթութիւնը կղպած էին կակուղ բազմոցին, ոսկիներու եւ առձեռն հեշտութեանց մէջ։ «Այդ շանն ըսէք, թող մէկ ալ տանս դուռը չգայ, ես այդ կարգի հաշիւներ չունիմ»…։ Վարպետը կը դառնայ խան, անմռունչ եւ գուցէ անտրտունջ։

Մինչեւ այդ վերջին փորձը տարիներ անցեր էին. ամէն աշուն իր բարեկամներուն ուղեկից կ’ըլլար մինչեւ Տրապիզոնի շոգենաւը, որ այդ եղանակին, անձրեւի, յուսոյ եւ սիրոյ օրերուն, մեր պանդուխտներուն սիրտը թունդ կը հանէ Պոլսոյ նաւահանգստին մէջ. ամէն անգամ իր տունը խնդութեան լուրեր ղրկած էր, եւ «այսօր կուգամ, վաղը կ’երթամ» ըսելով, ինքզինքը դրած էր երազներու քանդուածոյ մէջ, խոնաւ զնտանը նետուած հէգ կալանաւորին պէս։ Այդ օրէն անդին, մինչեւ իր օրհասին ժամը, ոչ ոք լսած էր իր բերնէն «44 հազար առնելիքս»։

Ա.

Վարպետ Ղազար աջող գործաւոր էր, մեծ շինութեանց ու մեծ վարպետներու մէջ կարեւորութիւն ստացած. ստորադասներ ունէր, պատուոյ եւ մեծարանքի մարդ էր իր շրջանին մէջ։ «Հիներէն մնացած է». այսպէս կ’ըսէինք. «անխառն մարդ» իր ճշգրիտ սահմանն էր. բնութիւն եւ մարդկային ընկերութիւն չէին կրցած չարութիւն դնել ի նմա։ Խոշոր էր մարմնով ու հաւատքով, ձայն, ձեռք, թիկունք, գլուխ, ոտք, ամէնն ալ իրարու պատշաճ։

Վարպետներն իրենց ստորադասներու մասին շատ պարտքեր ունին, անոնց մէջ յարգանք վայելելու համար՝ պէտք է որ ճշդիւ ի գործ դնեն իրենց մեծութեան պարտականութիւնը։ Վարպետ Ղազար գիտակ էր իր պարտուց եւ ճշդիւ գործադրող. իր գործաւորները կը հոգար, անոնց շաբաթական ծախուց գումար կը հատուցանէր ամէն կիւրակէ. արտաքոյ կարգի նեղութեանց մէջ անոնց կը հասնէր. կրնար պատահիլ որ, որովհետեւ ո՜ւշ ուշ ստակ կ’ստանար Աղայէն, պարտքով, տոկոսով դրամ առնէր եւ բարոյական պարտքի տակ չմնար, պահելու իր պատիւը, իր Աղային պատիւը, որուն ի սրտէ եղած էր բոլորանուէր, անխարդախ բնութեամբ, գործաւորներով, արհեստով եւ վստահութեամբ։ Մեծ շէնքն ի գլուխ կ’ելնէ, աղային տունն ու տեղը, անձն ու գանձը դեղին ոսկիներով կը յղփանան, եւ մեր Ղազար վարպետ թուղթ մը կ’ունենայ ի ձեռին՝ մաքուր գրով նշանակուած «44 հազար դահեկան»։

Այդ չարաշուք օրէն սկսեալ «այսօր գնա՛, վաղը եկուր»ը բնաւ չի հատնիր, որով այդ մարդուն կեանքին մէջ յառաջ կուգայ տարտամութիւն մը, տեսակ մը կաշկանդում սրտի ու հոգուոյ, ոտքի ու ձեռքի։ Քիչ անգամ կարող եղաւ գործ բանելու. վաստակածն ալ, եթէ երբեք կարելի ըլլար, ստիպեալ էր տալ իր վարպետներուն, զորս ինք աշխատելու տարած էր իբրեւ միակ պատասխանատու. իր գործաւորները զինքը միայն կը ճանչէին, եւ ինքն իր աղային անգթութիւնը չունէր բնաւ։ Այո, տուած էր միշտ իր շաբաթական ծախքերն ալ թեթեւցնելով. իսկ եթէ դրամ պակսէր, կը հանէր իր դատարկ քսակն, եւ 44 հազար պահանջքի թուղթը, որուն վրայ կը գուրգուրար հոգուով մարմնով, ցոյց կուտար անոնց։ Օր մը ո՛չ դրամ ունեցած էր տալու եւ ո՛չ ալ թուղթն՝ ի տես հանելու կարող եղած։ «Առա՛ծ է» կ’ըսեն միաբերան, եւ հէք մարդն անտրտունջ լսելով ամէն նախատական խօսքեր, յանձն չառնելու ըսել, որ աղան «հաշիւը տեսնեմ» ըսելով՝ թուղթը ձեռքէն կորզած էր, պատռած, եւ այսպէս հաշիւը կարգադրած, անգթաբար նետելով զինքը գործաւորներուն կծու կծու թշնամանացը մէջ։ Այս էր իր առնելիքին պատմութիւնը. վերջին փորձն ըրինք Մեծ Պատրիարքին ինքնագիր թղթովն. եւ վարագոյրը կ’իջնէր առաջին արարուածին։ Ի՞նչ եղաւ այնուհետեւ այդ մարդը։

Բ.

Անկարծելի փոփոխութիւնք մեր վարպետին ճակատագրին մէջ՝ տակաւ ձախողումները մէկ մէկու վրայ բարդեցին։ Գլուխ գործաւորաց եղած էր տարիներով, պարտուց գիտակ եւ ուղղամիտ ճանչցուած, իսկ այնուհետեւ ինկաւ, վա՛ր ինկաւ, հասարակ արհեստաւորէն ալ վար. երես դարձուցին իրեն ամէն ծանօթներն ալ, իր գեղեցիկ եւ բարենշան օրերուն պէս։ Թող որ շահեկան գործի գլուխ չը կրցաւ գտնուիլ, շատ անգամ իր գործաւորներուն հետ, որոնց գործ կը գտնէր, ստակ կը շահեցնէր, փայտ տաշելու անգամ չէր տարուեր։ Վարպետ Ղազար ինկա՜ւ, անկանգնելի ինկաւ։ «Ապուշ եղեր է» կ’ըսէին։ Ի՞նչ չ’ըլլար մարդ ճակատագրի այդ ուժգին բաղխումներուն մէջ։ Գործաւորն իր պահանջքը, վաշխառուն իր առնելիքը կ’ուզէր. դուրս կը ձգեմ իր տունէն եկած արիւն արցունքով գրուած լալկան նամակները. ինքն ալ, իբրեւ մարդ, պէտքեր ունէր սենեկի ծախք, ծխախոտի դրամ, լուացքի ստակ. եւ ասոնց փոխարէն բոլոր բովանդակ ունեցած էր արհամարհանք իր արհեստակցացը մէջ, վարկի ջարդ, 50 տարիք եւ 44 հազարի պահանջք, զոր, ինչպէս տեսանք անտրտունջ թողած էր իր ետեւ եւ խան դարձած ցաւագին։

Մէկ բան կայ որ համեմատաբար առաւել անտանելի է մարդոց. վերէն գլորիլ, եւ ունեցածը կորսնցնելով՝ դատարկութեան մէջ նստիլ։ Այդ վիճակին էր հասած մեր վարպետը, բնութեամբ խրոխտ, նուաստանալու անընդունակ։

Անիծեալ օր մը իր խանը կը մտնէի. տեսայ այդ մարդն, որ թեւերը սոթտած, տաշտի մը վրայ կորացեալ, իր լաթերը կը լուար՝ քրտինքն երեսին եւ ամօթոյ շառագունանքն իր թառամ այտերուն եւ խոնջ ճակտին վրայ։ Չուզեցի իրեն երեւիլ։ Երկու ժամ ետքը գտայ զինքն իր սենեկին մէջ՝ կռթնած իր անկողնին։ Բարեւէ մը ետքն, իր հալը կը հարցնեմ, եւ տակաւին կը գտնեմ զինքը Աստուծոյ վրայ գրուած։ «Փառք Աստուծոյ, ի՛նչ ընեմ. կ’իյնամ, կ’ելնեմ. տեսնենք Տէրն ի՛նչ կ’ընէ։ Հաշիւներդ ի՞նչ եղան։ Կարգադրուած են, Աստուած Աղային կեանք տայ, իր տունն ու տեղը, կինն ու զաւակները պահէ»։ Անգրագէտ մարդն այս հեգնութիւնը կ’ընէր. եւ ինձ այնպէս իմն թուեցաւ որ նոյն պահուն կայծակը բոցաթեւ կը պտտէր սենեկին մթնոլորտին վրայ։

«Աստուծոյ վրայ հաւատքդ չէ փոխուած, այնպէս չէ՞, վարպետ»։ «Ո՛չ, ամենեւին ոչ» ըսելով սկսաւ նոր պատմութիւն մը ընել ինձ այս յառաջաբանին տակ թէ ղարիպին հախը չուտուիր։ Պատմութեանը ես ալ գիտակ էի։ Պանդուխտ մը, սպասելէն ճարը հատած, իր պահանջքը ուզելու կ’երթայ օր մը։ Թախանձանքը կ’երկարէ քիչ մը. Մեծին տղան, որ քանի մը օրերէ ի վեր, հիւանդ ինկած էր գլխու թեթեւ ցաւով մը, կատղած վար կ’իջնէ. իր ձիապանին բռնել կուտայ այդ խեղճ մարդը, չարաչար կը խարազանէ, եւ այդպէս, կողերը քրքրուած, դուրս կը նետէ։ Դրան վրայ կը բացուի տեսարանին սրտառուչ մասը։ Մարդը կը դառնայ տանը դէմ, գլխարկը վար կ’առնէ, աչքերը պատշգամբին թրթռուն վարագուրներուն եւ սիրտն Աստուծոյ ուղղած, քանի մը կրակոտ բառեր կը ղրկէ դէպի վեր «Աստուած տեսնէ մեր դատաստանը, երկու տարի է որ տունէս տեղէս կարօտ թողուցիք» ըսելով գլխարկը կը դնէ, եւ հոկտեմբերի անձրեւն ու խարազանի հարուածը շալկած կը մեկնի։ Դրացի տիկին մը Ե. Ա. որ հանդիսատես եղած էր այդ տեսարանին եւ ականջալուր խարազանի անողորմ հարուածներուն, կը փութայ իրենց տանը միւս կողմն ընդ որ մարդը պիտի անցնէր, նշանացի կը կոչէ պարտիզին դուռն, եւ քանի մը թեթեւ հարցուփորձէ ետքը, չորս մէճիտ եւ թօփ մըն ալ ճերմակ կտաւ կուտայ։

Այս դէպքին վրայ չորս օր կ’անցնի. բժիշկներու անողոք վճիռը Պոլսոյ մէջ իր չարաշշուկ լուրը կը տարածէ։ Հինգերորդ օրը մեր եկեղեցեաց պատերուն վրայ կը փակցնեն մահագոյժ մը «Հոկտեմբերի 1… 188… թաղման հանդէսը պիտի կատարուի ի ժամ 7 ½»։ Այդ թուղթը կարդացի ես Ենի-Քաբուի Հայոց եկեղեցուոյ դրան վրայ, դառն կսկիծ մը ունեցայ, զի մեռնողն երիտասարդ էր, տարեկից ու ծանօթ։

Թաղմանը փութացինք. պերճ դամբանական, թաւշեայ սեւ ծածկոյթ, ծաղկանց պսակներ, խառնամբոխ բազմութիւն, արցունք, հառաչանք, ոչ մին պակսեցաւ վաղամեռիկ երիտասարդին. չպակսեցաւ իր պահանջքին տէրը, որ եկած մտած էր յուղարկաւորաց մէջ, յարգանք մատուցանելու իր աղայի զաւկին անշշունջ մարմնոյն, քաւութիւն եւ թողութիւն հայցելու իր անվճար մնացած պահանջքին եւ կերած խարազանի չարագան հարուածներու մասին։ Այս պատմութիւնն յիշեցուց ինձ Ղազար վարպետ եւ յառաջաբանը՝ վերջաբան դնելով կնքեց «ղարիպին հախը չուտուիր»… իր սփոփանքն եղած էր այս։

Գ.

Տարիներ անցան, եւ մեր Ղազար վարպետ կ’ապրէր այդ դրութեան մէջ, անօգուտ իր անձին, անօգուտ իր տանն ու զաւակներուն։ Նամակ գրեցին իր տղուն, որ փութայ Պոլիս գալու։ Մանուկ եկաւ. գտաւ իր պատուական հայրն անտանելի տառապանքներու մէջ։ Բայց ի՞նչ կարող էր ընել. ոչինչ։ Մանաւանդ թէ ինք նորեկ էր, խնամքի պէտք ունէր, աշակերտ պիտի ըլլար, արհեստի պիտի վարժուէր, եւ այնուհետեւ եթէ յաջողութիւն ունենար, պիտի կարենար ըսել իր սիրելի հօրը թէ հա՛յր, ալ մեղք ես դու, ծերացար գրեթէ, հայրենիք ղրկեմ զքեզ։

Յաջողութիւն չեղաւ, ապրեցան միայն հայր ու զաւակ։ Ձմեռ մը, չորեքշաբթի օր, վարպետ Ղազար, արդէն տկար եւ հիւանդագին, ճամբայ կ’ելնէ Լանկայէն դէպի հիւանդանոց։ Խեղճը կէս ճամբան նուաղելով կ’իյնայ տղմոտ գետնի վրայ։ Հայ կին մը դիպուածով վրայ կը հասնի անմիջապէս, եւ տեղեկանալով իր խանին անունը, կառք մը կը վարձէ եւ կը ղրկէ հոն։ Խանէն վերստին ճամբայ կը հանեն դէպի հիւանդանոց։ Ներս կ’առնուի, լաթերը կը փոխեն, եւ անունը կը հարցնեն։ «Ղազար Յակոբ» հազիւ արտասանած կը մեռնի։

Ի՞նչ կրնար գտնուիլ իր քսակին մէջ. գուշակեցէք, խօսքս ճարտար, պարկեշտ, պատուոյ, վարկի եւ 44 հազար դահեկան պահանջքի տէր արհեստաւորի համար է. ըսէ՛ք, բան մը ըսէք. 20 փարա. Աստուած ալ վկայ, մարդիկ ալ վկայ։ Այսպէս գնաց այդ չուառական մարդը, թողլով ապառաժներու մէջ շինուած տո՛ւն մը, որ երկար տառապեցաւ անիրաւ ձեռքի մը զրկանաց տակ, եւ իր արեան վրէժխնդիր մը՝ ամպերուն ու կայծակին ետեւ։

Դ.

Մեր ժողովուրդի հաւատքն է թէ «տուն քակողը տուն չ’ունենար»։ Ո՛րչափ ճշմարիտ է այս, չգիտեմ. միայն սա յայտնի է որ երբ վարպետ Ղազար մեռաւ՝ հարիւրներ էին որ «վա՜խ» կ’ըսէին, իսկ երբ իր աղան մեռաւ՝ ոսկիներու, սիրականները աւերակացը տակ, խաներու մէջ բաժակներ պարպեցին։ Հիմա Ղազար վարպետի Մանուկը իր հօրը տունը նորոգած է, ապառաժներուն մէջ իր հօրը ծխանը կանգուն կը մխայ, իսկ աղային ապարանքներուն մէջ փոշին թաւիշներուն վրայ կը խաղայ։ Հիմա երկուքն ալ, աղա եւ ծառայ, պարտական ու պարտապահանջ, Աստուծոյ ձեռքն են, եւ ես ալ ձրի քարտուղար, անոնց պատմութիւնը կը գրեմ։ Այո՛, կը հաւատամ Ճշմարտութեան որ «յերկնից երեւեցաւ», կը հաւատամ Արդարութեան որ «յերկնից բուսաւ» եւ Ղազար վարպետի պէս կ’ընդունիմ որ ՂԱՐԻՊԻՆ ՀԱԽԸ Չ’ՈՒՏՈՒԻՐ. ժողովուրդին հետ կը կրկնեմ, որ ՏՈՒՆ ՔԱԿՈՂԸ ՏՈՒՆ ՉՈՒՆԵՆԱՐ։

 

«Մասիս», 1890.