Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր տանը մէջ, արական շառաւիղ հաստ արմատի մը վրայ, առանձինն կը մնայի պապիկիս քով. մէկ հօրեղբայրս հնտախտը տարած էր, միւսը տասնեւհինգ տարիէ ի վեր Ստամպոլը գրկած կը նստէր. հայրս ալ նոյնպէս հոն՝ բայց ոչ հօրեղբօրս պէս անհոգ ու ինքզինքը տուած առձեռն հաճոյքներու։

Քիչ մը անհանդարտ կեանք, մանկական արիութիւն՝ որ այդ տարիքի վրայ յանդգնութեան աւելի կը մօտի յախուռն ոստումներով, թեթեւ գտակ մը գանգրագեղ մազերու վրայ հարեւանցի դրուած, լերանց մէջ մեծցող տղու մը նմանութիւնը տուած էին ինծի. եւ պապիկս ինծի տրուած անուան մէջ՝ մկրտական անունէս աւելի հաճոյք կը գտնէր, վայրի ծաղկէ մը հրապուրուած աչքերու պէս։

Մեր ընտանիքի մէջ ո՛չ ոք սիրելի էր ինծի այս ծերուկէն զատ, որուն վրայ կը գտնէի ամէն հաճոյք ու բերկրանք։ Ե՞րբ կը սկսէր այդ սիրոյ պատմութիւնս. յայտնի չէր ինծի, գիտեմ միայն որ մօր գիրկ չվազեցի օր մը բաց դաստակներով՝ զորս սիրով կը փաթթէի պապիկիս վիզը, եւ մօրուացը կը փակչէի շրթունքներովս։ Ի՜նչ անուշութիւն այդ ճերմակ թելիկներու մէջ։

Ինչո՞ւ, ինչո՞վ կապուած էի անոր։ Թոյլ մարդ չէր նա. երիտասարդի պէս կրակոտ էր. բարկութիւն չէ՛, կատաղութիւն էր ինքը։ Զբաղումներն ալ մանկութեան հրապուրելի չէին. նա միշտ քուրայի եւ փքոցի հետ էր. երկաթի կտոր մը կ’ունենար առջեւը, եւ ծուխին ու մուխին մէջ կայծերու անձրեւի մը տակ՝ կը ծեծէր, կը խարտէր, եւ շողո՜ւն գործիք մը դուրս կը բերէր։

Բացի վախէն՝ ամէն կիրք կը ներշնչէր։ Իրմով սովորեցայ մթութիւնն արհամարհել. եւ այդ թանձր սեւութիւնը, որ ուրիշներու համար անտեսանելի էակներով լեցուն էր, բա՛ն մը չխօսեցաւ իմ աչքերուս։ Իրմով ընտելացայ խաղալ մուրճի եւ ուրագի հետ, որոնք սովորաբար անկիւն մը նետուած կ’ըլլան։ Այդպէս, ո՛չ մէկ քնքուշ բան ինծի պապիկիս քով, եւ տասը տարի սիրած էի այդ ծերունին մօրմէ աւելի։

Տասներկուքը կ’աւարտէի, եւ այլ եւս անտարբեր չէի կրնար մնալ անոնց որ բոլորտիքս կը խլրտէին։ Տեսած էի որ ինծի տարեկից տղաներ Ստամպօլ կ’երթան. ե՞ս ինչու պիտի զրկուէի քանի մը օրուան գոռոզ փքումներէ, թէ Ստամպօլ պիտի երթա՜մ…։ Այդ փափաքի առջեւ կը մոռնայի պապիկս. մոռցայ քիչ քիչ, եւ սակայն լաւ կը յիշեմ թէ չհամարձակեցայ բնաւ իրեն ըսել թէ Ստամպօլ պիտի երթամ։ «Պիտի փախչիմ», ահա ինչ որ լսած էին տնեցիք։ Իսկ մեր տանը համար՝ անտանելի բան էր տունէն մարդ դուրս հանել. երեք հոգի կը սպասուէին, եւ հիմա, ընդհակառակն, պզտիկ մըն ալ ղրկե՜լ։ Ե՛ս պապիկիս զբօսանքն էի, զաւկներուն բոլոր սէրը իմ վրայ ամփոփած էր բնականաբար. եւ քիչ շատ ալ սրտին համաձայն էի անհանդարտ բնաւորութեամբս։ Ի՜նչպէս դիւրաւ ճամբու դնել զիս դէպի Ստամպօլ։

Կարելի եղած արգելքներով զինուեցան ինծի դէմ։ Բայց «պիտի փախչիմ»ս կը դրդուեցնէր ամէն խոչընդոտ։ Կրնային արգիլել զիս ճամբորդներուն մեկնած օրը. բայց հետեւեալ օրը, գուցէ ճամբայ կ’ելլէի մանկական յանդգնութեամբ եւ կը կորսուէի լեռներու կամ ջրերու մէջ։ Պապիկս ըմբռնած էր այս, ուստի ամէն ցաւ, մտմտուք ի բաց նետելով վայրեկ մը, իր ծերութիւնը, զաւկներուն կարօտը, մենութիւնը, զրկումն առնական երեսէ մը մեր տանը մէջ, արի հոգւոյ մը պէս, որ գիտակցութեամբ կը գրկէ ցաւերը, յանձն կ’առնէ ինձմէ զրկումն ալ, եւ կ’որոշէ զիս ճամբու դնել կարծելով թէ գուցէ իմ պնդմանս մէջ, թէ Պոլիս պիտի երթամ, վերին կամքի մը յայտնութիւնը կայ, եւ կամ ճակատագրիս մէկ գաղտնիքը։ Այս կամ այն, հաստատ կ’որոշէ չարգիլել զիս։ Իրիկուն մը կանչուեցայ իր քով. ծերունին բարեմոյն հօր մը կերպարանքով ըսաւ ինծի թէ հարկ չկայ որ փախչիմ, ինք թող պիտի տար որ երթամ. եւ պատուէր պիտի ընէ որ ճամբուս պէտք եղածը հոգան։ Ի՜նչ ուրախութիւն ինծի։

Հետեւեալ օր տեսայ որ պատրաստութիւն կը տեսնէին. ճամբու լաթեր, ճամբու հաց, ճամբու տոպրակներ։ Ա՛լ տարակոյս չունէի հիմա, բայց այդ ստուգութեանը հետ վաղահաս լրջութիւն մը եկաւ ինծի. ալ մոռցայ ինչ որ մեր տարիքինն էր։ Ինծմէ գաղտնի կը խօսէին տանը մէջ, յանկարծական վերահասիս՝ դէմքերը խռովեալ կը տեսնէի եւ թաշկինակ մը քղանցքի տակ սպրդած։ Գիշեր մը քունս ընդհատուած էր. պապիկս կը խօսէր մութին մէջ զգալի տխրութեամբ, եւ կ’ըսէր. «թող երթայ, ինչո՞ւ արգիլեմ։ Թո՛ղ մարդ ըլլայ մարդու կարօտ չմնայ»։ Իր ցաւագին զրկումներուն մէջ, որոնց վրայ պիտի աւելնար սիրական թոռնիկէ մը զրկումն ալ, ա՛յս էր իր բարոյական իմաստասիրութիւնը, բայց որովհետեւ եօթանասունը անց էր, բնապէս կը զգար որ ալ չէր կրնար զմեզ տեսնել իր ցաւագին օրերուն մէջ, եւ ինքզինքը թոյլ տուած տխուր զգածուածոց, դէպի վերը վազող առուակի ջրերուն պէս, կուլար գիշերուան մթութեանը մէջ։ Բայց առտո՞ւն, ոչինչ իր դէմքին վրայ. ամէն ցաւ, ամէն կսկիծ կը զսպուէր հոն, եւ արցունքն ալ կ’արգիլուէր՝ ցուրտէն եղեամի փոխուած աշնան ցօղերուն պէս։

Մեր վերջին օրը լուսցած էր չգիտեմ ինչպէս. տանը մէջ շատեր քնած չէին։ Պապիկս, մաքուր հագուած, մօրուքը սանտրած, կը նստէր իր նահապետական տեղը։ Պատուիրած էր որ չլան՝ մեռելի մը տրուած սպասն ու կսկիծի մեծարանքը իր սիրական թոռնիկին չմատուցանելու։ Լաւ բան չէ՛, այդպէս կ’ըսէին։ Սիրտ չունէի ես. ալ մանկութեան ո՛չ մէկ անհոգութիւն։ Առաջին փորձութեանս ժամերը կը սկսէին տխուր թատերգութեան մը պէս։

Լուր եկաւ թէ ճամբորդները դուրս կ’ելլէին այլ եւս։ Դժուարաւ ոտքի կեցաւ պապիկս եօթանասուն տարիքի ծանրութեանը տակ. շտկուեցաւ եւ ճոկանակին վրայ կրթնեցաւ իր սպառած ուժովը։ Ձեռքէն բռնեցի որ համբուրեմ վերջին անգամ ու թողում զինքը։ Բայց ոչ, դուրս ելաւ ինծի հետ, եւ կեանքին մէջ առաջին անգամն էր որ յուղարկ պիտի գար. իր զաւկներուն չըրածը թոռնիկին ընելու պէտքը զգացած էր, չգիտեմ ինչու։

Կը քալէինք մէկտեղ. անցանք մեր փողոցներէն ու դրացի տուներէն. հետաքրքիր նայուածքներ չէին ներեր որ ծերունին բաժանման ժամուն ականատես ըլլար մաշած աչքերով։ Բայց ի՛նչ փոյթ. մենք կը քալէինք կամաց կամաց. եւ հազիւ կէս ժամ անցած, պապիկս ուժասպառ զգաց ինքզինքը. անդիմադրելի ուժ մը կը կեցնէր զինքը. անկէ ասդին ոչ իսկ քայլ մը, եւ նստեցաւ։ Հոտ կը նետուիմ իր կարկամ բազուկներուն մէջ դողդոջ մարմնոյ մը վրայ, որ արդէն իսկ քայքայման սկսած էր, եւ կը կորսուիմ լանջքին ու մօրուացը վրայ։ Չգիտեմ թէ ո՞վ խլած էր զիս իր գրկէն, անգամ մըն ալ ետիս դարձայ, տեսայ նստած հոն միեւնոյն տեղը անշարժ, եւ բազուկները դէպի ինծի բացուած։ Ահ, անգամ մըն ալ այդ չոր ու անուշ գիրկը…։ Բայց ոչ. կարաւանը մեկնելու վրայ է։ Անգամ մըն ալ ետիս կը դառնամ, եւ այլ եւս ոչինչ…։

Ի՛նչ բան կապած էր զիս այդքան սերտ այդ ծերուկին, տակաւին այսօր ալ չգիտեմ. բայց զգացած եմ թէ ամէն պատկերներէ աւելի, ամէն սէրերէ աւելի, ամէն արցունքներէ աւելի քաղցր եղան ինծի պապիկիս պատկերը, սէրն ու արցունքները։ Այնուհետեւ չորս հինգ տարի եկած թուղթերուն մէջ իր օրհնութիւնը ղրկեց մեզի. եւ օր մըն ալ իր մահը եկաւ տխո՜ւր ու սեւ։ Օրհնած էր զմեզ ամենքս ալ իր օրհասի ժամուն. բարիք, յաջողութիւն մաղթած մեզ ամենքիս ալ. ամէն անուն մի առ մի արտասանած Յակոբ նահապետի պէս որուն անունն ունէր, եւ յետոյ փակած էր աչքերը։ Մեր տունէն գացող թարմ, մատաղ ու ծաղիկ տարիքներուն մէջ՝ ոչ մէկ կորուստ այնչափ խոր կսկծացուց զիս։ Չեմ մոռցած զինքը. այսօր ալ կը յիշեմ թիկնաւէտ, լայնշի ծերունի մը, ճերմակ մօրուքը կուրծքին վրայ, կապոյտ աչքեր, օրհնող ու աղօթող շրթունքներ։ Կը յիշեմ զինքը, եւ ինծի այնպէս կը թուի որ տակաւին նստած է հոն կէս ճամբուն վրայ, աչքերն արցունքոտ, եւ կարկամ բազուկները դէպ ինծի բացուած։

Ի՜նչչափ քաղցրութիւն այն գրկին մէջ…։ Եւ հիմա իսկ՝ մեռած ու անցած զգացումներու մէջ՝ տակաւին կը գտնեմ բուռն ձգտում մը դէպի այն ծերունին։ Եթէ փակուած է յաւիտեան այն գիրկը, կը փափաքիմ սրտանց որ գէթ ոսկորներուս փշրանքը խառնուի պապիկիս փոշւոյն, եւ եթէ կեանքը զարկաւ բաժնեց զմեզ արմատէն խլուած մատաղ ոստի մը պէս, իցի՜ւ գերեզմանոյն աւելի երջանիկ ընէ մեզի։

Յիշատակներու մէջ՝ ցաւերով շինուածներն աւելի զօրեղ են եւ աւելի սրբագործուած։ Ատոնք են որ աւելի կը տեւեն. եւ կարծեմ թէ հիւղակներու, խարխուլ տնակներու կապուած կեանքերու մէջ, ուր արտաքուստ ոչինչ կը գտնենք մենք, ամէնքն ալ՝ արհեստաւորէն մինչեւ յետին մշակը, այդ կարգի յիշատակներ ունին սրտի անկիւնը դրուած, մէկն իր պապիկի հետ, միւսն՝ իր մամիկին, եւ ուրիշներ հօր մը, զաւկի մը, սիրուհուոյ մը…։

Կեա՛նք՝ նոյնիսկ մեռած յիշատակներու մէջ։

 

«Մասիս» 1893, թ. 3977