Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Ծաղկախտը իր աւերումները սկսած էր Պոլսի ամէն թաղերու մէջ. փոսերէն, սեւ ու նեղ փողոցներէն սկիզբ դրած՝ կ’ընդլայնէր իր սահմանները ու կը մագլցէր դէպի բարձունքներ։

Կը հնձուէին աղածրի տարիքներ, կարկտահար ծաղիկներու պէս կը թափէին մարդկեղէն ծոցածին ծաղիկներ, օրօրոց, մայրենի շիրմոտ գիրկեր թափուր եւ աւերակ կը մնային անուշիկ սէրերէ։

Այդ դժոխային զարհուրանքի առջեւ, հնամենի աւանդութիւնները, Աստծու եւ սուրբերու անուններովը պինդ բռնուած մեր տուներու մէջ, կը խախտէին այս անգամ. մոմի տիկինները, ուխտի հաւատարիմ հանըմները, ակամայ, համոզուած եղան թէ ծաղկախտը երկինքէն վար ղրկուած պատուհաս մը չէր օրօրոցներն ու մայրենի գրկերը զարնելու։

Բժիշկներու խօսքը, այդ սեւ օրերուն, բաւական դիւրին լսուեցաւ։

Պառաւները «պլըշկան է» կ’ըսէին, երբ տեսան որ խոստացուած մոմի ճաճանչներն եւ աղօթքի կաշառքները չկրցին յոյսերը ուժով բռնել սիրտերու մէջ եւ ոչ սփոփանքներ տածել։

Թաղման եւ յուղարկաւորութեան պերճանքներն ալ քիչ քիչ շա՛տ չփնտռուեցան, մասամբ ընկճուած էր տրորուած սնափառութիւն մը որ մարդկեղէն անշշունջ դիակներու վրայ, այն րոպէներուն իսկ, ուր ոչնչութիւնը պերճօրէն կը խօսի իր պոռացող ցրտութիւնովը, շոշոկանք կը փնտռէ, կը փերեւերտուի այսօր։

Ու անշուշտ, ամէնէն աւելի, շատ անշքօրէն տարուեցան աղքատ մեռելներ, ծրարուած իրենց շապիկներուն մէջ։ Տէրտէրներն ալ դիտողութիւն չլսեցին, ո՛չ թերթերու եւ ոչ թաղերու մէջ. այնպէս որ ո՛չ թէ մէկ, այլ կէս-տէրտէր, տէրտէրի ուրուական մըն ալ պիտի բաւէր իր երերուն ստուերովը բացուած փոսիկի մը վերեւ՝ իր «հոգւոց»ը շշնջելու հովէն զիրարուած գերեզմանոցի սգաւոր ծառերուն տակ։

Բ.

Տուն մը միայն, մարդկային այդ տխուր եւ անժամանակ ծաղկաթափի ատեն, կը մնար ցից եւ խրոխտ իր սնափառութեան մէջ։

Ծաղկախտը մտած էր ներս, եւ կարծես ընտրովի, անդրանիկ սէրը դրած էր իր ճանկերուն տակ։ Աղուորիկ երախայ մըն էր ան. քանի մը օր առաջ՝ այդ տանը բերկրանքն ու հրճուանքը, գիրկերու մէջ ամէնէն քնքուշ ծաղիկը, որ քանի մը օր ետքը, զարնուած էր եւ խամրած ծաղկախտէ մը։

Տրուած պատուէրի մը համեմատ, տէրտէրներ եկան այլեւայլ թաղէ։ «Բան մը պակաս չպիտի ըլլայ»ի հրամանը տրուած էր։ Եւ յաւելուած ըլլալով, իբրեւ թաղմանական արքունի սպաս, կարգադրութիւն եղած էր որ փոքրիկին դագաղը իրենց թաթիկներու վրայ բարձրացուցած տանին դպրոցական մանուկներ, եօթը-ութը տարեկանէն ոչ աւելի. անշուշտ աղքատիկ տան, կարօտ հօր ու մօր զաւակներ ամէնքն ալ։

Ու դագաղը դուրս ելաւ տունէն. շարուած էին փոքրիկները, թիւով տասներկու, գունտ մը հրեշտակներ այդ մահուան բոլորտիքը։ Տանտիրուհին, թաշկինակը երեսին ու աչքերուն, վերէն կը տեսնէր սուգի եւ սեւերու շքեղ հանդերձանքն ու հանդէսը, իր փոքրիկը, ծաղկախտէ յափշտակուած, մանուկներու ձեռքին մէջ։ Տարակոյս չունիմ թէ մտքէն անգամ չանցուց որ մահը դրած էր անմեղուկ պատանիներու թաթիկներուն մէջ, իրեն համար կարեւորն էր իր մեռած երախային թաղմանական պատիւէն «բան մը պակաս» չընել տէրտէրներով, խաչերով, աղօթքներով, արուեստական սուգով, եւ իբրեւ նոր յաւելուած, մանուկ դագաղակիրներով։

Այդ թափօրին վերեւ, պաշտօնական ամէնէն մեծ սգաւոր կը քալէր եպիսկոպոս մը, փողփողուն շուրջառով եւ մովսիսական գաւազան մը ձեռքին մէջ փաղփուն։

Պոռո՜տ եւ պոռացող սուգ…

Ցուրտ ալ էր օդը, չոր գետին, եւ պա՜ղ հով մը կը փչէր մանաւանդ դէպի գերեզման տանող ճամբան ի վար։ Յայտնի կ’երեւէր, որ մեռելակիր փոքրիկները, մահը իրենց թաթիկներուն մէջ առած, սեւ դագաղին ա՛յնքան մօտիկ դրացնութենէն արդէն սարսռուն, կը զգային հովին ու դագաղին ցրտութիւնը։

Ու կը քալէր թափօրը՝ եպիսկոպոսական նազանքով, տէրտէրներու արուեստական սուգի պերճ օրօրանքով։

Գ.

Իրիկունը նազելաշուք տիրուհին, իր մայրենի կսկծանքին մէջ, սփոփանք մը ունէր որ իր անդրանիկ սիրականին մատուցած եղաւ՝ խելքէ ու մտքէ չանցած արժանի սպաս, եւ պէտք ալ չունեցաւ հարցնելու թէ դագաղակիր մանուկները ի՛նչպէս դարձած էին իրենց մայրիկներուն քով։

Անշուշտ իրեն համար պէտք մը չէր ատ. ո՞չ ապաքէն անոնց աղքատիկ հօր ու մօր խեղճուկ զաւակներ էին։

Անոնք դարձած էին տուն, բայց մեռած երախայի մը սեւերուն, դագաղի մը շփմանը հետ ունեցած սարսուռին ներքեւ։

Ու ամէնէն աւելի մէկը կրտսերագոյնը անոնց մէջ, ուրիշներէ աւելի խեղճ, ճմլուած էր պաղ հովին եւ մահուան սեւ ազդեցութեանը ներքեւ։

Դողդղալով մտած էր ան իր խեղճուկ անկողինը։ Մայրը, ինչպէս անկէ առաջ, թեթեւ ցրտառութեան մը վերագրած էր իր փոքրիկին կոտրածութիւնը, անշուշտ իր հաշիւովը մէկ-երկու օրուան տկարութիւն, օրինակ շատ շատ հարբուխ մը։ Գոնէ հարցում մը ընէր։ Ոչ իսկ հոգ ունեցաւ գիտնալու թէ ի՛նչ ըրած էր նոյն օրը իր պզտիկը, եւ փոքրիկն ալ նոր բան մը չէր յայտնած իր սիրական մայրիկին։

Անցաւ յաջորդ օրը, անցաւ երկրորդ օրը, երրորդ օրը կրակ էր, եւ տակաւին փոքրիկը անկողնին մէջ պառկած կը մնար։ Վախ մը ծայր կուտար հիմա մայրիկին սրտին մէջ, մանաւանդ տաքութիւն մը, ատեն ատեն, կարմրութիւնով եւ քրտինքով խառն, կը զգացնէր թէ մանուկին ունեցածը ա՛լ կոտրածութիւն չէր եւ ո՛չ ալ հարբուխ, ինչպէս կարծած էր ի սկզբան։

Բժիշկի դիմում չպիտի ըլլար. որովհետեւ դեղ ու այցագին չէին կրնար մուտ գտնել իրենց հաշիւներուն մէջ։ Շ՜ատ շատ, տէրտէրի մը դիմում պիտի ընէին, եթէ ան ալ հաճութիւն ունենար գալու։

Եկաւ ան, եւ բարեբախտաբար, արդէն կոտրուած սիրտերու վրայ նոր կոտրուք մըն ալ չաւելցաւ. հիւանդի Աւետարան մը եւ Յիսուս անցանէր, գլուխ մը Նարեկ, պահպանիչ մը, լացուցին մայրիկը։ Եւ սակայն՝ հիւանդին վիճակը չէր բարեփոխուէր։

Հէ՜գ մայր, ա՛լ զգացած էր որ մեծ փորձանքի մէջ էր իր սէրը։ Ի՛նչ պիտի ընէր, ի՛նչ կրնար ընել։ Ցորեկները անխոնջ հսկեց իր հիւանդին մահճին բոլորտիքը սրտադողի մէջ. գիշերներն ալ անքուն տքնեցաւ, առաւօտ աչքերը արցունքոտ եւ հեծանքը շրթունքներուն վրայ։ Բոլոր սուրբերը օգնութեան կոչեց, իր գիտցած ու լսած աղօթքներն ու աղօթքի նմանող խօսքեր թափեց հիւանդին գլխուն վերեւ. ու մինչ իրեն այնպէս թուեցաւ թէ չէր կրնար գտնուիլ Աստուածութիւն մը որ իրեն հետ չըլլար, ասդին ծաղկախտը շտապով կը կատարէր իր աւերիչ գործը ծաղիկ տարիքի մը վրայ։

Ու երբոր մայրիկը, երկու ձեռքը գլխուն տալով, «ծաղիկ է»՝ կ’ըսէր, անուշիկ կեանք մը կը մարէր արդէն։

Ա՛լ չկար ան, դագաղակիր մանուկը։

Անշուք պիտի ըլլար, անշուշտ, պատանեկին թաղումը, ու այդպէս ալ եղաւ։ Հարկ եղած չէր եկեղեցիին զանգակը հնչեցնել. իր հայրիկը հետեւեցաւ մանուկի դագաղին՝ վիզը կախ. տէրտէր մը, շա՜տ զգուշաւոր, քալեց յուշիկ մեռելին ետեւէն, քիչ մը հեռու՝ ծաղկախտի վախովը պաշարուած։ Կարճ աղօթք մը, համառօտ արարողութիւն մը, եւ փոսիկ մը, իբրեւ վէրք բացուած հողին մէջ, բաւական եղած էին աղքատիկ մանուկի մը թաղումին համար։

Այդ մահուան յաջորդ օրը, մայրիկը, հեծեծագին զբաղեցաւ իր մանուկ մեռելին յիշատակովը. ձեռքէ անցուց անոր բոլոր ունեցածները, լացաւ անոր հինումին կօշիկներուն վրայ, արցունքով թրջեց իր խաղալիկները, կարկտնուած ջակէթն ու տաբատը, եւ գրպանէ մը գտաւ. 50 փարա՜։

Ի՛նչ էր ատ։ Ետքէն հասկցաւ թէ՝ բաժինն էր այն գումարէն, որ հատուցուած էր իր տղեկին առատօրէն, իր ընկերներուն հետ, երբ անոնք, ցուրտ օդով, ուրիշ փոքրիկի մը դագաղը, ծաղկախտի մանրէներով թաթախ իրենց մատղշուկ թաթիկներու մէջ առած, ծա՜նր ծանր դէպի գերեզման քալեր էին՝ մահուան հետ քով քովի։

Մահուան ութօրէքը կը զուգադիպէր Ամանորի նախընթաց ժամերուն։ Գիշերը՝ կսկիծի արիւնոտ թարմութիւնը իր սրտին վրայ մահուան յիշատակին նորոգութիւնը իր հոգիին մէջ՝ չէին թողած որ մայրիկը րոպէ մը իսկ չմորմոքէր, չտրորուէր։ Իր շուրջը՝ դարտակութիւն մը կը խենթեցնէր զինքը, արցունք, լաց, սրտի մորմոք մինչեւ առտուան մօտ, երբ զանգակները սկսած էին ղօղանջել տօնական օրուան թնդիւնովը, եւ փողոցներուն մէջ ալ կ’արթննար տօնին յատուկ կենդանութիւնը։

Այն պահն էր ատ՝ ուր մայրիկը մէկ տարի առաջ, բռնելով իր սիրական որդեակին ձեռքէն, անոր հետ խօսելով անո՜ւշ անուշ, ժամ գացած էր եւ տեսած թէ ի՛նչպէս ան իր տարեկից մանուկներու հետ երգակից էր, հրեշտակ էր ճերմակ շապիկով։

Ու հիմա, «այդ ութօրէք»ը, յաւիտենապէս սեւ գիշեր, իրեն համար ո՛չ առաւօտ պիտի ունենար, ո՛չ տարեգլուխ, ո՛չ արեւ կորսուած հորիզոնին վրայ։

 

«Ազատամարտ» 1912, թ. 786.