Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Օգոստոսի վեցերորդ օրն էր. հիւանդանոցի մէջ ջնջուած էր մեր Սարգիսին անունը։ Լուր կը տարուի իր գիւղացուոց, ինձ ալ հասած էր այդ բօթը։ Վա՜խ, վա՜խ, ըսինք ամէնքս ալ։ Այս սրտագին աղաղակն է որ ամէն անգամ մեր շրթանց վրայ կ’երերայ, կամ մեր սրտին վրայ կը մրմռայ երբ պանդուխտ ազգակից մը, երիտասարդ կամ ծերուկ, կը նետեն անուանց ցանկէն եւ տախտակին վրայ սեւ գիծ մը կը քաշուի։

Ա.

Կը ճանաչէի զինքը։ Քսան եւ վեցը տակաւին անցած չէր, թուխ կտրիճ մը, կտրիճներու գիւղէն, սեւ սեւ աչքերով եւ ծիլ ծիլ պեխերով։ Սարգիս այն երիտասարդներէն էր որք շուտ կը զարգանան արուեստի մէջ. միշտ կը փնտռուէր, աղայի ու փաշայի ծանօթ եղած էր. եւ իր գիւղացի անտաշ կերպարանքի վրայ հրապուրիչ բաներ ունէր։ Ես զինքը կը սիրէի զի սուր էր, զի բարկութիւնը ժանգի պէս յօնքերուն վրայ երեւան կը հանէր, զի գրգռուած ատենը՝ ալիքի պէս կը մրմռար։ Կը սիրէի մանաւանդ իր թէզկեահին առջեւ մինչ թեւերն հոլանի, ջիղերն ուռած, կապուտերանգ, կ’երկարէին բազուկներուն վրայ. գլուխը բաց, քրտինքը ճակտին ու երեսին, կը քսէր իր գործիներն, սո՜ւր սո՜ւր, տախտակին վրայ, եւ հատու ուրագը, իբրեւ խաղալիկ, կը նետէր կոշտ ու կոպիտ փայտերուն, կը յղկէր կ’ողրկէր զայնս արջու պէս, որ իր տձեւ թոժիւնը, յարալէզ խնամօք, ի յայտ եւ ի կերպարանս կը բերէ։ Դրամն իր քսակէն չէր պակսեր. կուտար ոմանց՝ չառնելու համար, եւ այլոց փոխ՝ ընկերական պարտքէ եւ խղճի խայթուածէ ազատ ըլլալու։

Հինգ վեց տարի ինձ մտերիմ եղած էր. կուգար խանէն շատ անգամ եւ կը գտնէր զիս մեր գիւղի բարձանց վրայ, հիւր կը տանէր զիս եւ հիւր ալ կ’ըլլար մեզ։ Առաւօտ մը կանուխ, մինչ քուն ընդ արթունս էի, մեղմ ձայն մը ականջներուս դռնակները կ’երերցնէր. հառաչանքին երգը ո՜րչափ խոր կը զարնէ մարդուս սիրտը իր դաշնակաւոր ելեւէջներովը։ Գաւառացիքս վարժ ենք այդ երգին. ամէն առաւօտ, մինչ զեփիւռը մեր տանձին ու խնձորին կ’օրօրէ մեղմիկ, եւ ճռուողական հաւուց նուագները կ’արթննան օդին մէջ, քրդուն լօլօն, սուր եւ անուշ, ղարիպին կնոջ մանին, սրտագին եւ աղեկեզիկ, կուգան կ’իյնան մեր բարձին վրայ։ Մանին կանուխ սկսած էր եւ աւարտելու վրայ էր երբ քնէ սթափած՝ հազիւ կրցած էի խլել հետեւեալը.

«Բաղնիքէն կ’ելնէր լաչակն երեսին,

Նազելով անցաւ. նա ինքն էր ըսին.

Ոսկի թել մազերն ինկած թիկունքէն

Աչքերս տարին, սիրտըս քարշ իրեն։

 

Մի՛ զիս, ով անգութ,

Այրեր աւերեր,

Ղուրպան մազերուդ.

Տես, ծունկն է իջեր»։

Այս նուագէն ետքը տաք տաք «օֆ» մը բարեգուշակ չը թուեցաւ ինձ նոյն օրը։ Հարցուփորձ ըրի, եւ թէեւ չկրցի խոստովանցնել, բայց համոզուած էի որ Սարգիս բան մը ունէր, խորունկ բան մը։ Մեր գաւառացի երիտասարդք, տակաւին պոլսական ցոփութեանց մէջ չլուացուած, շատ պատկառոտ են, եւ այնչափ թանձր է իրենց պարկեշտութեան քօղը, զոր դժուարաւ կարելի է երեցնել։ Դժուարին ալ կ’իյնան, բայց եթէ մի անգամ ինկան, դժուարին է ոտքի վրայ հանել։ Սարգիս սկսած էր տակաւ վար իջնել եւ պիտի հասնէր յատակը։

Բ.

Դժուարաւ կ’իյնան, ճշմարիտ է այս։ Սարգիս ամբողջ ամառ մը իրեն ծանօթ տուն մը կը մտնէր ու կ’ելնէր. երկու նորատի քոյրեր, Աննիկ եւ Սրբուհի, շատ ընտանեցած էին իրեն։ Հետեւեալ տարին այդ աղջկանց ծնողք ուղեւորութիւն մը ունեցած՝ տունն ու երկու սիրուն էակաց պահպանութիւնը յանձնելով Սարգիսին, որ հեռաւոր ազգականութիւն ալ ունէր այդ ընտանեաց հետ։ Երիտասարդը, արդարեւ պահապան, Յովսէփի սուրբ եղբօր մը պէս հաւատարիմ, երեք ամիս այդ տունը գիշերեց։ Եւ թէեւ Աննիկ, չափազանց ընտանութենէն, ինքզինքը կը մոռնար երբեմն, բայց Սարգիս, ի՛նչ որ ալ ըլլար, հաշուած էր թէ ինքն աւանդապահ մըն էր. միշտ «քոյր իմ» կոչելով Աննիկը, այնպիսի սրբութիւն ստեղծեց, որուն տակ երեք ամիս անխռով քնացան արթնցան։ Տան տէրն ու տիկինը կը դառնան ուղեւորութենէ. մէկ շաբաթ ետքը Սարգիս ալ գնաց իր տեղիկը, պանդուխտներու խանը։ Առջի իրիկուընէ կը զգայ թէ ինքն առաջինը չէ, մէկ երկու ժամ, կլկլակը ձեռքը, ծխափողը բերնին, պարբերական «օֆ»երով դարձած նայած էր այն բարձրաւանդակն ուր ամիսներ անցուց երկու նորատի աղջկանց քով առանձինն եւ անոնց եղբայր ու պահապան եղաւ։ Աննիկի չարութիւնք, մերթ նկուն եւ մերթ ըմբոստ, զարկած էին այդ անփորձ սրտին։

Յաջորդ կիւրակէ տուն գնաց. Աննիկ դիմացը կը վազէ, եւ դրան վրայ երկու կաթոգին նայուածքներ ըսած էին այնչափ աւելի բան, որչափ ըսած չէին երեք ամիսներ միեւնոյն յարկի տակ, մենութեան ու անձնիշխան ազատութեան մէջ։ Սարգիսի երթեւեկութիւնը կը շարունակուի, շաբաթ եւ կիւրակէ շատ անգամ իր այդ սիրական տանը մէջ կը գիշերէ։ Չա՛ր Սրբուհին ալ ըսելով ըսելով՝ յաջողած էր այդ երիտասարդն համոզել որ շալվարն հանէ նետէ. եւ այն առջի գիշերը, մինչ Սարգիս բանթալօն հագած այդ տունը կ’երեւի, անբաւ ուրախութիւն կ’ունենան ամէնքը։ Ալ վախ չունէին ազատ պտոյտներ ընելու։ Օր մը Չամլըճա կը տեսնէինք անոնք, ուրիշ օր մը Վոսփորին մէկ գիւղը. կառապանը կը վաստկէր, խահվէճին դժգոհ չէր մնար, ձիապաններն ալ գործ կ’ընէին, մէկ երկու չէր նայեր, բաւական էր որ ձին աղուոր ըլլար, կրակոտ ըլլար, ցատկտուն ըլլար։ «Կուգայ կոր», այս էր դրացիներուն լսածը մինչ ձին իր ոտքերուն դրնդիւնը կը լսցնէր փողոցին մէջ։

Գ.

Բաւակա՜ն յառաջ գացեր էին. աղջկան ծնողք, մանաւանդ նենգաւոր մայրը, գիտէին ամէն բան, եւ սակայն ա՛յնչափ թոյլ կամ ազատ կը վարուէին որ դրացիք եւ մեք ամէնքս ալ իրաւունք ունեցանք ըսել թէ Աննիկ եւ Սարգիս իրաւ զոյգ մը խօսեցեալներ էին։

Պետրոսիկ աղա, եթէ Սարգիս իր շաբաթական այցելութիւնն ուշացնէր, ինքնին կ’երթար խան եւ կ’առնէր կը բերէր իր հետ։ Նախանձելի բաներ ունէր այդ երիտասարդը. թարմ էր, առոյգ եւ կորովի. արուեստի մէջ ունեցած ճարտարութեամբը՝ իրեն դիրք ստեղծած էր իր շրջանակի մէջ, քսակը թեթեւ եւ դատարկ չէր։ Պետրոսիկ աղա վարժուած էր ի հարկին փոխառութիւններ ընել, երբեմն առածը տալով եւ երբեմն ալ կամաւ մոռնալով։ Մէկ տարի այսպէս անցաւ. եւ մինչ մենք ամէնքս կը կարծէինք որ Ս. Սարգիս իր տօնին օրը անոնց հարսնիքը պիտի օրհնէր, Աննիկը ուրիշի մը կը նշանեն, եւ մեր ձիաւոր սուրբին տօնին գիշերը՝ ոսկի թելեր կը ձգեն անոր գլուխը ճիշդ այն սենեկին մէջ, ուր ամէն բան Սարգիս կը հոտէր. գետնի գորգը, վառուած ղամբարները, ձգուած վարագոյրները եւ շողուն հայելին։

Չգիտցանք թէ ի՞նչ անցած էր. միայն թէ պէտք է ըսել որ հարսնեւորներէն ոմանք Աննիկը շատ ուրախ տեսած չէին նոյնիսկ պսակի ժամուն. ոսկի թելերուն եւ շողերուն տակ՝ ստուեր մը եկած գացած էր միշտ, հովէն երերացող ծառի մը շուքին պէս։ Ի՞նչ զգացիր նոյն գիշերը, Սարգօ, անէծք մը, կայծակ մը չթռա՞ւ բերնէդ։

Դ.

Սարգիս խանի մէջ գամուած կը մնայ այնուհետեւ. քիչ քիչ գործելէ ալ դադրեցաւ. Լանկայի գինետանց ճամբան եկեղեցուոյ ճամբան ըրած էր։ Քանիցս տեսայ զինքը. խօսք, խրատ, ոչինչ էին. «Պէտք է մեռնիմ». միշտ այս էր իր պատասխանը։ Խաներու մէջ նոր սերունդ մըն ալ կայ, որ թէեւ խեղճութիւն ունի, բայց անձնասիրութեան ոգին շատ մեծ է ի նոսին։ Երանութիւն եթէ ունեցաւ Սարգիս, իր գինով ժամերն էին եւ տխուր մանին, զոր շատ անուշ կ’երգէր, ձեռքն երեսին դրած, աչքերը նուաղելու չափ փակ։

Հօրեղբօրորդիս արցունքոտ աչքերով պատմեց մեզ թէ զնա տեսած էր Լալէի մզկիթին մէկ դրան ետեւ անկիւն մը քաշուած։ Նիհար, ոսկորները ցցուած եւ փայտ մըն ալ գիրկը, որուն կրթնելով երբեմն կորովի եւ քաջ երիտասարդը, դողդոջուն հոն կ’երթայ։ Րամազանի օրեր եղած էին, հոն կ’երթայ Սարգիս իրիկուընէ աւելցած կերակուրներ գտնելու։ Վա՜խ վախ։ Ի վերջոյ տեղեկացայ որ երկու ամիս այդպէս ասդին անդին, աւելցուքներէն կերակրուած է խանէն հեռի, որպէսզի ոչ ոք տեսնէ իր ծանօթներէն, եւ աղաչած էր հօրեղբօրորդուոյս որ մէկու մը չզգացնէ թէ Սարգիսը տեսած է այն վիճակին մէջ՝ իր արժանապատուութիւնը չվիրաւորելու համար։ Պէտք է ըսեմ սակայն թէ իր գիւղացիներէն օգնողներ ունեցած էր գաղտ. ամբողջ վեց ամիս իրիկուան սեղանի համար ծախք եւ սենեկի վարձք չեն առած։

Ե.

Օգոստոսի 3րդ օրը, ալ յուսահատ ամէն փրկութենէ, Հիւանդանոց կը տարուի Սարգիսը. 6րդ օրը առաւօտուն իր անուան վրայ սեւ գիծ մը եւ կուրծքին վրայ հողակոյտ մը։ Իր արկղէն ելած թղթի մը վրայ կարդացեր են.

«80 ոսկի առնելիք Աննիկի հօրմէ։

Աննիկ յանցաւոր չէ։

Իր մօրը չեմ ներեր։

Վա՜յ մօրս գլխին»։ Եւ հետեւեալ տողերը.

Կիտէր իքէն եար չըգմատը քարշըմա,

Պու սէնէտէ նէլէ՜ր կէլտի պաշըմա.

Պէն է օլիւրսէմ եազըն մէզար թաշըմա,

«Քոյ տէսինլէր» «շու մուրատսըզ էօլէն տիր»։

Այս գիշեր իր անուան տարեդարձն է. Աննիկ իր պզտիկ Վահրամը գրկած վառարանին քով՝ հարսանեաց տարեգլուխը կը կատարէ. հէք մայր մը, սառուցի երկրի մը մէջ, անորդի նստած դրան ետեւ, մազերն սպիտակ, աչքերը նուաղուն կսկծանաց տակ, անշուշտ կը հառաչէ. Զաւակս, հերու այս գիշեր արեւուդ համար մոմ կը վառէի Ս. Սարգսի առջեւ, աղօթք ու օրհնութիւն կ’ընէի քեզի համար, ա՛յսօր ի՞նչ ընեմ…։ Պալըքլըի ծառերուն տակ ալ, ցրտին հովը, վույ վույներով մեր խեղճ Սարգիսին օրօրը կը յօրինէ, իսկ ես կրակարանիս քով իր մանին կ’եղանակեմ, իր կսկիծներուն մէջ կ’այրիմ…։

Ի՞նչ կ’ըսէք դուք, Ա՛րփիար. Աստուած այս տղուն դատաստանը չպիտի՞ տեսնէ։ Չեմ խառնուիր իր արդարութեանը, միայն թէ գիտեմ որ օգոստոսէն ի վեր աներեւոյթ ձեռք մը կը ծանրանայ այդ տանը վրայ։

 

«Մասիս» 1890, թ. 3934.