Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կորսուած էր գտնուեցաւ՝
Մեռած էր՝ ողջնցաւ։

Երկու տարիէ ի վեր ոչ ոք կրցած էր բան մը գիտնալ իր մասին. կորսուած կամ մեռած, ահա ինչ որ ամէնուն կարծիքն էր։ Իր ծնողք ալ նոյն դառն համոզումն ունէին, եւ մի միայն մանկամարդ կին մը, քսաներկու տարեկան, իր սիրականի ճակատագրին թանձր մթութեան մէջ՝ հաւատացող ու յուսացող մնացած էր։ Եւ սակայն իրաւունք չունէր. սէրը, այդ խաբող զօրութիւնը, եւ մատաղ մանկիկ մը, որ իր հօրկան սիրուն պատկերը կը պարզէ տիրող աչքերու առջեւ, կը մոռցնէին իրականին ցուրտ մերկութիւնը եւ խօ՜լ խաւարին մէջ՝ որ այդ կեանքը պատած էր՝ առկայծ նշոյլ մը կ’արձակէին։

Կեսրայրն ու կեսուրը, այլ եւս ակամայ մոռցած ինչպէս կը մոռցուին գացող սիրելիները, թէ երիտասարդ զաւակ ունեցած էին աշխարհի վրայ, չէին կրնար անխռով կենալ ամէն անգամ որ իրենց Սրբուհին՝ միակերպ տրտմութեան մէջ յուսացողի մը կերպարանքը կը պարզէր իրենց պառուած աչքերուն առջեւ։ Եւ երեկոյին ալ, մինչ կորսուած հօր մանկիկը ծունկէ ծունկ կը թռցնէին, մեծ հայրը կ’ըսէր ստէպ իր զառամ կնոջը. «Ճիշդ Գրիգորիս կերպարանքը ունի». եւ յուզեալ՝ կծկուած կռնծած երեսներուն վրայ գլորող արցունքի կաթիլները կը չորցնէր։ Երկու տարի այսպէս անցած էր, եւ ոչ ոք համարձակեցաւ Սրբուհւոյն [1] ձեռքը խնդրել։

Աս տարի օր մը, Ամերիկայէն լուր կը հասնի Խարբերդ թէ ո՛ղջ է Գրիգոր, ո՛ղջ մեռելներու մէջ։ Ճշդուած չեն դեռ եւս այս գաղտնիքի լուծման պարագաները։ Է՜հ, ի՛նչ կ’ուզէ թող ըլլայ. Գրիգոր Պոլսոյ մէջ ողջ կ’ապրի, եւ աս լուրը անհամբերութեան անձկութիւնը կը շատցնէր, եւ պէտք էր որ Խարբերդէն մէկը թռչէր Պոլիս գար՝ աչքով տեսնելու եւ միջոցներ գտնելով՝ տուն դարձնել զինքը, իր ծնողաց քով, իր նորատի հարսին ու մատաղ զաւկին քով։

Այս կիրակի Խարբերդցին եկաւ գտաւ զիս, եւ Գրիգորի սրտառուչ պատմութիւնն ընելով՝ խնդրեց որ երթանք տեսնենք՝ կորսուած-մեռելը։ Խնդրելու հարկ չկար, ճամբայ ինկանք երեք հոգի։ Հասած էինք զառիվայրի վրայ քարուկիր բարձր շէնքի մը առջեւ. ստուար պատեր, խոշոր դուռներ՝ հին անբնակ ամրոցի մը ազդեցութիւնը կը գործեն դուրսէն։ Ներս կը մտնենք. մարմարէ պա՜ղ յատակի վրայ քանի մը խոշոր վանդակապատ դուռներ կը բացուին, հուսկ յետոյ երկաթի ահագին փեղկ մըն ալ, ուրկէ անդին ընդարձակ լայնութեան վրայ, իբրեւ հռոմէական կրկէսի մէջ, մարդկային ժխոր մը այդ մեռելական շէնքին խաղաղութիւնը կը տագնապէ։ Ուշադիր նայուածքի տակ կ’իյնան երեք հարիւրէն ոչ նուազ հոգիներ, ամէնքն ալ ոտքի վրայ, ամէնքն ալ ճերմակ գլուխ. մին կը կառաչէ օդը ծեծելով. ուրիշ մը, աչքերը յառած պահապանին վրայ՝ կը խոժոռի որպէս թէ արգելք մը տեսնէր իր մէկ որոշման գործադրութեան դէմ։ Մարդկային կեանքի ամէն տարիք խռնած է հո՛ն այդ հրապարակին վրայ, բացի մանկութենէ. երիտասարդն իր ուժերը կ’սպառէ իբրեւ արգելոցի մէջ նետուած վիրաւոր առիւծ. յիսունը քիչ մը աւելի բարեխառն անտարբեր կը կոխէ գետինը, անտարբեր կը նայի քարակուռ որմերուն, որ իրեն բոլորտիքը կը ցցուին դժնէտեսիլ. իսկ վաթսունը, թիկունքը ուռցրած ուսերուն վրայ, եւ գլխիկը կախ՝ դէպի վար կը նայի միշտ չոր կոճղի մը պէս, որ գօսացեալ ճիւղերը կը կախէ դէպի խոնարհ հովին առջեւ։

Այդ այլազան խառնուրդին մէջ ապրած է երկու տարի երիտասարդ Գրիգորը յիմարներու հետ իբրեւ յիմար։

Պահապանին ձայնը կ’որոտայ, եւ ահա, որովհետեւ իր ազգէն այդ անուամբ միակն է հոն, հրապարակին մէկ ծայրէն դէպի դուռը կուգայ Գրիգորը։ Ասդին կ’առնունք զինքը, եւ կը շարուինք իր քով։ Մենէ մէկն իր ճանչուորներէն է։

Ճերմակ կտաւէ գտակ մը կ’իջնէ իր գանկին վրայ. մօրուք մը, որ խարտեաշի կը մօտի, իր փափուկ ծնօտը կը պատէ։ Մարած կարմրութիւն եւ նուաղկոտ աչքեր իր այտերուն գեղեցկութիւնը կը շինեն։ Երկա՜ր վերարկու մը, համազգեստն այդ խենթանոցի, որ աւելի պատանք մըն է յիմարներու, կը պարածածկէ զինքը։– Ի՞նչպէս, Գրիգոր, լա՞ւ ես։ Գոհութիւն Աստուծոյ, այնչափ լաւ, որչափ կարելի է այս վիճակին մէջ։ Քանի մը օրէն պիտի տանինք զքեզ։ Այս բառերէն՝ աչքերը, առկայծ աչքերը, կը բռնկին կարծես. եւ դող մը կ’անցնի իր բոլոր անդամներուն վրայ. պէտք եղած գործողութիւնները կատարա՞ծ էք, կ’ըսէ գլուխը վեր առնելով։ Բժիշկս արդէն իսկ վկայած է առողջութեանս համար, եւ եթէ երկար մնացի, պատճառն այն եղաւ, որ ոչ ոք եկած է հարցնել փնտռել զիս։ Քանի՞ տարի է որ հոս ես։ Խենթերու մէջ ժամանակը հաշիւ չունի։ Ամէն բան մոռցայ հոս, ինքզինքս ալ մոռցեր էի։ Մոռցայ բան մը հարցնել, Սիսակս ի՞նչպէս է, հայրս մայրս ի՞նչ կ’ընեն, ո՞ղջ են։ Եւ սկսաւ այս կարգի հարցումներ ընել լռելով անուն մը, իր սրտին ու սիրոյն ամէնէն աւելի մերձաւոր անունը, զոր թերեւս ամէնէն առաջ հարցնելու իրաւունքն ունէր, իր Սրբուհւոյն անունը։ Գաւառական պարկեշտութիւնն է այս։

Կը խօսինք, միշտ իր վրայ. եւ ես կը զարմանամ որ այդչափ գեղեցիկ հայերէն ու առողջ միտք մը կը գտնեմ այդ խենթերու պատանքին տակ, եւ անո՜ւշ ձայն մը իր բառերն աւելի եւս քացրացուցին ականջներուս։

Կէս ժամէ աւելի անցուցինք իրեն հետ, եւ պահապանը որ եկած կծկուած էր մեր քով, ակնկալութեան հեզիկ կերպարանքին վրայ՝ մերթ ընդ մերթ կ’իմացնէր որ պէտք է մեկնինք։ Ոտքի ելանք։ Գրիգո՛ր ալ փոխուած էր. դուրս ելնելու քաղցրիկ յոյսը՝ կեանքը, թմրած կեանքը զարթուցած էր իր մէջ. եւ նա՝ որ երկու տարի համակերպութեամբ կենակից եղած էր մարդկային այդ ողջ մեռել դասուն, քանի մը օր եւս հոն ապրելու համբերութիւնն սպառած կը տեսնէ մէկ վայրկեանի մէջ։ Արժանապատուութիւնն ալ արթնցաւ. կը դժկամակի ներս մտնել այն երկաթի դռնէն, ընդ որ ել ու մուտ ըրած էր անվրդով ծառի ու ծաղկի ամիսներուն մէջ, սէրէ ու սիրականներէ զրկուած։ Մեկնեցանք «մնաս բարով»ի թելը քաշելով. մեք՝ դուրս խենթերու հաստատութենէն, ինք երկաթէ դռնէն ներս՝ յիմարներու մէջ, իբրեւ յիմար։ Ե՞րբ պիտի ելլէ, չգիտեմ։

Ըսին թէ մեր Հիւանդանոցն ալ կեցած է ութ օր, եւ անկէ տարուած այդ բարձունքին վրայ։ Ի՞նչ համոզմամբ թոյլ տրուած է…։

Ի՞նչ ունեցած էր Գրիգոր։ Օր մը անգործութենէ յուսահատ, կ’որոշէ դիմել իր մէկ տիրոջը, որու անձնուէր գտնուած էր իր պաշտօնին մէջ։ «Ալ պէտք է ամէն փառասիրութիւն ոտքի տակ դնել» այսպէս խորհած էր վերջին անգամ եւ որպէսզի պատկառանք կամ ակնածութիւն չկաշկանդեն զինքն իր ձեռնարկութեանը մէջ, երկու բաժակ օղի կը նետէ, եւ քիչ մը քէֆ՝ կ’ելլէ իր առաջադրածի գործադրութեանը։ Տիրոջը կը ներկայանայ ճիշդ այն վայրկեանին մինչ երկձի կառքի մը վրայ կը նետուէր նա։ «Էֆէնտիմ», կ’ըսէ, եւ այլ եւս ոչինչ։ Կառքը սլացած էր փայլակընթաց։ Հետեւեալ օրը Գրիգոր կը գտնէ ինքզինքը այդ խենթանոցին մէջ, ուր իբրեւ խենթ, մոռցուած է երկու տարի, եւ մոռցած ամէն բան. կեանք, կին, զաւակ եւ ծնող։

 

«Հայրենիք» 1891. թ. 63.


[1] Գաւառներու մէջ այրի կնոջ հետամուտները աւելի շատ են։