Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Չա՛թ, Չա՛թ։ Ո՞վ է Արմենակ. Հայրենիքի մարդը, հօրեղբայրս։

Իմ երգիչն էր, քաղցրիկ սփոփանքս եւ ցաւոց պատկեր մը երեւակայութեանս առջեւ կախուած։ Տարւոյն երեք եղանակաց մէջ, ամէն երեկոյ կը լսէինք. Քայմաքլը եօ՜ղուրտ, եւ երգին ձայնն իրմէ առաջ կը վազէր դուռներու առջեւ. կ’երգէր, շա՛տ կ’երգէր եւ շա՜տ բան. երգ ու եղանակ կը փոխէր, իր հոգեկան տրամադրութեանց համեմատ. տխո՜ւր օրուան համար՝ տխուր երգ ու լալկան եղանակ ունէր. զուարթ օրուան համար՝ զուարթ երգն ու եղանակն.

Գետափ՝ սառի եմ կըտոր,

Մօրըս աղջիկն եմ աղուոր.

Սիրականիս զոյգ աչեր,

Գըլխուն լուսին եմ գիշեր.

Ասոնք կ’ըսէր աղջկայ մը բերնէն. եւ իբրեւ պատասխան մը տարփածու երիտասարդին կողմանէ՝ հետեւեալ կցուրդը (նագարաթ) կը մրմնջէր.

Սիրուն աղջիկ, ջան աղջիկ,

Զիս մեռուցիր, ալ հերիք.

Աչք շարժեցիր եւ ընքուք,

Գերի ըրիր զիս քեզի։

Այսպէս ահա երգով վիպակներ կը թափէր ամէն երեկոյ մեր դուռներու առջեւ, շատ անգամ մոռնալով իր առուտուրը։ Մեր մածնավաճառն էր այս մարդը, մէկ ոտքէն կաղ պանդուխտ հայ մը, որ մեր թաղի մէջ, հոս ու հոն, իրեն յաճախորդներ գտած էր երգելով։

Հերուն ցրտագին ամիս մը չերեւեցաւ այս մարդը. հարցնելով գտած էի իր բոյնն, եւ կիւրակէ առաւօտ մը հոն ցցուեցայ։ Փոքրիկ խցիկ մըն էր. պատանուոյ մը գլխուն վերեւ նստած էր նա. իր զաւակն էր հիւանդն, որուն անկողնին քով տքնած էր ամսով չափ իբրեւ գթոտ մայր, եւ ո՛չ մէկ օր ալ առեւտուրի ելած։ Պանդխտութիւնն հոն էր, երեսը քաշուած եւ սառուցի չափ պաղ, աչքերն առկայծ եւ մահաշշուկ, անպատսպար գրեթէ եւ քսակը դատարկ։ Ապրի սակայն Սկիւտարու Աղքատասէր Ընկերութիւնն, որ նշմարած էր, խօ՜լ մթութեան ետեւ, այդ հէք մարդուն խցիկը, եւ Տոքթ. Թորգոմեան ալ Աստուծոյ հետ այցելած էր այդ հիւանդ տղեկը։ Ի՜նչ մեծ պատիժ պիտի ըլլար մեզ այն օրն երբ այդ ոտքով կոտրտած մարդն, աչքերն արցունքոտ եւ սիրտն իսպառ կոտրտած, իր զաւկին դագաղին ետեւէն քաշուելով քշուելով երթար տխրագին։ Բայց գոհութիւն. մածուն ծախողին տղեկն ոտքի ելաւ, հայրը գործի սկսաւ եւ ալ կը լսէինք իր ձայնը. Քայմաքլը եօ՜ղուրտ։ Ժամանակ մը երգ ու եղանակ, երկուքն ալ մեռան իր շրթունքներուն վրայ. եւ առաջին տեսութեանս՝ երբ հարցուցի թէ ի՛նչպէս է տղեկդ. «Օ՜, հայրենիքն է հիմա», ըսաւ, անկէ թուղթ առած էր. եւ առողջութեանը մասին ալ բարեգուշակ լուրեր։

Պանդուխտներու հիւանդութեան լաւագոյն դեղն է իրենց հայրենիքն, եւ թերեւս միակ դեղը. ապահով եմ որ անոնց մեռելներուն թիւը կէս առ կէս կը նուազէր եթէ հիւանդանոց ղրկելու տեղ՝ կարող ըլլայինք իրենց տուները ղրկել. զի այդ մարդոց հիւանդներն, եթէ քիչ մը առողջացած ալ դառնան մեր հիւանդանոցէն, հաւանական չէ որ գլուխ ելնեն. ինչո՞վ պիտի գտնեն իրենց նախկին զօրութիւնը, ինչո՞վ պիտի կարենան նորոգել իրենց քամուած ծծուած արիւնը, քանի որ ամիսներով պիտի նստին սրճարանի հեղձուցիկ օդին մէջ, պիտի պառկին իրենց խեղդուկ խաներու տակ, փաթթուած պլորուած չքաւորութեան մէջ։ Ասոնց վրայ պէտք է աւելացնել իրենց հոգեկան այս վիճակն ալ։ Հիւանդութեան ժամերու մէջ կարօտոյ զգացմունքն աւելի արթուն եւ սուր են ո՛չ մէկ վայրկեան զինք հոս չես գտներ, իր տխուր մանիով սիրականներուն հետ է, պատրանքներու, եւ ապա տոչորող տառապանքներու մէջ։ Ուստի շա՜տ լաւ ըրած էր մեր այդ խեղճուկ մարդը՝ ղրկելով զաւակն իր տունը, մօրն ու եղբարց քով, եւ Տոքթ. Թորգոմեան լաւագոյն բժշկութիւնն ի գործ դրած էր յորդորելով որ հիւանդ տղեկը, քիչ մը աղէկնայ թէ չէ, իր գաւառն երթայ. ո՞վ գիտէ, եթէ հոս մնար, գուցէ այժմ Սկիւտարու գերեզմանոցին մէկ անկիւնը նետած կ’ըլլայինք։ Նախորդ տարին այդպէս անցաւ։

Այս տարի ալ ամիս մը չերեւցաւ այդ մարդը, բո՛ւն մածունի ամիսը, եւ բարեգուշակ չէր այս։ Խեղճն արդէն իսկ մէկ կանոնաւոր ոտք ունէր, եւ ա՛ն ալ կոտրած էր փողոցին մեջ գլորած ատեն, եւ այս պատճառաւ, երեսուն օր ծալլուած ծրարուած մնացեր էր խցկին մեջ, ինքն ու իր Աստուածը։ Դուրս ելած օրը տեսայ. նիհար ու տժգոյն էր. կաթնամանը ձեռքին՝ իր բարեգութ յաճախորդաց կաթ կը տանէր. քալել չէր, այլ պարզապէս տառապանց տառապանք, որուն դատապարտուած մէկ հիւանդ եւ մէկ կաղ ոտքերովը, իրա՛ւ հոգին բերանն առած կը պտտէր։ Եւ մինչ ես կը փորձուէի ըսել թէ, ո՛վ Աստուած, աս ի՞նչ կեանք է զոր տուեր ես այս մարդուն, ինքը կանխեց քան զիս եւ ըսաւ թէ. «Արդար պատիժս է որ կը քաշեմ. ուխտ ըրեր էի որ այս տարի հայրենիք երթամ, հաշիւներս փափաքիս եւ ուխտիս չպատասխանեցին, միտքս ծռեցի եւ աս փորձանքն եկաւ գլխիս. զաւակներուս ահուզարն է։ Հիւանդութեանս ատեն ուխտս նորոգեցի. փառք Աստուծոյ, ալ լաւ եմ, պիտի երթամ»։ Եւ իրաւ ալ գնաց։ Երեք տարի հոս պանդխտած էր այդ կոտրտած մարդն, ընդամենն 3000 դահեկան ղրկած էր տունն ու զաւակներուն. թէ ի՛նչ ունէր քսակին մէջ՝ չգիտեմ, միայն թէ ալ հիմա իր տնակին մէջ է, կնոջ ու զաւկներուն քով, մոռցած ամէն վիշտ. այս ձմեռ Յակոբը պիտի կարգէ, Կարապետն ալ կը նշանէ, եւ աշունը դարձեալ հոս։ Գաւառացի հայուն մէկ անհամեմատ առաւելութիւնն է այս, պահել սերնդեան մշտնջենաւորութիւնը, եւ այս պատճառաւ ցորչափ կենդանի է, աշխարհի ամէն կողմ կը թռչի անտրտունջ, եւ մահուանէ ետքն ալ զաւկներ կը թողու. կաղ մածնավաճառն երկու սիրուն զաւկներ կը պահէ Ազգին համար, թէեւ իր ազգակիցները հոս քիչ անգամ իր մածունը կը գնէին. կ’անցնէր մեր տուներու առջեւէն եւ իր աչօքը կը տեսնէր որ հայ տիկինը կամ հայ մարդն իրենց մածուն ծախողներուն հետ սակարկութիւն կ’ընէին խնդալով, կ’անցնէր անխռով եւ անտրտունջ, եւ պնակները լեցուն կը դառնար «Քայմաքլը եօ՜ղուրտ» գոչելով։

Մենք շատ անտարբեր ենք մեր ազգակիցներու մասին, կինն, այրն ու աղջիկն, ամենքն ալ. անտարբերութեան զգացումի մէջ սպաննուած են գթութիւն եւ մարդասիրութիւն. (մարդասիրութեան առաջին սանդղամատին վրայ մարդուն ազգակիցն է կեցած). աշխարհէ դուրս ենք մեք։ Յուլիս 14-րդ օրն Ազգ. Արհեստանոցէն կը դառնայի, Բերայի Մեծ-Փողոցին մէջ պահ մը դադրեցաւ կառաց երթեւեկը։ Հեռուէն բազմութիւն մը նշմարելի էր, մօտաւոր խանութներուն մէջ գլխարկաւոր երկու համալ մէջտեղը շրջապատուած էին. յոյն մը յոյն խանութէ մը բեռն առած էր, համալներն ալ պահանջած էին թէ իրենցն է այն իրաւունք, եւ այդ պատճառաւ տարեկան 180 դահեկան տուրք կը վճարեն. անօգուտ. այդչափ գլխարկ հոն թափուած էին 60 փարա, լսեցէ՛ք, 60 փարա չը տալու մեր համալներուն։ Զարնել ալ եղած էր վերէն ու վարէն. եւ երբ ես հասայ, զայրոյթը տակաւին մարած չէր գլխարկներու վրայ, դեղին մօրուք եւրոպացի մը, հաւանաբար անգղիացի, մէկ կողմ կեցած կը դիտէր կարեկից աչօք մեր համալն, որ դեղնած մայթին վրայ, ձայն չէր տար, եւ պեխերն ոլորելով սկսաւ քրտինքն ու արիւնը սրբել։ Կ’երեւէր թէ այսչափը բաւական եղած չէր. Սոկրատի կնոջ մէկ քոյրն աղտոտ ջուր թափեց վերէն մեր համալին վրայ եւ սպիտակ դաստակն ալ երկար դուրսը թողուց։ Ալ անցայ գնացի. եւ այդ յիշատակն անքուն կը տեսնեմ յիս ցորչափ դէպի վեր գնացած ատեն՝ պատի մը վրայ կը կարդամ խոշոր տառերով Dimidriacopoulo: Չմոռնամ ըսել որ տեսարանն հազիւ թէ աւարտած, երեք նորատի հայ աղջիկներ, շէնքով շնորքով հագուած, որ հանդիսատես գտնուած էին, ժպտելով մտան այն խանութն որ 60 փարա խնայած էր մեր համալին եւ խանութպանին հաճոյք մըն ալ պատճառելու համար՝ ուրացան պահ մը իրենց մօր լեզուն, ձայն եւ բառեր փափկացնելով այնչափ՝ որչափ կարելի էր աղջկանց, ս չմնաց թափեցին հոն, եւ անշուշտ իրենց կակուղիկ գրպաններն ալ։

Այս տեսարանք ստէպ կը կրկնուին ի Պոլիս եւ կը դիտուին անտարբեր։ Իրա՜ւ կ’ըսեմ, թէեւ աշխարհական, կ’աղօթեմ որ մեր պանդուխտներու առջեւ Տրապիզոնի ճամբան փակուի, իսպառ փակուի. կեանք չէ՜ այս զոր կը վարեն այս մարդիկ փողոցներու անկիւնը, պանդոկներու խորշերը, եւ ընդհանուր արհամարհանաց ծանրութեանը ներքեւ։

Կ’աղօթեմ ըսի, եւ այս բառը յիշողութեանս մէջ բան մը արթնցուց։ Մեր Օննիկը օր մը իր մտերիմներուն գրած էր թէ՝ երբ առտուն կանուխ մեր մանկութեան եկեղեցին մտնէք, եւ մեր տէրտէրներու ձայնակցիք աղօթից մրմունջներով, խնդրուածներ մատուցէք մեր ընտանի սուրբերուն, աղօթեցէք որ պանդուխտն յաջողութիւն չգտնէ ամէն տեղ, լուսինն ալ խոժոռ նայի, արեւն անոնց կողը չտաքցնէ, գինի եւ օղի իրենց աղիքները չքրքրեն բնաւ։ Ես տակաւին չկրցի հաշտուիլ այդ գաղափարին, թէ «աղօթեցէք որ պանդուխտը չյաջողի». բայց Օննիկ իրեն համար սրբագործած էր այս նոր աղօթքը. իր պանդխտութեան շրջանի մէջ անտարբեր գտնուեցաւ յաջողութեան, այնպէս կը նայէր անոր ինչպէս կը նայինք մեք սառուցին, եւ իր մեկնելէն քանի մը օր առաջ ալ, մինչ լուսնի լուսով ծովեզերք մը կը նստէինք, ըսաւ մեր Շաքարեանի. «Փառք Աստուծոյ, մէկ փարա էլ չունիմ»։ Անյաջողութիւնն իր փրկութիւնն եղաւ. արցունքով ճամբու դրինք զինքը, եւ այսօր իր տունն է։ Օննիկ գրասէր եւ գրողներու սիրահար սիրտ ունէր։ Երկու շաբաթ առաջ, ընկերակցի մը հետ Դուրեանի գերեզմանին այցելութեան գացինք. կոթողին վրայ ամէն կողմ, բազմադիմի կապարեայ շրջանակներու մէջ, իղձեր եւ արցունքներ թափուած են։ Մեր Օննիկը, զարմանօք տեսայ, ծածուկ տեղ մը գտած եւ իր ստորագրութիւնը զետեղած է հոն այս կաթոգին հեծծանօք. «Արցունքս ու հառաչանքս պաշտելի յիշատակիդ, ո՜ Դուրեան»։ Օննիկ 22 տարեկան է, Պոլսոյ մէջ կրթուած չէ եւ ընդամէնը եօթն ամիս պանդուխտ մնացած էր։ Այդ խաներուն մէջ ա՛յսպիսի տաք սիրտեր ալ կան։

 

«Մասիս» 1889, թ. 3929.